Թատերական յաղթանակ՝ ոչ-արհեստավարժ դերակատարներով

Ռէյ Քունիի Run for Your Wife թատերախաղը ժամանակակից ամենէն յայտնի ֆարսերէն մէկն է, կառուցուած արագութեան, շփոթի եւ անընդհատ բազմացող սուտերու վրայ։

Վերջերս առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու անոր թարգմանուած եւ պատշաճեցուած տարբերակին՝ «Ամուսինը ծուղակի մէջ» վերանուանումով, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կատարողութեամբ՝ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին եւ թարգմանութեամբ ու բեմադրութեամբ՝ Յարութ Գնդունիի:

Հայկական այս բեմադրութիւնը բնագրին բառացի թարգմանուած տարբերակը չէր, այլ կենդանի եւ հնարամիտ տեղական վերամշակում մը՝ պատշաճեցուած լիբանանեան իրականութեան։

Բեմադրիչ եւ թարգմանիչ Յարութ Գնդունի գործողութիւնը տեղափոխած էր Լիբանան, ուր Ճոն (Սիմոն Եափուճեան)՝ թաքսիի վարորդ մը, գաղտնի երկու տուն կը պահէր՝ մէկը Պէյրութի, միւսը՝ Ժունիէի մէջ։ Պէյրութի մէջ ան կ’ապրէր Պարպարայի (Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան) եւ իրենց որդիին Ժանի (Հրակ Մամիկոնեան) հետ, իսկ Ժունիէի մէջ՝ Մեյրիի (Լուսինէ Տաքէսեան) եւ անոր դուստր Այտայի (Երան Գոյունեան) հետ։ Երկու պատանիները, որոնք նոյն մականունն ու նոյն հօր անունը կը կրէին, Ֆէյսպուքի միջոցով իրարու կը ծանօթանան եւ կ’որոշեն հանդիպիլ։ Երբ Ճոն (Սիմոն Եափուճեան) կ’իմանայ այս, Քունիի դասական ֆարսը կը սկսի. սուտերու շղթայ մը, խուճապահար հնարանքներ եւ յուսահատ փորձեր՝ երկու աշխարհները իրարմէ հեռու պահելու։

Օգնութեան համար Ճոն (Սիմոն Եափուճեան) կը դիմէ իր բնակարանի վարձակալ ու հին բարեկամ Սթիւին (Մելիք Պետրոսեան), որ արդէն քսան տարիէ վեր հոն կ’ապրի։ Այս երկուքը՝ Ճոն–Սթիւ (Սիմոն Եափուճեան – Մելիք Պետրոսեան), հանդիսացան ներկայացման կատակերգական տինամօն։ Բեմադրիչը ջնջած էր բնագրին ոստիկանատան տեսարանները եւ փոխարէնը ներկայացուցած էր նոր կերպար մը՝ Սթիւին հայրը՝ Պապուկը (Հայզաւակ Լէփէճեան), որ իր ներկայութեամբ կատակներու եւ հիւմըրի նոր եւ անմոռանալի շերտեր կ’աւելցներ փիէսին վրայ։ Նոյնպէս Ժանը (Հրակ Մամիկոնեան) եւ Այտան (Երան Գոյունեան) բնագրին մէջ գոյութիւն չունին․ անոնք տեղական յաւելումներ էին, որոնք պատմութիւնը կը դարձնէին աւելի արդիական եւ մանաւանդ երիտասարդ հանդիսատեսին մօտիկ։

Ներկայացման ուշագրաւ կողմերէն մէկն էր նաեւ Սթիւի կերպարին շուրջ ստեղծուած սեռային թեթեւ ակնարկները, որոնք երբեմն կը խաղային միասեռական թիւրիմացութեան գաղափարին հետ։ Այս տեսարանները զուսպ կերպով ներկայացուած էին եւ կը մնային ֆարսի սահմաններուն մէջ, սակայն անոնք նաեւ աւելի լայն մշակութային նշանակութիւն մը ունէին։ Տասնամեակներ շարունակ լիբանանահայ թատրոնին մէջ նոյնիսկ սեռային թեթեւ ակնարկները սովորաբար անընդունելի կը նկատուէին։ Այս անգամ, սակայն, հանդիսատեսին ազատ ծիծաղն ու ջերմ արձագանգը կը մատնանշէին ընկալումներու յստակ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, այս զաւեշտական պահերը բեմական հնարքի սահմաններէն դուրս գալով, կը դրսեւորէին թատերական ընկալումներու եւ ընկերային նորմերու փոփոխութեան փոքրիկ նշոյլ մը։

Վերջաւորութիւնը եւս տարբեր էր բնագրէն։ Թէեւ Ճոնի խաբէութիւնը կը քողազերծուի եւ ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի, սակայն Մեյրին (Լուսինէ Տաքէսեան) եւ Պարպարան (Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան) կը խոստովանին, թէ տասնհինգ տարիէ ի վեր արդէն գիտէին իրենց ամուսնոյն երկակին կեանքին մասին եւ իրենք ալ իրենց խաղը կը խաղային։ Աւելի զարմանալի բացայայտումով մը, Մեյրին (Լուսինէ Տաքէսեան) կը յայտնէ, թէ Այտան (Երան Գոյունեան) Ճոնի (Սիմոն Եափուճեան) աղջիկը չէ, այլ Սթիւի (Մելիք Պետրոսեան)։ Այսպէս, բոլոր գաղտնիքները կը լուծուին ծիծաղով, եւ ներկայացումը կ’աւարտի ուրախ մթնոլորտով։

Թէեւ ներկայացումը սիրողական թատրոնի ծիրէն ներս կը խաղցուէր՝ ոչ-արհեստավարժ դերասաններով, սակայն անոնց խաղարկութիւնը, եռանդը եւ ժամանակի զգացումը կը մօտենային արհեստավարժ մակարդակի։ Դիւրին չէ քայլ պահել Քունիի ստեղծած արագութեան հետ: Ճոն (Սիմոն Եափուճեան) եւ Սթիւ (Մելիք Պետրոսեան) ինքնավստահութեամբ կը կրէին ֆարսի արագ կշռոյթին պահպանման պարտականութիւնը, մինչ Պապուկը (Հայզաւակ Լէփէճեան) դարձած էր անսպասելի կեդրոնական ներկայութիւն մը՝ ծիծաղ պարգեւելով իր շարժումներով ու դիմախաղով։ Երիտասարդ զոյգը՝ Ժան (Հրակ Մամիկոնեան) եւ Այտա (Երան Գոյունեան), նոյնպէս յստակութեամբ եւ հմայքով կը հիմնաւորէին պատմութեան արդիական շունչը։ Առանցքային էր նաեւ երկու կին դերասանուհիներուն խաղարկութիւնը։ Մեյրիի դերը մարմնաւորող Լուսինէ Տաքէսեան բեմին վրայ կը ներկայանար բնականութեամբ եւ ինքնավստահ ներկայութեամբ՝ կերպարին տալով թէ՛ ընտանեկան ջերմութիւն, թէ՛ կատակերգական ճկունութիւն։ Անոր խաղարկութիւնը հաւասարակշռուած էր, առանց չափազանցութեան, եւ կը նպաստէր ամբողջ ներկայացման ներդաշնակ կշռոյթին։ Պարպարայի դերը մարմնաւորող Այտա Մահսէրեճեան-Սրապոնեան կը յատկանշուէր կենսունակ բեմական ներկայութեամբ եւ աշխուժ կատակերգական արտայայտչութեամբ։ Այտան միշտ ինքզինք պարտադրող ներկայութիւն է բեմին վրայ:

Վերջապէս, այս ներկայացումին մեծագոյն արժանիքը անոր հաւաքական ոգին էր։ Ան ցոյց կու տար, թէ ղեկավարութեամբ փորձառու ու հմուտ բեմադրիչի մը՝ յանձին Յարութ Գնդունիի, նուիրուած, խումբ մը ոչ-արհեստավարժ դերասաններ կրնան ստեղծել կենսունակ եւ ծափահարելի թատերական փորձառութիւն մը։

Եւ հանդիսատեսը թէ՛ խնդաց, եւ թէ՛ ծափահարեց:

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x