ԱԻ-ի եւ թուային արհեստագիտութեան արեւմտահայերէն փորձնական բառարան. մէկտեղուած տարբերակ (A–Z)

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) եւ թուային արհեստագիտութեան արագ զարգացումը նոր մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ նաեւ արեւմտահայերէնին։ Գրեթէ ամէն օր նոր եզրեր ու հասկացութիւններ կը յայտնուին, որոնց մասին անհրաժեշտ է խօսիլ, գրել եւ մտածել մեր լեզուով։ Սակայն ինչպէ՞ս հայերէնով արտայայտել այդ հասկացութիւնները՝ առանց իմաստը աղաւաղելու կամ լեզուն ծանրաբեռնելու անբնական բառերով։

Այս մտահոգութենէն մեկնելով՝ «Տարբերակ21» վերջին շաբաթներուն այբբենական հերթականութեամբ հրապարակեց ԱԻ-ի, համակարգչային գիտութեան եւ թուային արհեստագիտութեան վերաբերող եզրերու հայերէն համարժէքներ։ Այժմ այդ աշխատանքը կը ներկայացնենք համախմբուած բառարանի մը ձեւով, որուն PDF տարբերակը կցուած է այս հրապարակումին։

Մեր նպատակը օտար բառերը ամէն գնով հայերէնի վերածելը չէ, ոչ ալ անպայման նոր բառեր ստեղծելը։ Կարեւորը հասկացութիւնները ճշգրտօրէն արտայայտելն է՝ բնական, հասկնալի եւ գործածելի արեւմտահայերէնով։ Երբեմն գոյութիւն ունեցող հայերէն բառը լիովին կը բաւարարէ, երբեմն անհրաժեշտ կ՚ըլլայ նոր համարժէք առաջարկել, իսկ որոշ պարագաներու՝ նախընտրելի կրնայ ըլլալ պահել միջազգային եզրը։

Այս բառարանը ո՛չ ամբողջական է, ո՛չ ալ վերջնական։ Անոր մէջ կան արդէն գործածական եզրեր, մեր նախընտրած համարժէքները եւ առաջարկներ, որոնք տակաւին քննարկման ու ճշգրտումի կը կարօտին։

Կը հաւատանք, որ արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը կախեալ է նաեւ ժամանակակից գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մասին խօսելու անոր կարողութենէն։ Լեզու մը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն անցեալի ժառանգութիւնը պահպանելով. ան պէտք է կարենայ նաեւ արտայայտել ներկան եւ դիմագրաւել ապագան։

Այս աշխատանքը կը ներկայացնենք իբրեւ շարունակուող նախաձեռնութիւն եւ կը հրաւիրենք ընթերցողները, լեզուաբաններն ու արհեստագիտական մասնագէտները իրենց դիտողութիւններով եւ առաջարկներով մասնակցելու անոր զարգացման։

Բառարանին ամբողջական PDF տարբերակը կցուած է ստորեւ։

ԱԻ-ի եւ թուային արհեստագիտութեան արեւմտահայերէն փորձնական բառարան

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x