Artificial-ը թարգմանել արհեստակա՞ն, թէ՞ արուեստական

«Տարբերակ21»-ի ընթերցողներէն Վիգէն Լ. Ադդարեան (Մոնթրէալ, Գանատա) հետեւեալ նամակը ուղարկեց խմբագրութեանս՝ «Artificial Intelligence» եզրին արեւմտահայերէն թարգմանութեան շուրջ։ Նամակագրութիւնը շատ արագ վերածուեցաւ աւելի խոր լեզուական եւ մշակութային քննարկումի, որ կը շօշափէ խորհրդային շրջանի լեզուական ազդեցութիւնները, հայերէնի միօրինակացման խնդիրը եւ ազգային ինքնութեան վերաբերող հարցեր։ Տեսակէտներու այս փոխանակումը կը ներկայացնենք ինչպէս որ է։ Կարելի է կարդալ նաեւ հետեւեալ կապով՝ https://tinyurl.com/4zcpktba

 Յարգելի պարոն Թէնպէլեան,

Միշտ ուշադրութեամբ հետեւած եմ Տարբերակ 21ի խորաթափանց եւ հետաքրքրական յօդուածներուն որովհետեւ միշտ սորվելիք բաներ կան հոն: Ուրեմն նախ՝ շնորհակալութիւն ձեզի:

Կ’ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը գրաւել այս նիւթին հետ առնչուող կարեւոր լեզուական հարցի մը վերաբերեալ որ հիմնական սխալ մըն է:

Artificial բառին ճիշդ հայերէն թարգմանութիւնը «արուեստական» է: Հարցը իմաստային եւ կրօնափիլիսոփայական ծագում ունի: Ինչ որ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է կը սեպուէր «բնական» եւ ուրեմն կատարեալ: Արուեստը (եւ մանաւանդ կերպարուեստը) որ կը ձգտէր պատկերել բնութեան կատարելիութիւնը, մարդ արարածին կողմէ ստեղծուած ըլլալուն պատճառով «անկատար» կը սեպուի եւ ուրեմն մարդակերտը բնական չէ եւ արուեստական է: Artificial բառին արմատը art-ն է (ars լատիներէնով) եւ ճիշդ հայերէնը ուրեմն «արուեստական»ն է: Միւս արմատն է լատիներէն facio բառը որ (ընել, կատարել, մէջտեղ բերել իմաստը ունի):

Հայաստանի մէջ (ուր արդէն դարէ մը աւելի է որ հայերէն լեզուն չի գործածուիր եւ պարսկահայերէ զատ արեւելահայերէն գործածողներ գոյութիւն չունին) տարածուած է «արհեստական» գործածութիւնը որ իմաստային սխալ մըն է որովհետեւ «արհեստ»ը (craft իմաստով) բուն լատիներէն արմատին բացատրածս իմաստային ճանապարհին հետ ո’չ մէկ կապ ունի:

«Արհեստական»ին գործածութիւնը Հայաստանի լեզուին մէջ մնացուկ մըն է ժամանակէ մը ժառանգուած, երբ լեզուն կը ստրկացուէր տառացիօրէն քաղաքական սկզբունքներ առաջ քշելու համար: Այդ ալ՝ որովհետեւ «արհեստ»աւոր դասակարգն էր որ պիտի սեպուէր մարդկութիւնը առաջ տանող միակ մղիչ ոյժը եւ ոչ արուեստագէտները եւ մշակոյթի մարդիկ որոնք երկրորդական դիրքի վրայ պէտք է գտնուէին: «Մշակոյթ» բառը չենթարկուեցաւ յարձակումի որովհետեւ անոր արմատին մէջ «մշակ»ը գոյութիւն ունի, բայց «արուեստական»ը չէր կրնար առնչուիլ «արուեստ»ին հետ որովհետեւ բանուորը, որ «արհեստաւոր»ն է, ինք էր որ պիտի կերտէր շէնշող ապագայ մը գործարաններու արտադրութեամբ եւ մեքենաներու օգնութեամբ: Այդ բոլորը, «բնական» չըլլալուն պատճառով ստիպուած էին «արուեստական» կոչուիլ ինչպէս ճիշդ հայերէնը պիտի պարտադրէր: Եւ ուրեմն՝ պէտք էր հայերէնը փոխել եւ այդ ածականը վերածել «բանուորակերտ» իմաստի եւ ուրեմն ծնաւ «արհեստական»ը:

Որպէս ԱԲ նիւթի հարցերու մասնագէտ եւ դասախօս, ամէն անգամ որ խօսքս կ’ուղղեմ հայ հանրութեան, միշտ այս ուղղումը կը կատարեմ եւ կը պնդեմ ճիշդ տարբերակը գործածել:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար եւ մնայուն պայծառութիւն ձեր միտքին եւ գրիչին (աւելի ճիշդ՝ գրաստեղնաշարին):

Բարեկամօրէն՝

Վիգէն Լ. Ադդարեան
Մոնթրէալ, Գանատա

Պատասխան

Բարեւ Պրն. Ադդարեան,Հարիւր տոկոսով համաձայն եմ ձեր ներկայացուցած հարցին, թէ artificial-ը արեւմտահայերէն կը թարգմանուի արուեստական: Ոչ մէկ կասկած: Երկար ատեն ես ալ պայքարեցայ արհեստականի գործածութեան դէմ, բայց վերջաւորութեան որոշեցի զիջիլ՝ ոչ թէ համոզումով, այլ միօրինակութեան համար: Այս պարագային հարցը չեմ դիտեր արեւելահայ դարձուածքներու զիջելու ծիրէն ներս, այլ պարապէս իբրեւ անուանակոչութիւն. որոշեցինք (թէեւ ակամայ) artificial intelligence-ը կոչել արհեստական բանականութիւն:

Շնորհակալութիւն ձեր նկատողութեան: 
Յարգանքով՝
Վարուժ Թէնպէլեան

Յ.Գ Նաեւ Intelligence-ը սխալ կը թարգմանենք, որ ըսել է խելացութիւն, խելամտութիւն, թերեւս նաեւ իմաստութիւն, բայց ոչ բանականութիւն: 

Յարգելի Պրն. Թէնպէլեան,

Շնորհակալ եմ անկեղծ պատասխանին համար: Ըստ ինծի արեւելահայերէնի հարց չէ եւ Հայաստանի մէջ գործածուած լեզուական արտառոցութիւնը տառացիօրէն մեր ազգը երկփեղկող ոճիր մըն է որ մինչեւ հիմա կը շարունակուի, ամէն օր դասարաններու մէջ լեզուական թոյն ներարկելով Հայաստանի մանուկներուն:

Փաստը՝ Սովետական Միութեան մէջ լեզուական ոտնձգութիւններ եւ ոճիրներ գործուեցան տասնեակներով ժողովուրդներու լեզուամշակոյթներուն դէմ: Անոր փլուզումէն ետք սակայն՝ բոլորը անխտիր ետ կոչեցին այդ կատարուած «բարելաւում»ները նոյնիսկ վերադառնալով իրենց նախասովետական տարբեր գրատեսակներուն: Բոլոր ետ կոչեցին ԲԱՑԻ Հայաստանէն:

Ասիկա բան մը կ’ըսէ մեր ազգային ինքնագիտակցութեան եւ, նոյնիսկ պիտի ըսէի, հոգեկան ստրկամիտութեան հասնող իրավիճակին մասին: Մանաւանդ որ՝ մեր պարագային, այդ ոտնձգութիւնները չեզօքացնելը ամէնէն դիւրինը պիտի ըլլար:

Ազգ մը կրնայ տարբեր ճիւղաւորումներով լեզուական տարբերակներ ունենալ, սակայն եթէ մեզի նման վերապրելու խնդիր ունի, պարտի ունենալ միասնական եւ ճիշդ կերպով իր լեզուական զարգացումը պատկերող, նոյն կանոններու վրայ հիմնուած մէկ գրական լեզու, հոգ չէ թէ ատիկա ըլլայ երկու ճիւղերով: Արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը (պարսկահայերունը) իրարու հետ կը գոյատեւեն եւ իրարու կը սատարեն: Հայաստանինը՝ պարզապէս հայերէն չէ եւ հոն կատարուածը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնն իսկ կը խախտէ: Հայաստանի գործածած լեզուն միմիայն կը ծառայէ մեր ազգը ջլատելու, մասնատելու եւ անգրագիտութեան ճանապարհով մեր ինքնութիւնն իսկ վերացնելու:

Նկատի ունենալով ասիկա, որ ազգային գոյութենական հարց մ’իսկ է, ես ոչ մէկ ձեւով պիտի տեղի տայի: Իմ մօտեցումս հետեւեալն է. «Ով որ չի գիտեր, պարտի ճիշդը սորվիլ»: Եթէ ճիշդը եւ ճշմարտութիւնը հասկնալէն յետոյ չ’ուզեր ինքզինք սրբագրել ուրեմն կամ դաւաճան է կամ ալ տգէտ կամ ալ երկուքը միասնաբար, եւ այդպէս ալ պէտք է ձաղկուի հանրօրէն, նոյնիսկ եթէ ունենայ ուսուցիչի մը կամ ալ նոյնիսկ վարչապետի մը տիտղոսը:

Խօսքս անշուշտ ձեր մասին չէ եւ դուք ունիք միտքի եւ կամքի ազատութիւն եւ խմբագիրի մը ծանր պարտակութիւնը: Ես սակայն, սոսկ ընթերցող մը ըլլալով կ’ապաւինիմ նաեւ ձեր լայնախոհութեան թէ այս նամակս պիտի հրատարակէք ամբողջութեամբ որպէսզի գոնէ ձեր միւս ընթերցողներն ալ զայն կարդալով մտածեն ազգային այս հիմնահարցին մասին: Ազգ մը կը փրկուի բոլորին փոքր ճիգերով որ ամէն օր եւ ամէն ժամ մեզ պէտք է իրարու զօդէ:

Ես ասոր կը հաւատամ:

Բարեկամօրէն՝

Վիգէն Լ. Ադդարեան

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Հայկ
Հայկ
2 months ago

Խորհրդային ուղղագրությանը կարելի է դեմ լինել, տարբեր լեզուների (ինչպես ռուսերենի) անհարկի ազդեցությանը՝ նույնպես, բայց ցավալիորեն անընդունելի ու տարօրինակ են պրն. Ադդարյանի այն պնդումները, թե Հայաստանում [արևելա]հայերեն չեն գործածում։ Ուրեմն ինչերե՞ն են գործածում։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x