Վերջին տարիներուն «Artificial Intelligence» կամ AI եզրը սկսած է մաս կազմել մեր առօրեայ գործածած բառերու շարքին։ Անոր հայերէն գործածութիւնը, սակայն, տակաւին կը մնայ անորոշ՝ թէեւ թարգմանական կանոններու հետեւելով կարելի է յանգիլ տրամաբանական լուծումի:
Երկար ժամանակէ ի վեր, artificial բառը հայերէնի մէջ թարգմանած ենք «արուեստական», հետեւաբար, առնուազն «Տարբերակ» հանդէսի պարագային՝ որոշեցինք artificial Intelligence-ը թարգմանել «Արուեստական բանականութիւն»՝ առանց շատ մտածելու intelligence-ի ճշգրիտ թարգմանութեան մասին:
Սակայն, հրապարակը շուտով սկսաւ ողողուիլ «արհեստական» եզրով՝ անոր հայաստանեան գործածութեան լոյսին տակ: Գիտակցաբար չենք ըսեր արեւելահայերէնի ազդեցութեան տակ, որովհետեւ քիչ ետք պիտի տեսնենք, թէ արհեստականը ընդհանրապէս կապ չունի artificial բառի հայերէնին հետ:
«Տարբերակ» ստացաւ գրութիւններ, որոնց հեղինակները կը պնդէին, թէ կ’ուզեն պահել «արհեստական բանականութիւն» եզրը եւ կը մերժեն «արուեստական բանականութիւնը»: Երկուութենէ խուսափելու համար, օրին որոշեցինք թիավարել հոսանքին հետ, սակայն յետ քննարկումներու սկսաւ ի յայտ գալ, որ հարցը միայն գործածութեան հարց չէ, այլ բառերու ծագումին, լեզուական ճշգրտութեան, մշակութային ինքնագիտակցութեան եւ հայերէնի զարգացման ուղղութեան կը վերաբերի:
Դեռ վերջերս, «Տարբերակ21»-ի ընթերցողներէն Վիգէն Լ. Ադդարեան կը բացատրէր, որ «artificial» բառին արմատը «art»-ն է՝ ars լատիներէն բառէն, որ արուեստ, մարդկային ստեղծագործութիւն եւ մարդակերտ ձեւաւորում կը նշանակէ։ Այս իմաստով «արուեստական»-ը աւելի բնական եւ լեզուաբանականօրէն ճշգրիտ համարժէք կը նկատուի, քան «արհեստական»-ը, որ աւելի մօտ է craft-ի կամ արհեստի գաղափարին։ «Արուեստական»-ը, հետեւաբար, ոչ միայն բառացի թարգմանութիւն է, այլ նաեւ աւելի ճիշդ կերպով կը փոխանցէ «բնականէն դուրս, մարդակերտ» ըլլալու գաղափարը։
Նոյն հարցը կը վերաբերի նաեւ «intelligence» բառին։ «Artificial-ը թարգմանել արհեստակա՞ն, թէ՞ արուեստական» խորագրեալ մեր թղթակցութեան մէջ կը նշէինք, թէ intelligence-ը նաեւ սխալ կը թարգմանենք, որ ըսել է խելացութիւն, խելամտութիւն, թերեւս նաեւ իմաստութիւն, բայց ոչ բանականութիւն: Սփիւռքահայ իմաստասէր, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Մարկ Նշանեան նամակով մը խմբագրութեանս ուշադրութեան կը յանձնէր, որ intelligence-ին համար կարելի է նկատի առնել նաեւ «իմացականութիւն» բառը: Ստուգելով կարելի է եզրակացնել, որ «բանականութիւն»-ը աւելի մօտ է reasoning-ի կամ rationality-ի հասկացողութեան, մինչդեռ «իմացականութիւն»-ը աւելի լայն իմաստային դաշտ ունի եւ կը ներառէ գիտակցութիւնը, ընկալումը, ճանաչողութիւնը եւ մտային կարողութիւններու ամբողջութիւնը։ Այս պատճառով «իմացականութիւն»-ը աւելի ամբողջական կը փոխանցէ ժամանակակից AI հասկացողութիւնը։
Սակայն խնդիրը միայն բառագիտական չէ։ Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց մը չէ։ Ան մշակութային յիշողութիւն է, ինքնութեան ձեւ, աշխարհընկալում եւ պատմական շարունակութիւն։ Երբ բառերը կը փոխուին, անոնք իրենց հետ կը փոխեն նաեւ մտածողութեան ձեւերը։ Հայերէնի պարագային այս հարցը աւելի զգայուն է, որովհետեւ մեր լեզուն երկար ժամանակ գտնուած է քաղաքական, գաղափարական եւ մշակութային ազդեցութիւններու տակ։ Հետեւանքը եղած է բառապաշարի, ուղղագրութեան եւ լեզուական մտածողութեան աստիճանական հեռացում իր աւանդական արմատներէն։
Այս իմաստով «արուեստական իմացականութիւն» եզրի ընտրութիւնը նաեւ փորձ մըն է՝ վերադառնալու լեզուական ինքնագիտակցութեան, ոչ թէ անցեալին կուրօրէն վերադառնալու, այլ լեզուն կրկին իր բնական զարգացման հունին մէջ դնելու նպատակով։ Անիկա նաեւ յիշեցում մըն է, թէ հայերէնը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է ստեղծէ իր սեփական ժամանակակից բառապաշարը՝ առանց ինքն իրեն օտարանալու։

Անշո՛ւշտ, լեզուն միշտ ալ պիտի զարգանայ, փոխուի եւ նոր իրականութիւններու յարմարի։ Սակայն այդ զարգացումը աւելի առողջ կ’ըլլայ, երբ կը հիմնուի լեզուի ներքին տրամաբանութեան եւ մշակութային յիշողութեան վրայ, ոչ թէ պարզ սովորութեան կամ կրկնութեան։ «Արուեստական իմացականութիւն» եզրի որդեգրումը այդպիսի փորձ մըն է՝ ժամանակակից աշխարհի լեզուն հայերէնով մտածելու եւ արտայայտելու։
Իմացականութիւնը կը ներառէ խելացութեան, ընկալման եւ տեղեկութիւնը մշակելու այն յատկութիւնները, որոնք բնորոշ են տուեալ թեքնաբանական երեւոյթին: Հետեւաբար, «Արուեստական Իմացականութիւնը» (ԱԻ) ո՛չ միայն լեզուականօրէն ճիշդ է, այլեւ աւելի հարազատօրէն կը պատկերէ համակարգչային մտածողութեան էութիւնը:
Այս պատճառներով, «Տարբերակ21» որոշած է այսուհետեւ գործածել «արուեստական իմացականութիւն» եզրը, իսկ կարճ ձեւով՝ «ԱԻ»։ Այս ընտրութիւնը բառի պարզ փոփոխութիւն մը չէ, այլ փորձ մը՝ աւելի մօտենալու հայերէնի ներքին տրամաբանութեան, պատմական յիշողութեան եւ իմաստային ամբողջականութեան։
Վ.Թ.


