Նաւը կը ճեղքէր Միջերկրականի հսկայ եւ ծաւալուն ալիքները, մինչ արեւը՝ ամառնային ուշ մայրամուտի իր վերջին, նուաղուն շողերը կը հաւաքէր ծովու անծայրածիր մակերեսէն։ Ալիքները կը փշրուէին նաւուն կողերուն, կարծես փորձելով ետ դարձնել զայն։ Նաւուն վրայ տիրող բարձրաձայն խօսակցութիւնները, ծիծաղը եւ երաժշտութեան զանազան ելեւէջները կը միաձուլուէին ծովուն յարատեւ շառաչիւնին՝ ստեղծելով կենդանի եւ շարժուն մթնոլորտ մը։
Ամէն իրիկուն, ընթրիքի ժամուն, տարբեր ազգութիւններու պատկանող ուղեւորներ կը հաւաքուէին սեղաններուն շուրջ։ Անոնք հաճելի զրոյցներու մէջ կը սուզուէին՝ գաւաթ մը գինիի կամ այլ խմիչքի ընկերակցութեամբ, եւ օրուան յոգնութիւնը մոռնալով, կը վայելէին ծովային ճամբորդութեան այդ հաճելի ու անկրկնելի պահերը։ Ես եւ ամուսինս ալ մաս կը կազմէինք այդ ուղեւորներու խումբին։ Տարբեր երկիրներէ ժամանած՝ բոլորս պատրաստ էինք նոր վայրեր բացայայտելու եւ նոր ծանօթութիւններ հաստատելու ։
Երկու-երեք օր ետք, ընթրիքի պահուն, ուշադրութիւնս գրաւեց եօթանասունամեայ, սպիտակահեր մարդ մը, որ բոլորովին մինակ էր։ Ամէն իրիկուն ան առանձին կը նստէր իր սեղանին շուրջ՝ առջեւը կարմիր գինիի բաժակ մը, կարծես փորձելով մինակութեան մէջն իսկ ժամերը հաճելի կերպով անցնել։ Իսկ դիմացի պատէն կախուած պատկեր մը, որ գոյներու եւ ձեւերու վերացական համադրութիւն մըն էր, իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձած էր։ Ամէն իրիկուն, ան ումպ առ ումպ կ՛ըմպէր իր գինին եւ երկարօրէն կը դիտէր պատկերը, կարծես միշտ նորութիւն մը յայտնաբերելով այդ արուեստի գործին մէջ։ Հաւանաբար այդ ստեղծագործութիւնը հայելի մըն էր, որուն մէջէն ի յայտ կուգային իր ներաշխարհը եւ կուտակուած զգացումները։ Ամէն օր իր անձնաւորութիւնը բնորոշող նոր «շերտ» մը կը բացայայտէր , ինչպէս նկարը՝ ամէն անգամ նոր մանրամասնութիւն մը։
Կը մտածէի, արդեօք կեանքի պայմաններո՞ւն բերումով, եւ այլընտրանք չունենալով էր, որ ան նախընտրած էր առանձին ճամբորդել, թ՞է առանձին մնալը իր որոշումն էր՝ կեանքի որոշ հանգրուանի մը ընթացքին։ Եթէ առաջինն էր, այսինքն պարտադրուած առանձնութիւն մը, անշուշտ ցաւալի պիտի ըլլար։ Իսկ եթէ երկրորդն էր, թերեւս ինքզինք վերագտնելու առիթ մը ըլլար։
Քանի մը օր ետք, մեր բոլորիս դէմքերը իրարու ծանօթ դարձած էին արդէն։ Եօթանասունամեայ մարդը մօտեցաւ եւ համակրելի ժպիտով մը բարեւեց մեզի։ Ապա ըսաւ։
—Ես Ճէովանին եմ, իտալացի եմ։ Դուք ո՞ր երկրէն էք։
—Մենք Լիբանանցի, բայց նաեւ հայ ենք։
—Օ՜հ, ես հայ բարեկամ մը ունեցած եմ․․․Շատ կը սիրեմ հայերը։
Այսպէս սկսաւ մեր զրոյցը, որ քիչ ետք դարձաւ աւելի մտերմիկ։
—Կ՛երեւի առանձին եկած էք այս պտոյտին—ըսի։
Ճէովանին մեղմօրէն ժպտաց եւ սկսաւ պատմել եւ բացայայտել կեանքի հանդէպ իր հայեացքին մասին։
Իր կինը քանի մը տարի առաջ մահացած էր, իսկ երեք զաւակները, որոնք ընտանիքներ կազմած էին, յաճախ զբաղած էին իրենց աշխատանքներով ու ընտանեկան կեանքով։ Ճէովանին լաւ գիտէր, թէ առանձին ճամբորդութիւը յանդգնութիւն կը պահանջէր, սակայն, կեանքի այս հանգրուանին, ինքն իրեն հետ մինակ մնալու կարիքն ունէր։ Հաւանաբար այս ճամբորդութիւնը առիթ մը էր վերարժեւորելու իր ձեռքբերումները եւ սեփական կեանքը, ազատութիւն եւ հոգեկան հանգստութիւն գտնելու։ Թերեւս ինքնաճանաչման ուղի մը էր, երբ մարդ պահ մը կանգ կ՛առնէ եւ կը նայի կեանքի իր անցած երկար ճանապարհին աւելի հանգիստ եւ խորութեամբ եւ այդ լռութեան մէջն է, որ ան կը գտնէ իր իսկական ընկերակցութիւնը՝ ինքն իր հետ։
Ան շարունակեց։
—Առանձին ըլլալ չի նշանակեր ինքնամեկուսացում․ երբ մարդ կեանքի ժխորին մէջ «կորսուած» եւ բազմազբաղ է, հաւանաբար առիթ չունենայ կեանքը լիապէս ըմբոշխնելու եւ արժեւորելու։—
Ան ըսաւ նաեւ, թէ մինակութիւնը միշտ մարդու մը կեանքին մաս կազմած է, սակայն պէտք է օգտագործել զայն՝ աճելու եւ զարգանալու։ Մեր կեանքը կը կաշկանդուի ուրիշներուն կարծիքներով, սպասումներով եւ քննադատութիւններով։ Պէտք է ձերբազատիլ անոնցմէ եւ ստեղծել այնպիսի ապրելակերպ մը, որ մեզի համար հաճելի , իմաստալից եւ հոգեկան խաղաղութիւն պարգեւող ըլլայ ։ Երբ առանձին ես եւ մարդիկ չկան շուրջդ, այդ մինակութիւն չէ, այլ մինակութիւնը այն է, երբ դուն քու իրական անձդ կը կորսնցնես։
Փոքր դադարէ մը ետք, Ճէովանին աւելցուց։
—Ես այսօր մինակ կը ճամբորդեմ եւ լաւ գիտեմ, թէ մարդիկ պիտի քննադատեն կամ գոնէ հարց պիտի տան իմ այս ընտրութեանս համար։ Սակայն մեծագոյն յաղթանակը այն է, երբ մարդ ականջ չի դներ շրջապատի ըսի-ըսաւներուն եւ իր ճամբան կը շարունակէ, ըստ իր հաւատքին եւ համոզումներուն։—
Մտածեցի, թէ որքա՜ն իմաստութիւն կար իր խօսքերուն մէջ։ Ամէն մէկը խորհուրդ մը, փորձառութիւն մը կը պարփակէր։ Մեզմէ ո՞վքեր իսկապէս այսպէս կը մտածեն․․․Ո՞վքեր կրնան լռութեան մէջ հանգիստ նստիլ, առանց ուրիշներու ներկայութեան կարիքը զգալու։ Ո՞վքեր կը համարձակին պահ մը կանգ առնել, հեռանալ ուրիշներու կարծիքներէն եւ հարցնել իրենք իրենց՝ «Ո՞վ եմ ես եւ ի՞նչ կը փնտռեմ կեանքիս մէջ»։
Երբ շուրջդ լռութիւն կը տիրէ, այդ լռութեան մէջն է, որ երբեմն կը լսես ամենահզօր ձայնը՝ քու ներքին ձայնդ։
Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան



