Ձօն՝ Մուսալեռցի հերոսներուն…

September 19, 2023

Ցուրտ օրերը կանխող աշնանային իրիկնամուտ։

Դանդաղօրէն մարող ջերմութիւն։

Նռան գոյնով շաղախուած երկինք։

Կարմիր հող․․․

Սպիտակ դրօշ․․․

Արծիւը դարձեալ կը սլանար ահեղօրէն, աւետելու յաղթական երթը, մինչ սեւ գիշակեր ագռաւները, գլխիկոր շարքերով, սարսափելի կռինչով մը ՝ կ՛երգէին ողբալի մահերգը․․․

Կիսուած էր ճակատագիրը։

Բարձունքը՝ յաւերժութիւնը կը յուշէր, իսկ յատակը, անհետացում էր եւ չքացում։

Հո՛ն, Մուսա լերան ծովափէն վեր խոյացող ժայռերուն վրայ կը գրուէր պատմութիւն մը, նոր։

Նոր պատմութիւնը կը գրուէր։

Պատմութիւնը վերածնունդի, պատմութիւնը վերապրումի․․․

***

Մութ գիշերին, ալեկոծող ծովու ալիքներու ցոլքերէն, կը փայլփլէին արեան շիթերը նահատակներուն, որոնց անշնչացած մարմինները ծածկած սպիտակ պատանքները կը յառնէին դէպի վեր՝ իբրեւ մասունք սրբացեալ․․․

« Ուր ես մայր իմ, քաղցր եւ անուշ,

Սէր ծնողիդ զիս այրէ,

Լցան աչք իմ դառն արտասւօք,

Ոչ ոք ունիմ, որ սրբէ,

Ազդ արարէք մօրն իմոյ,

Որ գայ կարօտն իւր առնէ,

Գուցէ երբեք յետոյ եկեալ

Եւ զիս մեռեալ գտանէ․․․»

Կարծէք Մուսա լերան «խաւարման գիշեր»-ն էր այդ․․․

Մուսալեռցիներուն կողմէ ամբարուած սնունդն ու զինամթերքը սկսած էին հատնիլ, մինչ օսմանեան զօրքերը հետզհետէ կ՛աճէին եւ լերան ուղղութեամբ յարձակումը կատաղօրէն կը շարունակէին:

Մաքարումի ուժեղ կամքով թրծուած եւ մահուան գնով թշնամիին դէմ դնելու քաջութեամբ արմատացած քաջարի մուսալեռցիներու ինքնապաշտպանութեան կուռ շղթան սկսած էր փշրուիլ…

Պէտք էր գտնել շուրջ հինգ հազար հաշուող Ժողովուրդի փրկութեան «լաստը»:

Քառասուն օր ու գիշեր կատաղի կռիւ մղելէ եւ ոսոխի շարքերը հերոսաբար ետ մղելէ ետք, կացութիւնը պիտի փոխուէր:

Բնութիւնը դեռ կը ննջէր: Արշալոյսը տակաւին չէր բացուած Մուսա լերան արծուեբոյնին վրայ․․․

Միջերկրական ծովու բացերը կը շողշողար յոյսի ճառագայթը։

Թշնամի թուրքին յանձնուելու հաւանականութիւնը ամէն գնով բացառած եւ լեռ բարձրացած մուսալեռցիներու ձեռամբ պատրաստուած սպիտակ դրօշը, որ կարմիր խաչով «կնքուած» էր, ի վերջոյ շարժած էր ֆրանսացիներու գութը: Արդէն ֆրանսական պետութեան բարձրագոյն ատեաններէն տրուած էր մուսալեռցիները ապահով կերպով լեռէն իջեցնելու եւ զանոնք յատուկ մարտանաւերով շրջանէն հեռացնելու որոշումը:

***

            Հայերը բնաջնջելու եւ անոնց սեփական հողը յափշտակելու մարմաջով սնուած՝ վայրագ ու կատաղի օսմանցիներուն դէմ կանգնելու մուսալեռցիներուն արիութիւնը արդէն իսկ սկսած էր խմորուիլ  1890-ականներուն ծիլ նետած հայ ազատագրական շարժումին զուգընթաց եւ յատկապէս աւելի ուշ՝ Կիլիկիոյ «Մեծ Աղէտի» օրերուն։

            Անոնք լաւապէս հասկցած էին, որ ամրակուռ ժայռերէն ծնունդ առած լեռնցիներուն համար չէին կրնար գոյութիւն ունենալ գլուխ ծռելու եւ ընկրկելու երեւոյթները, այլ միայն խիզախութիւնը եւ դիմադրութիւնը կրնային ըլլալ իրենց շարժիչները։ Ու այդպէս, անոնք հասկցած էին, որ պէտք էր առաջնորդուէին սեփական ուժերով եւ դիմադրութեան ու ինքնապաշտպանութեան սրբազան առաքելութեամբ։

Ու ահա այդ ժամանակ, մուսալեռցիները, յատկապէս տղամարդիկը՝ պատանի, երիտասարդ եւ տարեց սկսան մարզուիլ ու զինուիլ, այլ խօսքով՝ կոփուիլ աննկուն կամքով ու անկոտրում ոգիով։

Եւ բնականաբար անոնց անմիջական գործակիցները եղան կիները, որոնք յատկապէս հերոսամարտի օրերուն հանդիսացան կռուող մարտիկներուն ջուր, սնունդ եւ փամփուշտ հասցնող «սուրհանդակները», հաց թխողները եւ իրենց հարազատ որդիները աղոթքի ուղեկցութեամբ պատերազմի դաշտ մղող հերոսածին մայրերը․․․

Հայ ժողովուրդի այս հատուածը եւս հասկնալով իր գլխուն սարքուած «սեւ խաղի ծալքերը» որոշեց շրջել ճակատագիրը եւ յանձնուելու փոխարէն բարձրանալ լեռը եւ դիմակալել թրքական յարձակումը։

Որոշումը տրուեցաւ, եւ շուրջ 5000 մուսալեռցիներ իրենց ընտանիքներով, անասուններով, փոխադրելի ինչքերով եւ զինամթերքով բարձրացան լեռը, ուր աւելի քան 40 օր արիաբար դիմադրեցին օսմանեան անթիւ-անհամար բանակին։ Անոնք իրենց հերոսութեամբ ու սխրագործութեամբ ոչ միայն հմայեցին «վիրաւոր» հայութիւնը, այլ համայն աշխարհը, որ այս հերոսապատումին ծանօթացաւ Ֆրանս Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» հանրայայտ վէպով։

Սեպտեմբերի կէսերուն էր, երբ մուսալեռցիներու օրուան ղեկավարութեան համար այլեւս յստակ էր, որ ժողովուրդի միակ փրկութիւնը պիտի ըլլար պատմական հայրենիքէն եւ սրբազան հողէն հեռացումը։ Եւ այդպէս ընթացք առաւ նախ հասարակ ժողովուրդի եւ ապա մարտնչող քաջարիներու պարպումը։

            Հայ ժողովուրդի այլ շերտերու նման, մուսալեռցիք եւս փրկուեցան ցեղասպանութենէն։

Անոնք քանի մը տարի «Փոր Սաիտի» մէջ (Եգիպտոս) ապաստան գտնելէ ետք՝ 1919-ին դարձեալ վերադարձան «հայրենի տուն», ուրկէ մուսալեռցիներու վերջնական բաժանումը տեղի ունեցաւ 1939-ին, երբ Սուրիոյ ու Անտիոքի հոգատարութիւնը ստանձնած ֆրանսական իշխանութիւնները այդ շրջանները յանձնեցին Թուրքիոյ հանրապետութեան։

***

«Միտքդ պահէ, որ դուն ճեպելմուսացի ես, այսինքն ապառաժներու առասպելատիպ լեռնաշխարհէն ծնած ես հողի մը վրայ, որ վերելք էր միայն ու շքեղութիւն, որ պայքար էր լոկ ու խանդավառ խոյանք, կռիւ էր եւ ազատ ապրելու անբեկանելի վճիռ»

ԷԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

1939-ին ծայր առած Մուսա Լեռէն հայութեան հեռացումով ու անոր Այնճար հաստատումով բացուեցաւ նոր հերոսապատումի մը էջը․․․

Մուսա Լեռ – Այնճար․․․

Այնճարը այսօր իր ինքնութեամբ ու էութեամբ կը հանդիսանայ Մուսա Լերան հերոսապատումի շարունակութիւնը։

Իրենց նախնիներէն հայրենասիրութեան բարձր ոգի ժառանգած այնճարցիները եւս դժուար եւ մանաւանդ օրհասական պահերու, իրենց գոյութեան ու լինելութեան սպառնացող փոթորիկներուն դիմաց գիտեն արիաբար կանգնիլ։

Տամլաճըգի գագաթին սրբացած 18 հերոսներու կտակին հաւատարիմ՝ մեծաթիւ նահատակներու նոր փաղանգ մը ջրդեղեց տակաւին փշոտ տափաստան մը կազմող Այնճարի ծառաւ հողը։

«Նոր թշնամի» մը կարծես խելագարօրէն կը մոլեգնէր Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի ստորոտը հիմնադրուած մուսալեռցի գաղթականներու վրանաքաղաքին վերեւ։

Սովը, ցուրտը, մալարիան ու այլ հիւանդութիւններ հաւաքաբար «կը հնձէին» մեծաթիւ հայորդիներ, որոնք այդ դաժան օրերուն նոյնիսկ չունեցան իրենց յիշատակը յաւերժացնող գերեզմաններ։

Անոնք սակայն այսօր կը հանգչին իրենց հաւաքական գերեզմանին մէջ, որուն վերեւ վերջերս բարձրացաւ այն խաչքարը, որ կը խոյանայ դէպի երկինք ու կը խնկարկէ անոնց անմեռ յիշատակին առջեւ։

Մուսալեռցիներու արիական ոգիով  թրծուած էին նաեւ Այնճարի փառքն ու պատիւը հանդիսացող բոլոր նուիրեալները՝

Օսմանցիներու ժառանգորդ՝ թուրք դեսպաններն ու դիւանագէտները պատժելու համար, նախապատրաստական աշխատանքներ ղեկավարելու նպատակով՝ Փարիզ մեկնած քաջարի «Ձիաւորը»:

Թշնամիին կողմէ դրդուած, հայ ազգային ու գաղափարական ընտրանիները վերացնելու մոլուցքով լեցուած վարձկաններու կողմէ առեւանգուած ու ապա անարգաբար նահատակուած «Մեծ Ղեկավարը»:

Նոյն թունաւոր արշաւի ծիրէն ներս՝ ի՛ր իսկ խանութին մէջ, ճակատէն ստացած փամփուշտէն սպաննուած՝ բոլորին հասնող ու ծառայասէր, գիւղի անզուգական «Նուիրեալը»․․․

Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի բովին մէջ հայ ժողովուրդին օգնութեան փութալու կամ Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց կեանքը զոհաբերած «մարտիկներն» ու լիբանանեան բանակի շարքային զինուոր՝ քաջարի «բանակայինը»։

Ու վերջապէս մեր այսօրուան դիմադրող արծուեբոյնին՝ կռուախնձոր Արցախի կանչին անսացած Վարանգաթաղի հերոս «Սոխակը»։

Տօ՛ն է այսօր հերոսամարտի։

Տօ՛ն է այսօր ոգեկոչման։

Տօ՛ն է այսօր նահատակութեան։

Տօ՛ն է այսօր վերապրումի․․․

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x