Առաջին անգամ Մուսա Լեռան հերոսամարտի տօնակատարութեան…

September 29, 2022
Գեղանկարը՝ Նշան Տէր Գալուստեանի (Մուսա Լեռան տօնակատարութիւնը Այնճարի ծառաստաններուն մէջ – «Ծառտակերը»)

Մուտք

«Կայ մի քաղաք աշխարհում,

Որտեղ իմ սէրն է ապրում,

Ուր որ հոգիս է թափառում,

Երբ շատ մենակ է մնում։

Ինչքան էլ որ դուք ինձ խնդրէք,

Չեմ ասի ձեզ ես երբէք,

Թէ ինչ քաղաք է դա,

Գուցէ բնաւ էլ չկայ։

 

Բայց երբեմն էլ ուզում եմ,

Հեռու լինել կարօտել,

Այրվել նրա կարօտով,

Յետոյ կրկին որոնել։

Կա մի քաղաք աշխարհում,

Որտեղ իմ սէրն է ապրում,

Գուցէ մենք ենք ստեղծել այն,

Ու անուանել ԵՐԵՒԱՆ։

․․․ Ու այսպէս, աշխարհի մէջ, որ անկիւնն ալ, որ հայ մը ծնի, անպայմանօրէն «Հայալարով» մը կը կապուի մայր Երեւանին։ Ու տակաւին «աշխարհի մէջ երկու հայ իրար չհանդիպած ու նոր հայաստան չկազմած» արդէն նորածին զաւակը մօր պորտալարէն դեռ չկտրուած կը կապուի «հայրենիք»ին, ուրկէ անդաստաններու վերեւ տատանող օրօրոցի մը նման կը ճօճուի մերթ դէպի Մարսէյ, մերթ Պոսթոն, մերթ ալ Դամասկոս եւ Պէյրութ․․․

Ու հակառակ հայութեան «կիսով կաղ ոտքին» նորածինը եւս․-

«Ուր որ ալ ոտքը դնէ՝ Սուրիոյ աւազին,

Փարիզի մայթին,

Թէ ՝ Նեղոսի ափին,

Միւս ոտքը խրուած պէտք է ըլլայ՝

Մասիս սարի ձիւնին մէջ ․․․»

Ու այսպէս շարունակ․․․

Հայու ծանօթ ճակատագիր:

Իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ « Երեւան»-ն է որ կը տրոփէ․․․

Իսկ հոս Այնճարն է՝ «փոքրիկ Հայաստան»․․․

Մենք այդպէս է որ մեծցանք. Հայրենիքը միշտ ապրեցնել մեր մէջ:

***

Կէսօրուան կիզիչ արեւը հորիզոնէն քաշած էր իր ճառագայթները․․․

Մեղմ զեփիւռ մը կը փչէր լերան ստորոտը, ուր Այնճարի «արծիւին»՝ Սուրբ Պողոս Եկեղեցւոյ կից գտնուող տարածութեան մէջ կը լսուէր միայն մատաղցու ոչխարներու «մայոցը»․․․

Անոնք գիտէին, որ մօտեցած է իրենց ժամը․․․

Եկած է «նահատակութեան» ժամանակը․․․

Թէեւ ճիշդ տարիքս չեմ յիշեր, սակայն բաւական փոքր ըլլալու էի։ Տակաւին «Մուսա Լեռ – Այնճար» ներկայ յուշարձանը չէր կառուցուած, ոչ ալ եկեղեցւոյ շրջափակը ունէր այսօրուան շքեղ տեսքը, պարզապէս երկաթեայ համեստ ցանկապատ մըն էր, որ կը սահմանագծէր տարածքը։

Այսօրուան յուշարձանի վայրին մէջ պատրաստուած էր յատուկ տարածք մը, որ կ՛ընդգրկէր պարզ տախտակներով ուրուագծուած բաժամունքներ։

Ինչ որ կը յիշեմ, հանգուցեալ մեծ հօրս սերունդն էր, որ կը ղեկավարէր Մուսա Լեռան հերոսամարտի եւ Խաչվերացի տօնակատարութիւնները, եւ յատկապէս աւանդական մատաղի՝ հերիսայի պատրաստութիւնը․․․

Անձնապէս բախտը չեմ ունեցած այդ տօնակատարութիւնները վայելելու Այնճարի պարտէզներու նախամուտին՝ «ծառտակերը», Ակի եւ ճաշարաններու տարածքէն ներս։

Ի դէպ, պատմուածներէն գիտեմ, որ հրաշալի մթնոլորտ, մեծ խանդավառութիւն եւ յիշարժան պահեր ունեցած են նաեւ ա՛յդ օրերը։

***

Այսօրուան պէս կը յիշեմ, որ այդ օրը մեր տան մէջ կը տիրէր տարբեր եռուզեր մը՝ տղամարդիկը, մեծ հայրս եւ հայրս կը շտապէին հասնելու իրենց ժամադրութեան, երթալու դէպի․․․

Ինչ որ իրենց խօսակցութիւններէն հասկցած էի, անոնք կ՛ուղղուէին դէպի եկեղեցի։ Բայց ինչո՞ւ․․․

Ժամը հինգը մօտեցած էր։ Մեր տունէն քիչ մը աւելի հեռուն երթալով, ես ալ ինքզինքիս յատուկ պարտականութիւն տուած էի մեկնելու «այդ վայրը» եւ պարզելու եղելութիւնը․․․

Սիրտս արագ կը տրոփէր, երեւի սխալ մը կամ յանցանք մը գործած ըլլալու մեղքէն մղուած՝ արեւնամուտին տունէն այդքան հեռանալուս համար, սակայն մեծ հետաքրքրութիւնս՝ քայլերս հաստատօրէն կ՛առաջնորդէր դէպի «հոն»․․․

Հազիւ 15-20 հոգիէ բաղկացած այնճարցիներու խումբ մը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ եւ դպրոցին միջեւ գտնուող տարածքին մէջ, աշխատանքային աշխոյժ եռուզեր մը ստեղծելով։

Մէկը կրակի համար փայտեր կը հաւաքէր։

Ուրիշներ ոչխարներուն կեր կը հայթայթէին, մինչ խումբին մաս կազմող կիներն ալ ցորէն կը լուային։

«Ի՞նչ կը կատարուի հոս․ արդեօք հարսանի՞ք կայ»․․․ կը մտածէի։

Բայց մեծ հայրս եւ հայրս ի՞նչ գործ ունէին։ Մեր հարազատներէն մէ՞կը պիտի պսակուէր․․․

Փոքրիկ թեւերս ցանկապատի երկաթներուն ամրացուցած հետաքրքրութեամբ կը դիտէի շուրջս, զննելով անցուդարձերը․․․

«Տեր Հայր»-ն ալ ներկայ է․ վստա՛հ հարսանիք է։

«Բայց խրախճա՞նքն ալ եկեղեցւոյ շրջափակը տեղի պիտի ունենայ»․ մտածումներուս թելերը աւելի երկարելով կը խորհէի․․․

Ու ճիշդ այդ վայրկեանին․ Ո՜՜՜չչչչչ․ ապշահար աչքերս փակեցի։

Այդ ի՜նչ տեսնեմ․

Գիւղի ծանօթ մսավաճառներէն մէկը իր մեծ դանակով ինքնավստահ կերպով հզօր հարուած մը իջեցուց հնազանդ կերպով ետեւ – ետեւի շարքի կեցած ոչխարներէն մէկուն վիզին, Մէէէէ՜՜․․․ ու այդ եղաւ անոր վերջին աղաղակը, նախքան․․․

Ու առատ արիւնը հոսեցաւ դէպի հողը, ջրելով կիզիչ արեւէն մինչեւ ընդերքը չորցած գետինը․․․

Մեղք են․․․

Ոչխարներուն մեղքը լալով գոռացի մտքէս․․․

Այնուհետեւ «խեղճ» անասունները մէկը միւսին ետեւէն աւանդեցին իրենց հոգիները։

Մթնշաղը իջած էր արդէն, եւ գործը բաւական գլուխ ելած։

18 կաթսաներ յատուկ կերպով պատրաստուած եւ կրակարաններու վրայ դրուած էին։ Մաքրուած ցորենը եւ ոչխարներէն «բզկտուած» միսերն ալ իրարու միախառնուած։

Ճիշդ այդ վայրկեանին եկեղեցւոյ ղօղանջներուն հետ հնչեց նաեւ աւանդական տաւուլ – զուռնան․․․ Ու հոոո՜փ բոլոր ներկաները անխտիր շրջանակ կազմած լաւ շուրջպար մը պարեցին․․․Կարծէք իրենց յոգնութիւնը մոռցած ըլլային՝ հաստատ քայլերով եւ կենսուրախ ժպիտով անդադար կը դառնային ու կը դառնային: Իսկ պարողները հազիւ կարճ դադար մը առին, երկու տարեցներ ներկաներուն ճիշտ մէջտեղը կանգնելով «ծունտր հաւա» մը տաքցուցին՝  կարծես երկխօսութեան մէջ մտնելով  «տաւուլ -զուռնային» հետ՝ անոր կշռոյթներով մէկ դէպի երկինք խոյանալով, մէկ ալ երկրպագութեան նման գետինը «համբուրելով»…

Երբ ահռելի տեսարանները արդէն վերացած էին մտքէս, ունեցայ քաջութիւնը աւելի մօտենալու խումբին, որուն մէկ անդամը անկիւնը սարքուած սեղանէ մը ինծի մօտեցուց հում միսի պատառ մը ըսելով․- «Կեր, անուշ ըլլայ»։ Մինչ օղիի հոտը արդէն տարածուած էր ամէն կողմ՝ միախառնուելով ծխացող կրակին եւ մատաղի արարողութիւնը օրհնող բուրվառէն բարձրացող խունկի բոյրին։

Խինդ ու ժպիտին կողքին սակայն աշխատանքն ալ հեզասահ կերպով կը յառաջանար կամաւորներուն հոգիները հանգստացնելով. Մինչ այդ, մեծաթիւ ուխտաւորներ արդէն ողողած էին եկեղեցւոյ շրջակայքն ու յարակից բոլոր թաղերը:

Մութը արդէն բաւական թանձրացած էր:

Չէ՛, ասիկա տարբեր բան մըն է։ Հարսանիք չէ՛․․․Մեծ տօնախմբութիւն է: Բռնելով եղբօրս ձեռքը մեկնեցայ տուն…

***

«Մուսա Lեռան հերոսամարտի տօնը առաջին անգամ յիշատակուած է Փոր Սայիտի գաղթակայանին մէջ եւ այդ օրուընէ սկսեալ կը յիշատակուի, իբրեւ Լիրրօն Խէըր (Լեռան բարիք)՝ հերոսամարտի տօն: Այս Տօնը Այնճարի օր չէ: Սակայն, զուգադիպելով Խաչվերացի տօնին, միասին կը նշուին՝ հերոսամարտն ու Սուրբ Խաչի տօները»:

***

Այդ օրէն ես հասկցայ որ Մուսա Լեռան Հերոսամարտի եւ խաչվերացի տօնակատարութիւնը լոկ հարսանիք չէր, ոչ ալ «Այնճարի Օր» է, այլ ան մեր նահատակներուն արեամբ ջրդեղուած հողին կանչն է: Համամարդկային ու ազգային ոգեղէն արժէքներու պահպանման ահազանգն է: Ինքնութեան գոյատեւման հրամայականն էր: Այդ օրը «հարսանիքն է լեռներում»…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x