Գրեթէ ամէն օր կաշառքի մասին նոր ձայնագրութիւն մը կը լսենք։ Կարծես ռատիոյի յատուկ յայտագիր մը ըլլայ. եթէ քանի մը օր այդ նիւթին շուրջ «նորութիւն» չըլլայ, կը զարմանանք։ Կը հայհոյենք, բայց նաեւ կը քննարկենք։ Իսկ այսօր, երբ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու (եւ կաշառքի նիւթին) մասին կը խօսուի, հազիւ թէ մէկը գաղափարներով սկսի։ Խօսակցութիւնը կը սկսի տարբեր հարցումով մը. «Որքա՞ն կու տան»։ Ասիկա պարզ կենցաղային արտայայտութիւն մը չէ. ասիկա քաղաքական իրականութեան մէկ ախտաճանաչումն է։ Ասիկա հանրային մտածողութեան եւ բարոյականութեան տագնապ է։ Դժբախտաբար, այդ տագնապը, որքան ալ զզուելի ըլլայ, ունի իր տրամաբանական պատճառները։ Կաշառքը պատահական չի տրուիր, ոչ ալ բոլորին կը տրուի։ Միջավայրը պէտք է պատրաստ ըլլայ ատոր համար, իսկ Հայաստանի մէջ հիմա «դրախտային պայմաններ» ստեղծուած են։
Այս քաղաքական աճուրդին մէջ, երբ քուէն դրամով կը չափուի, այլեւս ժողովրդավարութեան մէջ չենք ապրիր, նոյնիսկ եթէ ձեւական բոլոր հաստատութիւնները պահպանուած են։ Մենք կ’ապրինք իրականութեան մը մէջ, ուր քաղաքացին աստիճանաբար կը վերածուի գործարքի մասնակիցի՝ դառնալով ապրանք, իսկ ընտրութիւնը՝ շուկայ։ Բայց այս երեւոյթը դատապարտել՝ առանց անոր խորքային պատճառները հասկնալու, կը նշանակէ պայքարիլ ստուերին դէմ, ոչ թէ մարմնին, խօսիլ հետեւանքին դէմ, ոչ թէ պատճառին։
Կաշառքը որպէս հասարակական յարաբերութեան չափանիշ
Ընտրակաշառքը յաճախ կը ներկայացուի որպէս «անբարոյ արարք» կամ «քրէական յանցանք»։ Ասիկա ճիշդ է, բայց ամբողջ ճշմարտութիւնը չէ։ Ֆրանքֆուրթեան դպրոցի մտածողները վաղուց զգուշացուցած էին այն երեւոյթին մասին, զոր անոնք կը կոչէին գործիքային բանականութիւն։ Այս տրամաբանութեան մէջ մարդը կը դադրի հարց տալէ «ի՞նչ է ճիշդը» եւ կը սկսի միայն հարցնել՝ «ի՞նչն է օգտակարը», եւ օգտակարը միայն իրեն համար եւ միայն այդ պահուն։ Ֆրանքֆուրթեան քննադատութեան մէջ այս մտածողութիւնը «մարդիկը կը դիտէ որպէս միջոցներ»։ Երբ այս տրամաբանութիւնը կը ներթափանցէ քաղաքականութիւն, տեղի կ’ունենայ ամենէն վտանգաւոր փոխակերպումը․ քաղաքացին այլեւս չի դիտուիր որպէս արժէք, այլ որպէս ապրանք եւ միջոց։
Հայաստանի ընտրակաշառքը այս նոյն տրամաբանութեան տեղայնացուած դրսեւորումն է։ Քաղաքացին՝ իր ձայնով, կուսակցութիւնը՝ իր դրամով՝ երկուքն ալ գործարքի մէջ։ Եւ ասիկա այլեւս քաղաքականութիւն չէ։ Ասիկա ընկերային յարաբերութիւններու անկումային եւ այլասերած ձեւ մըն է։
Երբ հասարակութիւնը կը դառնայ «ապրանքներու աշխարհ»
Ֆրանքֆուրթեան քննադատութիւնը կը խօսի նաեւ այլ կարեւոր երեւոյթի մը մասին՝ առարկայացումի։ Այսինքն՝ երբ մարդկային յարաբերութիւնները կը սկսին երեւիլ որպէս առարկաներու միջեւ յարաբերութիւններ։
Այս պարագային քուէն կը վերածուի ապրանքի, քաղաքացին՝ այդ ապրանքին տէրը, իսկ ընտրութիւնը՝ շուկայի մը, ուր ամէն բան իր գինը ունի։ Երբ այս մէկը կը հաստատուի որպէս բնական երեւոյթ, հասարակութիւնը կը սկսի ապրիլ իրականութեան մը մէջ, ուր ամէն բան գին ունի, բայց այլեւս ոչինչ արժէք ունի։ Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր Հայաստանի մէջ։ Մարդիկ չեն հաւատար, որ իրենց քուէն կրնայ փոխել իրականութիւնը, բայց կը տեսնեն, որ անիկա կրնայ վաճառուիլ։ Եւ կը վաճառեն զայն։ Թէ որքանով՝ նշանակութիւն չունի։ Ասիկա առեւտուր մըն է։ Ահա հոս կը ծագի ամենէն վտանգաւոր հակասութիւնը․ ան, որ չի հաւատար ընտրութիւններուն, կը մասնակցի անոնց՝ որպէս ապրանք։

Հապերմասի «հանրային ոլորտի» փլուզումը
Եուրկէն Հապերմաս ժողովրդավարութիւնը կը հասկնար ոչ միայն իբրեւ ընտրութիւններ, այլեւ իբրեւ հանրային բանավէճի տարածք մը, ուր քաղաքացիները հաւասար են եւ կը քննարկեն հանրային հարցեր։ Սակայն ան նաեւ կը զգուշացնէր, որ արդի հասարակութիւններու մէջ այս տարածքը կրնայ քայքայուիլ, երբ քաղաքացիները վերածուին «կրաւորական սպառողներու»։ Այսինքն, երբ անոնք պարզապէս նստած կը սպասեն՝ առանց որեւէ նախաձեռնութեան, պատրաստ՝ միայն ընդունելու կամ մերժելու իրենց ներկայացուած առաջարկները, բայց երբեք՝ քննարկելու զանոնք։
Ճիշդ ասիկա է իրավիճակը Հայաստանի մէջ, բայց շատ աւելի կոպիտ ու անբարոյ ձեւով։ Հայաստանի մէջ քաղաքացին ոչ միայն պատրաստի քաղաքականութիւն «կը սպառէ», այլեւ անձամբ կը մասնակցի ատոր առուտուրին։ Ան ինքնին կը վերածուի ապրանքի։ Հանրային բանավէճը կը փոխարինուի լուռ համաձայնութեամբ, համոզումը՝ վճարումով, իսկ բառը՝ դրամով։ Ասիկա հասարակութեան քայքայումն է։
Աղքատութի՞ւն, թէ արժանապատուութեան տագնապ
Եւ ամէն անգամ, ընտրակաշառքը կը բացատրուի ընկերային ծանր վիճակով։ Ասիկա մասամբ ճիշդ է, բայց վտանգաւոր է, եթէ միայն կիսատ ըսենք։ Աղքատութիւնը կրնայ բացատրել որոշ վարքագիծ մը կամ քանակ մը, բայց անիկա չի կրնար արդարացնել այդ երեւոյթին զանգուածայնութիւնը, տարածուածութիւնը եւ զայն իբրեւ բնականոն ընկալելու խելահեղութիւնը։ Ասիկա արժանապատուութեան աստիճանական մաշումն է։ Երբ մարդ երկար ժամանակ կ’ապրի համակարգի մը մէջ, ուր հարցերը կը լուծուին ծանօթ-բարեկամով, ուր արդարութիւն չկայ, իսկ պետութիւնը «մերը չէ, այլ պաշտօնեայինն է», ան արդէն թքած ունի ամէն ինչի վրայ։ Ան այլեւս քաղաքացի չէ, այլ գոյատեւող անհատ մը։ Անոր համար քուէարկութիւնը կը դադրի արժէքային արարք ըլլալէ. անիկա կը դառնայ «միքրօ-գոյատեւման» ռազմավարութիւն մը։ Ընդամէնը։
Սինիզմի հաստատութենականացումը
Սակայն ամենէն վտանգաւորը այն չէ, որ մարդիկ կաշառք կ’առնեն, այլ այն, որ զայն կ’արդարացնեն եւ կը հաւատան իրենց իսկ արդարացումներուն։ Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ Ֆրանքֆորթեան դպրոցը կը նկարագրէր իբրեւ գիտակցութեան ձեւափոխում, ուր անհատը կը յարմարի համակարգին եւ կը սկսի զայն վերարտադրել։ Երբ հասարակութեան մէջ կը տարածուի այն համոզումը, թէ «բոլորն ալ նոյնն են», «ոչինչ պիտի փոխուի», «գոնէ այսքանը առնենք», «եթէ ես չառնեմ՝ ուրիշը պիտի առնէ», այդ պահուն կաշառակերութիւնը կը դադրի շեղում ըլլալէ եւ կը դառնայ բնական երեւոյթ (նորմ)։ Եւ հոս է, որ տեղի կ’ունենայ ամենէն սարսափելին. չարիքը այլեւս չ’ընկալուիր իբրեւ չարիք։
Անխուսափելի ճշմարտութիւն
Շատ դիւրին է ամբողջ մեղքը բարդել իշխանութիւններուն կամ կաշառք տուողներուն վրայ։ Եւ անշուշտ, անոնք հսկայական պատասխանատուութիւն ունին։ Սակայն կայ կոպիտ ու անհանգստացնող ճշմարտութիւն մը. ոչ մէկ կաշառք կրնայ տալ, եթէ զայն ընդունող չըլլայ։ Ասիկա չի նշանակեր թեթեւամտօրէն մեղադրել հասարակութիւնը եւ անտեսել անոր խնդիրները։
Ասիկա կը նշանակէ ընդունիլ, որ համակարգը գոյութիւն ունի երկկողմանի մասնակցութեամբ. հասկնալ, որ մետալը երկու երես ունի, իսկ պարանը՝ երկու ծայր։
Կաշառքը կը տրուի վերէն, բայց կ’ընդունուի վարէն։
Եւ քանի դեռ այդ երկրորդ օղակը չէ կտրուած, առաջինը միշտ պիտի վերարտադրուի։
Հայաստանի ներկայ վիճակը՝ իբրեւ խորքային տագնապ
Այսօր Հայաստանի մէջ ընտրակաշառքը պարզապէս արհեստագիտութիւն մը չէ։ Անիկա դարձած է համակարգի լեզու։ Ասիկա կը վկայէ, որ քաղաքականութիւնը կորսնցուցած է իր գաղափարական հիմքը, քաղաքացին կորսնցուցած է իր ենթակայականութիւնը, իսկ հանրութիւնը՝ իր ներքին վստահութիւնը։ Եւ այս բոլորը միասին կը ստեղծեն իրավիճակ մը, որ կարելի է բնութագրել ոչ թէ պարզապէս իբրեւ փտածութիւն, այլ իբրեւ հանրային կեանքի այլասերում եւ անկում։
Կը կարծենք, թէ կարելի է կաշառակերութիւնը վերացնել օրէնքներով, վերահսկողութեամբ եւ պատիժներով։ Սակայն ատիկա միայն մակերեսն է։ Իրական յաղթանակը կը սկսի երբ անհատը ներքնապէս կը մերժէ զայն արդարացնել։ Որովհետեւ ընտրակաշառքը կը սկսի ոչ թէ դրամի փոխանցումով, այլ լռելեայն այն միտքով, թէ՝ «ասիկա բնական է»։ Եւ անիկա կ’աւարտի միայն այն պահուն, երբ այդ միտքը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Մինչ այդ, իւրաքանչիւր ընտրութիւն կը մնայ ոչ թէ ապագայի ընտրութիւն, այլ համաձայնութիւն՝ գինի շուրջ։ Եթէ հասարակութիւնը իր մտքին մէջ համակերպած է այս ախտին հետ, ապա զարմանալու կարիք չկայ։ Կաշառակերութիւնը արդէն կը դառնայ կոպիտ, բայց տարօրինակօրէն «արդար» թուացող համակարգ մը։ Երբ կայ առաջարկ, կայ պահանջարկ։ Ասիկա նաեւ մարմնավաճառութիւն տեսակ մըն է, բայց այն տարբերութեամբ, որ կաշառքին յարմարած մարդը կը հրաժարի իր ներկայէն եւ ապագայէն․ ան կը դառնայ թոյլ, յարմարող, լպրծուն եւ վտանգաւոր։ Այս կը նշանակէ, որ ան սկզբունքօրէն պատրաստ է վատ բան մը ընելու։ Հարցը կը մնայ գինի եւ արդարացման մէջ։ Ընդամէնը։ Իսկ նման հասարակութիւն մը չի կրնար առողջ միտք վերարտադրել։
Կաշառքը քաղցկեղ է, դատավճիռ է….ինքնակամ:
Արայիկ Մկրտումեան


