«Իններորդ ալիք»-ի վրայ՝ «Գարաչի»-ի ջուրերուն մէջ…

October 11, 2022
Լուսանկարը՝ Ցոլակ Հերկելեանի

Ամառնային տաք օր մըն էր․ Այնճար էի, փոքր երեխայ, երբ առաջին անգամ լսեցի հայ մեծ ծովանկարիչ, գեղանկարիչ եւ համաշխարհային մեծ համբաւ վայելող արուեստագէտ Յովհաննէս (Իվան) Այվազովսկիի (Այվազեանի) մասին։

Այդ օրէն սկսեալ հայատրոփ սիրտս ու հայկականութեամբ լեցուն հոգիս տարբեր հպարտութեամբ լեցուցին մանկական անմեղ աշխարհս, ուր բնականաբար փոքրիկ գլխուս վերեւ բացուած երեւակայական ամպիկներուն մէջ միայն տառապեալ, վտարանդի ու թափառական հայու տեսակը չէր, որ բոյն դրաւ, այլ ազնուական հայը եւ մանաւանդ հռչակաւորը։

Պատերազմէն նոր ելած Լիբանանի մէջ «կէթօ»ներու հասկացութիւնը շատ բնական երեւոյթ եւ կենցաղ մըն էր, ուր, ինչ որ կը յիշեմ, այդքան ալ դիւրին չէր հիմակուան նման (եթէ անշուշտ վառելանիւթի տագնապը նկատի չունենանք) ուզած վայրկեանիդ պտոյտներ ու տեղափոխութիւններ կազմակերպելը՝ մէկ ծովափը գլորուելով, ու միայն ակնթարթ մը ետք արդէն լեռնային ճամբաները վայելելով։

Այդ օրերուն իւրաքանչիւրը իր միջավայրին կամ ապրած շրջանին մէջ հիմնած էր իր պարսպապատ «քաղաքը», ուր բնականաբար կառուցուած էին երեւակայական դղեակները ու անոնց հերոսները․․․

Այդ օրերու իմ հերոսը Այվազովսկին էր, որուն ծովանկարներուն մէջ պատկերուած ալիքները յաւելեալ շարժունակութիւն ստանալով կը փոթորկէին ու կ՛ալեկոծէին մատղաշ հոգիս, զայն լեցնելով «ծովու չափ» անսահման ուրախութեամբ։

Հետաքրքրականը այն էր, որ օրին ուշադրութեանս կիզակէտը ծովն էր, հակառակ անոր, որ «պարզ» աչքով տակաւին տեսած չէի զայն։ Չեմ յիշեր, որ նոյն կախարդանքով հմայուած ըլլայի Այվազովսկիի մնացեալ գեղանկարներով՝ «Կոստանդնուպոլիս»ն ու այլ  յայտնի քաղաքներ պատկերող անոր շքեղ ու բծախնդիր պաստառները որեւէ ձեւով ուշադրութիւնս չէին գրաւած, նոյնիսկ «Լորտ Պայրընի Սուրբ Ղազար կղզի այցելութիւնը»՝ անոր գլուխ գործոցը ոչ մէկ յիշատակ կամ յուշ թողած էր մտքիս մէջ։

Մեծապէս հմայուած էի Այվազովսկիի «Իններորդ ալիք» յայտնի գեղանկարով, որուն ալեկոծումը արեւամուտին եւ յատկապէս համեմատաբար ամպոտ օրերուն, աչքիս կը յայտնուէին Այնճարի արեւմտեան կողմի անծայրածիր երկինքին մէջ, որ այդ օրերուն ինծի համար ծով էր, ու թերեւս նաեւ՝ ովկիանոս։

Հայութեան համար դարերէ ի վեր չիրականացած երազը ինծի համար արդէն իրագործուած կը թուէր ըլլալ։ Ես ունէի իմ «ծովէ ծով» Այնճարը։

Ջուրը․․․

Երեխայ եղած ատենս, Այնճարի մէջ փողոցէ-փողոց հետաքրքրասէր շնիկի մը թափառումները յիշեցնող պտոյտներուս ժամանակ, ամէնէն աւելի ուշադրութիւնս կը գրաւէր երիտասարդ թէ տարեց կիներու՝ իրենց տուներու շրջափակն ու բոլոր մայթերը, նոյնիսկ ճամբաները լուալու երեւոյթը, որ կարծէք ամէնօրեայ «ծիսակատարութեան» մը վերածուած ըլլար։ Մերթ ջրափողով, մերթ դոյլով, իւրաքանչիւր տան պարտէզի աստիճաններէն մինչեւ ներքնամասը՝ ճամբեզրին, խխխխըըըըշշշշշ՜՜՜ , պէտք է հոսէր ջուրը, հեղեղի մը նման, այդպիսով աստիճանները, փողոցները ու մայթերը լուալու կողքին՝ նաեւ լուալով մարդոց հոգիներն ու սրտերը։

Ամրան եղանակին Այնճարը կարծէք միշտ Վարդավառ կը տօնէր, իսկական Մուսա լեռցիներու նման, որոնք եւս Վարդավառը մեծ խանդավառութեամբ կը նշէին: «Անցորդները անխտիր ջուրի տարափի կ՛ենթարկուէին, իսկ այնտեղի տղաքն ալ անձրեւի տակ մնացած աքլորներու նման խխում կ՛ըլլային»:

Գիւղի փողոցներուն մէջ թափուող ջուրը թէեւ սանձուած կշռոյթ մը ունէր, բայց մտքիս մէջ դարձեալ զուգահեռներ կը բանար «Իններորդ ալիք»-ին հետ, եւ մանուկի միտքս հարց կու տար, թէ արդէօք այդ մեծանուն արուեստագէտին ներշնչանքը ե՞ւս Այնճարի ջրառատ մայթերէն կու գար։

Առուակներու նման ջուրը կը հոսէր փողոցներէն եւ երեւի աւելի հեռուն երթալով կը թափէր նախ Այնճարի ակին մէջ, ու ապա անկէ բաժնուելով՝ առուներով կը հասնէր մինչեւ Այնճարի ծովը՝ «Քարաչի»-ն։

«Գարաչի»-ն․․․Գերէ ջայր = Գերէ սու՝ սեւ ջուր…

Ահաւասիկ այդ օրերու մեր հրաշք գետը, որ մեզի համար եղաւ կեանքի փորձարկման աղբիւր մը։

Կեանքը ամբողջ սորվեցանք «Գարաչի»-ի հոսանքն ի վեր թիավարող մեր փորձերէն։

Եւ այնպէս, ինչպէս կ՛ըսէր Մուսալեռցի մեծ բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեան․-

«Ինկած է ափին ցրտագոյն ջուրին

Եւ կ՛ուղղէ խօսքեր զինք այրող հուրին։

Գլուխը պինդ – պինդ քարին կը քսէ

Եւ կ՛ըսէ՜, կ՛ըսէ՜։ —

Խմել այս ջուրը,

Մեծ ճշմարտութեան մեծագոյն հուրը,

Հնոցը, փուռը։

Խմել այս ջուրը՝

Հասնիլ է արդէն դրախտին դուռը։

Խմել այս ջուրը՝

Ու կեանքին դիմաց միշտ քաշել սուրը,

Ուղղելու ծուռը։

Խմել այս ջուրը,

Սրտի ծովերուն այս հի՜ն փրփուրը,

Մոռնալ չար գործը, սինն ու ի զուրը։»

(Հատուած՝ «Գինով Ալեքսան» բանաստեսծութենէն)

«Երբ մեծնամ քաջ զինուոր մը պիտի ըլլամ»՝ մեր մանկունակ, բայց վճռակամ հաստատումը, իր գործնականացման դաշտը գտած էր «Գարաչի»-ի մէջ, ուր մեր վտիտ թեւերը վեր բարձրացուցած կը խոյանայինք դէպի գետը, տակաւին նոյնիսկ լողալ չսորված։

Մեր թաթիկներն ու թեւերը թափ կու տայինք, եղեգներէ եւ այլ ջրային բոյսերէ մաքրուած գետի մէկ փոքր հատուածին մէջ, որուն չորս կողմը ինչ կ՛ուզես կար․ եղեգէն սկսեալ մինչեւ պղպղացող սողուններն ու ձուկերը, որոնք մինչ այդ գիշերները, երազներուս մէջ, մեծ տեղ կը զբաղեցնէին՝ ըլլալով «մարդակեր հրէշները»-ը, մինչ ես՝ ցերեկային «քաջ զինուոր»-ս միայն լաց ու կոծին մէջ է, որ լաւ դեր կը ստանձնէի։

Դրախտային այդ վայրին մէջ, բնութեան գիրկը ինքզինս ամէնէն երջանիկ անձը կը զգայի: Գետին ձայնը, անոր ծայրամասերուն ծեփուած թանձր ցեխին հոտը, շրջակայ ծառերուն ու մանաւանդ բարտիներու խըշշոցը տակաւին դրոշմուած են մտքիս մէջ, ուրկէ, մենակութեանս մէջ,  շատ յաճախ դուրս ելլելով նոյն անհուն ուրախութեամբ կը պարուրեն հոգիս:

«Գարաչի»-ն մեզ առաջնորդեց դէպի կեանք, ուժգնօրէն ճեղքելով մեր ներքին դողանքը․․․

Դէպի այն կեանքը, որ փոքր քայլերու արուեստն է։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x