Օրուէլի «1984»-ը եւ Հաքսլիի «Brave New World»-ը. արդեօք այս աշխարհներո՞ւն մէջ սկսած ենք ապրիլ

Երբ այսօր կը խօսինք հսկողութեան, տեղեկատուութեան վերահսկողութեան, քարոզչութեան կամ իրականութեան խեղաթիւրման մասին, գրեթէ ինքնաբերաբար կը յիշենք Ճորճ Օրուէլի 1984-ը։ Իսկ երբ կը խօսինք անվերջ ժամանցի, սպառողականութեան, հաճոյքի եւ մեր ուշադրութիւնը անընդհատ գրաւող թուային աշխարհի մասին, Օլտըս Հաքսլիի Brave New World-ը յանկարծ շատ հեռաւոր ապագայի մը մասին գրուած վէպ չի թուիր։ Օրուէլի «1984» եւ Հաքսլիի «Brave New World» վէպերուն ծանօթ են երկրորդականի եւ համալսարանի ուսանողներէն շատեր: Իսկ ուրիշներ անոնց ծանօթ են ֆիլմերու ճամբով:

Հաքսլիի վէպը լոյս տեսած է 1932-ին, Օրուէլինը՝ 1949-ին։ Երկու հեղինակներն ալ կը պատկերացնեն հասարակութիւններ, ուր անհատին ազատութիւնը խորապէս սահմանափակուած է։ Սակայն բոլորովին տարբեր է այդ սահմանափակումին միջոցը։ Օրուէլի աշխարհին մէջ մարդը կը հնազանդի, որովհետեւ կը վախնայ։ Հաքսլիի աշխարհին մէջ ան կրնայ հնազանդիլ, որովհետեւ գոհ է։ Մէկուն մէջ ազատութիւնը կը խլուի։ Միւսին մէջ մարդը կրնայ այլեւս չզգալ անոր կարիքը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր օրերուն, անոնք միաժամանակ կը դրսեւորեն մտահոգիչ նմանութիւններ:

Նախ ներկայացնենք երկու վէպերը:

Brave New World. երբ երջանկութիւնը կը ծրագրուի

Օլտըս Հաքսլիի Brave New World-ը կը ներկայացնէ ապագայ Համաշխարհային պետութիւն մը, ուր կայունութիւնն ու երջանկութիւնը դարձած են գերագոյն արժէքներ։ Մարդիկ բնական ձեւով չեն ծնիր, այլ կ’աճեցուին յատուկ կեդրոններու մէջ եւ ի սկզբանէ կ’որոշուի անոնց ընկերային դասակարգումը։ Մանկութենէն սկսեալ անոնք հոգեբանական կաղապարումի կ’ենթարկուին, որ ընդունին իրենց տրուած տեղը եւ գոհ ըլլան իրենց կեանքէն։

Ընտանիքը գրեթէ վերացած է, զգացական խոր կապերը չեն քաջալերուիր, իսկ սպառումն ու ժամանցը հասարակութեան հիմնական սովորութիւններէն են։ Եթէ հակառակ այս բոլորին դժգոհութիւն կամ տխրութիւն յայտնուի, կայ «սոմա»-ն՝ պետութեան տրամադրած թմրեցուցիչը, որ մարդը ժամանակաւորապէս կը հեռացնէ անհաճոյ իրականութենէն։ Դժգոհութիւնը դիմագրաւելու փոխարէն՝ կարելի է պարզապէս չզգալ զայն։

Այս աշխարհ կը բերուի Ճոնը՝ Համաշխարհային Պետութենէն դուրս մեծցած երիտասարդ մը, որ չի կրնար ընդունիլ այդ «կատարեալ» հասարակութեան արժէքները։ Ան կ՚ուզէ ազատութիւն, նոյնիսկ եթէ ազատութիւնը կը նշանակէ վտանգ, ցաւ, սխալ եւ դժբախտութիւն։ Հաքսլիի հիմնական հարցումը, ուրեմն, պարզ է եւ միաժամանակ ճնշող. եթէ մեզի առաջարկեն ապահով, հաճելի եւ գրեթէ առանց ցաւի կեանք մը, ի՞նչ չափով պատրաստ պիտի ըլլանք մեր ազատութիւնը զիջելու անոր փոխարէն։

1984. երբ իշխանութիւնը կը պահանջէ նաեւ միտքդ

Ճորճ Օրուէլի 1984-ը կը պատմէ Ուինսթըն Սմիթի մասին, որ կ’ապրի Օվկիանիա կոչուած ամբողջատիրական պետութեան մէջ։ Մեծ Եղբօր եւ Կուսակցութեան իշխանութեան տակ քաղաքացիները մշտական հսկողութեան ենթակայ են։ Ուինսթըն կ’աշխատի Ճշմարտութեան նախարարութեան մէջ, ուր անոր գործերէն մէկը անցեալի փաստաթուղթերը փոխելն է, որ անոնք միշտ համապատասխանեն Կուսակցութեան ներկայ պնդումներուն։ Անցեալը պէտք է միշտ վաւերակէ ներկայի իշխանութիւնը։

Բայց Կուսակցութիւնը չի բաւարարուիր արտաքին հնազանդութեամբ։ Ան կ’ուզէ տիրել նաեւ մարդու մտածումին։ Այս նպատակին կը ծառայէ Newspeak-ը՝ Կուսակցութեան մշակած նոր լեզուն, որուն բառապաշարը դիտումնաւոր կերպով կը սահմանափակուի։ Գաղափարը այն է, որ եթէ որոշ գաղափարներ արտայայտելու բառերն ու լեզուական միջոցները հետզհետէ անհետանան, այդ գաղափարները մտածելն իսկ աւելի դժուար պիտի դառնայ։ Կայ նաեւ doublethink-ը՝ հակասական երկու պնդումներ միաժամանակ ընդունելու եւ երկուքն ալ ճիշդ համարելու կարողութիւնը։

Ուինսթընի պայքարը, հետեւաբար, միայն քաղաքական իշխանութեան դէմ չէ։ Անիկա պայքար է՝ իրականութիւնը սեփական աչքերով տեսնելու եւ մտքի ազատութիւնը պահպանելու համար:

Հետաքրքրական է նաեւ վէպին խորագիրը։ Օրուէլ զայն կ’աւարտէր 1948-ին, եւ լայնօրէն ընդունուած բացատրութեան համաձայն՝ «1984»-ը ստացուած է 1948-ի վերջին երկու թիւերուն տեղերը փոխելով։ Այսպիսով, իր նկարագրած մղձաւանջային աշխարհը ան կը տեղադրէր ոչ թէ շատ հեռաւոր ապագայի մը, այլ իր ժամանակէն ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետք։

Երկու աշխարհ՝ երկու ճամբայ

Երկու վէպերուն տարբերութիւնը այժմ յստակ կը դառնայ։ 1984-ի մարդը գիտէ, որ ազատ չէ։ Brave New World-ի մարդը կրնայ նոյնիսկ չանդրադառնալ, որ ազատ չէ։

Օրուէլի համակարգը կարծես կ’ըսէ. Հնազանդէ՛, այլապէս պիտի պատժուիս։

Հաքսլիինը՝ ինչո՞ւ չհնազանդիս, երբ քեզի այնքան հաճելի կեանք մը տուած ենք։

Մէկուն գործիքը վախն է։ Միւսինը՝ հաճոյքը։

Մէկուն մէջ վտանգաւոր գաղափարը պէտք է ճնշել։ Միւսին մէջ կարելի է այնպիսի մարդ ստեղծել, որ այլեւս այդ գաղափարով չհետաքրքրուի։

Իսկ մենք ո՞ր աշխարհին աւելի մօտ ենք։

Օրուէլի հերոսները կ’ապրին գիտակցութեամբ, որ telescreen-ը կրնայ զիրենք դիտել։ Մենք մեր telescreen-ները մեր ձեռքով կը գնենք։ Զանոնք մեզի հետ կը տանինք աշխատանքի, ճաշարան, ինքնաշարժ, օդակայան, արձակուրդ եւ ննջասենեակ։

Մեր առցանց գործունէութիւնը հետքեր կը ձգէ, որոնումները կ’արձանագրեն մեր հետաքրքրութիւնները, իսկ ընկերային ցանցերու վրայ մենք մեր կամքով հսկայական քանակութեամբ տեղեկութիւն կը հրապարակենք մեր կեանքին մասին։ Սակայն այստեղ Օրուէլէն էական տարբերութիւն մը կայ։ Այս բոլորը միշտ չէ, որ մեզի պարտադրուած են։ Մենք ծառայութիւն կը ստանանք անոնց փոխարէն՝ քարտէսներ, որոնում, հաղորդակցութիւն, երաժշտութիւն, տեսանիւթեր, գնումներ, ընկերային ցանցեր։

Ուստի ժամանակակից հսկողութեան մէկ մասը ոչ թէ պարզապէս պարտադրանքի, այլ փոխանակումի վրայ հիմնուած է։

Մենք մեր մասին տեղեկութիւն կը տրամադրենք, որովհետեւ փոխարէնը յարմարութիւն կը ստանանք։ Եւ ճիշդ այստեղ Օրուէլը կը սկսի հանդիպիլ Հաքսլիին ։

Երբ ձանձրանալը դժուար կը դառնայ

Փորձեցէք քանի մը վայրկեան սպասել դարմանատան մը մէջ, օդակայանին կամ ճաշարանի մը մէջ՝ առանց հեռաձայնը հանելու։ Շատերուս համար դժուար դարձած է։ Ոչ ոք մեզ կը ստիպէ հեռաձայնին պաստառը բանալու։ Մենք մեր կամքով կը բանանք զայն։ Լուր մը, հաղորդագրութիւն մը, լուսանկար մը, տեսանիւթ մը, reel մը, ապա ուրիշ մը եւ ուրիշ մը։

Հաքսլիի վէպը, բնականաբար, ընկերային ցանցերու մասին չէ։ 1932-ին նման աշխարհ գոյութիւն չունէր։ Բայց անոր բարձրացուցած հարցումը զարմանալիօրէն այժմէական է. ի՞նչ կը պատահի մարդուն, երբ հաճոյքն ու զբաղումը այնքան առատ դառնան, որ լռութիւնը եւ ձանձրոյթը այլեւս դժուար հանդուրժելի ըլլան։ Երբ իւրաքանչիւր ազատ վայրկեան կրնայ անմիջապէս լեցուիլ, մտածելու համար անհրաժեշտ պարապ տարածքն ալ կրնայ հետզհետէ նուազիլ։

Թուային տնտեսութեան մէջ մեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը տնտեսական արժէք ունին։ Բազմաթիւ առցանց հարթակներ կը հետեւին, թէ ի՛նչ կը դիտենք, ինչի՛ վրայ կը սեղմենք, որքան ժամանակ կը մնանք բովանդակութեան մը վրայ եւ ինչի՛ կը վերադառնանք։ Ալկորիթմը մեզ չի ճանչնար այնպէս, ինչպէս բարեկամ մը կը ճանչնայ։ Բայց կրնայ սորվիլ մեր վարքէն. ի՞նչը մեզ կը զուարճացնէ, ի՞նչը մեզ կը զայրացնէ, ո՞ր նիւթին վրայ կանգ կ’առնենք, ի՞նչը մեզ կը ստիպէ վերադառնալու։

Հոս կը յայտնուի հետաքրքրական կապ մը երկու վէպերուն միջեւ։ Օրուէլ կը պատկերացնէ համակարգ մը, որ կ’ուզէ գիտնալ եւ վերահսկել, թէ մարդը ի՛նչ կ՚ընէ եւ ի՛նչ կը մտածէ։ Հաքսլի կը պատկերացնէ համակարգ մը, որ մարդուն ցանկութիւններն իսկ կը ձեւաւորէ։ Ժամանակակից թուային համակարգերը Օվկիանիան կամ Համաշխարհային պետութիւնը չեն։ Այդ համեմատութիւնը բառացի դարձնելը սխալ պիտի ըլլար։

Բայց երկու հեղինակներուն հարցումները մեզի կ’օգնեն մտածելու, թէ ո՛վ տեղեկութիւն կը հաւաքէ մեր մասին եւ ի՛նչ ուժ ունի այն համակարգը, որ կրնայ ոչ միայն արձանագրել մեր նախասիրութիւնները, այլ նաեւ շարունակաբար առաջարկել այն, ինչ մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։

Իսկ ճշմարտութի՞ւնը

Օրուէլի աշխարհին մէջ ճշմարտութեան վերահսկողութիւնը կեդրոնացած է։ Կուսակցութիւնը կ’որոշէ պաշտօնական իրականութիւնը։ Մեր աշխարհը այդքան պարզ չէ։ Այսօր կառավարութիւններ, քաղաքական ուժեր, լրատուամիջոցներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ, ազդեցիկ անհատներ եւ սովորական օգտագործողներ միաժամանակ տեղեկութիւն կ’արտադրեն եւ կը տարածեն։ ԱԻ-ն ալ այս երեւոյթին նոր շերտ մը աւելցուցած է։ Այժմ շատ աւելի դիւրին է մեծ քանակութեամբ գրութիւն, պատկեր, ձայն եւ տեսանիւթ ստեղծել։ Հետեւաբար մեր ժամանակներու խնդիրը միշտ չէ, որ տեղեկութեան բացակայութիւնն է, երբեմն ճիշդ հակառակը. չափազանց առատ տեղեկութիւն։ Այնքան շատ, որ դժուար կը դառնայ զանազանել կարեւորը՝ անկարեւորէն, փաստը՝ մեկնաբանութենէն, վստահելին՝ կասկածելիէն, իրականը՝ շինծուէն։

Այս կէտին շուրջ Օրուէլ եւ Հաքսլի դարձեալ կը հանդիպին։

Օրուէլ հարց կու տայ, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ ճշմարտութիւնը կը ճնշուի։ Հաքսլիի վէպը ծնունդ կու տայ այլ հարցումի. ի՞նչ կը պատահի, երբ մարդը այնքան գոհ, զբաղած կամ մտացիր է, որ ճշմարտութիւնը փնտռելու պահանջը կը տկարանայ։ Տեղ մը ճշմարտութիւնը կարելի չէ ըսել, այլ տեղ՝ մարդը կրնայ այլեւս չուզել զայն լսել։

Իսկ ԱԻ-ն ո՞ւր կը գտնուի այս պատկերին մէջ

Արուեստական իմացականութիւնը երկու տեսլականներուն միջեւ կապը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ։ ԱԻ համակարգերը կրնան հսկայական քանակութեամբ տուեալներ վերլուծել, օրինաչափութիւններ գտնել եւ անհատականացուած բովանդակութիւն ստեղծել կամ առաջարկել։ Այս կարողութիւնները մեծ օգուտներ ունին բժշկութեան, գիտութեան, կրթութեան, թարգմանութեան եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ։

Բայց նոյն արհեստագիտութիւնը նոր հարցեր կը յառաջացնէ հսկողութեան, համոզումի, անհատականացման եւ տեղեկատուութեան վստահելիութեան մասին։

Նախապէս հարց կը տրուէր. կարելի՞ է մարդուն ստիպել մտածելու այն, ինչ որ իշխանութիւնը կ’ուզէ։ Այսօր հարց պիտի տանք. ի՞նչ կը պատահի, եթէ համակարգը այնքա՛ն լաւ ճանչնայ մեր վարքն ու նախասիրութիւնները, որ կարենայ զանոնք վերլուծել եւ մեր ուշադրութիւնը որոշ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Հոս Հաքսլիի աշխարհը կը հանդիպի Օրուէլի աշխարհին։

Առաջին պարագային կարեւոր է ցանկութեան ձեւաւորումը։ Երկրորդին մէջ՝ կարեւորը անհատին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելը եւ անոր իրականութիւնը ձեւաւորել է։ ԱԻ-ի դարաշրջանին երկու հարցումներն ալ արժանի են ուշադրութեան։

Օրուէ՞լ, թէ՞ Հաքսլի

Թերեւս սխալ է հարց տալ, թէ ո՞վ աւելի ճիշդ կը նախատեսէր մեր աշխարհը։ Ո՛չ 1984-ը, ո՛չ ալ Brave New World-ը մեր ժամանակներու հարազատ նկարագրութիւնն է։ Երկուքն ալ ծայրայեղ պատկերացումներ են, որոնց միջոցով հեղինակները տարբեր հարցումներ կ’ուղղեն ազատութեան մասին։ Օրուէլ կը զգուշացնէ իշխանութենէն, որ կրնայ մեզ ստիպել։ Հաքսլի՝ համակարգէ մը, որ կրնայ մեզ այնպէս ձեւաւորել, որ մեր կամքով ուզենք այն, ինչ որ ան մեզի կու տայ։

Մէկը կը վախնայ աշխարհէ մը, ուր մարդուն մտածելը կ’արգիլեն։ Միւսը մեզ կը մղէ մտածելու աշխարհի մը մասին, ուր մարդը կրնայ հետզհետէ կորսնցնել խորապէս մտածելու պահանջը։ Եւ թերեւս քսանմէկերորդ դարու ամենէն հետաքրքրական իրականութիւնը այն է, որ ստիպուած չենք ընտրելու երկուքին միջեւ։ Հսկողութիւնն ու զուարճանքը կրնան կողք կողքի գոյութիւն ունենալ։ Տուեալներու հաւաքումն ու հաճոյքը՝ նոյնպէս։ Տեղեկատուութեան վերահսկողութիւնն ու տեղեկատուութեան հոսքը՝ նոյն ատեն։ Վախն ու հրապոյրը՝ նոյն հասարակութեան մէջ։

Պայման չէ որ Օրուէլի «Մեծ Եղբայրը» միայն մեզ դիտէ։ Ան նաեւ կրնայ մեզ զուարճացնել։

Իսկ պայման չէ, որ Հաքսլիի հաճոյքի աշխարհը կոյր ըլլայ մեր վարքին նկատմամբ։ Ընդհակառակը՝ որքան աւելի լաւ ճանչնայ մեզ, այնքան աւելի լաւ կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչը պիտի գրաւէ մեր ուշադրութիւնը։

Այդ պատճառով, երկու վէպերը կարդալէ ետք ամենէն հետաքրքրական հարցումը թերեւս այն չէ, թէ Օրուէ՞լը ճիշդ էր, թէ՞ Հաքսլին, այլ՝

ազատութիւնը կը կորսնցնենք միայն այն ատեն, երբ մէկը զայն մեզմէ կը խլէ՞, թէ՞ երբեմն նաեւ այն ատեն, երբ այնքան զբաղած ենք, զուարճացած եւ գոհ, որ այլեւս չենք նկատեր, թէ ի՛նչ կը յանձնենք փոխարէնը։

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x