Մուսա-լեռեան Փետրուար (1). Սուրբ Սարգիս

March 8, 2023
«Քումպու-քումպա. ընկոյզով, պիստակով եւ չամիչով «օրհնուած» այս քաղցրեղէն – կարկանդակը ինծի համար աշխարհի ամէնէն համեղ անուշեղէններէն մէկն է մինչեւ այսօր։» (Լուսանկարը՝ Յուշամատեան կայքէն)

Տեղատարափ անձրեւներէն ետք, երկչոտ արեւը հազիւ երկարած էր իր ճառագայթները, որոնք ցուրտէն դողահար ջերմութեան փոխարէն պաղ եւ թեթեւ սարսուռներ կ՛արձակէին։

Հողը իր ծարաւը յագեցուցած՝ թաց ու խոնաւ ամբողջութեան մէջ մրափ մը կ՛առնէր, մինչ տերեւները հանգիստ կը թոթուէին իրենց մարմինը՝ թափ տալով քամիին բերած փոշիները, որոնք մանանայի նման փափկօրէն կը մաղուէին դէպի վար։

Խոհանոցի դռան բացուածքէն կ՛երեւէին ալիւրի վեր թռչող մանրիկ փաթիլները, որոնք մեծ մօրս ձեռքերէն փախուստ տալով կը սաւառնէին դէպի վեր։

Տեսադաշտիս վրայ կը պարզուէր ցած կրակի վրայ դրուած մեծ տաշտ մը, ուր տեղադրուած ալիւրը կամաց – կամաց կը խանձուէր, անուշաբոյր հրճուանք մը պատճառելով քիմքիս։

Սուրբ Սարգիս էր։ Մեծ մայրս «քումպու*-քումպա» կը պատրաստէր։

Ընկոյզով, պիստակով եւ չամիչով «օրհնուած» այս քաղցրեղէն – կարկանդակը ինծի համար աշխարհի ամէնէն համեղ անուշեղէններէն մէկն է մինչեւ այսօր։

Բնաւ չեմ մոռնար այն օրը, երբ ինծի յատկացուած բաժինէն կտոր մը աւելի կուլ տալու համար ճարտարապետական ու թուաբանական ինչպիսի հմտութիւններ օգտագործեցի:

Ուրեմն, այդ օրը «օտար» հիւրեր պիտի ունենայինք. մայրս հիւրասիրութեան համար գեղեցիկ ափսէի մը մէջ տեղադրած էր մեծ մօրս սարքած «քումպա»-ի հաւասարապէս կտրուած եւ այցելուներու թիւին համեմատ նկատի առնուած կտորները: Ամբողջ խոհանոցը քաղցր կը բուրէր… Դասերս նոր լրացուցած՝ անօթի կատուի մը նման միայն այդ կողմերը կը գալարուէի, համեղ պատառիկ մը կուլ տալու ակնկալութեամբ: Սկիզբը չքաջալերուեցայ կատարելու այդ «ճերմակ» գողութիւնը, քանի որ վստահ էի, որ անմիջապէս պիտի բռնուէի, սակայն ռունգերս կլանած քաշողական բոյրը հանգիստ չէր տար ինծի: Անպայման պէտք էր բան մը մտածել… եւ վերջապէս ծնաւ գաղափարը… «փոխանակ ամբողջ կտոր մը կուլ տալու եւ մօրս հաշիւը խախտելու, կրնայի փոքր գծաքաշիս օգնութեամբ իւրաքանչիւր կտորէ բաժին մը կտրել եւ ուտել» մտածեցի եւ անմիջապէս գործի անցայ…

Այդ գործողութիւնը քիչ մը ժամանակ խլեց, բայց իր նպատակին ծառայեց, որովհետեւ աչքառու հետք անգամ չձգեց: ի վերջոյ մայրս հաշուած էր կտորներու թիւը, բայց վստահ, որ չէր չափած անոնցմէ իւրաքանչիւրին հասակն ու լայնքը…

Ըստ Մուսա-լեռեան աւանդութեան՝ «քումպա» կոչուող այս կարկանդակը Սուրբ Սարգիսի եռօրեայ ծոմապահութենէն ետք նշանուած զոյգերու ընտանիքներուն՝ խնամիներուն կողմէ նուիրող յարգի անուշեղէն մըն է:

Ահաւասիկ Մուսա-լեռեան աւանդական քաղցրեղէնը, որ մեր դիւցազներգութեան մէկ այլ դրուագը կը պատմէ։

Քաղցրեղէն՝ ի պատիւ Պոլսոյ թագաւորի դաւադրութենէն փրկուած զօրավար Սարգիսի ու զայն հարբեցումէ ու մոլորութենէ դուրս բերած գեղեցիկ պարուհիի սիրավէպին, այնպէս ինչպէս կը պատմէ մուսալեռցի – Այնճարցի մեծ վարժապետ Թովմաս Հապէշեան**։

***

Գրասեղանին տակ նետուած՝ սէր խոստացող երկտող մը: Սենեակի պատուհանին տակ դրուած՝ վայրի կակաչներու մեծ փունջ մը: Բարտիներուն արանքը դրոշմուած՝ քաղցրահամ առաջին համբոյրը, «ծառտակերը» տեղի ունեցած հանդիպումին՝ կեանքը միասին շարունակելու առաջարկը….

Արդէն հասած պատանիներ էինք, եւ մեր առօրեայ խօսակցութիւնը բնականաբար կը ծաւալէր միայն ու միայն մեր ապրած  «սիրային արկածախնդրութիւններուն» վրայ: Ի դէպ, տակաւին նոր սկսած էինք բացայայտել «ՍԷՐ» կոչուող առեղծուածը…

Սէրը մեզի համար այն ատեն թերեւս մեղմիկ խօսք մըն էր, սուր նայուածք մը, ձեռքի հպում մը, գեղեցիկ երգ մը կամ ոտանաւոր մը, որոնք կը թրթռացնէին ու միաժամանակ կը թարմացնէին մեր սիրտերը եւ կը լիացքաւորէին մեր հոգիները…

Մեր փայլփլող աչքերը, յաճախ կարմրող այտերը, մեր ճակատը խուժող ջերմութիւնը եւ մանաւանդ մեր մարիմնէն դուրս ժայթքող սրտի արագ զարկերը կը մատնէին մեր (իբրեւ թէ գաղտնի պահած) սիրային զգացումները, որոնք կը նմանէին անձրեւէն ետք երկինքը յայտնուած գունագեղ ծիածանին կամ ալ ձմռան ցուրտին յամարօրէն կանգուն մնացած անուշաբոյր նարկիզին:

Կը սիրէ՛, չի սիրեր, կը սիրէ՛, չի սիրեր….

Խեղճ «ծաղիկին» թերթիկները ամրօրէն պոկելով կը փորձէինք կռահել մեր սիրային կարգավիճակը:

Այդ ժամանակ սակայն դեռ սիրոյ «խաղին» մէջ չէինք ընկղմած, ոչ ալ անոր կապուած նուրբ զգացումները, սրտի տրոփիւնները եւ մարմնային թրթիռներն ու սարսուռները ամբողջովին փորձարկած էինք․ մենք պարզապէս սորված էինք սիրել կեանքը, սիրել բնութիւնը եւ մանաւանդ սիրել մեր գիւղը՝ «Այնճար»-ը…

Այնճարը մեզի բոլորիս համար եղած էր մեր առաջին սէրը:

Այնճարէն սորված էինք նաեւ սիրել մեր ազգը, սիրել մեր հայրենիքը, սիրել մեր դպրոցը, սիրել մեր լեզուն…. եւ ի վերջոյ սիրել զիրար:

«Միայն սէրն է որ կրնայ գերազանցել մարդկային հպարտութիւնը»՝ պատգամած էր Մուսա լեռցի-այնճարցի վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեան:

Սուրբ Սարգիսը՝ ըստ Մուսա լերան աւանդութիւններուն

Մուսալեռցի-այնճարցի ուսուցիչ եւ ազգագրագէտ Թովմաս Հապէշեան իր «Մուսա տաղի պապենական արձագանգներ» գիրքին մէջ կը գրէ .-

* *Սուրբ Սարգիսի աւանդութիւն

Մեր պապիկներն ու մամիկները կը պատմէին, որ Իսթամպուլի թագաւորը ծանր յարձակումի մը ենթարկուելով դրացի ազգի մը կողմէ՝ հայերէն օգնութիւն կը խնդրէ։ Օգնութեան կը փութայ Սարգիս զօրավարը՝ քառասուն ընտրեալ հայ քաջերով։ Կռիւը տեղի կ՛ունենայ․ թշնամին կը պարտուի։ Սարգիս իր ռազմական ճարտար խաղերով եւ կատարած հերոսական խոյանքներով կը դառնայ պատերազմի կեդրոնական դէմքը։ Կայսրը կը հիանայ անոր վրայ, բայց խորապէս կը նախանձի։ Կ՛որոշէ դիւային խաղով մը հայ քաջերը նոյն գիշերն իսկ փճացնել։ Կը հրամայէ խրախճանքի սեղան մը սարքել օրուայ հայ հերոսներուն ի պատիւ։ Կը հրամայէ իր մօտ բերել ամէնագեղեցիկ արուեստագիտուհիներէն քառասուն հռչակաւոր երգչուհի – պարուհիներ, որ իրենց շնորհքներով լիացնեն հայ քաջերը եւ ցանկայառոյց ծեքծեքումներով ու առատ գինիով արբեցնեն ու թմրեցնեն զանոնք, ճիշդ այդ ատեն խաղալու համար իրենց բուն դերը, այսինքն ածելի յատուկ դանակով կտրելու հայ քաջերուն խռչափողերը։ Հրահանգը կը կատարուի կէտը կէտին՝ նախաճշդուած ձեւով։ Միայն վճռական պահուն, Սարգիսի ընկերացող աղջկան ձեռքը կը դողայ, հոգին կը խռովի, աչքերէն արցունք կու գայ, կը բռնէ Սարգիսը ուսերէն ու կը ցնցէ զայն մէկ – երկու անգամ, մինչեւ որ սթափի։ Երբ Սարգիս աչքերը կը բանայ՝ աղջիկը կը յարէ․- «Քեզ սպաննելու եկած էի․ բայց հիմա քեզ փրկել կ՛ուզեմ․ իրիկուան խրախճանքը թակարդ մըն էր քու եւ ընկերներուդ դէմ ուղղուած։ Ընկերներդ մեռած են արդէն։ Աճապարէ՛, փախինք այս անիծեալ քաղաքէն․ սէրը կապեց զիս քեզի․ քու անբաժան ընկերն եմ ալ»։ Սարգիս կը ցատկէ տեղէն, կը հասնի ձիարան․ ետեւէն կը հասնի նաեւ գեղեցիկ ընկերուհին։ Սարգիս կը տնկուի ձիուն վրայ, ապա, ձեռքը տալով աղջկան, կը տեղաւորէ զայն թիկունքին․- Կառչէ՛ ուսերուս,- կ՛ըսէ եւ կը խթանէ ձին, որ անմիջական արագ թռիչքով մը, կ՛անցնի պարիսպին վրայէն եւ կը սուրայ դէպի Սելեւկիա։ Կարճ ժամանակով կը հասնի Մուսա տաղ։ Կը թառի Քէպուսիոյ հիւսիսակողմը գտնուող ահաւոր բարձունքի մը միջնամասին վրայ գտնուող քարայրի մը սեմին, որ կ՛ըլլայ իրենց ապաստանարան – բնակարանը։

Քարայրէն ներս պզտիկ խորան մը կը բացուի իրենց դիմաց, որուն առջեւ կեցած մոմ կը վառեն ու աղօթք կը մրմնջեն։ Այդ օրէն սկսեալ բարձունքն ու քարայրը կը կոչուին «Սուրբ Սարգիսը սար» եւ «Սուրբ Սարգիսը մաղարու» (Սուրբ Սարգիսի գահավէժ եւ Սուրբ Սարգիսի քարայր)։

Իրենց երկրորդ բնակարանը կ՛ըլլայ Եօղուն – Օլուգէն դէպի հիւսիս գտնուող ուղղաձիգ ահաւոր զառիթափի մը կուրծքին եղող քարայրը, որ արեւելքին բացուած ըլլալով՝ կ՛ընդունի առաւօտեան նորածագ արեւին առաջին լոյսն ու հաճելի ջերմութիւնը։

Սուրբ Սարգիսը Մուսա լերան ժողովուրդին համար հիացումի ու ներշնչումի աղբիւր եղած է։ Ինքն ու իր երիվարը մեր Սասունցի Դաւիթն ու Քուրկիկ Ջալալին կը յիշեցնեն։

*Քումպա (քումպու)

Սուրբ Սարգիսի տօնին սովորութիւն էր քումպու շինել։ Քումպուն շուրջ տասը սմ․ թանձրութեամբ եւ քառասուն սմ․ շրջագիծով հաց մըն էր, որուն վրայ, խմոր եղած ատեն, ընտանիքի անդամներուն թիւով փոսիկներ կը բանային, որոնց մէջ կը տեղաւորէին նոյն ընտանիքին շարժուն եւ անշարժ հարստութիւնը խորհրդանշող իրեր․ սոյն կարգադրութիւնը կ՛ըլլար ծնողքին կողմէ, տան միւս անդամներէն գաղտնի։ Խորհրդաւոր իրերը փոսիկներուն մէջ կը տեղաւորուէին գաղտնի՝ մանուկի մը ձեռքով։ Սոյն գործողութենէն ետք, քումպան կը պատէին «լըվակ» կոչուած բոյսին լայն տերեւներով, որ եփելու ատեն չայրի։ Ապա կը թաղէին զայն առատ մոխիրով եւ մոծիրներով կրակի մը մէջ, որ եփի։ Յաջորդ առաւօտ քումպան եփած կ՛ըլլար։ Կը հանէին զայն կրակէն ու մեծ դանակով մը կը բաժնէին մասերու, այնպէս որ իւրաքանչիւր կտորի վրայ խորհրդաւոր իրերէն մէկը պահուած ըլլար։ Ապա ամէն անձ իր նախասիրած կտորը կ՛առնէր։ Վայ անոր, որուն կտորին մէջ դրամը խորհրդանշող իրը ըլլար․ ընտանիքի բոլոր անդամները միաձայն կը պոռային․- Ծովը նետեցէք, ծովը նետեցէք․․․

Դժբախտաբեր դրամը որոշապէս Յովնան Մարգարէն կը յիշեցնէր։

Յատկանշական երեւոյթ է, որ փոխանակ բախտաւորութեան՝ դժբախտութեան չարագուշակ իմաստ վերագրուած էր դրամին՝ որուն ՏՈՒԼՈՒԹ (բախտ) անունը տրուած էր։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x