Բեղմնաւորման պահէն սկսեալ, մարդ արարածը կը յայտնուի տեսանելի եւ անտեսանելի ցանցերու ոստայնի մէջ։ Ընտանեկան, ընկերային եւ պաշտօնական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ բնակավայրի, ապրող այլ էակներու եւ վերջապէս տիեզերքի հետ յարաբերութիւնները կը կազմաւորուին ժառանգուած եւ յարատեւ փոփոխութեան մէջ եղող ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային, քաղաքական եւ մշակութային գործընթացներու ազդեցութեամբ։ Միւս կողմէ, գաղթը սկիզբ կը դնէ նոր պատումի մը, որ արմատական փոփոխութեան կը մատնէ յարաբերութիւններու նշեալ ցանցերը՝ տեղափոխման հետեւանքով։ Այս յօդուածին մէջ, հատանողական (intersectional) ֆեմինիզմի տեսանկիւնէն պիտի անդրադառնամ գաղթի ներգործած փոփոխական յարաբերութիւններու ցանցի մէջ գտնուող տարբեր անձանց տեսանելիութեան, աշխատանքի եւ պատկանելիութեան ձեւաւորման հոլովոյթին եւ զանազան անհաւասարութիւններու դրսեւորման հատման եղանակին։
Գաղթի բերումով նոր բնակավայրը մնայուն կամ առժամեայ երկրորդ տան վերածելու ընթացքին, անհատը իր ետին կը թողու ընտանեկան պարագաներ, ընկերային շրջանակներ, սովորութիւններ, այլ խօսքով՝ իր հարազատ միջավայրը։ Ներկայ աշխարհին մէջ, գաղթականը իր նոր երկրին մէջ ողջունող առաջին տարրը դիւանակալութիւնն է (bureaucracy)։ Հայրենի տան մէջ տարիներու վրայ ձեռք բերած կարգ մը հմտութիւններ յանկարծ անպէտք կը դառնան։ Օրինակ կրնաս ըլլալ ընկերային, հարցերը արագօրէն լուծող եւ հոսանքն ի վեր թիավարող անձ մը, սակայն դիւանակալութիւնը քեզմէ կը պահանջէ սպասել եւ տարբեր փաստաթուղթերու ճամբով ապացուցել քու ընկերական եւ տնտեսական գետնի վրայ ընդունելի ենթակայ ըլլալդ։
Անձնական կեանքիս մէջ, դիւանակալութեան եւ դանդաղօրէն ընթացող կառոյցներու հետ դէմ յանդիմաց գտնուեցայ, երբ ստիպուեցայ, որպէս անկախ արուեստագէտ եւ կրթիչ, ասպարէզս զէրոյէն վերակերտելու Անգլիոյ հեռաւոր գիւղական շրջանի դատարկութեան մէջ, ուր քիչեր կը ճանչնային գործս եւ ուր յարաբերութիւնները այնքան հեռու էին, որքան բնակելի տարածքները։ Ժամանակի ընթացքին նկատեցի, որ պէտք ունէի աշխատանքի թափս, ոճս եւ նպատակներս ճկուն պահելու՝ սրելով փոփոխութիւններ ընդունելու ունակութիւնս։ Թէեւ Թուրքիոյ մէջ ունեցած մասնագիտական եւ կառուցային հարցերէն մաս մը վերացած էր հոս, սակայն մտերմութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներու բացակայութիւնը մտածել տուաւ, որ բան մը պակաս կար հոս։
Քիչ մը դադար առի եւ փորձեցի ընկալել բարդութիւնը Անգլիոյ գիւղական այս նոր կեանքին, որ իր մէջ կը պարունակէ մշակութային նօսր բազմազանութիւն. Չգիտցայ, թէ ուրկէ՛ պէտք էր սկսէի քակել հանգուցաւոր բրդեայ գունդը։ Վերջապէս, որոշեցի սթափիլ անգործունէութենէս եւ շարունակել գործել ինչ որ գիտեմ եւ ինչ որ լաւ զգալ կու տայ ինծի։ Գարնան գալուստով հասան նաեւ զանազան փառատօններու դիմումնագիրներուս դրական պատասխան նամակներս։ Ասոնք ուրախանալի պատահարներ էին։ Այնուամենայնիւ, մինչ կ՚աշխատէի բիւրեղացնել աշխատանոցներէս մէկուն մանրամասնութիւնները, ինքզինքս գտայ ե-նամակներու տեղատարափի մը մէջ, որուն նախապէս չէի հանդիպած։ Օրերս անցուցի կարդալով եւ մէկիկ-մէկիկ պատասխանելով ընդունուած փառատօններուս նամակներուն՝ պատրաստելով մասնակիցներու համար հաւանական վտանգներու գնահատում, գերզգայնութեան հաւանական վտանգի քարտէզ եւ յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցող ծանուցողական ծրարներ,— պահանջներ, որոնց բնաւ չեմ ենթարկուած Թուրքիոյ մէջ գործունէութեանս տարիներուն։ Մինչ մարմինս կ՚ըմբոստանար այս գործին դէմ, հիմնականօրէն եկայ այն եզրակացութեան, որ ուրիշ ճար չունէի, պէտք էր լրացնէի դիւանակալական այս ակնկալութիւնները։
Այդ օրերուն, Անգլիոյ մէջ արուեստագէտ-կրթիչ-աշխատող եռանկիւն կեանքիս կողքին, յիշեցի Թուրքիոյ մէջ փորձառութիւնս։ Մինչ մեզմէ կատարեալ ծառայութիւն ակնկալող մշակոյթի եւ արուեստի կարգ մը կազմակերպութիւններ կրնան գոհացուցիչ պայմաններ մատակարարել մեր սպառած ջանքին եւ ժամանակին համար, ուրիշներ չեն կրնար կամ չեն ուզեր այս պարտաւորութիւնը նիւթաբարոյական հատուցումով ամբողջացնել։ Թէեւ անվճար աշխատանքի առաջարկները նուազ են Անգլիոյ մէջ,— հոն, ուր գրուած է դրամատիրութեան գիրքը,— սակայն բաւական տարածուած են անվճար կամ ցած վարձատրութեամբ աշխատանքի առաջարկները, ինչպէս նաեւ՝ աշխատանքի դիմաց «տեսանելիութեան եւ ճանաչման» առիթի առաջարկները՝ մանաւանդ զարգացող երկիրներու արուեստի ոլորտներուն մէջ։ Երիտասարդ կամ անգործ արուեստագէտներու համար դիւրին չէ «ոչ» ըսելը, երբ այս աշխատանքային շահագործումը, շատ նրբագեղ կերպով զարդարուած, կու գայ իշխանութեան դիրքերուն վրայ գտնուող մարդոց կողմէ։ Յաճախ կ՚իմանանք անհատներու մասին, որոնք, պահանջած ըլլալով իրենց իրաւունքները, բռնածածրի ենթարկուած եւ դուրս դրուած են նոյն այդ իշխանութեան դիրքերու վրայ գտնուողներու եւ կառույցներու կողմէ՝ մեղադրելով զանոնք դրամը արուեստէն վեր դասելու յանցանքով։ Պատկերացուցէք ոլորտ մը, որ կը լուսանցքայնացնէ քեզ, երբ դուն կը պահանջես ապրուստի արդար իրաւունքդ, երբ նոյն այն մարդիկն ու հիմնարկները ընկերութեան հետ կը նոյնացնեն կենցաղի, կենտերային հաւասարութեան, բնապահպանման, արդարութեան եւ նման հարցերու իրաւունքները՝ հռետորական եւ գործնական կերպերով՝ այսպիսով ապահովելով իրենց համեմատաբար առանձնաշնորհեալ եւ լուսազարդ վիճակը։ Հետեւաբար, ի՞նչը կարելի եւ յարատեւ կը դարձնէ այս հակասութիւնը,— վերոնշեալները կատարելու համար համապատասխան վարչութիւններու շնորհուած արտօնութիւնը եւ իրենց իրաւունքներուն անիմաց եւ անպահանջ մեծամասնութեան լռութիւնը։
Այս ծիրին մէջ, դիւանակալական կառոյցը, թէ՛ վարչական թէ՛ հանրային կապերու ոլորտին մէջ, կը ներգրաւէ միջնորդ դերակատարներ, որոնք իրադարձութիւնները կը ներկայացնեն շահեկան լոյսին ներքոյ՝ ստեղծելով անխափան գործունէութեան պատրանքը, անտեսանելի դարձնելով առկայ անարդարութիւնները ու ամրապնդելով այն համոզմունքը, թէ ամէն ինչ կարգին է։ Ֆրանսացի ընկերաբան եւ փիլիսոփայ Փիեռ Պուրտիոյ, որ ուսումնասիրած է, թէ ինչպէ՛ս մշակոյթի, իշխանութեան, դասակարգի եւ կրթութեան համակարգերը կը վերարտադրեն ընկերային անհաւասարութիւն, արուեստը զննած է որպէս հակամարտութիւններով լեցուն կռուադաշտ եւ առանձնացուցած է դարպասապահներու (gatekeepers) վերնախաւը, որ կ՚որոշէ, թէ ո՛վ, ինչպէ՛ս կը բարձրանայ արուեստի աշխարհին մէջ։ Այս դարպասապահները դիտմամբ կ՚անտեսեն ոմանց աշխատանքը, զարմանալիօրէն ուրիշներուն աշխատանքին լիարժէք ճանաչում կը ցուցաբերեն, քուլիսներու ետին կը շարունակեն շահագործել կարգ մը մարդոց աշխատանքը եւ որոշ արուեստագէտներունն ալ կը ձգձգեն՝ «եթէ բաւականաչափ լաւ ես» առասպելով։ Ասոնք երկարատեւ եւ ամուր դիրքերու վրայ կը գտնուին նոյն կամ նման հիմնարկներու մէջ։ Սակայն, անցեալին բաղդատելով, անոնք սկսած են կորսնցնել իրենց իշխանութիւնը՝ շնորհիւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, բացայայտութեան, թափանցիկութեան եւ միասնականութեան նոր մշակոյթին։
Ասով հանդերձ, աշխարհը անցումային շրջանի մէջ կը գտնուի. թէկուզ դանդաղօրէն, բայց համակարգը փոխակերպման ընթացքի մէջ է եւ բոլորին ընտրութիւնները կարեւոր են։ Արդեօք մենք կը զօրակցինք աւանդակա՞ն տարածներուն, որոնք կառուցային կանոնաւոր նեցուկ կը վայելեն, չեն առերեսուիր իրենց անցեալին հետ եւ պատրաստ չեն վար դնելու համերաշխութեան հոլովոյթը կամ կը զօրակցինք նպաստաւոր պայմաններ չունեցողներուն, այլընտրանքային հիմնարկներուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք իրենց ջանքերուն համար չեն կրնար ստանալ իրենց արժանի աջակցութիւնը եւ որոնք անտեսանելի կը դառնան։
Եւ ամէնէն կարեւորը, ինչպէ՞ս կրնանք մենքզմեզ ազատագրել «բաժնէ, որ տիրես» սկզբունքով համակարգի փիլիսոփայութենէն եւ յառաջ երթալ առանց իյնալու «այս կամ այն» խտրականութեան մէջ։ Այս հարցերուն կրնանք վերանայիլ հատանողական ֆեմինիզմի ոսպնեակէն, որ գրականութեան մէջ մուտք գործեց իրաւագիտութեան փրոֆեսոր Գիմպըրի Քրէնշայի կողմէ։ Հատանողական ֆեմինիզմի մօտեցումը կ՚երաշխաւորէ ոչ միայն մէկ խումբի արդար, բազմաթեմ եւ բազմազան կեանքի կիրառութիւն, այլ բոլորին՝ կեդրոնական տեղ տալով ոչ միայն կենսաբանօրէն «կին» նկատուողներուն իւրայատուկ անբարենպաստ պայմաններուն, այլեւ՝ տարբեր ցեղի կամ ազգութեան պատկանողներուն, տարբեր սեռային արեւելում ունեցողներուն կամ գաղթականներուն։ Այս ոլորտին մէջ, կեդրոնացուած, ոչ-թափանցիկ եւ խտրական դիւանակալական կառոյցները, որոնց օրինակները վերը ներկայացուցի, չեն կրնար ծառայել հատական ֆեմինիզմի կենսահամակարգին։ Արուեստի եւ մշակոյթի միջավայրին մէջ կուրատորական (curatoral) ընտրութիւնները կրնան արտացոլել հատողական ֆեմինիզմի փոխադարձ արժէքները, օրինակ՝ չնայած բոլոր դիւանակալական կշիռին, այս գարնան փառատօնները, որոնց մասնակցեցայ աշխատանոցներովս, իսկապէս ներառական եւ բազմազան էին։
Յօդուածիս աւարտին, կ՚ուզեմ յիշեցնել, թէ այսօր մեր լսած ձայները եւ տեսած ստեղծագործութիւնները, կամ մեր լսել կամ տեսնել չկարողացածները, կը շարունակեն ձեւաւորել ոչ միայն իրենց կեանքը, այլեւ՝ մեր կեանը, երազանքներն ու մտաւորական աշխարհները:
Լեռնա Պապիկեան
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան
(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)



