Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մենք յաճախ կը խօսինք «համայնք», «ազգային ինքնութիւն», «գոյատեւում» եւ «ապագայ» եզրերուն մասին։ Կը կազմակերպենք ժողովներ, համագումարներ եւ քննարկումներ, կը խօսինք ռազմավարութիւններու մասին եւ յայտարարութիւններ կը կատարենք։ Սակայն հազուադէպօրէն հարց կու տանք․ արդեօք մենք իսկապէս կը ճանչնա՞նք մեր համայնքները։
Մօտաւորապէս քանի՞ հայ կ’ապրին այսօր Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի կամ Աւստրալիոյ մէջ։ Ի՞նչ համեմատութիւն կը կազմեն երիտասարդները: Քանի՞ համալսարանական։ Քանի՞ բժիշկ, ճարտարագէտ, գիտնական, իրաւաբան, ձեռնարկատէր կամ արուեստագէտ։ Ի՞նչ է համեմատութիւնը արհեստաւորներուն եւ ընդհանրապէս ի՞նչ մարզեր կ’ընդգրկեն անոնք: Քանի՞ հոգի տակաւին կը խօսի հայերէն։ Քանի՞ն կապ ունի հայկական հաստատութիւններուն հետ, եւ քանի՞ն արդէն հեռացած է անոնցմէ։ Անշուշտ՝ մօտաւոր:

Բացի Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին նիւթական աջակցութեամբ կատարուած Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզէն (ՀՍՀ), որ կ’ուսումնասիրէ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն հանրային կարծիքը, ուրիշ ոչ մէկ լուրջ աշխատանք կատարուած է: Տակաւի՛ն, այս հարցախոյզը, որ թէեւ կրնայ իսկապէ՛ս հիմք ծառայել համայնքներու ուսումնասիրութեան եւ ըստ այնմ վերակազմակերպական քայլերու մշակման, սփիւռքը ղեկավարելու կոչուած ոչ մէկ կազմակերպութիւն զայն սերտած ու համապատսխան որոշումներ տուած է: Մեր համայնքները կը շարունակուին առաջնորդուիլ տպաւորութիւններով, ենթադրեալ հաշիւներով եւ երբեմն ալ ցանկալի պատկերացումներով։
Սակայն կը մոռցուի այն, թէ ինչ որ չենք կրնար չափել ու գնահատել, չենք կրնար նաեւ լրջօրէն ծրագրել, զարգացնել կամ ղեկավարել։ Եւ ասիկա պարզ վիճակագրական խնդիր մը չէ, այլ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն:
Ժամանակակից աշխարհին մէջ ուժը միայն զինուորական կամ տնտեսական կարողութիւններով չի չափուիր։ Կայ նաեւ «փափուկ ուժը» (soft power)՝ գաղափարներու, գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ հանրային ազդեցութեան միջոցով քաղաքական կշիռ ունենալու կարողութիւնը։ Սակայն փափուկ ուժը չի ստեղծուիր դատարկ տարածքի մէջ։ Ան կը պահանջէ գիտակցութիւն մեր մարդկային ներուժին մասին։
Երբեմն կը խօսինք «միլիոնաւոր հայերու» մասին, բայց չենք գիտեր, թէ այդ միլիոններուն մէջ քանի՞ հոգի ունի մասնագիտական ազդեցութիւն, քանի՞ հոգի որոշում կայացնող պաշտօններ կը զբաղեցնէ, կամ քանի՞ հոգի կրնայ նպաստել հայկական շահերու պաշտպանութեան միջազգային բեմերու վրայ։
Ինչպէ՞ս կրնանք համահայկական ցանցեր ստեղծել, եթէ չենք գիտեր, թէ ո՞ւր կը գտնուին մեր գիտնականները։ Ինչպէ՞ս կրնանք երիտասարդ առաջնորդներ պատրաստել, եթէ չենք գիտեր, թէ ո՞ւր կը գտնուին եւ ի՞նչ կարողութիւններ ունին անոնք։ Ինչպէ՞ս կրնանք տնտեսական, մշակութային կամ քաղաքական ազդեցութիւն ստեղծել, եթէ չենք գիտեր մեր իսկ կարողութիւններուն քարտէսը։ Առանց յստակ տուեալներու, մենք չենք կրնար ամբողջական պատկերացում կազմել մեր մտաւորական, մասնագիտական եւ կազմակերպական ներուժին մասին։ Չենք կրնար գիտնալ, թէ ո՛ր ոլորտներուն մէջ ունինք ուժեղ ներկայութիւն, ո՛ւր կը նահանջենք, եւ ո՛ւր անհրաժեշտ է ներդրում կատարել։
Տուեալներու կարեւորութիւնը կը գերազանցէ ներքին կազմակերպումի սահմանները։ Երբ չենք գիտեր, թէ ո՞ւր են մեր գիտնականները, համալսարանականները, ձեռնարկատէրերը, արուեստագէտները, լրագրողները, դիւանագէտները եւ քաղաքական ազդեցիկ դէմքերը, ի՞նչ դեր կը խաղան եւ ի՞նչ ցանցերու մաս կը կազմեն, դժուար է այդ ներուժը վերածել հաւաքական ուժի։ Փափուկ ուժը միայն մշակութային ժառանգութիւն կամ ազգային համբաւ չէ. ան կազմակերպուած մարդկային դրամագլուխ է։ Իսկ այդ դրամագլուխը տեսանելի կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ գոյութիւն ունին ճշգրիտ եւ թարմացուած տուեալներ։
Այլ ժողովուրդներ արդէն հասկցած են այս իրականութիւնը։ Անոնք կը հաւաքեն, կը վերլուծեն եւ կը թարմացնեն իրենց հաւաքականութեան վերաբերող տուեալները։ Անոնք գիտեն ոչ միայն իրենց թիւերը, այլ նաեւ իրենց կրթական, մասնագիտական եւ հասարակական կարողութիւնները։ Արդիւնքը այն է, որ իրենց հաւաքական ուժը կը վերածուի կազմակերպուած ռազմավարութեան։
Տուեալները, սակայն, միայն թիւեր չեն։ Անոնք գիտելիք են։ Իսկ գիտելիքը՝ կարողութիւն։ Երբ մենք գիտենք, թէ ո՛վ ենք, ո՛ւր ենք եւ ի՛նչ կարողութիւններ ունինք, այն ատեն միայն կրնանք լրջօրէն մտածել ապագայի մասին։ Հակառակ պարագային, մեր որոշումները կը հիմնուին ոչ թէ իրականութեան, այլ ենթադրութիւններու վրայ։
Այս հարցը աւելի հրատապ կը դառնայ յատկապէս սփիւռքի պարագային ։ Սփիւռքը մէկ ու ամբողջական աշխարհագրական տարածք մը չէ։ Ան ցրուած ցանց մըն է։ Եւ ցանց մը կարելի չէ ղեկավարել, զարգացնել կամ համախմբել, եթէ անոր մասին տեղեկութիւն չունինք։ Աւանդական սփիւռքը երկար ժամանակ հիմնուած էր աշխարհագրական մօտիկութեան վրայ՝ թաղամասի, եկեղեցւոյ, դպրոցի կամ ակումբի շուրջ։ Սակայն թուային դարաշրջանին, այդ սահմանները աստիճանաբար կ’անհետանան։ Այսօր համայնքային կեանքը այլեւս միայն ֆիզիքական տարածքի մէջ չի կառուցուիր։ Ահա թէ ինչու տուեալները կրնան հիմք ծառայել նոր տեսակի համայնքներու ստեղծման։ Ճիշդ տեղեկութիւններու օգնութեամբ կարելի է ստեղծել մասնագիտական, գիտական, մշակութային եւ երիտասարդական համաշխարհային ցանցեր, որոնք կը միացնեն տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերը՝ անկախ հեռաւորութենէն։
Պատկերացուցէք աշխարհի հայ տնտեսագէտներու, ճարտարագէտներու, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներու, գիտնականներու կամ արեւմտահայերէնով հետաքրքրուած երիտասարդներու համաշխարհային ցանց մը։ Այսպիսի ցանցային համայնքներ կրնան ստեղծել համագործակցութեան, գիտելիքի փոխանակման եւ ազգային ներգրաւուածութեան նոր ձեւեր։ Սակայն նման ցանցեր կառուցելու համար նախ պէտք է գիտնանք, թէ ո՞ւր են այդ մարդիկը, ի՞նչ կարողութիւններ ունին եւ ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք իրարու կապել։ Այս իմաստով տուեալները միայն տեղեկութիւն չեն։ Անոնք ապագայի համայնքներուն ենթակառոյցներն են։

Ցանցային համայնքները նաեւ այլ կարեւոր դեր մը կրնան կատարել։ Անոնք կրնան կապի մէջ պահել այն հայերը, որոնք կ’ապրին փոքր կամ ուծացման վտանգի տակ գտնուող գաղութներու մէջ։ Անհատ մը, որ ֆիզիքապէս հեռու է հայկական միջավայրէ, կրնայ թուային հարթակներու միջոցով զգալ, որ կը պատկանի աւելի լայն հաւաքականութեան մը։ Այսպիսով, տուեալները կը դառնան կամուրջ՝ անցեալի ժառանգութեան եւ ապագայի տեսլականին միջեւ։
Հետեւաբար, համայնքային տուեալներու հաւաքագրումը պէտք չէ դիտուի որպէս վարչական կամ ակադեմական զբաղում։ Ան ազգային կարեւորութիւն ունեցող նախաձեռնութիւն մըն է։
Տուեալներ ունենալ կը նշանակէ ունենալ համարձակութիւն՝ ընդունելու մեր տկարութիւնները եւ ճշդելու մեր առաւելութիւնները։ Որովհետեւ ապագան կը պատկանի ոչ միայն անոնց, որոնք մեծ տեսիլք ունին, այլ նաեւ անոնց, որոնք ճիշդ տեղեկութիւն ունին։ Եւ թերեւս սփիւռքահայութեան համար մեր ժամանակներու ամենէն կարեւոր հարցումներէն մէկը հետեւեալն է․
Ինչպէ՞ս կրնանք ծրագրել մեր ապագան, երբ տակաւին պարզ պատկերացում չունինք մեր ներկայ իրավիճակին մասին։
