ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՎԱՍՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԻՍ ՀԱՅՈՑ (ՀՀ-ի անկախութեան 35-ամեակին առթիւ)

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

«Հայաստանդ անուն ցանկալի, ձայն գորովական եւ փարելի, երկնաւոր երգոցն նուագաց ար­ժանի, յորում ամենայն յուշք անցելոյն եւ յուշք ապառնեացն պահին, զոր ոչ կարացին հանել քերել ի շրթանց մերոց մանաւանդ թէեւ ի սրտից բռունք աշխարհիս եւ դիպուածք ժամա­նակաց, հնչեսցէ՜ այժմ ծագաց ի ծագս երկրի, եւ որք ի հեռաստանեայ սահմանս աշխարհի սփռեալ կան նժդեհութեամբ, ամենայն հայկազունք, ի լուր նորա՝ որպէս ամպս թռուցեալս ձագախառն երամովին եկեսցեն առ նա, զի փրկութիւն Տեառն եհաս մեզ»:

«Հայաստանդ՝ անուն ցանկալի, ձայն գորովական ու փարելի, երկնային երգերու նուագին արժանի՛։ Դուն այն սրբազան անունն ես, որուն մէջ անցեալի բոլոր յուշերն ու ապագայի բոլոր տեսիլքները կը հանգչին. յուշեր, զորս աշխարհիս բախտն ու ժամանակներու դառն հարուածները չկրցան արմատախիլ ընել մեր շրթներէն, մանաւանդ՝ մեր սրտերէն։ Թող հի­մա անոր ձայնը հնչէ՛ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, եւ հեռաւոր սահմաններու վրայ սփռուած ու օտարութեան մէջ նժդեհող բոլոր հայկազունք, երբ լսեն անոր կանչը, թող ամպերու պէս թեւ առած, ձագախառն երամի մը նման, գան ու հասնին անոր մօտ, քանզի Տիրոջ փրկու­թիւնը հասած է մեզի»:

Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Գուշակեան

 

23 օգոստոս 1990 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուր­դը ընդունեց «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրը։ Փաստաթուղթը դար­ձաւ այն քաղաքական եւ իրաւական հիմքը, որուն վրայ յաջորդող ամիսներուն պիտի զարգանար Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման գործընթացը, իսկ 21 սեպտեմբեր 1991 թուականի հանրաքուէով հայ ժողովուրդը պիտի հաստատէր անկախութեան իր կամքը։ Այս տարեթիւերը այսօր արդէն Հայաստանի նորագոյն պատ­­մութեան առանցքային հանգրուանները դարձած են։

Սակայն 1990–1991 թուականներու իրադարձութիւնները ինքնաբուխ եւ պատմական պատահականութեան մէջ ծնած դէպքեր չէին։ Անոնք կը շարունակէին հայ ժողովուրդի պետականութեան վերականգնման աւելի հին ընթացք մը, որ իր նախորդ մեծ հան­գրուանը ունեցած էր 28 մայիս 1918 թուականին՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումով։ Առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ գոյութիւնը, անոր դիմագրաւած պատերազմները, քաղաքական ու տնտեսական ծանր պայմանները եւ 1920-ի վերջա­ւորութեան անկախ պետականութեան կորուստը չվերացուցին անկախ Հայաստանի գաղափարը։ Այդ գաղափարը շարունակեց գոյատեւել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ՝ քաղաքական, մշակութային, գրական եւ եկեղեցական տարբեր դրսեւորումներով։

Այս պատմական միջավայրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Թորգոմ արք. Գու­շակեանի[1] «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց» ստեղ­ծագործութիւնը։ Սոյնը առաջին հերթին հետաքրքրական է իբրեւ եկեղեցական-ծիսա­կան արարողութիւն, սակայն իր պատմական նշանակութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է։ Ան կը վկայէ, թէ Առաջին Հանրապետութեան գոյութիւնը հայ եկեղեցական շրջանակ­երուն մէջ ինչպէ՛ս կ’ընկալուէր եւ ինչպիսի՛ լեզուով կը դրսեւորուէր պետականութեան հանդէպ վերաբերմունքը։

Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Գուշակեան 1874 – 1939

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ գո­հաբանական նման մաղթանք մը Ս. Էջմիածնի մէջ եւս կատար­ուած է երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ 28 մայիս 1919 թուականին՝ Հայաս­տանի Հանրապետութեան միամ­եայ տարեդարձին առթիւ։ Այս առնչութեամբ կարելի է ենթա­դրել, թէ Հանրապետութեան տա­րեդարձը հանդիսաւորապէս նշե­լու կաթողիկոսական տնօրինու­մը նախապէս հաղորդուած ըլլա­լու էր նաեւ Սփիւռքի մէջ գտնուող էջմիածնական թեմերու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Հե­տեւաբար հնարաւոր է, որ այս տնօրինումը եղած ըլլայ այն հիմ­նական դրդապատճառներէն մին, որուն ընդառաջ Թորգոմ արք. Գուշակեան յօրինած է իր «Գո­հաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հա­յոց» ստեղծագործութիւնը։

Ի դէպ, ներկայիս դժուար է ստոյգ պարզել, թէ 1919-ին Ս. Էջմիածնի մէջ Հանրապետութեան տարեդարձին առթիւ ի՞նչ արարողակարգ տեղի ունեցած է եւ ծիսական ինչպիսի՞ բնագիր մը գործածուած է։ Ամէն պարագայի, քիչ հաւանական կը թուի, որ այնտեղ գործածուած ըլլայ Թորգոմ սրբազանի «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց»-ը: Բաց աստի, Ս. Էջմիածնի մէջ ցայսօր կատարուող «Կարգ մաղթանց վասն Հանրապետութեան Հայաստան աշխարհի» արարողակարգը ունի տարբեր կառոյց եւ բովանդակութիւն: Պէտք է ըսել նաեւ, որ ան շատ աւելի համառօտ է՝ քան Թորգոմ արք. Գուշակեանի մշակումը: Այս ուղղութեամբ մեր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր հիմքը կը հանդիսանայ Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսին (1710–1780) մշա­կած «կայսերական» մաղթանքը՝ նուիրուած ռուսաց Եկատերինա կայսրուհիին: Ուս­տի՝ ներկայիս Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուող հանրապետական մաղթանքը պարզապէս 1919-ին ստեղծուած նոր ծիսական բնագիր մը չէ։ Անոր լեզուին եւ կառուցուածքին տակ կը շարունակուի շատ աւելի հին հայկական եկեղեցական աւանդութիւն մը, որուն մէջ Եկեղեցին կ’աղօթէ երկրի, իշխանութեան եւ ժողովուրդի պահպանութեան հա­մար։ Սիմէոն Երեւանցի 10 յուլիս 1771 թուականին առ ի երախտագիտութիւն Կայսե­րական Ռուսիոյ՝ կը հրապարակէ կոնդակ մը, իսկ 5 մայիս 1780 թուականին պաշ­տօնապէս Եկատերինա կայսրուհիին կը մատուցուի իր կազմած «Տօնախմբութեան» տետրակի հայերէն բնագիրը՝ կից ռուսերէն թարգմանութեամբ[2]: Սոյնը Ռուսական Կայսրութեան ձօնուած ծիսական մաղթանք մըն էր՝ գոհաբանութիւն մը, որ կազմուած էր շարք մը սաղմոսներէ, աղօթքներէ, աւետարանական ընթերցումներէ, առաքելական թուղթերէ քաղուածքներէ, ինչպէս նաեւ ԴՁ. շարականի մը հանդիսաւոր երգեցողու­թենէ, որ հեղինակած էր Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը[3]: Այս շարականին առաջին տողը կազմուած էր «Ամենազօր Աստուած եւ թագաւոր յաւիտենից»[4] բառերով: Աղօթ­քին մէջ Աստուծմէ կը խնդրուի պահպանել կայսրուհիին իշխանութիւնը՝ «անսասան եւ անպարտելի»[5]։

Այսօր ալ նոյն «Ամենազօր Աստուած եւ թագաւոր յաւիտենից» ԴՁ. շարականի երգեցո­ղութեամբ կը սկսի «Կարգ մաղթանց վասն Հանրապետութեան Հայաստան աշխարհի» մաղթերգը, սակայն վերամշակուած եւ կայսերական իշխանութիւնը փոխարինուած հանրապետական տարբերակով՝ պահպանելով նոյն աղօթական կաղապարը, որ վերա­ձեւակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար։

Արդարեւ, եկեղեցական այս մաղթանքի լեզուն քաղաքական իշխանութեան փոփոխու­թենէն անդին կը պահպանէ իր հիմնական կառուցուածքը, բայց ամէն պատմական հանգրուանի մէջ զայն կը լրացնէ նոր պետական իրականութեան անունով։ Թագաւո­րութիւնը փոխարինուած է հանրապետութեամբ, սակայն աղօթքին բուն խնդրանքը կը մնայ նոյնը՝ պահպանել հայրենի երկիրը, անսասան դարձնել անոր իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը պաշտպանել վտանգներէ։

Ի տարբերութիւն էջմիածնական աւանդութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի մայրավանքէն, ինչպէս նաեւ թեմական կառոյցներէն ներս, սովորա­բար, կը կատարուի Թորգոմ արք. Գուշակեանի մշակած «Գոհաբանական մաղթանք»-ը, որ միաբան հայրերուն կողմէ թարգմանուած է նաեւ արեւմտահայերէնի եւ կը կրէ «Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար»[6] խորագիրը։

Թորգոմ արք. Գուշակեան, որ այդ տարիներուն Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդն էր, Հայաստանի Հանրապետութեան գաղափարը ներմուծեց եկեղեցական աղօթքի շրջանակէն ներս։ Մաղթանքին մէջ Հանրապետութիւնը, անոր իշխանութիւնը, ժողո­վուրդը եւ զինուորութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային պայքարի նահատակները կը դառ­նան յատուկ յիշատակութեան եւ աղօթքի առարկայ։ Այս հանգամանքը կարեւոր սկզբնաղբիւր է՝ հասկնալու համար Առաջին Հանրապետութեան հանդէպ ցուցա­բերուած սփիւռքահայ եկեղեցական եւ ազգային մտածողութեան երեսակները։

Այս մաղթանքին պատմութիւնը, սակայն, ունի նաեւ իր մատենագիտական անորոշու­թիւնները։ 1968-ին հրատարակուած «Բագին» ամսագրի Հայաստանի Հանրապետու­թեան 50-ամեակին նուիրուած բացառիկ թիւը կը ներկայացնէ Թորգոմ արք. Գուշակ­եանի «Գոհաբանական մաղթանք»-էն քանի մը հատուածներ՝[7] կապելով զայն 1920 թուականի հրատարակութեան հետ։ Միւս կողմէ, հետագայ յիշատակութիւն մը՝ 1980-ին «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ, կը վկայէ, որ Գուշակեան արդէն 1919-ին Գահիրէի մէջ կազմած էր Հայաստանի Հանրապետութեան համար նախատեսուած գոհաբանական աղօթամատեան մը, որու գործածութեան մասին կը հաղորդուի նաեւ Աղեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան առթիւ[8]։ Այս վկայու­թիւնները կը յուշեն, որ մեզի հասած «Հանրապետական մաղթանք»-ը պէտք է դիտար­կել 1919–1920 թուականներու ազգային-եկեղեցական կեանքի աւելի լայն համաթեքս­թին մէջ։

Այս առումով՝ Գուշակեանի յօրինած «Հանրապետական մաղթանք»-ը հետաքրքրական զուգահեռ մը կը ստեղծէ 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագրին հետ։ Մէկուն մէջ հայոց պետականութեան վերականգնումը կը ձեւակերպուի եկեղեցական աղօթքի եւ գոհաբանութեան լեզուով, միւսին մէջ՝ իրաւական ու քաղաքական փաստաթուղթի մը յատուկ բառապաշարով։ Սակայն զոյգ պարագաներուն ալ առանցքային հասկացու­թիւնը նոյնն է՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ինքնիշխան պե­տականութեան հաստատումը։

Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առիթով այս զուգահեռը ուսում­նասիրելը զուտ խորհրդանշական ձեւակերպութիւն մը չէ։ Ան հնարաւորութիւն կու տայ մեզի աւելի երկար պատմական հեռանկարի մը մէջ դիտելու 1990–1991-ի վե­րանկախացման գործընթացը եւ զայն առնչելու 1918–1920 թուականի պետական փոր­ձառութեան հետ։ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Հանրապետական մաղթանք»-ը այդ կապին քիչ ծանօթ, բայց ուշագրաւ վկայութիւններէն մէկն է։

Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ Թորգոմ սրբազան «Հանրապետական մաղթանք»-ը մեծ հա­ւանականութեամբ յօրինած է 1919 թուականին Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեծ խանդավառութեամբ կը նշէր 28 մայիս 1918 թուականին ստեղծուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին տարեդարձը: Այս առնչութեամբ Սմբատ Յոխիկեան «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ հրապա­րակած իր յուշագրութեան մէջ կը վկայէ.

«Գահիրէի մէջ ազգային վսեմ հոգիով տոգորուած՝ եգիպտահայոց թեմակալ Սրբազան Առաջնորդ՝ երջանկայիշատակ Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեան, այս առթիւ յօրինեց գոհաբանական աղօթամատեան մը ի նշան գոհունակութեան հայ Ազգին պարգեւուած ազատութեան եւ պետական նոր կեանքին: Գրքոյկ մըն էր, կողքերը շրջանակուած կարմիր կապոյտ նարնջագոյն հայկական նորաօծ դրօշակին գոյներովը […] Առաւօտեան՝ Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին հոգեւորական դասը զգեստաւորուած, ի ձեռին ունենալով Թորգոմ Սրբազանի յօրինած աղօթամատ­եանը, բարձրացաւ Ս. Խորան: Կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգակը. երկիւղած ժո­ղովուրդը հոգեկան մեծ բերկրանքով հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւննե­րուն»[9]:

Եթէ Թորգոմ արք. Գուշակեանի յօրինած սոյն «Գոհաբանական մաղթանք»-ը այդ տա­րի եկեղեցիին մէջ կատարուած էր, ապա շատ հաւանական է, որ արարողութեան կամ մաղթանքին ամբողջ բնագիրը սահմանափակ տպաքանակով տպագրուած ըլլայ թե­մական գրքոյկի մը ձեւով, գուցէ, սակայն, առանց առանձին մատենագիտական գրա­ռում մը ունենալու։ Նոյնը կրկնուած ըլլալու է 1920 թուականին, որմէ, ցաւօք, կարելի չեղաւ գտնել օրինակ մը համապատասխան եզրակացութեան մը յանգելու համար՝ նշե­լով տպագրութեան ճշգրիտ վայրը եւ թուագրութիւնը: Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող ամենահին տարբերակը 16 էջերէ կազմուած եւ 1947-ին Երուսաղէմի մէջ տպագրուած օրինակն[10] է: Ապա ան ունեցած է այլ հրատարակութիւն մը Գահիրէի մէջ 1954 թուականին, որուն կողքը կը նշէ. «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապե­տութեան ազգիս հայոց, կատարելի յեկեղեցիս հայոց վիճակին Եգիպտոսի (պատրաս­տուած 1920-ին, առաջնորդ Թորգոմ արք. Գուշակեանի կողմէ)[11]»: Սոյնը կը հանդիսա­նայ գրքոյկին Բ. տպագրութիւնը՝ յուշելով, որ Ա.-ը հրատարակուած ըլլալու է նմանա­պէս Գահիրէի մէջ՝ հաւանաբար 1920 թուականին: Փոքրածաւալ, բայց նոյնքան կա­րեւոր ձեռնարկ մը հետագայ տարիներուն ունեցած է այլ հրատարակութիւններ, որ թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի[12], որովհետեւ ան տարուէ-տարի Հայաստանի ան­կախութեան տօնին առթիւ հանգամանօրէն հնչած է Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն եւ վարչականօրէն անոնց ենթակայ թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:

Աւելի քան դար մը առաջ ստեղծագործուած Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբա­նա­կան մաղթանք»-ը խորապէս արմատացած է Հայ եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան մէջ։ Ան կազմուած է սաղմոսներէ, շարականներէ, Հին եւ Նոր կտակարաններէն քաղուած ընթերցուածներէ, քարոզներէ, աղօթքներէ ու օրհնութեան բանաձեւերէ համադրուած հատուածներով, որոնք վարպետօրէն միահիւսուելով՝ կը կազմեն Հան­րապետութեան գաղափարին համապատասխանող ամբողջական եւ ներդաշնակ յօրի­նուածք մը։ Ճիշդ է, որ Թորգոմ սրբազան իր նիւթին ատաղձը վերցուցած է Հայ եկե­ղեցւոյ արարողական կեանքին մէջ աւանդուած մատենագրական բնագրերէ՝ «Մաշ­տոց», «Ժամագիրք», «Շարակնոց», «Ճաշոց» եւ այլն, սակայն ան միաժամանակ բե­րած է իր ուրոյն ներդրումը՝ յօրինելով նիւթին համապատասխանող մասնաւոր քարոզ­ներ եւ գոհաբանական աղօթքներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ:

Անդրադառնալով «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հա­յոց»-ի կառոյցին՝ կարելի է զայն բաժնել համառօտ հինգ գլխաւոր հատուածներու.

ա) Հրաւէր՝ միասնական աղօթքի

Արարողութիւնը կը սկսի «Եղբարք սիրեցեալք» դիմումով: Ան ժողովուրդը կը հրաւիրէ «սուրբ սրտիւ եւ հաստատուն հաւատով» միաբան աղօթելու եւ զԱստ­ուած փառաբանելու։

բ)  Գոհութիւն՝ Աստուծոյ այցելութեան եւ հայոց ազատագրութեան համար

Կը յիշատակուի Աստուծոյ ողորմած միջամտութիւնը, որ հայոց ազգը եւ Եկեղե­ցին փրկած է նեղութիւններէ եւ «վերստին շնորհած է զժառանգութիւն Հայրեն­եաց»։ Այսինքն՝ Հանրապետութեան ստեղծումը կը ներկայացուի իբրեւ վերա­գտնուած հայրենիք եւ վերականգնուած ժառանգութիւն։

գ) Աղերս՝ Հանրապետութեան պահպանութեան եւ Եկեղեցւոյ պայծառու­թեան համար

Այստեղ Հանրապետութեան պահպանութեան եւ Եկեղեցւոյ պայծառութեան խնդրանքը կը հնչեն միեւնոյն աղօթական շունչով՝ հայրենիքի պետական գոյու­թեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի բարօրութիւնը ներկայացնելով իբրեւ փոխկապակցուած իրականութիւն։

դ) Աղօթք՝ երկրի ղեկավարներուն, ծառայողներուն եւ հայոց բանակին հա­մար

Կը խնդրուի իմաստութիւն եւ կարողութիւն՝ «գլխաւորաց ազգիս» եւ «ամենայն վաստակաւորաց», որպէսզի հայրենիքը կերտուի։ Ապա կայ յատուկ աղօթք մը զօրավարներուն եւ զինուորներուն համար, որոնց զոհաբերութիւնը կը նկարա­գրուի որպէս պատարագ՝ սրբազան զոհի մը փոխաբերութեամբ։

ե) Բարոյական յորդոր

Վերջապէս, աղօթքը քաղաքական գոյութեան պահպանութենէն կը բարձրանայ դէպի ազգային ու բարոյական պատասխանատւութեան ոլորտ՝ հայ ժողովուր­դին մէջ առաւել եւս զօրացնելու համար «յորդորումն սիրոյ եւ ի գործս բարեաց» խորհուրդներուն իրագործումը։ Այս եզրափակիչ աղերսով Հանրապետութեան կեանքը կը կապուի ոչ միայն պետական հաստատութեան, այլեւ սիրոյ, բարե­գործութեան եւ բարոյական վերանորոգութեան հետ։

«Գոհաբանական մաղթանք»-ին ամենագեղեցիկ եւ տպաւորիչ բաժիններէն մին, ան­տարակոյս, այն քարոզն է, զոր քահանան կամ սարկաւագը եկեղեցւոյ բեմէն կ՚ընթերցէ՝ «Եղբարք սիրեցեալք» բառերով ուղղակի դիմելով հաւատացեալ ժողովուրդին։ Թորգոմ սրբազանի բեղուն գրչին արգասիքը եղող այս գրական գոհարին մէջ խտացած են հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքն ու անդառնալի կորուստներուն ցաւը, երբեմնի իր հզօր պետականութիւններու անկման ողբերգութիւնը եւ այս բոլոր արհաւիրքներուն ընդմէջէն Աստուծոյ շնորհիւ ստացուած մեծագոյն պարգեւը՝ հայրենիքի վերականգ­նումն ու հայոց պետականութեան վերստեղծումը։

Այս իմաստով՝ քարոզը ոչ միայն գոհաբանական աղօթքի մը բաղադրիչն է, այլեւ հայոց պատմական յիշողութեան խտացեալ վկայութիւն՝ տառապանքէն ու կորուստէն դէպի ազգային վերածնունդ եւ պետականութեան վերականգնում։

Արդարեւ, սոյն քարոզը իր ամբողջ իմաստը կը ստանայ այն բարդ ու ճակատագրական պատմական իրադարձութեան խորապատկերին վրայ, որուն մէջ ծնունդ առաւ Հայաս­տանի Հանրապետութիւնը։ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերէն ետք վերականգնուած հայկական պետականութիւնը տակաւին իր գոյութեան առաջին տարիներուն կը դի­մագրաւէր պատերազմներու, գաղթականութեան, սովի եւ տնտեսական ծանր պայ­մաններու, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն ծանր բեռը։ Այս պայմաններուն մէջ Հանրապետութեան գոյութիւնը ինքնին վերջնական ձեռքբերում մը չէր, այլ պահպանման եւ ամրապնդման կարօտ նորանկախ պետականութիւն մը։

Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» արժէքաւոր աշխատութեան մէջ ձեռք բերուած անկախութիւնը փոխաբերական պատկերով մը այսպէս կը ներ­կա­յացնէ.

«… Ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով՝ Հայաստանը կոչւեց անկախ պետական գո­յութիւն: Ցնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չընդունւեց նրա անկախու­թիւնը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր դժբախտութիւն: Հի­ւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս, հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր և շշնջում ականջին. ‘Դու իմ ուրախութիւնն ես, դու՝ դժբախտութիւնը իմ’…»[13]:

Հետեւաբար, Գուշակեանի «Գոհաբանական մաղթանք»-ը պէտք է կարդալ ոչ միայն իբրեւ ծիսական աղօթք, այլեւ իր ժամանակի պատմական փորձառութեան վկայու­թիւն։ «Վերստին շնորհելով մեզ զժառանգութիւն Հայրենեաց մերոց» եւ «դարձեալ հաստատեալ ի նմին զԱթոռ իշխանութեան Հայաստանեայցս» ձեւակերպումները կը մատնանշեն ազգային կեանքի այն խոր գիտակցութիւնը, որ դարերու պետականա­զուրկ գոյութենէն ետք հայրենիքն ու պետականութիւնը դարձեալ իրականութիւն դար­ձած էին։ Իսկ «Զի պահպանեսցէ զՀանրապետութիւն Ազգիս մերոյ» աղերսը կը բացա­յայտէ այդ վերականգնուած պետականութեան փխրունութիւնը եւ անոր պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Այս պատմական ենթահողին վրայ է, որ քարոզին մէջ հայրենիքի գաղափարը կը վե­րածուի ոչ միայն գոհաբանութեան արժանի նիւթի, այլ առաւել եւս՝ ազգային պատաս­խանատւութեան։ Հանրապետութեան պահպանումը, հայրենիքի շինութիւնը, զինուո­րին զոհաբերութիւնը եւ ժողովուրդին բարոյական վերանորոգումը կը ներկայանան իբրեւ նոյն պատմական առաքելութեան տարբեր երեսակները։

«Գոհաբանական մաղթանք»-ին բուն սիրտը կը կազմէ անոր վերջին եւ երկարաշունչ աղօթքը, զոր օրուան արարողապետը կամ եպիսկոպոսը կը բարձրաձայնէ եկեղեցւոյ բեմէն՝ սկսելով հանդիսաւոր սա խօսքերով. «Տէր Աստուած, փառաւորեալ յամենայ­նի…»։ Այս բաժինը պարզապէս ծիսական աղօթքի մը հերթական փուլը չէ, այլ Գու­շակեանի ինքնագիր ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ իր մէջ խտացնող հոգեւոր խորք եւ գրական գեղեցկութիւն, ազգային յիշողութիւն եւ հայրենասիրական շունչ։ Թորգոմ արք. Գուշակեան գրաբարի հմուտ վարպետ մըն էր, լեզուի հնադարեան շքեղութեան եւ ներքին երաժշտութեան խորապէս գիտակից ու անոր գեղեցկութեամբ հիացած նուիրեալ մը։ Անոր գրչին տակ գրաբարը կը դադրի պարզապէս անցեալի մեռած լեզու մը ըլլալէ եւ կը վերածուի կենդանի աղօթական խօսքի, որուն մէջ սրբազանը, հայրե­նասիրականը եւ բանաստեղծականը կը միաձուլուին մէկ ամբողջութեան մէջ։

«Գոհաբանական աղօթք»-ը իր ծիսական կառուցուածքով կը բացուի Աստուծոյ փա­ռաբանութեամբ եւ գոհութեամբ։ «Տէր Աստուած փառաւորեալ յամենայնի» հանդիսա­ւոր բացումը աղօթող համայնքը կը կանգնեցնէ Աստուծոյ մեծութեան, սրբութեան եւ ամենակալութեան առջեւ։ Աստուած կը ներկայացուի իբրեւ «սրբութիւն» եւ «պսակ հաւատացելոց», իսկ ամբողջ արարչութիւնը՝ Իր իշխանութեան եւ փառքին ենթակայ։ Այսպիսով՝ Հանրապետութեան համար կատարուող աղերսը ի սկզբանէ կը զետեղուի աստուածակեդրոն աշխարհայեացքի մը մէջ. պետական իշխանութեան աղբիւրը մար­դը չէ, այլ Աստուած, որուն ձեռքին մէջ են «զօրութիւն եւ հարստութիւն» եւ որուն առ­ջեւ «դողան ամենայն թագաւորք եւ ազգք»։

Թէեւ այս կրօնաբոյր լեզուն բնական է հոգեւորականի մը համար, սակայն Գուշակ­եա­նի գոհաբանական այս աղօթքին մէջ կարելի է տեսնել նաեւ իր ժամանակաշրջանի քա­ղաքական մտածողութեան արտացոլումը։ Աստուծոյ ամենակալութիւնը հաստատող ծիսական բառապաշարին ներքեւ կը զգացուի նորաստեղծ Հանրապետութեան պետա­կան իշխանութեան օրինականացման, ինքնիշխանութեան ամրապնդման եւ կենսու­նակ պետութիւն մը կերտելու հրամայականը։ «Մեծութիւն», «զօրութիւն», «յաղթու­թիւն» եւ «կարողութիւն» հասկացութիւնները, այս իմաստով, կը դառնան ոչ միայն աստուածային ստորոգելիներ, այլեւ այն քաղաքական արժէքներուն գաղափարական շրջանակը, որոնց վրայ պէտք էր խարսխուէր նորաստեղծ հայկական պետութիւնը։ Այսպիսով՝ ծիսական լեզուին տակ Գուշակեանի աղօթքը նաեւ Հանրապետութեան քաղաքական գոյութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան գաղափարական հիմնաւո­րումն է։

Այս տեսանկիւնէն՝ աղօթքին սկզբնամասը միայն աստուածային ամենակալութեան փառաբանութիւնը չէ, այլ ան կը ստեղծէ այն արժեհամակարգը, որուն մէջ Հանրապե­տութիւնը պէտք է գոյատեւէ իբրեւ օրինական իշխանութիւն, ազգային ինքնութեան քաղաքական արտայայտութիւն եւ ժողովուրդի անվտանգութեան ու ապագայի երաշ­խիք։ Աստուծոյ իշխանութեան մասին խօսող ծիսական լեզուին ներքեւ կը զգացուի նո­րաստեղծ պետութեան մը ամրապնդման հրամայականը՝ իշխանութիւն, կարողութիւն, յաղթանակ եւ պատասխանատու կառավարում ունենալու անհրաժեշտութիւնը։

Այս կրօնաշունչ հաստատումէն ետք աղօթքը կը մտնէ իր պատմական յիշողութեան հանգրուանը։ Ժողովուրդը, իբրեւ «ծառայք» եւ «որդիք ծառայիցն», կը ներկայանայ Աստուծոյ առջեւ՝ «յաւուր ցնծութեան եւ յիշատակ ազատութեան Ազգիս Հայոց եւ հաս­տատութեան Աթոռոյ Հանրապետութեան Հայաստանեայց»։ Այստեղ ներկայ տօնա­կան պահը կը կապուի անցեալի տառապանքին ու նահատակութեան հետ։ Հայոց ա­զատութիւնը կը մեկնաբանուի իբրեւ Աստուծոյ ողորմած «այցելութիւն»՝ բազմապա­տիկ նահատակութեանց գնով ձեռք բերուած փրկութիւն։ Հետեւաբար գոհաբանու­թիւնը միայն ուրախութեան արտայայտութիւն չէ, այլ նաեւ նահատակներու յիշատակի եւ Աստուծոյ նախախնամութեան նկատմամբ հաւատքի ծիսական յայտարարութիւն։

Աղօթքին յաջորդ հանգրուանը պատմական յիշողութեան եկեղեցաբանական ընդլայ­նումն է։ Գուշակեան ներկայ Հանրապետութիւնը կը տեղադրէ հայոց սրբազան պատ­մութեան երկար շղթային մէջ՝ յիշատակելով Մակաբայեցիները, առաքեալներու քարո­զութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ներսէսն ու Սահակը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Վարդա­նանցն ու Ղեւոնդեանցը, ապա՝ հայոց թագաւորներն ու իշխանները։ Այս յիշատակա­րանը պատահական անուններու շարան մը չէ, այլ ան կը ստեղծէ պատմական եւ եկե­ղեցական յիշատակի ամբողջութիւն մը, ուր հաւատքը, հայրենիքը, մշակոյթը եւ պե­տականութիւնը կը ներկայանան իբրեւ փոխկապակցուած ժառանգութիւն։

Այս պատմական շարունակականութեան գագաթնակէտին կը դրուի ժամանակակից հերոսութիւնը։ Նախկին սերունդներու սրբազան պայքարին կողքին կը յիշատակուին «արս ընտիրս», որոնք «զեռանդն հաւատոցս ընդ սիրոյ Հայրենեացն միաւորեալ»՝ իրենց կեանքը նուիրած են պատերազմի՝ հայոց ազգի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հա­մար։ Այս ձեւակերպումով՝ հայրենասիրութիւնը պարզ աշխարհիկ զգացում մը չէ, այլ կը միահիւսուի հաւատքին հետ՝ կրելով սրբազան ուխտի մը բնոյթը։

Այնուհետեւ աղօթքը կը վերածուի ուղղակի աղերսի Հանրապետութեան համար։ «զՀանրապետութիւն Ազգիս անսասան պահեա» խնդրանքին կը յաջորդեն երկրի ղե­կավար այրերուն իմաստութեան, զօրավարներուն եւ զօրքերուն՝ «հոգիի արութեան», իսկ ամբողջ ժողովուրդին համար՝ սրբութեան, զգօնութեան, իմաստութեան, խրատի եւ օրինապահութեան խնդրանքները։ Այս կառուցուածքը կարեւոր է, որովհետեւ Գու­շակեանի համար Հանրապետութեան ամրութիւնը միայն զինուորական ուժով կամ իշխանութեան կարողութեամբ պայմանաւորուած չէ. անոր հիմքը նաեւ ժողովուրդի բարոյական եւ հոգեւոր նկարագիրն է։

Աղօթքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ որբերուն եւ անտէրունջ մանուկներուն համար կատարուած աղերսը։ Այստեղ պատմական ողբերգութիւնը կը ստանայ անձ­նական եւ մարդկային դէմք։ «Բիւրք բիւրոց» որբացած մանուկներու յիշատակը կը կապուի Բեթղեհէմի անմեղ մանուկներուն հետ, եւ անոնց ծնողներուն կորուստը կը ներկայացուի իբրեւ ազգային ողբերգութեան սրբազան յիշատակ։ Աղօթքը կը խնդրէ, որ Աստուած անոնց դարձեալ հայրենիք բերէ՝ «ընդ հովանեաւ Խաչի քո սրբոյ»։ Այս­պի­սով՝ հայրենիքի վերականգնումը այստեղ կը ստանայ նաեւ ապաստան, տուն եւ ընտա­նիք վերականգնելու գոյութենական նշանակութիւն։

Յաջորդաբար կը սկսի օրհնութեան ծիսական լայն շրջանակ մը՝ ժողովուրդին, ազգին, Եկեղեցիին, հայրենի աշխարհին եւ անոր բոլոր սրբավայրերուն համար։ Իսկ դրօշի օրհնութիւնը աղօթքին մէջ կը ստեղծէ բացառիկ խորհրդանշական պահ մը։ Գուշակ­եան հայկական դրօշը կը համեմատէ Նոյի օրերու ջրհեղեղէն ետք ամպերուն մէջ երեւ­ցած ծիածանին հետ՝ իբրեւ Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ ուխտի նշան։ Այսպիսով՝ ար­եան «հեղեղներէն» ետք բարձրացած դրօշը կը դառնայ հայ ժողովուրդին եւ Աստուծոյ միջեւ նորոգուած ուխտի խորհրդանիշ։ Դրօշը, հետեւաբար, սոսկ պետական խոր­հրդանիշ չէ, այլ անոր կը հաղորդուի սրբազան ուխտի, յաղթութեան անխորտակելի նշանի եւ անայլայլելի ինքնութեան նշանակութիւն։

Աղօթքին յաջորդող հայրենիքի օրհնութիւնը նոյն խորհրդաբանութիւնը կը շարունակէ։ Հայաստանը կը ներկայացուի որպէս Աստուծոյ կողմէ շնորհուած եւ կրկին ծաղկելու համար սահմանուած երկիր։ Յատկապէս ուշագրաւ է «զկոչումն իւր գլխովին, զանունդ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» արտայայտութիւնը, որուն յաջորդող հանդիսաւոր բացագանչութիւնը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԴ անուն ցանկալի», աղօթքը կը բարձրացնէ գրեթէ միջնադարեան շա­րականի մը բանաստեղծութեան մակարդակին։ Այստեղ հայրենիքի անունը ինքնին կը դառնայ յիշողութեան, կարօտի, ապագայի եւ ազգային միութեան խորհրդանիշ։

Ի դէպ պէտք չէ մոռնալ, որ աստուածաշնչական աւանդութեան համաձայն՝ Դրախտը կը տեղադրուի հայկական բնաշխարհին հետ առնչուող աշխարհագրական տարածքին մէջ (Ծննդոց Բ. 8–14)։ Հաւանաբար այս հնագոյն ընկալումին արձագանգն է նաեւ այն, որ մեր հայրերը Հայաստանը անուանած են «երկիր դրախտավայր» եւ «մարդկային ցեղին օրրան»՝ առնչելով զայն ջրհեղեղի եւ Արարատ լեռան շնորհիւ Նոյեան տապանի փրկութեան պատմութեան հետ։ Այս սրբազան պատկերացումը իր առանձնակի անդ­րադարձը կը գտնէ Գուշակեան սրբազանի գոհաբանական աղօթքին մէջ, ուր հայրենի երկիրը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ նախնեաց ժառանգութիւն, այլեւ որպէս աս­տուածային օրհնութեան եւ բարութեան վայրը։ Դիմելով առ Աստուած՝ ան կը հայցէ. «Օրհնեա՛, Տէր, եւ զաշխարհ մեր եւ զերկիր հայրենի, զի յորում զառաջինն հաստա­տեցեր զտեղի դրախտին երանութեան […] քառահոլով վտակացն պարարտութեամբ վերստին ծաղկազարդեալ պայծառասցի ի վայելումն ամենայն բարութեանց երկնաւո­րաց եւ երկրաւորաց»։

Աղօթքին վերջին մեծ պատկերներէն մէկը սուրբ Եկեղեցւոյ անձնաւորումն է՝ «Մայրս մեր սուրբ Եկեղեցիդ Հայաստանեայց»։ Եկեղեցին կը ներկայացուի իբրեւ մայր, որ դա­րեր շարունակ իր գիրկը պահած է ժողովուրդը, սնած է «սուրբ Աւետարանին» կաթով եւ պահպանած է նախնեաց յիշատակներն ու ազգային բաղձանքները։ Այժմ անոր կը հրամցուի ցնծալ, սգոյ քօղը վերցնել եւ դուրս գալ ընդառաջ եկած «փեսային»։ Այս հար­սանեկան եւ աւետարանական պատկերներու փոխաբերութեամբ Հանրապետութեան վերականգնումը կը ստանայ ուրախութեան եւ վերածնունդի ծիսական խորհուրդ։

Եւ, վերջապէս, աղօթքը կը դադրի ըլլալու միայն Աստուծոյ ուղղուած աղերս եւ կը վե­րա­ծուի ժողովուրդին ուղղուած հանդիսաւոր կոչի. «Եւ դուք ժողովուրդ Հայոց, որդիք Հայկեայ եւ որդեգրեալք եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, առէք զսպառազինութիւն հաւա­տոյդ… արի՛ք, ընդ առաջ»։ Այս վերջին պատգամով Գուշակեան ժողովուրդը կը վերա­դարձնէ պատմութեան բեմ՝ զինուած ոչ միայն ֆիզիքական զէնքով, այլեւ հաւատքի զրահանդերձով եւ յոյսի սաղաւարտով։ Այսպիսով՝ աղօթքը կը հասնի իր գագաթնա­կէտին՝ գոհաբանութիւնը վերածելով կոչի, իսկ ազատութիւնը՝ պարտաւորութեան։

Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց»-ը կարելի չէ գնահատել միայն իբրեւ իր ժա­մանակին համար յօրինուած ծիսական աղօթք մը։ Ան նաեւ Գուշակեանի հոգեւոր նկա­րագրին, ազգային գիտակցութեան եւ անսահման հայրենասիրութեան կենդանի ար­տայայտութիւնն է։ Անբասիր կրօնաւորի մը կեանքը, որ իր ամբողջ էութեամբ նուիր­ուեցաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, այստեղ կը ներ­կայանայ իբրեւ աղօթքի վերածուած ազգային վկայութիւն։ Գուշակեան այն հոգեւորա­կաններէն էր, որոնց համար Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը չէր սահմանափակուեր միայն խորանին եւ սրբազան արարողութիւններուն մէջ, այլ կ՚ընդգրկէր նաեւ ազգին ցաւը, հայրենիքի ճակատագիրը, ժողովուրդի ապագան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանումը։

Իր յօժարակամ ու անգնահատելի ծառայութիւններով, իր երկարամեայ նուիրումով եւ, մանաւանդ, իր բուռն ու անկեղծ հայրենասիրութեամբ Թորգոմ սրբազան իր անունը կապեց հայ ժողովուրդի այն սերունդին հետ, որ պետականութեան վերականգնումը ընդունեց ոչ իբրեւ քաղաքական պատահական իրադարձութիւն մը, այլ պատմութեան երկարատեւ զրկանքներէն ետք վերստին շնորհուած սրբազան ժառանգութիւն։ «Գո­հաբանական մաղթանք»-ին մէջ անոր ձայնը կը հնչէ այդ խոր համոզումով. հայրենիքը պարգեւ մըն է, Հանրապետութիւնը՝ սրբութեամբ պահպանուելիք ազգային գերագոյն արժէք մը, զինուորին զոհաբերութիւնը՝ սրբազան պարտք մը, իսկ ժողովուրդին սէրն ու բարի գործերը՝ անկախութեան իրական երաշխիքը։

Եւ հոս է, թերեւս, Գուշակեանի ստեղծագործութեան ամէնէն մնայուն պատգամը։ Ան ապրած է Հանրապետութեան մը վերականգնման պատմական պահը, բայց իր խօսքը չի սահմանափակուիր այդ մէկ ժամանակաշրջանով։ Անոր աղօթքը այսօր ալ կը հասնի մեզի՝ որպէս անցեալէն եկող ազգային խղճի ձայն ու սրտի խորքերէն հնչող արեան կանչ։ Այդ ձայնին մէջ կը միանան խոր հաւատքը, անշեղ եկեղեցասիրութիւնը եւ հայ­րենիքի հանդէպ բուռն սէրը՝ կազմելով հոգեւորականի մը այն վեհ կերպարը, որ իր ժո­ղովուրդին ծառայութիւնը ապրեցաւ իբրեւ կոչում, իսկ հայրենիքին հանդէպ իր սէրը՝ իբրեւ սրբազան պարտաւորութիւն։ Ուստի Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբանա­կան մաղթանք»-ը կը մնայ ոչ միայն իր դարաշրջանի պարճախօս վկայութիւնը, այլեւ հայ հոգեւորականութեան ազգային առաքելութեան արժէքաւոր յուշարձաններէն մէկը՝ գրուած աղօթքի լեզուով, բայց ոգեշնչուած հայրենիքի անսպառ սիրով։

Երջանկայիշատակ Թորգոմ արք. Գուշակեանի հեղինակած «Գոհաբանական մաղ­թանք»-ը պատգամ մըն է նաեւ մեզի եւ գալիք հայ սերունդներուն։ Այսօր, հոգեւին եւ արդար հպարտութեամբ, կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեակը՝ գի­տակցելով, որ անկախութիւնը դիւրին ժառանգութիւն մը չէ։ Ինչպէս 1918 թուականի Ա. Հանրապետութիւնը, այնպէս ալ ներկայ Հանրապետութիւնը իր գոյութեան ճանապար­հը անցած է պատերազմներու, զոհողութիւններու եւ մահու-կենաց մաքառումներու ընդմէջէն։ Ուստի առկայ հանրապետական մաղթանքին ու անոր աղօթքներուն ընդ­մէջէն հաղորդուող պատգամը այսօր կը հնչէ առանձնայատուկ ուժգնութեամբ. հայրե­նիքը սիրել՝ կը նշանակէ զայն սիրել «ամենայն սրտէ քումմէ, եւ ամենայն անձնէ քումմէ, եւ ամենայն մտաց քոց» (Մտթ. ԻԲ, 37). որովհետեւ հայրենասիրութիւնը լոկ զգացում մը չէ, այլ՝ ուխտ, յանձնառութիւն եւ պատասխանատւութիւն՝ պահպանելու, շէնցնելու եւ հզօրացնելու այն սրբազան ժառանգութիւնը, որ դարերու տառապանքէն, թափուած ծով արիւնէն եւ միլիոնաւոր հայորդիներու զոհաբերութենէն մեզի հասած է։ Եւ թերեւս հոս է «Գոհաբանական մաղթանք»-ին ամէնէն այժմէական պատգամը՝ անկախութիւնը միայն տօնելի իրողութիւն չէ, այլ հայրենիքին հանդէպ ամէն սերունդի վերանորոգելի ուխտը. երէկուան սերունդներուն արիւնով կերտուած պետականութիւնը այսօրուան եւ վաղուան սերունդներուն կը վստահուի՝ զայն հաւատարմութեամբ պահելու, նոր կեանքով ծաղկեցնելու եւ արժանավայել ձեռքբերումներով ու բարի գործերով անոր խաղաղ յառաջընթացը ապահովելու համար։

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 19 սեպտեմբեր 2026
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին ընդառաջ

——————————————————————-

[1] Թորգոմ արք. Գուշակեան ծնած է Պարտիզակ 14 սեպտ. 1874 թ.-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ներսէս-Շուշանեան ազգ. վարժարանին մէջ եւ զայն աւարտած 1890-ին: Նոյն տարին ընդուն­ուած է Արմաշի դպրեվանքը, զոր աւարտելէ ետք 1896 թ.-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի: 1906-ին կը նշանակուի լիազօր փոխվանահայր եւ տեսուչ Արմաշի դպրեվանքին՝ յաջորդելով Տ. Եղիշէ արք. Դուրեանի: 1907-ին կ’ընտրուի առաջնորդ Սեբաստիոյ: 19 սեպտ. 1910-ին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի՝ ձեռամբ Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան կաթողիկոսի: 28 յունիս 1914-ին կ’ընտրուի առաջնորդ Եգիպտոսի հայութեան: 6 յունիս 1931-ին կ’ընտրուի Երուսաղէմի պատրիարք. պատասխանատու պաշտօն մը, որ կը վարէ մինչեւ իր մա­հը՝ 10 փետր. 1939 թուականը: Երջանկայիշատակ Տ. Թորգոմ արք. Գուշակեան եղած է մին Հայ եկե­ղեցւոյ արի եւ անվկանդ հովուապետերէն եւ հայ ժողովուրդի ազնուագոյն ու բազմաշնորհ զաւակներէն:

[2] Տե՛ս Հակոբեան, Պիոն, «Էջմիածինը և Արեւելյան Հայաստանի ազատագրումը», «Էջմիածին», 1978, էջ 71:

[3] Տե՛ս «Գիրք աղօթից սակս ըստ արժանւոյն հանդիսիւ Տօնեցելոցն ի մէնջ՝ Տօնից Թագաւորականաց: Կարգաւորեալ և շարադրեալ ի Մեծէ Հոգելոյս Հայրապետէ՝ Տեառն Սիմէօնէ Սրբազնասուրբ Կաթու­ղիկոսէ ամ[ենայն] Հայոց. Սրբոյ և մեծի Աթոռոյն Էջմիածնի: Յամի Տեառն 1771 Յուլիսի 10», Նոր Նա­խիջևան, 1794:

[4] Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 5:

[5] Տե՛ս Եզեանց, Կարապետ, «Ս. Էջմիածնի Մայր աթոռի եւ ռուսաց կառավարութեան յարաբերութիւն­ների ծագումը», «Լումայ», տպ. Ա. Քութաթելաձէի, Թիֆլիս, 1904, էջ 10:

[6] Տե՛ս «Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար», Անթիլիաս, 2020։

[7] Տե՛ս «Բագին, ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի», Է. տարի, թիւ 5-6, Պէյրութ, 1968, էջ 76–77: 

[8] Տե՛ս «Հայրենիք, ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ», 28 մայիս 1980, VOL. 82, No. 20338, Պոսթըն, էջ 4:

[9] Տե՛ս Յոխիկեան, Սմբատ, «Պատմական դրուագներ ու յուշեր մեր ազգային կեանքի մօտիկ անցեալէն», «Հայրենիք», 28 մայիս 1980, VOL. 82, No. 20338, էջ 4:

[10] Տե՛ս «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց», տպարան Սրբոց Յակոբ­եանց, Երուսաղէմ, 1947:

[11] Տե՛ս «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց, կատարելի յեկեղեցիս հայոց վիճակին Եգիպտոսի (պատրաստուած 1920-ին, առաջնորդ Թորգոմ արք. Գուշակեանի կողմէ), Բ. տպա­գրութիւն, տպ. Յուսաբեր, Գահիրէ, 1954:

[12] Տե՛ս Թորգոմ արքեպիսկոպոս, «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց», յառաջաբան՝ Մեսրոպ եպս. Աշճեան, Նիւ Եորք, 1987, բնագիրը՝ հայ. եւ անգլ.:

[13] Տե՛ս Վրացեան, Սիմոն, «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Փարիզ, 1928, էջ 155:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x