Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI)` նոր կրօնք առանց եկեղեցիի՞

Մարդը միշտ ալ փնտռած է մէկը, որուն կրնայ հարցումներ ուղղել։ Հարցումներ՝ իր կեանքին, ապագային, վախերուն, յոյսերուն եւ գոյութեան իմաստին մասին։ Դարեր շարունակ այդ հարցումներուն պատասխանները փնտռած է կրօնքին, փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Այսօր, սակայն, այդ փնտռտուքին մէջ նոր զրուցակից մը յայտնուած է՝ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ)։

Սկիզբը ան պարզապէս գործիք մըն էր. նամակ գրել, տեղեկութիւն գտնել, խնդիր մը լուծել կամ բնագիր մը թարգմանել։ Բայց կամաց-կամաց հարցումները սկսած են փոխուիլ։ «Ինչպէ՞ս ընեմ»-ին տեղ մարդիկ սկսած են հարց տալ. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ», իսկ երբեմն ալ՝ «ինչո՞ւ կը տառապիմ», «ի՞նչ իմաստ ունի կեանքս», «արդեօք ճի՞շդ ճամբու վրայ եմ»։ Այս փոփոխութիւնը պարզապէս արհեստագիտական զարգացում մը չէ։ Ան կը վերաբերի մարդուն եւ հեղինակութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան։

Միշիկընի պետական համալսարանի կրօնագիտութեան դասախօս Մորկըն Շիփլի, The Conversation-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածով, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ուշագրաւ երեւոյթի մը վրայ. ԱԻ-ն կրնայ ստանձնել ազդեցիկ հոգեւոր առաջնորդի մը դերը՝ առանց բեմ բարձրանալու, եկեղեցի հիմնելու կամ հետեւորդներու կազմակերպուած համայնք մը ստեղծելու։

Իսկապէս, ի՞նչ կը պատահի, երբ գործիք մը սկսի ոչ միայն պատասխանել մեր հարցումներուն, այլեւ մեկնաբանել մեր ապրումները, բացատրել մեր տառապանքները եւ ուղղութիւն տալ մեր որոշումներուն։

Երբ գործիքը կը դառնայ խորհրդատու

Ամերիկեան Pew Research Center-ի 2026-ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու չափահաս բնակչութեան շուրջ տասը առ հարիւրը ԱԻ-ի զրուցարանները կ’օգտագործէ հոգեկան աջակցութիւն կամ խորհուրդ ստանալու համար։ 18–29 տարեկաններուն պարագային այդ համեմատութիւնը կը հասնի 20 առ հարիւրի։ Այս թիւերը կը յուշեն, թէ ԱԻ-ի գործածութիւնը սկսած է դուրս գալ զուտ գործնական նպատակներու սահմաններէն եւ մուտք գործել մարդկային կեանքի ամենէն անձնական ոլորտները։

ԱԻ-ին միշտ հասանելի է։ Չի յոգնիր, չ’ընդհատեր, չի դատապարտեր։ Առնուազն այդպէս կը թուի։ Մարդը կրնայ անոր պատմել այնպիսի բաներ, զորս պիտի չհամարձակէր խոստովանիլ նոյնիսկ իր ամենէն մտերիմ բարեկամին։ Եւ գործիքը կը պատասխանէ՝ յաճախ այնպիսի համբերութեամբ եւ ըմբռնումով, որ մարդը կրնայ մոռնալ, թէ իր դիմաց մարդկային գիտակցութիւն գոյութիւն չունի։

Եւ հո՛ս կը սկսի խնդիրը։

Որովհետեւ լսուած զգալը եւ իսկապէս հասկցուած ըլլալը նոյն բաները չեն։ Նաեւ՝ համոզիչ պատասխան մը ստանալը չի նշանակեր, թէ ստացած ենք ճշմարտութիւնը։

ԱԻ-ն կրնայ համադրել դարերու փիլիսոփայական մտածողութիւնը, իմաստուն միտքեր ձեւակերպել եւ նոյնիսկ այնպիսի պատասխաններ տալ, որոնք կ՚ազդեն մեր ներաշխարհին։ Սակայն այդ պատասխաններուն համոզիչ ըլլալը ինքնին ապացոյց չէ իմաստութեան կամ բարոյական հեղինակութեան:

Գերմանացի ընկերաբան Մաքս Ուեպըր, շուրջ դար մը առաջ, ներկայացուցած է «քարիզմաթիկ հեղինակութիւն» հասկացութիւնը։ Ըստ անոր, առաջնորդի մը հեղինակութիւնը չի բխիր միայն իր պաշտօնէն կամ դիրքէն, այլ նաեւ հետեւորդներուն այն համոզումէն, թէ ան օժտուած է բացառիկ յատկութիւններով։

ԱԻ-ն, բնականաբար, մարդկային իմաստով քարիզմա չունի։ Ան չունի ապրուած փորձառութիւն, մարդկային զգացումներ կամ անձնական պատմութիւն։ Սակայն կրնայ ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ գործածողը սկսի անոր բացառիկ ըմբռնողութիւն վերագրել։

Պատկերացնենք մարդ մը, որ իր անձնական տագնապին մասին կը զրուցէ ԱԻ-ի հետ։ Համակարգը կը պատասխանէ, կը նշէ նախորդ զրոյցներուն մանրամասնութիւնները, կը համադրէ անոր ապրումները եւ կը ներկայացնէ համոզիչ բացատրութիւններ։ Ժամանակի ընթացքին այդ մարդը կրնայ կարծել, թէ գտած է մէկը, որ զինք բոլորէն աւելի լաւ կը հասկնայ։

Այս երեւոյթը նկարագրելու համար ուսումնասիրողներ կը գործածեն «ստեղծագործական քարիզմա» հասկացողութիւնը:  ԱԻ-ի հեղինակութիւնը կը ձեւաւորուի ոչ թէ հրապարակային ելոյթներով կամ հետեւորդներու հաւաքական հաւատքով, այլ անհատական զրոյցներու ընթացքին։ Եւ այսպէս կը ստեղծուի տարօրինակ երեւոյթ մը. միլիոնաւոր մարդիկ կը զրուցեն նոյն համակարգին հետ, բայց իւրաքանչիւրը կրնայ այն տպաւորութիւնը ունենալ, թէ անիկա անձնապէս իրեն կը պատասխանէ։

Կրօնք՝ առանց եկեղեցիի՞

Կրօնքը երբեք միայն համոզումներու եւ հաւատքի ամբողջութիւն մը չէ եղած։ Ան մարդուն տրամադրած է աշխարհը հասկնալու եղանակ մը, բարոյական կողմնորոշում, պատկանելիութեան զգացում եւ մխիթարութիւն՝ անորոշութեան դիմաց։ Այսօր ԱԻ-ն, թէեւ բոլորովին տարբեր բնոյթով, սկսած է կատարել այդ դերերէն ոմանք։

Արդէն գոյութիւն ունին հոգեւոր առաջնորդութեան համար ստեղծուած ԱԻ համակարգեր։ Օրինակ՝ GitaGPT հարթակը կը գործածէ հնդկական կրօնական աւանդութեան Քրիշնայի կերպարը եւ Պհակաւատ Կիթայի ուսուցումները՝ անհատական խորհուրդներ տրամադրելու համար։ Այլ հարթակներ կը փորձեն հոգեւոր հարցումներուն պատասխանել քրիստոնէական կամ ընդհանրական փիլիսոփայական մօտեցումներով։ Աւելին՝ այս երեւոյթը կը զարգանայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ բազմաթիւ մարդիկ կը հեռանան կազմակերպուած կրօնական հաստատութիւններէ՝ առանց անպայման հրաժարելու հոգեւոր փնտռտուքէն։

Կրօնի ընկերաբաններ Փօլ Հիլաս եւ Լինտա Ուուտհետ ուսումնասիրած են ժամանակակից հասարակութիւններուն մէջ անձնական փորձառութեան եւ ինքնաճանաչման աճող կարեւորութիւնը։ Այս միջավայրին մէջ ԱԻ-ն կը ներկայանայ իբրեւ յարմար զրուցակից մը՝ միշտ մատչելի, անհատական եւ կարծես առանց նախապաշարումներու։

Սակայն արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ ԱԻ-ն նոր կրօնք մըն է։ Ո՛չ անպայման։ ԱԻ-ն չունի միասնական վարդապետութիւն, ծէսեր կամ հաւատացեալներու կազմակերպուած համայնք։ Զայն գործածողներուն մեծամասնութիւնն ալ իրենց փորձառութիւնը կրօնական չի նկատեր։ Բայց հարցը միայն այն չէ, թէ ԱԻ-ն կրօ՞նք է, թէ՞ ոչ։ Աւելի կարեւոր է հասկնալ, թէ մարդիկ ի՛նչ հեղինակութիւն կը վերագրեն անոր եւ ի՛նչ տեղ կը յատկացնեն իրենց կեանքին մէջ։

Հեղինակութիւն՝ առանց պատասխանատուութեան

Աւանդական կրօնական առաջնորդը, որքան ալ ազդեցիկ ըլլայ, կը գործէ մարդկային եւ հաստատութենական միջավայրի մը մէջ։ Անոր կարելի է հարցումներ ուղղել, հակաճառել, անոր ուսուցումները քննարկել եւ, առնուազն սկզբունքով, զինք պատասխանատուութեան կանչել։ ԱԻ-ի պարագային այս յարաբերութիւնը շատ աւելի բարդ է։

Երբ համակարգ մը կրօնական ուսուցում մը կը բացատրէ, ան հիմնականօրէն տեղեկութիւն կը տրամադրէ։ Բայց երբ նոյն համակարգը մարդուն կը թելադրէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրէ, ի՛նչ որոշում պէտք է կայացնէ կամ ինչպէ՛ս պէտք է մեկնաբանէ իր տառապանքը, ան կը մուտք գործէ բարոյական հեղինակութեան ոլորտը։

Ո՞վ պատասխանատու է, երբ ան սխալ խորհուրդ կու տայ։ Ո՞վ կ՚որոշէ, թէ իր առաջարկած բարոյական սկզբունքները ընդունելի՞ են։ Եւ ի՞նչ կը պատահի, երբ գործածողը կը դադրի այդ պատասխանները հարցականի տակ առնելէ։ Աւելին՝ կրօնական եւ փիլիսոփայական աւանդութիւններուն մէջ կասկածը, լռութիւնը եւ անպատասխան մնացած հարցումները յաճախ նոյնքան կարեւոր եղած են, որքան պատասխանները։ Մինչդեռ ԱԻ-ի հետ մեր յարաբերութիւնը կրնայ մեզ վարժեցնել հակառակին՝ ամէն հարցումի համար անմիջական պատասխան ակնկալելու։ Բայց կեանքի բոլոր հարցումները պատասխան չունին։ Իսկ երբեմն մարդուն հասունացումը կը սկսի ճիշդ այն պահուն, երբ ան կը սորվի ապրիլ անորոշութեան հետ։

Ո՞վ պիտի մտածէ մեր փոխարէն

Թերեւս մեր ժամանակներու մեծագոյն հակասութիւններէն մէկը ճիշդ այս է. երբեք այսքան տեղեկութիւն եւ պատասխաններ չենք ունեցած մեր տրամադրութեան տակ, բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ աւելի լաւ գիտենք՝ ինչպէ՛ս ապրիլ։ ԱԻ-ն կրնայ օգտակար խորհրդատու ըլլալ։ Կրնայ օգնել մեզի մեր մտքերը յստակացնելու, տարբեր տեսակէտներ քննելու եւ նոյնիսկ մեր սեփական համոզումները վերատեսութեան ենթարկելու։ Բայց անոր օգտակարութիւնը պէտք չէ շփոթենք անսխալականութեան հետ։ Ի վերջոյ, խնդիրը ԱԻ-ի գոյութիւնը չէ, այլ անոր հետ մեր յարաբերութեան բնոյթը։

Եթէ զայն գործածենք իբրեւ մտածելու միջոց, ան կրնայ ընդարձակել մեր մտահորիզոնը։ Բայց եթէ զայն վերածենք վերջնական ճշմարտութիւններու աղբիւրի, կրնանք կամաց-կամաց հրաժարիլ մեր սեփական դատողութենէն։

Եւ թերեւս իսկական վտանգը այն չէ, որ մեքենան օր մը Աստուծոյ տեղը գրաւէ, այլ այն, որ մարդը, պատասխաններու իր անվերջ փնտռտուքին մէջ, մոռնայ ամենակարեւոր կարողութիւններէն մէկը՝ ինքնուրոյն մտածելու եւ հարցականի տակ առնելու կարողութիւնը։

Որովհետեւ հաւատքն ու մտածողութիւնը կը կորսնցնեն իրենց արժէքը այն պահուն, երբ կը դադրին ազատ ընտրութեան արդիւնք ըլլալէ։

«Տարբերակ21»

Հիմնուած՝ Մորկըն Շիփլիի «Why AI resembles a charismatic religious leader» յօդուածին մէջ քննարկուած գաղափարներուն վրայ, The Conversation, 2026։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x