«Ապագայի առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր» խորագրով մեր յօդուածին առիթով, «Տարբերակ»-ի ընթերցողներէն Միսաք Օհանեան խմբագրութեանս կը ներկայացնէ երկու դիտարկում, որոնք արժանի են ուշադրութեան եւ կը հարստացնեն քննարկումը։
Նախ ամբողջութեամբ կու տանք Միսաք Օհանեանի դիտարկումները.
«Շատ հետաքրքրական գրութիւն մըն է։ Համաձայն եմ ներկայացուած միտքերուն մեծ մասին։ Սակայն կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր հանգամանք դուրս մնացած են։
«Առաջինը՝ արտաքին ազդակներն ու երիտասարդներուն ապրած իրականութիւնը։ Այսօր շատ երիտասարդներ ամբողջովին զբաղած են իրենց անձնական կեանքի մարտահրաւէրներով՝ համալսարանական ուսում, աշխատանք գտնել, ընտանիք կազմել, նիւթական ապահովութիւն, խնամքի պարտականութիւններ եւ այլ անորոշութիւններ, որոնք կը փոխուին ըստ այն երկրի եւ պայմաններուն, ուր կ՚ապրին։ Այս երեւոյթը կարելի է նաեւ տեսնել ընկերային ցանցերու, օրինակ՝ LinkedIn-ի եւ այլ հարթակներու վրայ, ուր երիտասարդներուն առաջնահերթութիւնները յստակ կ՚արտացոլան։
«Երկրորդը՝ սփիւռքի աւանդական հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, սփիւռքի աւանդական կառոյցները՝ երեք քաղաքական կուսակցութիւնները, Եկեղեցին, ՀԲԸՄ-ը եւ այլ կազմակերպութիւններ, երիտասարդները աւելի կը դաստիարակեն որպէս իրենց ծրագիրներուն ու գործունէութիւններուն սպառողներ, քան՝ ստեղծողներ։ Անկախ եւ քննադատական մտածողութիւնը յաճախ չի խրախուսուիր։ Փոխարէնը, նախընտրելի են այնպիսի «առաջնորդներ», որոնք գործող համակարգին պատճէններն են՝ պատրաստ հրահանգներու ենթարկուելու առանց հարցադրումներու։
«Նման երեւոյթներ, տարբեր չափերով, կարելի է նկատել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ անկախութենէն ի վեր։ Այդ մէկը, թերեւս, զարմանալի չէ՝ նկատի ունենալով ամբողջատիրական վարչակարգի երկարատեւ ժառանգութիւնը։
«Իսկական առաջնորդները իրենց ապրած փորձառութիւններէն կը ծնին։ Անոնք չեն սպասեր, որ ուրիշներ իրենց առաջնորդութեան ճամբան ցոյց տան կամ արտօնութիւն շնորհեն։ Անոնք իրենք կը տեսնեն մարտահրաւէրները եւ կը դիմագրաւեն զանոնք՝ նախաձեռնութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։ Այսպիսի օրինակներ շատ կան։ Մոնթէ Մելքոնեանը, օրինակ, ո՛չ մէկէ խնդրանք ստացաւ եւ ո՛չ ալ քաջալերուեցաւ Հայաստան ու Արցախ երթալու. այդ որոշումը իր համոզումին եւ պատասխանատուութեան բնական արդիւնքն էր»։
Միսաք Օհանեան
Օհանեանի առաջին դիտարկումը կը վերաբերի երիտասարդներու ապրած իրականութեան։ Ան կը յիշեցնէ, որ այսօրուան երիտասարդը շատ անգամ ամբողջովին կլանուած է իր կեանքի անմիջական մարտահրաւէրներով՝ ուսում, աշխատանք, ընտանիք, նիւթական ապահովութիւն եւ բազմաթիւ անորոշութիւններ։ Այս պայմաններուն մէջ համայնքային ներգրաւուածութիւնը բնականաբար երկրորդական կը դառնայ։
Այս դիտարկումը արդարացի է ըստ ամենայնի։ Յօդուածին մէջ փորձած էինք աւելի կեդրոնանալ համայնքին կողմէ ղեկավարի պատրաստութեան մշակոյթի ստեղծման հրամայականին վրայ։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ արտաքին պայմանները դերակատարութիւն չունին։ Ընդհակառակը, այսօրուան երիտասարդները կը դիմագրաւեն այնպիսի տնտեսական, ընկերային եւ մասնագիտական ճնշումներ, որոնք այդքան էլ ակնյայտ չէին նախորդ սերունդներուն։ Այդ իրողութիւնը անտեսելը սխալ պիտի ըլլար։
Միսաք Օհանեանի երկրորդ դիտարկումը կը վերաբերի սփիւռքի աւանդական կառոյցներուն։ Ան կը նշէ, որ ընդհանրապէս երիտասարդները կը պատրաստուին որպէս գոյութիւն ունեցող կառոյցներու նպատակները սպառողներ, այլ ոչ որպէս նոր նախաձեռնութիւններ ստեղծողներ։ Ան նաեւ կը մատնանշէ, որ քննական մտածողութիւնը ընդհանրապէս չի խրախուսուիր, իսկ ղեկավարութիւնը յաճախ կը վերարտադրուի նոյն մտածողութեան ծիրէն ներս։
Նման երեւոյթներ անկասկած գոյութիւն ունին։ Անիկա գրեթէ բոլոր կազմակերպուած կառոյցներուն յատուկ վտանգ մըն է։ Քաղաքական կուսակցութիւն, եկեղեցի, մշակութային միութիւն, համալսարան, բարեսիրական կազմակերպութիւն կամ նոյնիսկ սեփական առեւտրական ընկերութիւն՝ ամէն կառոյց ժամանակի ընթացքին կրնայ կայունութիւնը, տեղքայլը, նախընտրել նորարարութենէն, փորձառութիւնը՝ փորձարկումէն:
Սակայն հոս առկայ է քննարկման երրորդ շերտ մը, որ ո՛չ մեր յօդուածին, ո՛չ ալ մեր յարգելի ընթերցողին դիտարկումին մէջ արծարծուած է։ Անիկա հաստատութիւններուն եւ անհատական նախաձեռնութեան ոգիի յարաբերութիւնն է։ Առողջ համայնք մը երկուքին ալ կարիքը ունի։
Հաստատութիւնները անհրաժեշտ են, որովհետեւ անոնք կը պահպանեն հաւաքական յիշողութիւնը, փորձառութիւնը եւ շարունակականութիւնը։ Առանց անոնց, ամէն սերունդ պիտի ստիպուի ամէն ինչ վերստին սկսելու։ Բայց հաստատութիւնները ինքնին բաւարար չեն։ Եթէ անոնք ընդդիմանան նոր գաղափարներու, նոր մարդոց եւ նոր առաջնորդներու, ժամանակի ընթացքին կը վերածուին անցեալով տարուած հնամաշ կառոյցներու՝ փոխանակ ապագան կերտող հաստատութիւններու։
Միւս կողմէ, նախաձեռնող ու ինքնուրոյն անհատներն ալ անհրաժեշտ են։ Բայց եթէ ամէն առաջնորդ ստիպուած ըլլայ գործող կառոյցներէն դուրս իր ճամբան բանալու, համայնքը կամաց-կամաց պիտի կորսնցնէ իր միասնականութիւնը եւ պիտի բաժնուի առանձին նախաձեռնութիւններու։ Հետեւաբար, հարցը այն չէ, թէ պէտք է հաստատութի՞ւնը ընտրել, թէ՞ անհատը։ Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս ունենալ այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք բաւարար վստահութիւն ունին տարբեր մտածողութիւններու տեղ տալու, նոր մարդոց տեղ տալու եւ պատասխանատուութիւնը աստիճանաբար փոխանցելու։
Այս տեսանկիւնէն հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի օրինակը եւս բարացուցական է։
Ճիշդ է, որ ան ո՛չ մէկէն խնդրանք ստացաւ Հայաստան եւ Արցախ երթալու, ո՛չ ալ արտօնութիւն սպասեց։ Բայց միաժամանակ պատմական փաստերը ցոյց կու տան, որ ան նախ փորձեց համագործակցիլ գոյութիւն ունեցող հայկական քաղաքական եւ կազմակերպական շրջանակներուն հետ։ Երբ համոզուեցաւ, թէ այդ ուղին չէր կրնար ծառայել իր տեսլականին, ընտրեց իր սեփական ճամբան։
Թերեւս հոս պէտք է տեսնել առաջնորդութեան կարեւորագոյն չափանիշերէն մէկը։ Իսկական առաջնորդը ոչ կառոյցներու կոյր հետեւորդն է, ոչ ալ սկզբունքով անոնց հակառակորդը։ Ան կը գործակցի, երբ կառոյցը կը ծառայէ հաւաքական նպատակին, եւ ինքնուրոյն կը գործէ, երբ կառոյցը խափանող գործօնի կը վերածուի։
Վերջապէս, կը կարծենք, որ մեր քննարկումը նոյն հարցումին տարբեր երեսները կը լուսաբանէ։
Միսաք Օհանեանը աւելի շեշտը կը դնէ անհատին պատասխանատուութեան եւ նախաձեռնութեան վրայ։ Իսկ մեր յօդուածը կեդրոնացած էր միջավայրը ստեղծելու համայնքի պատասխանատուութեան վրայ, ուր նման անհատներ կրնան կազմաւորուիլ։
Իրականութեան մէջ, երկուքը իրարու հակասող միտքեր չեն։ Ընդհակառակը, առողջ համայնքը այն չէ, որ կ՚ընտրէ հաստատութիւնները անհատներուն փոխարէն, կամ անհատները՝ հաստատութիւններուն փոխարէն։ Առողջ համայնքը այն է, որ կ՚ունենայ այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք կը կազմաւորեն ինքնուրոյն, պատասխանատու եւ ստեղծագործ առաջնորդներ։
Սակայն Միսաք Օհանեանի դիտարկումները ուրիշ, թերեւս աւելի հիմնական հարցադրում մը կը կատարեն։ Մենք հիմնականօրէն կը խօսինք, թէ ինչպէ՛ս առաջնորդներ կը պատրաստենք։ Բայց հաւասարապէս կարեւոր հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. արդեօք այսօրուան սփիւռքի կառոյցները կրնա՞ն լիարժէք կերպով պատասխանել վաղուան մարտահրաւէրներուն, թէ՞ ժամանակը հասած է մտածելու նաեւ նոր հաստատութիւններու եւ նոր գործելակերպերու մասին։
Այս հարցումը առանձին քննարկման արժանի է։ Որովհետեւ եթէ ընդունինք, որ առաջնորդները միայն գոյութիւն ունեցող կառոյցները ժառանգելու համար չեն պատրաստուիր, այլ նաեւ նոր իրականութիւններ ստեղծելու, այն ատեն պէտք է հարց տանք՝ ապագայի սփիւռքը ո՞ր կառոյցներուն կարիքը պիտի ունենայ։
Թերեւս համայնքի մը կենսունակութիւնը միայն նոր առաջնորդներ պատրաստելով չի չափուիր, այլ նաեւ նոր հաստատութիւններ ստեղծելու իր կարողութեամբ։
Վ.Թ.



