Սօսիներուն շշուկները

Սօսիներուն շշուկները

Տարբերակ21-ի սիւնակագիր Լուսաշող` «Սօսիներուն շշուկները» խորագրեալ ակնարկներու այս շարքով կը ներկայացնէ իր ծննդավայրը՝ «Այնճար-Հայրենիքը»։ Հեղինակը մեզ կը տանի իր մանկութեան յուշերու ճամբաներով, կը պատմէ Հայ սփիւռքի իւրայատուկ այս համայնքին մարդոց կեանքին մասին, կը նկարագրէ Մուսա Լեռէն վերապրած աւանդութիւններ եւ կը փոխանցէ մուսալեռցիներուն մասին ազգագրական տուեալներ՝ «ոգեղէն հայրենիք»ի բնակողի անձնական փորձառութիւններով։

October 3, 2023

Այդ հրաշագեղ տեսարանէն միտքս անջատուելով թաւալեցաւ դէպի յիշատակներուս շտեմարանը, ուրկէ օղակ – օղակ ժայթքեցան մանկութեանս յուշերը, որոնք մինչեւ այսօր կը թրթռացնեն հոգիս, անհուն ուրախութեամբ մը պարուրելով ամբողջ էութիւնս․․․

September 30, 2023

Հազարամեակներէ ի վեր իրենց հայրենի հողին՝ Մուսա լերան բնութեան ուժեղ ու կարծր նկարագիրը իւրացուցած մուսալեռցիները, իրենց սովորութիւններուն կողքին նաեւ նկարագրային յատկութիւնները փոխանցած են սերունդէ սերունդ։

September 19, 2023

Անոնք լաւապէս հասկցած էին, որ ամրակուռ ժայռերէն ծնունդ առած լեռնցիներուն համար չէին կրնար գոյութիւն ունենալ գլուխ ծռելու եւ ընկրկելու երեւոյթները, այլ միայն խիզախութիւնը եւ դիմադրութիւնը կրնային ըլլալ իրենց շարժիչները։

September 9, 2023

Ամրան՝ արեւոտ սակայն ոչ կիզիչ առաւօտ մըն էր։ Օդը չափազանց պայծառ էր։ Երկինքը դարձած էր երկրին հայելին։ Գլուխս վեր բարձրացուցած` կարծես ինքզինքս կը դիտէի ։ Անհուն ուրախութիւն մը պատած էր հոգիս:

March 19, 2023

Մարդ արարածը յիշողութիւն է. երբ այդ յիշողութիւնը երթայ, ապա ոչինչ կը մնայ...

March 12, 2023

...մենք՝ գիւղի երեխաներս ու պատանիներս, մեծերուն հետ միասին, կը փորձէինք այդ օրհնաբեր կրակէն վառած մոմերը առանց մարելու տուն հասցնել։

March 8, 2023

Սէրը մեզի համար այն ատեն թերեւս մեղմիկ խօսք մըն էր, սուր նայուածք մը, ձեռքի հպում մը, գեղեցիկ երգ մը կամ ոտանաւոր մը, որոնք կը թրթռացնէին ու միաժամանակ կը թարմացնէին մեր սիրտերը եւ կը լիացքաւորէին մեր հոգիները...

December 31, 2022

Մեր տան պատուհանին մօտ կանգնած, հետաքրքրութեամբ կը դիտէի երկինքէն վար իջնող ձիւնի փաթիլները, որոնք հրեշտակներու տեսք ստանալով մեզ կը փոխանցէին Աստուծոյ օրհնութիւնն ու Անոր ուղարկած բարիքները։

November 16, 2022

Միթէ աշխարհի մէջ կա՞յ որեւէ պտուղ, որ կու տայ Այնճարի եւ յատկապէս մեր պարտէզի խնձորին համը։

October 11, 2022

Ես ունէի իմ «ծովէ ծով» Այնճարը։

September 29, 2022

«Ի՞նչ կը կատարուի հոս․ արդեօք հարսանի՞ք կայ»․․․ կը մտածէի։ Բայց մեծ հայրս եւ հայրս ի՞նչ գործ ունէին։ Մեր հարազատներէն մէ՞կը պիտի պսակուէր․․․