«Ցաւոտ կաղանդը»

December 31, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի
Mary mother of the Tenderness. սրբանկարը՝ Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի

«Գիշերն իջաւ մեղմիկ, լուռ,

Մութ է երկիրն ու տխուր,

Յանկարծ աստղ մը վառ շողերով

Յայտնուեցաւ, աշխարհին՝ բարի լուր»:

Վառարանի ճառճատիւնն էր միայն, որ խզած էր համատարած լռութիւնը, մինչ ասեղնագործ վարագոյրի նախշերէն դուրս կը բացուէին ձիւնափայլ երկինքի հորիզոնները։ Դրախտավայր Այնճարի մէջ բնութիւնը յաւելեալ փայլք կը ստանար եւ կը գեղեցկանար յատկապէս ձմռան՝ ձիւնին, երբ ամբողջ գիւղը կը վերածուէր սպիտակածածկ «սրբավայրի» մը, որուն համար կ՛աղօթէին ոչ միայն տեղաբնիկ այնճարցիները, այլ աշխարհի ամբողջ տարածքին սփռուած մուսալեռցիներու շառաւիղները, որոնք մեծ մասամբ կը փափաքէին իրենց յաւիտենական «կեանքը» անցընել Այնճարի մէջ։

Մեր տան պատուհանին մօտ կանգնած, հետաքրքրութեամբ կը դիտէի երկինքէն վար իջնող ձիւնի փաթիլները, որոնք հրեշտակներու տեսք ստանալով մեզ կը փոխանցէին Աստուծոյ օրհնութիւնն ու Անոր ուղարկած բարիքները։

Այդպէս կը մտածէինք մենք մեր մանկութեան օրերուն, օրեր՝ որոնք կը յատկանշուէին իրենց անարատ պարզութեամբ եւ մանաւանդ անմեղութեամբ։ Մենք չէինք գիտեր վատն ու գէշը, դասակարգային բաժանումները, «մենք»-ը եւ «դուք»-ը ․․․

Սենեակի ջերմութիւնն ու բերնէս դուրս ելլող շոգին ապակիին վրայ կ՛ուրուագծէին մտքիս մէջ պարուրուող կաղանդի համեստ մաղթանքներս․- «Խաղաղութիւն աշխարհին, առողջութիւն բոլորին»․․․ Երբ տակաւին նոյնիսկ չէի գիտեր անոնց իսկական արժէքն ու իմաստը։

Իսկ ակնկալութիւններս՝ խաղալիք մը, եւ անոր կողքին անպայման յատուկ քաշողութիւն մը ունեցող ուտելիքներու տոպրակ՝ կաղանդչէքը։ Մեր օրերուն, այս հրաշագործ տոպրակը կը տրուէր կաղանդ պապային բերած նուէրներուն հետ. ի դէպ, մեր մեծերը եւ յատկապէս ծնողքիս սերունդը՝ իբրեւ մուսալեռեան աւանդութիւն այդ մէկը կը ստանար «չէնթիկ»՝ տոպրակ նետելով։ Ըստ իմ լսածներուս՝ թաղի փոքրիկները կաղանդի գիշերը կը հաւաքուէին ու գաղտնաբար կերպասէ «տոպրակ- չէնթիկ» մը կը նետէին ներս, իսկ տնեցիք ալ անոր մէջ կը լեցնէին ինչ որ կրնային դասաւորել, շատ հաւանաբար պտուղ եւ քիչ մըն ալ  չիր ու  չամիչ:

Ամէն ինչ պարզ էր, շռայլութենէ հեռու։

Մեր երջանկութիւնը սակայն անսահման էր։

Ամբողջ տարի մը սպասուած նուէրը, որ կ՛ըլլար ինքնաշարժ մը՝ տղոց, իսկ պուպրիկ մըն ալ աղջիկներուն պարագային, արդէն բաւարար էր մեզի համար։

Մեր բարքն ու վարքը, դասերու ընթացքը եւ նմանօրինակ այլ վիճակներ բոլորը ուղղակիօրէն կապուած էին այդ մէկ նուէրին, եւ անոր կցուած ուտելիքներու հրաշք տոպրակին հետ։ Տոպրակ մը, որուն մէջ կը գտնէիք երեք հատ սուտանական պիստակ, մանտարին մը, սուսէթ մը, պիսքուիթ մը, մէկ հատ կերպնկալէ փուչիկ եւ շարժական թուղթէ ծայր ունեցող սուլիչ մը, իսկ եթէ շատ հարուստ ըլլար կաղանդ պապան, հոն նաեւ կ՛ըլլային շոքոլա մը եւ քանի մը հատ շաքար։

Եւ արդէն բոլոր փափաքները իրականացած ըլլալու գոհունակութեամբ  մը եօթանասունական թուականներէն ի վեր նոյն տարազով եւ կերպարանքով ներկայացող կաղանդ պապուկին արտասանութիւն ըսողը, նուէրն ու տոպրակը առնողն ու վազողը մէկ կ՛ըլլար։

Ի՜նչ անուշ օրեր էին․․․

Եւ այսպէ՛ս…

Միայն անմեղութիւնը պարուրած կ՛ըլլար մեր հոգին։ Չարամտութիւնն ու խաբեբայութիւնը բոլորովին հեռու էին մեզմէ։

Այդ հրաշագործ տոպրակները ձեռքերնիս, վազելով կը շտապէինք տուն, զանոնք անմիջապէս բանալու եւ մեր տօնական արձակուրդը վայելելու համար։

Իմ միակ դժգոհութիւնս սակայն, մօրս հաստատած օրենքն էր, թէ՝ տրուած ուտելիքները փոխանակ մէկ օրէն կուլ տալու, պէտք էր բաժնուէին քանի մը օրերու վրայ՝ արձակուրդի ամբողջ տեւողութեան, հանգրուանային կերպով, հրճուանքի նմա՛ն պահեր ապրելու համար։

Մեր տունը ինքնին կաղանդ կը բուրէր այդ օրերուն։

Անկիւնը՝ կը տեսնէիք հօրս ձեռքերով սարքուած եւ եղեւինի քանի մը ճիւղերու ամբողջութիւն մը կազմող կաղանդի ծառը, որուն վրայ գոյներու ներդաշնակութեամբ մը զետեղուած կ՛ըլլային զարդեղէններն ու խաղալիքները։

Չմոռնամ նաեւ արաբ պարուհիի մը շարժումները յիշեցնող ոսկեգոյն եւ արծաթագոյն փայլփլող երկար երիզները, որոնք ծառին կողքին պէտք էր նաեւ զարդարէին մեր նստասենեակի մէկ պատը, որուն վրայ պէտք էր տեղադրուէր եղբօրս գծագրած կաղանդ պապան, մինչ ես ունէի թուղթէ նախշեր եւ աստղեր պատրաստելու պարտականութիւնը, զանոնք ալ տեղադրելու համար կաղանդի ծառի բաց մնացած տեղերը։ Ուրեմն, մեր ուրախութեան մաս կը կազմէր նաեւ կաղանդի ծառի պատրաստութեան եւ սենեակի յարդարանքի մեր անմիջական մասնակցութիւնը։

Այնճարի մէջ, այդ օրերուն, դպրոցական եւ միութենական իրար յաջորդող խրախճանքներու կողքին, կաղանդի արձակուրդին ինծի համար նաեւ հետաքրքրական էին շնորհաւորութիւններուն համար տրուող այցելութիւնները։

Մեծ մամաներ – պապաներու, հարազատներու, դրացիներու, բարեկամներու… այցելութիւններ, որոնք քանի մը օրէն պէտք էր կատարուէին, իր լրումին հասցնելով այդ կարեւոր առաքելութիւնը։

«Մեծերը պէտք է յարգուին, հարազատները պէտք է յիշուին» հասկացողութեանբ կատարուող այս այցելութիւններուն մէջ ինծի համար ամենէն սիրելի պահը հիւրասիրութիւնն էր, որուն ընթացքին ուրախ – զուարթ կը վայելէի նոր տարուան տօնական այս մթնոլորտին համար պատրաստուած ուտելիքներու տեսականին, ինչպէս նաեւ տուրմը, չիր ու չամիչը եւ մանաւանդ մեծ մօրս պատրաստած համեղ անուշապուրը։

Ի դէպ, ինչ որ գիտեմ, մուսալեռցիներուն համար տօնական օրերուն ու յատկապէս նոր տարիին ամենէն աւելի յարգուած անձը կ՛ըլլար կնքահայրը՝ պուպը, որուն դերակատարութիւնն ու հանգամանքը այլապէս ալ շատ կարեւոր էին մուսալեռեան ընտանեկան բարքերուն մէջ։ Կնքահայրը թերեւս տան հօրմէն ալ աւելի ըսելիք կ՛ունենար, ինչպէս նաեւ իրաւունք՝ խառնուելու նոյնիսկ ընտանեկան որոշումներուն։

Մեր ատեն սակայն, չեմ յիշեր որ եթէ այս սովորութիւնը այսքա՛ն ճշգրտութեամբ կը պահուէր կամ կը յարգուէր, բայց մեր մեծերէն գիտեմ նաեւ, որ տօնական օրերուն առաջին նուէրը պէտք էր պատրաստուած ըլլար կնքահօր համար։ Ուրեմն, համեղ պտուղներէ եւ այլ չորեղէններէ պատրաստուած գեղեցիկ կողովի մը մէջ այդ նուէրը դնելով պէտք էր այցելութիւն տրուէր կնքահօր, այդպիսով բացումը կատարելու շնորհաւորական այցելութիւններու շարքին։

Եւ այսպէս շարունակ…

Ամէն տարի, այսպիսի ուրախ մթնոլորտով կը նշէինք տօնական օրերը, որոնք կը սկսէին կաղանդով եւ կ՛աւարտէին Ծնունդով, որ իր կարգին լաւ յիշատակներ թողած է մէջս։ Այնճարի զաւակ Վարուժան արք. Հերկելեանի բառերով եւ Ալեքսան Մնակեանի յօրինումով այս գեղեցիկ երգն ալ ինծի համար կը խտացնէր Ծնունդին խորհուրդը՝

«Մսուրն պզտիկ, աղքատիկ,

Կարծես դարձաւ արքունիք,

Այնտեղ ծնաւ խոնարհ արքան,

Որպէսզի միշտ մարդ ըլլայ երջանիկ:

«Վառին մոմեր լուսաւոր,

Սիրուն մանկան դիմաւոր.

Խաղաղութիւն, բարիք ու սէր,

Վարձքն է արդար, սրտերուն՝ ջինջ աղուոր:

Յանկարծ աստղ մը վառ շողերով,

Յայտնուեցաւ աշխարհին՝ բարի լուր:»

Ծննդավայրս ըլլալու կողքին՝ Այնճարը ինծի համար նաեւ ամէն ինչ էր: Թէ՛ դպրոցէն եւ թէ՛ եկեղեցիէն լսած կրօնական բոլոր պատմութիւնները արդէն իսկ մտքի պտոյտով մը՝  տեղափոխուած կ՛ըլլային Այնճար եւ հոն ոչ թէ «յարութիւն», այլ կենդանութիւն կ՛առնէին: Օրինակի համար՝ կը մտածէի որ Մանուկ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը վստահաբար պէտք էր որ տեղի ունեցած ըլլար Այնճարի ծանօթ «փոքր» քարայրը, քանի տակաւին տարիքի բերումով «մեծ» քարայրը այցելած չէի:

Հետաքրքրական սովորութեամբ մը, Այնճարի մէջ, Ծնունդի գիշերը աւանդաբար եւ մինչեւ այսօր տեղացիներու տուները կ՛այցելեն դպրաց դասի կամ տարբեր միութիւններու անդամներ, որոնք օրուան խորհուրդը ներկայացնող շարականներով կ՛աւետեն Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը, որ նոյն գիշերը իր յատուկ ծիսակատարութեամբ կը նշուի նաեւ աւետարանականներուն կողմէ:

Հակառակ անոր, որ այն ժամանակ այսօրուան ճոխութիւնները չկային, սակայն տօնական օրերը միշտ ալ լաւ յիշատակներով կ՛աւարտէին։

Բայց բոլորովին տարբեր էր 1988-ին, երբ դժբախտաբար այդ ուրախութեան շղթան պոկուեցաւ եւ խոր տրտմութիւն մը նստաւ մեր հոգիներուն վրայ։

Տակաւին պատանեկան տարիք չանցած երեխաներ էինք, երբ այդ տարին առաջին անգամն ըլլալով լսած էինք Ղարաբաղ՝ Արցախի մասին։ Ինչ որ կրցած էինք քաղել «մեծերու խօսակցութիւններէն» այն էր, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը ցոյցի ելած է եւ իր իրաւունքները կը պահանջէ: Իրաւունքներ, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուէին հայ մեծ գրող Րաֆֆիի պատմած Իսրայէլ Օրիի, Դաւիթ Բեկի կամ Խամսայի մելիքութիւններու «աշխարհին», որուն՝ քարտէսի վրայ ուր ըլլալը նոյնիսկ չէինք գիտեր, ոչ ալ ունէինք այն պատկերացումը, թէ այդ հողակտորը հետագային ինչպէ՛ս պիտի վերածուէր մեր լինելութեան խորհրդանիշին ու ապա նաեւ «կռուախնձորին»:

Այդ տարուան սկիզբները խմորուած Արցախեան շարժումի լուրերը մեծ խանդավառութեամբ կը ստանայինք, նոյնիսկ չհասկնալով, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Տարիներ շարունակ մեր հողերու բռնագրաւման եւ իրաւունքներու բռնաբարման մասին լսելէ ետք, յանկարծ մեր փոքրիկ ականջներուն կը հասնէին «ազատագրութեան» մասին շշուկներ, որոնք բնականաբար մեծ հպարտութեամբ կը լեցնէին մեզ՝ միաժամանակ տալով հայու հոգին ճզմած «թրքական լուծէն» ի վերջոյ ազատելու ինքնավստահութիւնը…. Բռունցները վե՛ր՝ մենք ալ կը սկսէինք գոռալ.-«Ղարաբաղը մե՛րն է», «Ղարաբաղը մե՛րն է», «Ղարաբաղը մե՛րն է»…

Հայ ազգային կեանքին մասին հազիւ պատառիկներ ամբարած մեր մանկունակ ուղեղը այդ ամբողջ տարին սնանեցաւ «Ղարաբաղեան շարժումին» փոթորկաշունչ ոգիով, որ ժամանակի ընթացքին մեր մէջ ճիւղաւորեց իր արմատները  եւ ծաղկեցուց հայրենասիրութեան ծիլերը…

Հայու հպարտ սիրտը դարձեալ տրոփեց մեր կուրծքին տակ, մինչեւ որ այդ չարաբաստիկ օրը ցնցեց մեր էութիւնը եւ ալեկոծեց մեր հոգիները:

Ինչքան ծանր ազդած էր վրաս 7 Դեկտեմբեր 1988-ի աղէտաբեր երկրաշարժը…

Ցեղասպանութեան մասին մեր լսածները կարծէք իրականութիւն դարծած ֆիլմաշարի մը նման կը դառնային աչքերուս դիմաց, միաժամանակ ահաւոր տեսարաններ պարզելով մտքիս մէջ:

Այդ տարին մեր տունը կաղանդ չբուրեց ու հայրս եղեւինի ճիւղերով կաղանդի ծառ չսարքեց…

Երէկ Լենինականը, Կիրովականը, Սպիտակը… այսօր ալ մեր ցաւը Արցախն է. մենք լուռ կը դիտենք, իսկ ան կը դիմադրէ…

Խօսքերն աւելորդ են…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x