Շարունակելով ինքնութեան ազդող եւ այս կամ այն կերպ դրսեւորուող փոփոխութիւնները, անհրաժեշտ կը նկատեմ ընդգծել, որ փոփոխութիւնները աւելի յաճախ կը կատարուին, քան առաջ ու կը դառնան աւելի բազմաձեւ։ Ինքնութեան հիմնական արմատներուն (լեզու, կրօն, տարածք եւ այլն) հետ կատարուող փոփոխութիւնները կրնանք համարել «դասական ոճի փոփոխութիւններ», իսկ ընկերային, քաղաքական եւ տեղեկատուական փոփոխութիւնները, որոնք մեզ աւելի արագ կը «ձեւաւորեն» ու նաեւ ալ աւելի արագ կ’այլասերեն՝ մեզ կը հեռացնեն այն իրականէն, զոր մենք ենք։ Այդ մէկը վերջին ժամանակներուն մեծ թափ ստացած տեքորաթիւ ինքնութեան տեսակն է:
«Ընկերային ցանցերուն մէջ, ամէն օր կը տեսնենք նոյնը՝ դրօշը, Արարատը, «Հայաստան» գրութեամբ լուսանկարներ, «հայրենասիրութիւն» hashtag-ներով գրառումներ։ Բայց երբ խօսքը կը հասնի իրական գործողութեան՝ պաշտպանութեան, կրթութեան, արդարադատութեան բարեփոխումներու, շատերը կը լռեն կամ կ’անցնին «like»-ի։ Այս է այսօրուայ Հայաստանի ազգային տեքորաթիւ ինքնութիւնը՝ արտաքնապէս գեղեցիկ, իսկ ներսէն՝ դատարկ։ Այսինքն գովել՝ առանց հասկնալու, հպարտանալ՝ առանց զգալու, մերժել, առանց սորվելու։
«Տեքորաթիւ ինքնութիւնը» ինքնութեան այն ձեւն է, որ կը կառուցուի ցուցադրական կրկնուող կատարումներով (performative acts)՝ հագուստի, խօսքի, ընկերային ցանցերու, post-երու, ծէսերու, խորհրդանշաններու, վարքագծի միջոցով, որոնք կը ստեղծեն որոշակի պատկեր մը (image, brand, facade) ուրիշներու աչքին։ Ան աւելի կը ներկայացուի/կը ցուցադրուի, քան իրապէս կ’ապրուի, եւ յաճախ կը հետապնդէ գործնական նպատակ՝ արժանանալ ընկերային ընդունելիութեան, ուշադրութեան, դրամագլուխի, իշխանութեան կամ պաշտպանութեան։ Այդ «կատարողական» բառը կու գայ Judith Butler-ի տեսութենէն, ուր ինքնութիւնը ոչ թէ հաստատուած էութիւն է, այլ կը կառուցուի կրկնուող գործողութիւններով, որոնք կ’ընդօրինակեն ընկերային նորմերը։ Տեքորաթիւ ինքնութեան պարագային այդ կատարումը կը դառնայ մակերեսային, «յարդարանք»՝ առանց խորքային ներքին համապատասխանութեան։ Ան կը հակադրուի իսկական ինքնութեան, որ աւելի ներքին, հետեւողական եւ փորձառական է։
Տեքորաթիւ ինքնութիւնը աչքի կը զարնէ յատկապէս իր արտաքին թեքումով․ կախեալ է լսարանէն, ալկորիթմերէն, հասարակական ճնշումէն: Ան կրկնուող եւ ոճաւորուած-պիտակաւորուած է, ինչ որ մեր մօտ կ’արտայայտուի անընդմէջ hashtag-ներով, հայրենասիրական գրառումներով, կոչերով, «ոգեւորիչ» լուսանկարներով եւ այլն։ Տեքորաթիւ ինքնութիւնը կը ծառայէ որպէս ենթագիտակցական Գործիք, որ նպատակ ունի հասնելու որոշակի պատկերի, կարգավիճակի, ընդունելիութեան կամ քաղաքական/մշակութային մակարդակի։ Ու ան հիմնականօրէն կեղծ կամ անհամապատասխան է։ Պիտակաւորուած արտաքինը չի համընկնիր ներքին ոգեղէնութեան հետ, ինչ որ ի վերջոյ կը յանգեցնէ աններդաշնակութեան, դատարկութեան կամ ճգնաժամի։
Հայկական միջավայրին մէջ, զայն կարելի է բնորոշել որպէս ընկերային ցանցերու «հայրենասիրական» տեքորաթիւ ինքնութիւն՝ դրօշ, Արարատ, տարազ, գաթայ, ցեղասպանութիւն, բայց առանց խորքային քննարկման կամ գործողութեան, առանց իսկական արժէքի ըմբռնողութեան։ Ան միայն տուեալ պահու յատուկ հնարք մըն է, որով մենք կ’ուզենք դիմացինին որեւէ բան համոզել/պարտադրել։ Ան կը հաւատայ, ուրեմն մենք ալ կը հաւատանք։ Իսկ համընդհանուր սուտը անքննելի ճշմարտութիւն է։ Ընդ որում քաղաքական ու հասարակական գետնի վրայ «հայկական արժէքներ»-ու ցուցադրութիւնը կը սահմանափակուի զուտ որպէս պատկեր, եւ գրեթէ չի կիրառուիր առօրեայի մէջ։ Հասկնալի է, որ խօսքը ոգեղէն գաղափարի մասին է, եւ ոչ թէ 17-րդ դարու տարազ հագնելու կամ նման այլ ընկերատնտեսական չափանիշի։
Կարճ խօսքով, «տեքորաթիւ ինքնութիւնը» ինքնութեան «յարդարանքն» է՝ գեղեցիկ փաթեթաւորում առանց խորքային բովանդակութեան, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ (յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ) շատ տարածուած է, բայց երկար ժամանակի վրայ կրնայ խորացնել ինքնութեան ճգնաժամը։ Եւ ան կը խորանայ գրեթէ ամէն պահու ու ամէն վայրկեան։ Տեքորաթիւ ինքնութիւնը պարզ է, հասկնալի, հաճելի, գունաւոր, ընկալելի։ Դժուար չէ զայն ճանչնալը, ան դրական (positive) հակում ունի։ Տեքորաթիւ ինքնութեան ամէնէն հաճելի կողմերէն մէկն այն է, որ ան ընկալելի է օտարին համար։ Օտարին մատուցելով հայու «տեքորացուած» տարբերակը, մենք հայը կը դարձնենք տնային բոյս մը՝ սահմանափակուած իր զամբիւղով ու չափաւորուած սնունդով, լոյսով, ջերմութեամբ։ Տեքորաթիւ ինքնութիւնը նաեւ հասկնալի է մեզի։ Մենք զայն պահելու, արդարացնելու կամ խորացնելու կարիք չենք տեսներ: Ան միշտ trend-ային է, ճկուն՝ կրնայ յարմարիլ որեւէ վիճակի ու միջավայրի։ Ան նոյնքան ամերիկացի ու եւրոպացի է, որքան եւ ամերիկացին ու եւրոպացին, պարզապէս ան ունի որոշակիօրէն տարբերուղ գիծեր, ինչպէս օրինակ խորովածը կամ լաւաշը, դուդուկը կամ մածունն ու գինին։
Հարկաւոր է հասկնալ, որ տեքորաթիւ ինքնութիւնը ոչ թէ ճկունութեան, այլ ներքին անվստահութեան, դատարկութեան ու վախի հետեւանք է։ Ան ալ այնպիսին, որ մարդը, հասարակութիւնը, ազգը, չվստահելով ու չհաւատալով ինքն իրեն, կը փորձէ ինքզինք մատուցել ուրիշներուն, անոնցմէ ստանալ հաւաստող հաւանութիւն, որմէ ետք զայն կարելի է կիրարկել առօրեայի մէջ։
Ինքնութիւնը տեքորացնելը դարձած է ամենէն տարածուն վարքագիծերէն մէկը, որ կ’արտայայտուի անհատէն մինչեւ ազգ։ Հաւանաբար շատեր նկատած են, թէ վերջին շրջանին, ինչպէս պլոկըրներ եւ ընկերային ցանցերու մէջ աշխուժ անձեր, կամ ալ պարզապէս սովորական օգտատէրեր իրենք զիրենք կը փորձեն մատուցել որպէս եզակի բնաւորութեան, անհատականութեան եւ այլ համանման փաթեթներ։ Պէտք չէ զարմանալ կամ վրդովիլ։ Այդ մէկը գրեթէ անցեալ դարու 50-ականներէն արդէն բաւական ուժեղ կ’արտայայտուէր արեւմտեան աշխարհին մէջ. այդ մասին շատ խօսած են ամերիկեան, գերմանական ու ֆրանսական ընկերաբանական ու հոգեբանական հիմնարկները։ Պարզապէս Հայաստանի մէջ ամէն բան բաւական ուշ կը յայտնուի, արդէն հինցած։ Եւ Հայաստանի մէջ այդ վարքագիծը կուլ տուած է անհատն ու խումբը եւ անհատն ու խումբը այժմ նոյն մեթոդով կը փաթեթաւորեն իրենք զիրենք եւ նաեւ ամբողջ հասարակութիւնն ու պետութիւնը։
Վերջին տարիներուն, տեքորաթիւ ինքնութիւնը գործնապէս կը կիրարկուի որպէս քաղաքական գործիք, երբ արեւմտամէտները ամէն յարմար առիթով կը խօսին, թէ հայ ժողովուրդը իր քաղաքակրթական էութեամբ «կը վերադառնայ արեւմուտք, ուր կը պատկանի»։ Հակառակորդները կը փորձեն նոյն մեթոդով տեքորացնել ազգային աւանդականը եւ սեւցնել արեւմտեան ընկերային որոշ չափանիշներ՝ ներկայացնելով որպէս համընդհանուր «եւրոպական ինքնութիւն»՝ խօսելով սեռական տարատեսակ ազատութիւններու, թմրեցուցիչի կամ բացասական այլ երեւոյթներու մասին։
Ասոնք բոլորը ձախողած փորձեր են զուտ այն առումով, որ անոնք ոչ մէկ ձեւով չեն կարողանար շօշափել հայկական իսկական ինքնութիւնն ու անոր ոգեղէնութիւնը։ Ժամանակակից աշխարհը հնարաւորութիւն կու տայ դուն քեզի դարձնելու քու անգին ապրանքանիշդ (brand): Այդպէս կ’ընեն բազմաթիւ երկիրներ, բայց մեր պարագային, մենք շօշափելիօրէն brand-ի կը վերածենք այն, ինչ որ հաճելի է ուրիշներուն, կամ ալ չափէն աւելի հասարակ է ու ընդունման/հաւանութեան ենթակայ բան մը։ Բնական է, որ խորքային առումով հայը կրնայ հասկնալ հայը, որովհետեւ հայուն ինքնութիւնը հայկական է ու ան շատ աւելի բարձր է, քան ուղղակի խորովածը, պարը կամ որեւէ պատմական պահ ու դէմք։ Բայց, ինչպէս արդէն նշեցինք, տեքորաթիւ ինքնութիւնը ի վերջոյ կը յանգեցնէ մրցավազքի՝ ընկերացած ընկճախտով, լճացուածութեամբ ու դատարկութեան արդէն իրական, ոչ թէ brand-ի վերածուած զգացումով։ Եւ այդ բոլորը այն պատճառով, որ հայկական իսկականը դրուած է մէկ կողմ ու փոխարինուած տեքորաթիւ բանով մը, որ հաճելի ու հասկնալի է բոլորին, փափուկ է, բայց լպրծուն։ Այս մէկը հայու փայլփլուն, ոգեշնչուած, բոլորին յարմար ու հասկնալի անդէմ ու անձեւ տեսակն է։ Ու ինչպէ՜ս է բազմացած այդ տեսակը այսօր Հայաստանի մէջ, որուն համար հայը ընդամէնը օրուայ զգեստ մըն է, ընդամէնը դիմակ մը եւս։
Ազգային ինքնութիւնը չի կրնար յարմարիլ տուեալ պահու «թրենտ»-ին, բայց ան կրնայ էականօրէն այլասերիլ, եթէ անընդմէջ կը վերափաթեթաւորուի ու կը տեքորացուի տարբեր զամբիւղներու համար։ Ան նահանջ է իրական ոգեղէն էութենէն, ան նահանջ է հայկականութենէն։ Ան կրնայ վաճառուիլ, եւ ինչպէս որեւէ վաճառուող ապրանք, ենթակայ է փճացումի, սակարկութեան։ Եւ նահանջը հայկականութենէն կը զօրանայ դէպի փախուստ։
Իսկ ի՞նչ կը մնայ անկէ ետք:
Արայիկ Մկրտումեան
Տեսնել նաեւ՝
- Նահանջ առանց երգի՝ Փոքր Մհերի «պատգամը» (մաս 1)
- Նահանջ առանց երգի (2-րդ մաս)՝ Արտաւազդ Արքան սատանա՞յ, թէ՞ փրկիչ
- Նահանջը առանց երգի (3-րդ մաս). Քաջ Նազարը՝ թագաւոր, Փոքր Մհերն ու Արտաւազդը՝ կալանաւոր

