Աւարտական վկայականը՝ պատերազմի շուքին տակ (Բ)

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Սքանչելի ամառնային արձակուրդէ մը ետք, աւարտած ըլլալով մանկապարտէզի բաժինը, հրճուանքն ու փայփայուած զգալը հարբեցուցած էր զիս, նաեւ ողողած էր բազմաթիւ նուէրներով: Պատրաստ էի վերամուտին:

Նախակրթարանի առաջին դասարանը զիս կը սպասէր, իսկ ես՝ այլեւս տեղեակ գիտութեան բարիքներուն, ոգեւորուած էի եւ կ’ուզէի օր առաջ յաճախել դպրոց: Պատրաստուեցայ նոր պայուսակով, գիրքերու նոր ծրարով եւ բարձր տրամադրութեամբ ուղղուեցայ վարժարան:

Մանապարտէզի փոքր շէնքին առաջին երկու յարկերը նախակրթարանի դասարաններն էին, իսկ գետնայարկին վրայ կը գտնուէր հովիւական գրասենեակը, նաեւ ճաշասրահն ու յարակից բաժինները:

Այո՝ ճաշասրահ կ’ըսեմ, որովհետեւ այդ օրերուն դպրոցական ժամանակացոյցը կ’երկարէր առաւօտեան ժամը 7.40-էն երեկոյեան ժամը 5.00: Կէսօրները ունէինք մէկ ժամ ճաշի դադար. այդ միջոցին աշակերտութեան մեծ մասը տուն կ’երթար ճաշելու եւ կը վերադառնար դասերը շարունակելու: Անոնք որ յարմարութիւն չունէին այդ միջոցին տուն երթալու, կը մնային դպրոցի ճաշասրահը եւ կ’ուտէին իրենց հետ սակառով բերած օրուան ճաշը: Տիկ. Անժելը՝ հոգատար մայրիկը, մեզի համար կը տաքցնէր մեր ճաշերը եւ գուրգուրանքով ու հոգատարութեամբ կը հսկէր, որ ոեւէ մէկը անօթի չմնար: Պէտք եղած պարագային, ինք եւս կը հայթայթէր յաւելեալ ուտեստ:

Նախակրթարանը չէր նմաներ մանկապարտէզի: Երեք լեզուներու կողքին, յաւելեալ նիւթեր կային սորվելու, որոնցմէ շատերը հաճելի էին, սակայն կային, որոնց ընկալումը մեզ դժուարութեան կը մատնէր, օրինակ՝ թուաբանութեան բազմապատկութեան աղիւսակը. ի՜նչ բարդ խնդիր էր, մանաւանդ երբ պէտք էր անգիր միտք պահէինք զանոնք: Սակայն, տիկին Պալճեանը ջանք չէր խնայեր զանոնք մեր փոքր ուղեղներուն մէջ տեղաւորելու:

Դասերու կողքին ունէինք նաեւ հաճելի պահեր, ինչպէս՝ ձեռային, գծագրութեան, մարզանքի, ազատ պահ, ատենամարզանք…: Մեծ դասարանները ունէին նոյնիսկ խոհարարական, դերձակութեան, ատախցագործութեան, արուեստի, նաեւ գրադարանային պահեր:

13 ապրիլ 1975. ամբողջ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին կեանքը հիմնովին փոխուեցաւ, երբ քաղաքացիական պատերազմը բռնկեցաւ: Անվերջ աղէտներու սէւ էջ մը բացուեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին համար:

Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ գաղթի, սնանկութեան, մահի եւ նիւթական կորուստներու…: Ահաւոր էր երկրին վիճակը եւ լիբանանցի ժողովուրդին առօրեան:

Վարժարանները նոյնպէս անմասն չմնացին այս աղէտէն: Դպրոցները օրերով փակ կը մնային կամ կիսատ ժամերով անկայուն դասաւանդութիւններ կ’ունենային. կը տուժէին թէ՛ վարժարանները, թէ՛ ծնողները, թէ՛ աշակերտները:

Դպրոցական ժամերը կրճատուեցան՝ ժամը 5.00-ի փոխարէն 2.00, իսկ դասապահերը 40 վայրկեան:

Ուսուցչական կազմը նոր ծրագիրներ կը մշակէր եւ անհրաժեշտ դասանիւթերը ամփոփելով կը փոխանցէր աշակերտութեան եւ կարելի եղածին չափ տնային աշխատանքներու յենելով՝ կը փորձէր կարեւոր նիւթերը որակեալ ձեւով փոխանցել:

Մենք՝ աշակերտներս, երեկոները գետնայարկերու կամ ապրիներու մէջ ապաստանած կը փորձէինք կատարել մեզի վստահուած աշխատանքները, անգիտակից յաջորդ օրուան կացութեան: Կը պատահէր որ առաւօտուն երթայինք դպրոց եւ վերադառնայինք ձեռնունայն՝ սպասելով պայմաններու բարելաւման:

Այս վիճակը տարիներ շարունակուեցաւ: Երբեմն ամբողջ ամիսներ վարժարանները փակ կը մնային: Եղաւ տարի մը, երբ մէկ տարուան մէջ երկու տարեշրջան ամբողջացուցինք: Այդ տարին, ես նախակրթարանի չորրորդ եւ հինգերրորդ տարիներս ամբողջացնելով ստացայ վկայականս:

Այս տարիներուն շա՜տ նորութիւններ, մտքէ չանցած ապրումներ ունեցանք: Ամէն անգամ երբ կը վերադառնայինք դպրոց, մեր ընկեր-ընկերուհիներէն, ուսուցիչներէն շատեր գաղթած կամ աւելի յարմար վայրեր գտնուող վարժարաններ փոխադրուած կ’ըլլային:

Օր մը, երբ գացինք դպրոց, անակնկալ գուժ մը կը սպասէր մեզ: Մեր ընկերուհիներէն՝ Գոհարը, գիշերուան ահաւոր ռմբակոծումներու հետաւանքով, իր կեանքը կորսնցուցած էր: Հրթիռ մը ուղղակի իրենց ապաստանած գետնայարկը հարուածած էր եւ վերջ տուած շատերու, նաեւ՝ Գոհարի կեանքին: Գոհարի մահը անմոռանալի եւ անհաշտուելի հետք մը ձգեց բոլորիս յիշողութեան մէջ:

Այսպէս, տարիները սահեցան գոյատեւման պայքարի ճիգերով՝ թէ՛ ուսումնական եւ թէ՛ կենցաղային ճակատներու վրայ: Այս բոլորին մէջ, մեր ծնողները ջանք չխնայեցին, որ մենք նուազագոյն ցաւերով գոյատեւենք եւ հասակ առնենք ու կարելի եղածին չափ առողջ եւ խաղաղ կեանք մը ունենանք:

Ուսումնական մեր գիտելիքները երախտագիտութեամբ եւ յարգանքով կը պարտինք մեր սիրելի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ տնօրէն Արամ Սարգիսեանին եւ իր կնոջ Աստղիկին, Տիկ. Զուարդ Աբելեանին (հայերէնի հանդէպ սէրս հրահրողը), Տիկ. Սեդա Գարակէօզեանին, օրիորդներ՝ Հուրի, Դաւիթեան, Արուսեակ…, պարոններ՝ Միհրան, Արամ…, Նա’ամէ, Սէմի, Պուսապա… եւ այլն), որոնց ցանած հունտերը արմատներ նետեցին մեր մէջ: Մեզի փոխանցեցին գիտելիքներ, զարգացուցին մեր միտքը, հայրենասիրութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր ոգին՝ կերտելով այսօրուան մարդը մեր մէջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձը կը պարտի իր ծնողներուն եւ դաստիարակներուն: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին:

Այսօր յետադարձ ակնարկով կը յիշեմ դպրոցական կեանքիս վերջին օրը՝ 4 օգոստոս 1984, Շամլեան-Թաթիկեան Բարձրագոյն Վարժարանի աւարտական դասարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնն էր: Բեմին վրայ կը գտնուինք դասընկերներուս հետ: Դպրոցական կեանքս նմանցուցի շոգեկառքի մը, ուր փոքր տարիքիս բարձրացայ անգիտակից, ճանապարհին շատեր միացան, շատեր կիսատ հեռացան, ես մնացի եւ սորվեցայ, թէ կեանքը ի՞նչ է, ես ո՞վ եմ, ի՞նչ է իմ դերս այս աշխարհի վրայ, ի՞նչ պիտի ըլլան ապագայ քայլերս: Շոգեկառքը կանգ առաւ, ժամանակն էր կեանքի տարբեր փուլի մը նետուելու: Այդպէս ալ եղաւ:

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x