Մեղրահամ խաղողը

September 9, 2023

Լուսաշող

Ամրան՝ արեւոտ սակայն ոչ կիզիչ առաւօտ մըն էր։ Օդը չափազանց պայծառ էր։ Երկինքը դարձած էր երկրին հայելին։ Գլուխս վեր բարձրացուցած` կարծես ինքզինքս կը դիտէի ։ Անհուն ուրախութիւն մը պատած էր հոգիս:

Տակաւին շատ փոքր պատանի էի, երբ ա՛յդ օրը վճռած էի ամէն գնով կատարել արկածախնդրական գործողութիւն մը, բարձրանալ մեր տան տանիքը, ուր ելլելը ինծի համար օրին արտօնելի կամ նոյնիսկ դիւրին բան մը չէր։

Մայր ճամբայէն քանի մը մեթր դէպի ներս քաշուած մեր տան կողքի բակէն, քարաշէն՝ «խարխուլ» աստիճաններով, պէտք էր բարձրանայի «վերին» պարտէզը, որուն մուտքէն  հազիւ քիչ մը ձախ թեքուած՝ արդէն կ՛երեւէր դէպի «դրախտ» բարձրացող տախտակեայ աստիճանը, որուն իւրաքանչիւր բաժինին միջեւ թերեւս կէս հասակիս բարձրութեամբ բացութիւն մը կար։ Ատիկա բնականաբար զիս չէր խանգարեր ընելու ա՛յն,  ինչ որ դրած էի միտքս։

Մեր մանկութեան չարաճճիութիւններուն մէջ, բնաւ չէինք մտածած թէ՝ այն ինչ որ մեծերէն չէր թոյլատրուեր կամ չէր արտօնուեր մեզի, ապա այդ որոշումը միայն ու միայն մեր օգտին եւ ապահովութեան համար էր։ Սակայն մեզի համար կարծէք այն բանը որ կ՛արգիլուէր անպայմանօրէն մեր ախորժակը կը լարէր եւ եղելութենէն բան կը հասկնայինք միայն այն ատեն, երբ մեր գլխուն փորձանք մը գար եւ մեր շուրջինները ահ ու սարսափի  մատնուէին։

Բայց ի՜նչ փոյթ։ Նոյնը պիտի ընէինք ամէն անգամ, որովհետեւ հաւանաբար այդպիսով կ՛ամբարէինք մեր մատղաշ կեանքի դասերը։

Ամրան, արձակուրդային օրերուն, մինչեւ կէսօրուան ուշ ժամերը քնանալը ինծի համար մեծագոյն հաճոյք էր։ Ի՜նչ լաւ զգացում է, դպրոցը փակ է, եւ դուն զայն յաճախելու «տաժանակիր» պարտականութենէն ազատած ես եւ Այնճարի զով օդին, երկար քուն մը կը քաշես։ Այդ օրը սակայն, տարբեր աշխուժութիւն մը կ՛ապրէի։ Կը մտածէի, որ պէտք է ամէն գնով օգտուէի տան մէջ մինակ ըլլալու՝ ինծի ներկայացուած հազուագիւտ առիթէն: Հայրս աշխատանքի մեկնած էր, եղբայրս պատանեկան միութեան անդամներով պտոյտի գացած էր, իսկ մայրս ալ իր ամէնօրեայ «ուխտագնացութիւնը» կը կատարէր. ան ուղղուած էր իր ծնողքին տունը։

Աչքերս բանալս եւ անկողինէս դուրս ցատկիլս մէկ եղաւ։ Արագօրէն ճաշակեցի ինծի համար ժամեր առաջ պատրաստուած նախաճաշը, որ ափսէի մը մէջ զետեղուած էր խոհանոցի սեղանին մէկ անկիւնը։

Եւ արդէն հոգուով ու սրտով պատրաստ էի արկածախնդրութեան։

Նախ դուրս եկայ փողոցի կողմը, ուրկէ դէպի վեր կ՛երեւէր մեր տանիքի ծայրամասը զարդարած որթատունկը, որուն վրայ կը փայլփլէին քաղցրահամ խաղողի ողկոյզները։

Արդէն ժամն է․․․

Արագ մը մեկնեցայ վերին պարտէզը ու գլխարկ մը գլխուս զետեղելով, սկսայ բարձրանալ հազիւ քանի մը «քայլ» ունեցող տախտակեայ սանդուխը, որ սակայն ինծի կը թուէր ըլլալ «Էֆէլի» աշտարակը կամ երազային Երեւանի Քասքատի բարձունքը․․․

Յաղթանդամ լեռնագնացի մը նման սկսայ առաքելութիւնս, որուն առաջին բաժինը յաջողութեամբ աւարտեցաւ, սակայն հազիւ սանդուխին երրորդ բաժինին վրայ ոտքս դրած, կարծես աշխարհը գլխուս փուլ եկաւ, քայլս պարապութեան մէջ երթալով, կարծեցի որ «անդունդն ի վար» կը գլորուիմ։

Այդ քանի մը երկվայրկեանները բաւարար էին ապրելու այն դժոխային վախը, որ ինծի կու տար ուղղակի մահացած ըլլալու տպաւորութիւնը եւ կարծես կը փորձարկէի երկրէն երկինք՝ «ի վերին Երուսաղեմ» ճամբորդելու բարդ արարողութիւնը։

Հազիւ հասցուցի աչքերս բանալ, նկատեցի որ ամբողջ մարմնովս փարած եմ օրօրացող աստիճանին, ուրկէ փրթելով, բարեբախտաբար, միայն մէկ ոտքս էր, որ կը ճօճուէր պարապութեան մէջ։

Չէի մեռած, ոչ ալ անդէնական փոխադրուած, այլ պարզապէս արթուն վիճակով գէշ երազ մը «տեսած» էի կամ ալ երեւի յանցանքի ու մեղքի զգացում մը ապրած էի։ «Գող, սիրտը դող…»:

Անմիջապէս հաւաքեցի ինքզինքս ու մեր կատուէն ալ աւելի ճկուն ունակութիւն մը ձեռք ձգելով, կայծակնային արագութեամբ բարձրացայ աստիճանները եւ ի վերջոյ կրցայ հասնիլ մեր «երազային տանիքը»։

Ի միջի այլոց ըսեմ, որ հոն բարձրանալու հիմնական նպատակս էր համտեսել շաբաթներէ ի վեր անբացատրելի կախարդանքով մը զիս իրեն քաշող խաղողը, որուն ճաշակումը մեզի արգիլուած էր մինչեւ Սուրբ Աստուածածնայ տօնը ու եկեղեցական հոգեթով արարողութեամբ մը կատարուող «Խաղողօրհնէքը»։

Ինչպէ՞ս կրնայի համբերել։

Սկսայ ուղղուիլ դէպի տանիքի ծայրամասը ու անմիջապէս յափշտակեցի ինծի ժպտացող մեծ ողկոյզի մը քանի մը հատիկները․․․

Այդ ի՜նչ համեղ էին «Հարսը մատանքը – Հարսի մատները»։

Բնականաբար այդ «քաջագործութեանս» մասին ինձմէ եւ Աստուծմէ բացի ոչ ոք իմացաւ, բայց այդ օրը ինծի համար լաւ դաս մը եղաւ եւ մինչեւ այսօր երբեք չեմ յիշեր, որ խախտած ըլլամ մեր հայկական քրիստոնէական աւանդութիւնը՝ խաղող ուտել՝ նախքան Աստուածածնայ տօնը:

Այս տարի եւս՝ Աստուածածինին Այնճար էի: Կիրակի առաւօտուն, եկեղեցի գացի եւ պատարագէն ետք օրհնուած խաղողէն բաժին մը առնելով հետս տուն բերի:

Թէեւ ուրախ էի, որ պիտի ուտէի տարուան առաջին խաղողը, որ եկեղեցիէն բերուած օրհնուած խաղողն էր, սակայն վստահ էի, որ պիտի չըմբոխշնէի այն համն ու քաղցրութիւնը, որոնցմով օժտուած կ՛ըլլային մեր մանկութեան օրերու խաղողները:

Իբրեւ Մուսա լեռցի հայ, քաջ կը գիտակցէի դարերու խորքէն եկող մեր աւանդութեան եւ կրօնական արժէքներուն եւ զանոնք ամէն գնով պահպանելու հրամայականին:

Խաղողը այլ խորհրդանշական պտուղներու նման սերտօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Մեր նախահայրերը ունէին այն համոզումը որ Օգոստոսը խաղողի եւ ընդհանրապէս բերքի հասունացման ամիսն է եւ հետեւաբար հետագային քրիստոնէական շրջանէն սկսեալ այդ ամսուան կէսէրուն սկսաւ նշուիլ Աստուածածնայ տօնը իբրեւ պտղաբերութեան եւ Աստուծոյ շնորհակալութեան տօն։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ այդ տօնը ձօնուեցաւ Աստուածամօր՝ կենատու Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին, որ «խաղողի նման» կը նկատուի կեանքի աղբիւրը եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշը։

Ինչ որ գիտեմ, Այնճարի մէջ հինէն ի վեր Աստուածածնայ տօնը ընդհանրապէս կրած է եկեղեցական բնոյթ, յատկապէս առաքելականներուն մօտ: Ի դէպ, տեղւոյն կաթողիկէները իրենց եկեղեցւոյ անուանակոչութեամբ պայմանաւորուած, այդ տօնը կը նշեն մատաղի եւ հերիսայի պատրաստութեամբ ու աւանդական տօնախմբութեամբ։

Մուսա Լերան մէջ սակայն, Աստուածածինը ունեցած է մեծ հնչեղութիւն եւ Քեսապի նման, մեծ տօնախմբութիւններով նշուած է ան։ Կը բաւէ մտաբերել մինչեւ այսօր գործող Վաքըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագան։

Ժամանակները փոխուած են, անոնց հետ միասին նաեւ մարդիկը…

Այն ինչ որ մենք, մեր մեծերէն սորված ու փորձած ենք պահպանել, նոյնը չենք կրնար ընել այսօր՝ մեր զաւակներուն հետ։

Անկախ կրօնական ու աւանդական ըմբռնումներէ, կարծէք խաղողին հանդէպ եւս մեր անհատական մօտեցումը բոլորովին փոխուած է։

Այնճարի մէջ, երբ այսօր կը դիտեմ շուրջս, հազուագիւտօրէն կը հանդիպիմ չորս սիւներու վրայ ամրացուած եւ գալարուն օձերու նման պատերուն փաթթուած որթատունկերու, որոնք օրին, անխտիր, կը կազմէին Այնճարի գրեթէ բոլոր տուներու նախա շեմերը։

Խաղողի տեսակն ու որակը նոյնիսկ փոխուած են։ Ինչ որ յիշողութեամբս կը մտաբերեմ, կը նկատեմ որ Այնճարի պարտէզներու առաջին հատուածները, որոնք օրին խաղողի այգիներու ամբողջութիւն մը կը կազմէին, այսօր դադրած են գոյութիւն ունենալէ։

Այդ այգիները, որոնք կը խնամուէին համեմատաբար ջրառատ տարածքներու մէջ, կ՛արտադրէին մեղրահամ ու մանաւանդ «արքայական» տեսքով ողկոյզներ, որոնց համար օտար վաճառականները իրար հետ կը մրցէին զանոնք գնելու «առաջնութիւնը» շահելու համար։

Այգիներ, որոնք ճարտարապետական ճարտար ու անսխալ շարքերով յագեցած, լեցուած կ՛ըլլային մեծ կարմիր, հարսի մատներ, եւ այլ տեսակի «յաճախորդներու» քիմքը գոհացնող «յարգի» խաղողներով։

Այսօր, թերեւս կրնամ հասկնալ անոնց բացակայութիւնը, որ ուղղակի կապուած է Լիբանանեան տնտեսական տագնապին, խաղող եւ այգի խնամելու մեծածախս գործին, եւ յատկապէս բերքի վաճառքի համար յարմար շուկաներու բացակայութեան։

Սակայն գիւղին մէջ խաղողի բացակայութեան պատճառը ի՞նչ է․․․

Տուներու շէմերէն խաղողի, նոյնիսկ թութի եւ թուզի բացակայութիւնն ալ երեւի պայմանաւորուած է «նոր սերունդի» համբերութեան բացակայութեամբ։

Ո՞վ պիտի ունենայ ծով համբերութիւնը ժամական դրութեամբ մայթերէն կամ բակերէն մաքրելու ծառերէն վար թափած թութը, թուզը կամ խաղողը, որոնք անպայմանօրէն իրենց «գունաւոր կնիքը» ձգած պիտի ըլլային իրենց ինկած տեղը։

Ժամանակները փոխուած են, անոնց հետ միասին մնաեւ մարդիկը…

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x