«Ծանօթանանք Հայաստանի Կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն» մեր յօդուածաշարքի վերջին բաժնով պիտի խօսինք անոնց մասին, որոնք բաւական կարեւոր ներկայութիւն էին Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, բայց յանկարծ գրեթէ անհետացան կամ այնքան ալ գործունեայ չեն՝ իբրեւ հանելուկ մը:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն

Այս կուսակցութիւնը շատ զօրաւոր ներկայութիւն ունէր Հայաստանի մէջ, գլխաւորութեամբ՝ Գագիկ Ծառուկեանի: Կարեւոր ներկայութիւն էր նաեւ խորհրդարանին մէջ:
Խորհրդարանական ընտրութիւններ
| Տարի | Կուսակցական-ցուցակ | +/– | ||
| Ձայներ | % | Տեղեր /ընդհանուր | ||
| 2007 | 204,483 | 15.1% | 18 / 90 | Նորամուտ |
| 2012 | 454,673 | 30.12% | 28 / 90 | 10 |
| 2017 | 428,965 | 27.35% | 31 / 105 | 3 |
| 2018 | 103,824 | 8.27% | 26 / 132 | 5 |
Այս կուսակցութիւնը յաջողեցաւ վերապրիլ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն եւ այդ օրերու ղեկավարներէն ոմանք, ինչպէս՝ Նաիրա Զոհրաբեան եւ ուրիշներ զօրակցութիւն յայտնեցին յեղափոխութեան, միւսները` ոչ: Յեղափոխութենէն յետոյ Ծառուկեան քանի մը անգամ հանդիպեցաւ նորանշնակ վարչապետ Փաշինեանի հետ, եւ անոնք համագործակցութեան մասին յայտարարութիւններ կատարեցին:
| Գաղափարախօսութիւն | պահպանողականութիւն, տնտեսական ազատականութիւն, ռուսամէտութիւն |
| Քաղաքական հայեացք | Աջ- կեդրոն |
| Կայք | bhk.am |
Զարմանալիօրէն այս կուսակցութիւնը, որ 2018-ին հաւաքած էր 100.000 ձայն, 2020-ի արտահերթ ընտրութիւններուն խորհրդարան անցնելու համար բաւարար ձայն չկրցաւ հաւաքել: Անոր քանի մը յայտնի ղեկավարներէն, ինչպէս՝ Նաիրա Զոհրաբեան, հրաժարեցան կուսակցութենէն:
Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւն

Այլ կուսակցութիւն մը, որ պատկառելի ներկայութիւն ունէր քաղաքական կեանքին մէջ, նոյնպէս յանկարծ գրեթէ անհետացաւ քաղաքական ասպարէզէն:
«Լուսաւոր Հայաստան»ը ծանօթ է իբրեւ չափաւոր, ազատական կուսակցութիւն: 2017ի մաս կազմեց ընտրութեան «Ելք Դաշնինքին»՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններուն հետ միասին: «Ելք Դաշնինքը» շահեցաւ 9 աթոռ ու դարձաւ խորհրդարանական ընդդիմութիւն: Յեղափոխութենէն ետք, 2018-ի արտակարգ ընտրութիւններուն «Լուսաւոր Հայաստան»ը մասնակցեցաւ առանձին, եւ մտաւ խորհրդարան՝ դառնալով երրորդ եւ վերջին ուժը խորհրդարանին մէջ:

Շատեր «Քոնկրէս»ը կը նկատեն «Հայոց համազգային շարժումի» (ՀՀՇ) շարունակությունը, որ իշխող կուսակցութիւնն էր հայկական 1991-ի անկախութենէն ետք։
Առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան
Հիմնադիր Լեւոն Տէր-Պետրոսեան
Գաղափարախօսութիւն ազատական
Քաղաքական հայեացք կեդրոն
Կայքէջ anc.am
Փոխնախագահներ` Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան:
Եզրակացութիւն
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 107 քաղաքական կուսակցութիւններ, որոնցմէ շատերը հազիւ թէ կը գործեն: Շատեր արդարօրէն կը պահանջեն կուսակցութիւններու մասին օրէնքին վերամշակումը, որովհետեւ իսկապէս զարմանալի է, թէ ինչպէ՞ս կուսակցութիւններ այդքան արագ կ’աճին եւ արագ ալ կը կորսուին քաղաքական բեմէն:
Օրինակի համար, Հանրապետական կուսակցութիւնը ժամանակին կ’ապահովէր աւելի քան 50 տոկոս մեծամասնութիւն, երբեմն նոյնիսկ 60-70 տոկոս, սակայն 2018-ին ստացաւ ձայներու ընդամէնը 4,8 տոկոսը: 2020-ին դաշինք կազմեց եւ ապահովեց ընդամէնը 6 աթոռ: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մինչեւ 2018-ի յեղափոխութիւնը մաս կը կազմէր դաշինքի երկու այլ կուսակցութիւններու հետ՝ շահելով 9 աթոռ: Սակայն 2018-ին ան ստացաւ մօտաւորապէս 70 աթոռ, իսկ 2022-ին` 58:
Թէեւ ոմանք այս երեւոյթը կը նկատեն որպէս ժողովրդավարութեան եւ փոփոխութիւններու առողջ նշան մը, ես համամիտ չեմ այդ տեսակէտին: Այս արագ փոփոխութիւնները քաղաքական կայունութեան ցուցանիշ չեն, այլ աւելի կը դրսեւորեն ժողովուրդին յաճախակի հիասթափութիւնը քաղաքական կուսակցութիւններէն:
Կուսակցութիւններու քանակը չի կրնար համարժէք ըլլալ բարձր որակի: Տրամաբանական բազմազանութեան փոխարէն ան յաճախ կը դրսեւորէ քաղաքական քաոս մը՝ տարբեր ուղղութիւններով: Նիւթական միջոցներ ունեցողներ երբեմն կուսակցութիւն կազմելը կը նկատեն զուտ առեւտրական նախաձեռնութիւն մը:
Օլիկարքներն ու մեծ ընկերութիւնները զգալիօրէն ազդեցութիւն ունին քաղաքական կեանքին վրայ: Հայերուն մեծ մասը համամիտ պիտի գտնուի այն տեսակէտին, որ հանրապետութեան մէջ քաղաքական կեանքը արուեստական է եւ կեղծ, ինչպէս թատերական ձանձրանալի ներկայացում մը կամ անհաճոյ ֆիլմ մը:
