Համով – հոտով «թրխանան»

October 3, 2023
«Քիւփրիկը». գործ՝ Նշան Տէր Գալուստեանի

Կանաչի եւ մանիշակագոյնի ներդաշնակութիւն մը կար հորիզոնին վրայ․․․

Բարձունքէն ամէն բան հանդարտ եւ խաղաղ կը թուէր։

Խոր լռութիւն մը կը պատէր ամէն կողմ : Ան սակայն մերթ ընդ մերթ կը խզուէր ոչխարներու հօտը առաջնորդող շունիկին վիզէն կախուած զանգակի կշռոյթէն։

Ամէն բան նոյնն էր․․․

Այդ հրաշագեղ տեսարանէն միտքս անջատուելով թաւալեցաւ դէպի յիշատակներուս շտեմարանը, ուրկէ օղակ – օղակ ժայթքեցան մանկութեանս յուշերը, որոնք մինչեւ այսօր կը թրթռացնեն հոգիս, անհուն ուրախութեամբ մը պարուրելով ամբողջ էութիւնս․․․

Ամառը սկսած էր հրաժեշտ տալ բնութեան, մինչ աշունը կամաց – կամաց զգալի կը դարձնէր իր ներկայութիւնը․․․

Խումբ մը ընկերներով որոշեցինք ձեռնարկել լեռնագնացութիւն – արշաւի մը, որ մեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեզի համար ամէնէն հաճելի ժամանցներէն մէկն էր։

Տակաւին արեւը չծագած արդէն աչքերս ամբողջութեամբ բացուած էին՝ լիալուսինի նման, փոքր երեխայի մը հոգեբանութեամբ անհամբերութեան զգացումներով լեցուած։

Երեսս լուալը եւ կազմ ու պատրաստ վիճակով մեր դռնէն դուրս նետուիլը մէկ եղան։ Կը շտապէի, թէեւ ժամանակը դեռ չէր եղած։ Դուրսը բաւական զով էր։ Սակայն, անհանդարտ վիճակս չափազանց բարձրացուցած էր մարմնիս ջերմաստիճանը։

Մինչեւ ինքնաշարժին ճչակի ձայնը լսուիլը, նստած էի մեր բակի որթատունկին տակ, մեծ ցնծութեամբ մտաբերելով անցեալի մեր քաղցր յուշերը, առանց նոյնիսկ նկատելու ոտքերուս քսքրտուող ու հետս խաղալ ուզող մեր սեւուլիկ կատուին ներկայութիւնը։

Պիիիի՛իփփփփ… արդէն հասան ընկերներս: Ինքնաշարժով ուղղուեցանք դէպի «Ակ»-ի կողմը, ուրկէ պիտի սկսէինք մեր պտոյտը:

Մեծ խանդավառութեամբ բայց մանաւանդ վճռականութեամբ մեր քայլերը սկսանք նետել` քիչ-քիչ բարձրանալով դէպի վեր: Գիւղը ամբողջ կը «ննջէր» մեր ոտքերուն տակ, մինչ մեր հոգիները ուրախութեամբ կը սաւառնէին….Անխօս ու լուռ, սակայն ժիր ու կայտառ ձիերու նման հաստատակամօրէն կ՛ուղղուէինք դէպի վեր, երբեմն-երբեմն իրար որպիսութիւնը հարցնելով:

Արդէն երկու ժամ անցած էր մեր «ուղեւորութենէն», երբ մենք զմեզ գտանք «Ֆըրեզնոցին» գիրկը: «Այս ի՜նչ հրաշք է»… «Մեր գիւղը, մանաւանդ վերէն դիտուած, ուղղակի դրախտ է»… «Ադամանդեայ մարգագետին»… իւրաքանչիւրս նման բացագանչութիւն մը ընելով սկսաւ մեր գիւղի գովքը հիւսել: Սուրճի բաժակները վեր բարձրացուցած նախ խմեցինք մեր բոլորին առողջութեան կենացը,  ապա ողջունեցինք մեր կամաւոր տղաքը, որոնք այդ ժայռոտ ու փշոտ տափաստանը վերածած էին կանաչապատ պուրակի մը, ուր հինգ վայրկեան հանգիստն իսկ բաւարար էր երկար ժամանակի  ներուժ ամբարելու համար: Այս վայրին ամէնէն հետաքրքրական բաժինն ալ ելակի ցանքերն էին, ուրկէ անցորդները կրնային ձրիաբար հիւրասիրուիլ, համտեսելով այդ քաղցրահամ ելակները՝ «կե՛ր, առանց ուրիշին բաժինը մոռնալու» թելադրութեամբ, այնպէս ինչպէս որ գրուած էր մուտքի նշանակին վրայ:

Հինէն-նորէն պատմելով մեր ժամանակը անցաւ: Արդէն պէտք էր ուղղուէինք դէպի գետակը համտեսելու համար անոր կից գտնուող ծանօթի մը պարտէզի խնձորները: Վայրէջքը շատ դիւրին էր: Հազիւ ակնթարթ մը ու արդէն հասեր էինք ստորոտը: Քիչ մը եւս քալեցինք ու հասանք «քիւփրիկ» անունը ստացած գետը, որ այժմ աչքիս չափազանց փոքր վայր մը կը թուի, մինչդեռ ժամանակին անիկա իմ «մանկական աչքերուս» առջեւ անծայրածիր ովկիանոսի մը մեծութիւնը ունէր:

Մտանք պարտէզ ու քաղեցինք քաղցրահամ խնձորներէն: Այդ ի՜նչ համեղ: Մէկը միւսին ետեւէն կուլ տուինք ու շարունակեցինք մեր արշաւը` վայելելով այդ գեղեցիկ պարտէզներն ու շքեղ տեսարանները: Ժամանակը կը սահէր: Օրը արդէն կիսուած էր, սակայն մենք չէինք յոգնած տակաւին:

Մեր այդ հետաքրքրական օրը աւարտեցինք Մուսա լեռան աւանդական համեղ ապուրով՝ «թարխանայով», որ պատրաստուած էր ընկերոջս մօր կողմէ:

ՕՕ՜՜ *«թըրխանա» բոլորս միասին գոռացինք: Այո՛ «թըրխանա» ըսաւ ան եւ առանց մեր կարծիքը նոյնիսկ հարցնելու, կողքը գտնուող սեղանին վրայէն առնելով փոս-պնակները սկսաւ լեցնել: «Ի՜նչ ուրախ եմ որ այսօր պիտի ճաշակէք ձեռքերովս պատրաստուած այս աւանդական ճաշը».- ըսաւ ան:

Հայկական թարխանան կը պատրաստուի մածունով եւ ձաւարով

Թէեւ օդը արեւոտ էր, սակայն հովը զգալի զովութիւն մը կու տար: «Այս ապուրը տեղին է» է ըսինք ու սկսանք իրար ետեւէ կուլ տալ հրաշալի կերպով եփուած այդ «հիւրասիրութիւն»ը…

Ինծի համար այդ օրը իսկապէս եղաւ անմոռանալի…

Մինչ այդ, նախքան հոն հասնիլը, երբ ման կու գայինք տարբեր պտուղներ եւ բանջարեղէններ ցանուած այդ պարտէզները, կը վերապրէի մանկութեանս օրերը, երբ հօրս կ՛ընկերակցէինք եւ անոր կ՛օգնէինք մեր պարտէզներէն բեռքը քաղելու համար: Խնձորի մասին բոլորը գիտեն, սակայն ինծի համար նուազ յիշատակելի չէին նաեւ լոլիկ, սմբուկ, պղպեղ, արեւածաղիկ քաղելու կամ նոյնիսկ ցորեն հնձելու անմոռանալի փորձառութիւններս:

Շատ լաւ կը յիշեմ, որ փոքր եղած ժամանակ այնճարցիներուն մօտ սովորութիւն էր ձմրան համար նախատեսուած տարբեր ուտեստներու եւ գլխաւորաբար պահածոներու պատրաստութիւնը: Այդ աշխատանքները կը կատարուէին աշնան եւ յատկապէս Սեպտեմբերին, երբ գիւղացիները իրենց բեռքերը գրեթէ վաճառած կը ձեռնարկէին «մարանի ամբարման» աշխատանքին: Այսօր, երբ այդ բոլորը կը մտաբերեմ, շատ հարազատ պատկերներ կու գան միտքս. միագոյն լուացքի նման հաւասար շարքերով՝ սպիտակ չուաններու վրայ չորցուած «տոլմացու» սմբուկները կամ տանիքներու կտուրներուն՝ մեծ ափսէներու մէջ շարուած կարմիր պղպեղները, որոնք «արեւու բաղնիք» առնելէ եւ լաւ մը չորնալէ ետք, պիտի փշրուէին եւ չափազանց մանր փոշիի վերածուելով պիտի համեմէին համեղ ուտեստներն ու աղցանները:

Իսկ ի՛նչ ըսել լոլիկի ջուրին մասին, որուն պատրաստութիւնը յատուկ ծէս մը ունէր: Ուղղակի տօնախմբութեան նման բան մըն էր: Մեծով ու փոքրով կը լծուէինք այդ աշխատանքին, որ կը սկսէր մեծ կաթսաներու մէջ լոլիկները լուալու արարողութենէն` անցնելով փոքրեուն կողմէ ոտքերով զանոնք ճզմելու հանգրուանէն ու ապա յատուկ մաղերու օգտագործումով անոնց ջուրը քամելու քայլէն, հասնելու համար լոլիկի ջուրը առատ աղով եփելու արարողութեան: Այդ պահէն արդէն իսկ կը սկսէր տօնախմբութիւնը: Թաղեցիները կը հաւաքուէին «լոլիկի ջուր» եփող ընտանիքին տան պարտէզը, ուր բոլորը կը ճաշակէին կրակին մէջ պատրաստուող խոռովածը, որ կ՛ըլլար կորեկ եւ գետնախնձոր, մինչեւ որ պատրաստուէր լոլիկի ջուրը, որուն առաջին եփը կարծէք կը ծառայէր իբրեւ օրհնուած նշխարհ, որ հաղորդութեան նման թոնիրի հացի շերտի մը հետ կը տրուէր իւրաքանչիւր ներկայի…

Այդ օրերուն, այնճարցիներուն մօտ նաեւ համատարած սովորութիւն էր իրենց ձեռքերով պատրաստել ցաւարը-կորկոտը, որ բնականաբար կը շինուէր Այնճարի մէջ ցանուած ցորենէ, որ դարձեալ յատուկ ծիսակատարութեամբ մը կը խաշուէր ապա օրերով կը փռուէր տանիքները եւ լաւ մը չորնալէն ետք կը տարուէր ջաղացք կամ ալրատուն, ուր ցաւարի վերածուելէ ետք կ՛ամբարուէր ձմրան օգտագործուելու նպատակով:

Ու յանկարծ թխուած հացի անուշ հոտ մը քերեց ռունգերս: Այսօրուան պէս կը յիշեմ, մեր տան դիմացի պարտէզին մէջ գտնուող թոնիրը, որ օրին հանդիսացած է թաղի կիներու հաւաքավայրը: Անոնք իրենց հացը թխած եւ եփած ատեն նաեւ լաւ մը «կը ծեծէին» թաղեցիներուն վերաբերող բոլոր նիւթերը:

Պարտէզին անկիւնը շինուած փոքր թոնիրին մէջ կրակը արդէն պար կը պարէր, մինչ անոր շուրջն ալ փակած խմորը «մեզ ուտելու կանչող» հացի վերածուած էր: «Հրամմեցէ՛ք աղուորներս».- հատ մը պատրաստ «մատնաքաշ» մը հաւասարապէս կտրելով թաղեցի փոքրիկներէն մեզմէ իւրաքանչիւրին մօտեցնելով, կ՛ըսէր Մուսա Լեռցի հարազատ նէնէի կերպարը մարմնաւորող մեր դրացի մամիկը:

Այնճարի մէջ այսօր թէեւ որոշ բաներ ժամանակին հետ փոխուած են, այսուհանդերձ շատերու կողմէ, նոյնիսկ նոր սերունդին մօտ, տակաւին կը պահպանուին այս պահածոնեու պատրաստութեան սովորութիւնները…

*«թըրխանան» Մուսա լեռան աւանդական ճաշ մըն է: Ան ծեծած ցորէնէ եւ մածունէ պատրաստուած եւ քանի մը օր արեւուն տակ չորցուած ուտելիք մըն է, որ կ՛եփուի տարբեր բանջարեղէններէ (լուբիա, դդում, գետնախնձոր եւ լոլոիկ) պատրաստուած ապուրի մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x