Ինչո՞ւ մեր «լաւ ընել»-ը կը մաշեցնէ Հայաստանը

Հայաստանը իսկապէս անօգնական երկիր է, ընդ որում անօգնական է նախ իր գաղափարական, ապա եւ քաղաքական, տնտեսական եւ առհասարակ մնացեալ բոլոր առումներով։ Ու այս այն անօգնականութիւնը չէ, որ կարելի է քանի մը հարիւր միլիոն տոլարով վերացնել կամ զէնք գնելով պաշտպանել։ Խօսքը առաջին հերթին մարդոց ուղեղին մէջ գոյութիւն ունեցող անօգնականութեան մասին է եւ այդ բոլորէն ծնող թշնամանքի, իրարամերժութեան, խեղճութեան, թունաւոր մթնոլորտ եւ այլ, համանման երեւոյթներու մասին։

Հայաստանի մէջ այսօր չկայ գաղափարական որոշակի քօղ, որ քիչ թէ շատ ըլլայ ընդհանուր բոլորին։ Նոյնիսկ հայրենիքի եւ կրօնի մասին պատկերացումները խիստ աղաւաղուած են։ Ընդհանրութիւն չկայ նաեւ այնպիսի տարրական ըմբռնումներու շուրջ, ինչպիսիք են ճշմարտութեան, բարիքի կամ առհասարակ ընկերային չափանիշները։ Կարծես տարբեր իրականութիւններէ նոյն միջավայրին մէջ պատահաբար յայտնուած խումբեր են, որ իրարու հանդուրժել չկարողանալով, կը խեղդեն զիրար։ Բնականաբար այդ բոլորը կ’արտայայտուին նաեւ մարդկայնական ոլորտին մէջ, ուր ամէն բան գրեթէ աղէտալի է եւ այդ բոլորը առհասարակ ամէնուր կ’արտայայտուին։

Զարմանալի ու տխուր է, բայց Խորհրդային Միութեան կործանումէն 30 տարի յետոյ ալ ստիպուած ես ընդունելու, որ ան շատ աւելի լուրջ պետութիւն էր՝ պետական առումով, քան մենք։ Բաւական է նայիլ այն հսկայական ենթակառոյցներուն, որ խորհրդային օրով կառուցած են եւ այն ողորմելի ջանքերուն, որ կը գործադրուին վերջին 30 տարիներուն։ Մեթրօ, Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, Սարդարապատի յուշահամալիր, հարիւրաւոր գործարաններ, ամբողջական քաղաքներ, հարիւրաւոր գիւղեր, որ ոտքի կանգնած էին ու կը գործէին։ Այսօր այդ բոլորէն աւերակներ մնացած են, կամ ստուերներ։ Չէ, այս ռուսական աշխարհի կամ խորհրդային թաքնուած գովասանք չէ, այլ մեր իրականութեան տժգունութեան ներկապնակի գոյներուն միախառնումը, որմէ միայն մէկ երանգ կը ստանանք՝ գորշ անորոշութիւն։

Մենք մերժած ու կը շարունակենք մերժել բոլորը ու ամէն ինչ, մի՛շտ։ Մենք դժգոհ ենք բոլորէ՛ն ու մի՛շտ, որովհետեւ աշխարհի մէջ ոչ ոք մեզ չի հասկնար, որովհետեւ աշխարհը չի հասկնար կամ չ’ուզեր հասկնալ, թէ մեզ ինչպէս պէտք է օգնել ու փրկել։ Մենք կը շարունակենք հիացումով նայիլ Քանթին, իսկ մեր հասարակական ու փիլիսոփայական միտքը կը շարունակէ թափառիլ անհեթեթութեան ու դատարկութեան անդունդին մէջ։ Պարզ օրինակ մը։ Փողոցը քալող եւ աղբ թափող կամ շատ դանդաղ քայլով եւ ուրիշը խանգարող, մէկ խօսքով որեւէ անտրամաբանական ու տգեղ վարմունք ցուցադրող մարդուն (իսկ անոնք շատ են) մօտեցէք եւ հարցուցէք, թէ ինչու՞ նման բան կ’ընես։ Կը ստանաս անհեթեթ ու հարցին չվերաբերող պատասխան մը․ «լաւ կ’ընեմ»։ Կը հասկնա՞ք։ Մարդը նոյնիսկ չի հասկնար քու հարցումդ, չի հասկնար, որ դուն իր արարքին պատճառը կամ նպատակն կը հարցնես, իսկ ինքը անոր փոխարէն որակական գնահատական կու տայ իր արարքին։ Եթէ շատ խորանանք, ապա կը նկատենք այն բանական եւ մաթեմաթիքական անհամատեղելիութիւնը, որ այնքան ծանր գինով մեզի հրամցուց Քանթը, երբ իր մտքին մէջ կը վիճէր Լայպնիցի եւ Լոքի հետ։ Կը կարծէ՞ք, որ Քանթ շա՛տ պիտի զարմանար, երբ այդ նոյն մարդիկը քանի մը հոգի ըլլային ու կրկնէին․ «լաւ կ’ընենք»։ Այս ոչ թէ պատասխան է, այլ համակարգուած տգէտ քաոս մը։ Այնպիսի տգէտ, որ նոյնիսկ պատճառը չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կ’ընեն եւ ինչո՞ւ, կը մնայ որ արդարացնեն թշնամանքով, որ «լաւ կ’ընեն» եւ նոյնիսկ արդարացնեն այդ յիմարութիւնը։ Կրթական ոլորտին մէջ տեղի ունեցող սարսափելի ինքնախաբէութիւնը, տնտեսական մշտական աճող թիւերը եւ այլն։

Ինչու՞ այսքան կը խօսինք նման չնչինութեան մասին։ Որովհետեւ․ «Սատանան մանրուքներու մէջ է»։ Որովհետեւ երբեւիցէ չես լսեր, որ օրինակ արդարադատութեան նախարարը որեւէ օրինագիծ ներկայացնէ խորհրդարան եւ որպէս հիմնաւորում ըսէ․ «լա՛ւ կ’ընեմ»։ «Լաւ կ’ընենք» ահաւասիկ այնպէս, երբ շուն մը կը հարուածենք, կը հայհոյենք, կաշառք կու տանք եւ կ’առնենք, ծանօթի մը համար կանոն կը խախտենք, եւ ընդհանրապէս «լաւ կ’ընենք»։ «Դասդ չես սորվա՞ծ, լա՛ւ ըրիր, փողոցը մէկը ծաղրեցի՞ր, լա՛ւ ըրիր»։

Այսպէս դուն կը հաստատես քու ուժդ՝ հոգեբանականը հասցնելով նաեւ մինչեւ փիլիսոփայական մակարդակի։ Պատահական չէ, որ մեր հասարակութեան մէջ կայ նաեւ կիսաքրէական արտայայտութիւնը՝ «լաւ տղան», որ կէս բանտարկեալ է, կէս գող, տեսակ մը գրպանահատ Ռոպին Հուտի կերպար։ Եւ քանի որ Հայաստանի մէջ դժուար է հարուստը ճնշել, շարքին կը մնան անօգնականներն ու ծոյլերը։ Այո՛, Ռոպին Հուտը անցաւ ուժեղներուն քովէն, բայց ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան «լաւ ըրաւ»։ Ահա այսքա՛ն։ Այսքա՛ն բան։

Կրնայ զաւեշտալի թուիլ, բայց այդ «լաւ ընել»-ը նոյնիսկ որոշ ենթամասերու ծնունդ տուաւ, որոնք սկսան քննարկուիլ գրեթէ a priori մակարդակով։ «Լաւ մի՛ ըներ, ճի՛շդ ըրէ», «լաւ ընելը լաւ տղու արդարացում չէ» եւ նման արտայայտութիւններ՝ գրեթէ տիալեքթիք հմայքով օժտուած, ի յայտ եկան։ Սակայն քանի որ «լաւ տղան» չի կրնար ինքզինք հակասել, կը նշանակէ թէ ան a priori «լաւ բան կ’ընէ», այսինքն՝ «լաւ կ’ընէ»։ Բոլոր գերմանացի փիլիսոփաները կը նախանձէին մեր սովորական «լաւ տղուն», որ, հասկանալիօրէն, նոյնիսկ կասկած չունի նէօ-քանթականութեան գոյութեան մասին։ Քանթը ցոյց տուաւ, թէ բանականութիւնը կրնայ համակարգ մը կառուցել, բայց մարդը կրնայ գործել առանց պատճառի գիտակցութեան։ Եւ մենք արդեօ՞ք տարբեր բան կ’ընենք։

Իսկ ի՞նչ կ’ըսէք, եթէ ամբողջ հասարակութիւն մը այդպէս կ’ապրի ու որեւէ առիթով, որպէս անքննարկելի ճշմարտութիւն, մարդիկ իրարու երես կը նետեն «լաւ կ’ընեմ»-ը եւ այդպէս կը փորձեն փակել թեման։ Եւ երբ երբեմն երկու տարբեր «լաւ կ’ընեմ»-ներ իրարու կը հանդիպին, այն ատեն քրէական ռոմանթիզացումը կ’անցնի գործնական փուլ, իսկ հետեւանքը՝ բանտն է կամ գերեզմանը։ Բանտին կապուած մենք ունինք շատ հետաքրքրական, թէեւ որոշ իմաստով մելամաղձոտ պատկերացումներ։ Իրապէս կը մարմնաւորենք այն, ինչ որ Hannah Arendt կը կոչէր «չարի բանական դատարկութիւնը»։ Մերը նոյնպէս բանականացուած չարիք մըն է։ Մօտաւորապէս այնպէս, ինչպէս Aldous Huxley-ի «Կապիկը եւ էութիւնը» (Ape and Essence) գիրքին մէջ Պելիալի տօնը, երբ մարդը կ’երկրպագէ դեւին, որովհետեւ կը հասկնայ, որ ուրիշ ոչինչ կայ եւ քանի որ միշտ կը վախնայ անկէ, ապա ստիպուած է պաշտելու եւ արդարացնելու:

Բայց ինչու՞ այսքան խորացանք այս բոլորին մէջ եւ ի՞նչ կապ ունի նկարագրուածը գաղափարական անօգնականութեան հետ, այն ալ պետական ծաւալով։ Իսկ կապը այն է, որ երբ թէ՛ անհատը, թէ՛ հասարակութիւնը որպէս այդպիսին նոյնիսկ տեսանելի մակարդակով չի կարենար հասկնալ իր ըրածին ամբողջ այլանդակութիւնը, չի կարողանար բացատրել, սխալը ընդունիլ (որովհետեւ «լաւ տղան չի սխալիր» եւ «լաւ տղու սխալը պէտք է ճիշտ դարձնել») ապա կը մնայ նայիլ, թէ ինչպէս մենք օրէ օր կը մաշինք առաջին հերթին գաղափարապէս։ Իսկ ի՞նչ կապ ունի Խ. Միութիւնը։ Մօտաւորապէս այնքանով, որ կառուցուած բոլոր ենթակառոյցները կատարուած են խորհրդային հսկողութեամբ։ Մեզի եթէ ազատութիւն տային, թերեւս չընէինք, չկարողանայինք։ Հիմա ալ կը սպասենք, որ ամերիկացիները գան ու մեզ ստիպեն ինչ որ բան մը ընենք, որովհետեւ մեզմէ առայժմ որեւէ լուրջ արդիւնք սպասել ճիշդ չէ։ Մենք այս պահուն չափէն աւելի անօգնական ենք որեւէ լուրջ ենթակառոյցի, սեփական փիլիսոփայական հայեցակարգի ու նման բաներու մասին մտածելու համար։ Մենք այսօր չափէն աւելի շատ զբաղած ենք ինքնահիացումով ու ինքնաարդարացումով։ Հայաստանի մէջ չկայ սխալելու թոյլտուութիւն եւ զայն ընդունելու որեւէ նախադէպ, ըլլա՛յ պետական պաշտօնեայ, թէյ հասարակ մարդ։ Իսկ երբ հասարակ մարդուն սխալը չափէն աւելի ակներեւ է, ապա ան կը գոռայ, որ «լաւ է ըրած» ու վերջ։ Մենք կը յայտնուինք փակուղիի հասած փիլիսոփայական երկընտրանքի մը մէջ։ Ամէն բան կ’արդարացնենք։ Ինչո՞ւ։ Լաւ կ’ընենք։ Այդպէս կ’ուզենք։ Որովհետեւ ուրիշ բան չենք կրնար ընել։ Որովհետեւ այսքան ժամանակ մենք չունեցանք որեւէ լուրջ ձեռքբերում, որ իսկապէս մերը ըլլար՝ կազմուած մեր ներքին պահանջէն, հիւսուած ու ձեւաւորուած մեր սեփական ուժով։ Առայժմ պիտի ստիպուինք արդարացնել զմեզ յիմար յամառութեամբ, որովհետեւ ուրիշ ոչինչ մնացած է։

Ի՞նչ սպասել ապագայէն։ Կարեւոր չէ, որովհետեւ ինչ ալ պատահի, մենք «լա՛ւ ըրինք, լա՛ւ կ’ընենք եւ լա՛ւ պիտի ընենք»։ Ահա հայկական փիլիսոփայական երեք ժամանակները։ Թերեւս օր մը յոյս ունենանք նաեւ հարցնելու՝ ինչո՞ւ ըրինք, բայց կը վախնամ, որ շա՛տ ուշ ըլլայ։

Ինչո՞ւ որոշեցի այս մասին գրել։ «Լա՛ւ ըրի»։

 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x