Հոգեվարքի մէջ է ան,
ցաւի բեռով դառնացած
յուշերով հոծ
յուշերով անգին,
այնքա՜ն երախտապարտ
բայց տակաւին…
երազներով անհաս:
Հազա՜ր վայրեր վկայ են
անոր դիւթիչ քայլերուն,
բիւր էակներ վկայ են
անոր քաղցր ցնորքին…
իսկ մենք …
կը սպասենք անոր մեկնումին
որ չքանայ անջրպետին մէջ անհուն
դառնայ լոկ յուշ,
լոկ հեքիաթ մը գեղեցիկ,
հերոսներով շղթայուած:
Ան կը մեկնի,
աշնան տերեւի պէս դեղնած,
բայց տակաւին հմայիչ:
Եւ տակաւին անտեղեակ,
իր իսկ ծառին
մերկ ճիւղերուն տակ ինկած,
կը դառնայ հող ,
սնանելու այդ ծառին
ունենալու տերեւներ կանաչ:
Հոգեվարքի մէջ է ան…
ու կը մեկնի,
իսկ մենք՝
կը մնանք շղթայուած…
Մարալ Տէմիրճեան
Նոյեմբեր 25, 2026



