Մուսա-լեռեան Փետրուար (2). Տեառընդառաջ

March 12, 2023
"Միտքս թեւածելով հասած է Այնճար, ուր Տեառընդառաջի առիթով գիւղի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը վառի հսկայ խարոյկը..." (Լուսանկարները՝ Մուսալեռ-Այնճար ՖԲ էջէն)

Մեր շուրջն ու հոգիները պատուհասած անցած տարերքներուն պատճառած իրարանցումէն պահ մը կտրուած, կը դիտեմ մեր տան պատշգամէն երեւցող եւ զիրար ամրօրէն ագուցուած մերկ ծառերը, որոնք կարծէք իրարու փաթթուած՝ կը պայքարին զիրենք պառակտել ուզող փոթորիկներուն, կամ հողին ընդերքէն եկող եւ զիրենք արմատախիլ ընել փորձող ահաւոր ցնցումներուն դէմ։

Կ՛ուզեմ մոռնալ ամէն բան, թռչիլ դէպի մանկութիւն:

Առօրեայ տաղտուկներէն եւ ճնշումներէն փախուստ տալու համար  մտովին կ՛ուղղուիմ դէպի անցեալի յուշեր ու լողալով անոնց ալիքներուն մէջ, վերստին կը մանկանամ ու կ՛ապրիմ այդ անմոռանալի յիշատակներու բերկրանքը:

Ինծի այնպէս կը թուի թէ ուղղակի կ՛ապրիմ իր առաջին քայլերը առնող մանուկի մը հոգեվիճակը՝ մանաւանդ երբ կը յաջողիմ մեր՝ Մուսա լերան աւանդական արարողութիւններն ու տօնակատարութիւննեը մանրամասնօրէն՝  կէտ առ կէտ վերակառուցել մտքիս մէջ:

Այս անգամ կը մտաբերեմ Այնճարի մէջ փետրուարեան ցուրտ օր մը, որ կարծես կը վերակենդանանայ դիմացս: Աչքերս փակած կ՛երեւակայեմ այդ ժամանակներու Այնճարը, որուն պատկերները կարծէք ամրացուած երկար չուանի մը վրայ՝ կու տան տպաւորութիւնը բացօթեայ ցուցահանդէսի մը, ուր  իրար կողք  շարուած լուսանկարները  մեր տունէն երկարելով կը հասնին դէպի եկեղեցի:

Ցուցադրուող պատկերներու շարքին մէջ նախ կը յայտնուին այժմ գոյութէնէ դադրած մեր տան հին բակը եւ դէպի իմ «թաքստոցս»՝ ամէնէն սիրելի վայրս՝ վերին պարտէզը առաջնորդող քարաշէն աստիճանները: Կարծես նաեւ կը տեսնեմ շինարարութեան պատճառով արմատախիլ եղած եւ օրին ճամբեզրին գտնուող հսկայ ընկուզենին՝ հաստաբուն վկան «միմուն»-կապիկներու նման ծառ բարձրանալու եւ ակնթարթի մը մէջ անոր յատակը հասնելու մեր ֆիզիքական ճարտար հմտութիւններուն:

Աւելի անդին, կողք-կողքի կ՛երեւին մեր թաղի այժմ արդէն գրեթէ փակուած խանութները ու անոնց դիմաց մայթերուն վրայ կարգով կանգնած մեր այն թաղեցիները, որոնք արդէն տարիներէ ի վեր խաղաղ կը ննջեն, անդենական աշխարհին մէջ: Անոնք կը ժպտան ինծի, իսկ ես գլուխս թեքած ու վտիտ ձեռքերս վեր բարձրացուցած մէյ մը աջ կողմը ու մէյ մըն ալ ձախ կողմը կեցածներուն սիրալիր կերպով կը բարեւեմ:

Այդ բոլորը հարազատօրէն կ՛երեւին աչքիս, մինչ ես հօրս ձեռքը բռնած կ՛ուղղուիմ դէպի առաջ ու արդէն եկեղեցիին մօտենալով կը սկսիմ լսել բոժոժաւոր «քշոցի» կշռոյթներուն միախառնուած՝ շարականներու հոգեթով երգեցողութիւնը: Եկեղեցւոյ բակը կը տեսնեմ նաեւ մանկութեան ընկերներս, որոնք մեծ մասամբ արդէն մեկնած են երկրէն՝ իրենց կարգին փորձելով մերթ ընդ մերթ օտար երկինքներու տակ վերյիշել Այնճարի մէջ միասին ապրած գեղեցիկ օրերը:

***

Խոնաւ ու հսկայ փայտերու այրուածքն ու տաք հուրի ջերմութիւնը կը պատեն մարմինս, լարելով բոլոր զգայարանքներս միաժամանակ զիս կախարդական դիւթանքով մը օրօրելով ծննդավայրիս գիրկին մէջ։

Այո, միտքս թեւածելով հասած է Այնճար, ուր Տեառընդառաջի առիթով գիւղի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը վառի հսկայ խարոյկը, որուն ծուխի ուղղութիւնը, ըստ աւանդութեան, կ՛որոշէ տարուան բերքառատութիւնը։

Կրակին շուրջ հաւաքուած մեծերն ու փոքրերը անխտիր աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, որ այդ ուղղութիւնը անպայման դէպի հարաւ կամ արեւելք առաջնորդէ`առատ բերք ունենալու խնդրանքով, միաժանանակ անկէ պահանջելով զայն չտանելու դէպի հիւսիս կամ արեւմուտք՝ երաշտի ուղղութեամբ։ Մուսալեռցի ընտանիքներուն տարեց կիներն ալ այդ օրերուն լայն կը բանան դռները, դուրս քշելու համար ձմեռը եւ անոր հետ միասին բոլոր դժուարութիւններն ու փորձանքները` անոնց փոխարէն ներս հրաւիրելով գարունն ու անոր բոլոր բարիքները։

Ի՜նչ յիշատակելի պահեր կը վերապրիմ։ Փետրուարեան այդ ցուրտ օդին մենք ալ անպայման ընտանեօք պիտի յաճախէինք եկեղեցի, ուր մատուցուած ժամերգութենէն ետք դուրս պիտի գայինք շրջափակ՝ ըմբոխշնելու համար հսկայ խարոյկէն դուրս ժայթքող կայծերը եւ օրհնուելու դէպի երկինք մխացող անոր թանձր ծուխով։

Տեառընդառաջի այդ հսկայ խարոյկին յառաջացուցած բերկրանքը սակայն գիւղին մէջ ամէնէն աւելի կ՛ապրէին սիրահար զոյգերը, նշանուածներն ու նորապսակները, որոնցմէ կտրիճ երիտասարդները պիտի ցատկէին այդ հրակոյտին եւ անոր բոցերուն վրայէն, «մաքրագործուելու» նպատակով։

Իսկ կրակին թափը մեղմանալէ ետք, երեխաներն ալ նոյն ոստումը առնելով վեր կը ցատկէին եւ «չարէն կ՛ազատէին»։

Աւարտին, որ ինծի համար ամէնէն հետաքրքրական պահն էր, մենք՝ գիւղի երեխաներս ու պատանիներս, մեծերուն հետ միասին, կը փորձէինք այդ օրհնաբեր կրակէն վառած մոմերը առանց մարելու տուն հասցնել։ Ու ահա մրցում մը ընթացք կ՛առնէր, եկեղեցիէն ցրուող ժողովուրդի հոսքին մէջ իրարմէ առաջ անցնելու ցանկութեամբ վառուած մարդոց միջեւ․․․

«Աստուծոյ» կրակը տուն բերելով կ՛ուզէինք լուսաւորել մեր կեանքը, ունենալու համար արեւշատ եւ պայծառ օրեր․․․

Հապա մուրով «ծրարուիլը»․․․

Այդ ալ՝ ուրիշ պատմութիւն։

Ուրեմն, եկեղեցիէն բերուած այդ օրհնուած կրակով կը սեւցնէինք սուրճի պնակի մը յատակը եւ «արտադրուած» մուրով՝ տղայ թէ աղջիկ, սեւով կը գծէինք մեր աչքերը, ստանալով թերեւս փարաւոնեան Նեֆերթիթիի կերպարանքը, կամ ալ կը նմանէինք խափշիկի մը, որ յաջորդ օրը այդ տեսքով պիտի ներկայանար դպրոց: Այդպէս՝ մեզ կարելի էր նմանցնել նաեւ յատկապէս ցորենի արտերուն մէջ «գէշ» թռչունները վանող խրտուիլակներուն:

Մենք այսպէս է որ մեր անձը «կ՛ընծայէինք Տիրոջ»…

Ի դէպ, տուն հասնելէս առաջ ես անձնապէս Տեառընդառաջին կապուած կարեւոր պարտականութիւն մըն ալ ունէի․ պարտականութէնէ աւելի թերեւս առաքելութիւն մըն էր: Հսկայ խարոյկէն վառած մոմը դողահար ձեռքերովս լաւ բռնած պիտի փոխէի ճամբաս եւ դէպի ներս ուղղուելով, նախ պիտի մեկնէի մեր հարազատներէն տարեց ծերունիի մը բնակարանը, ուր «Աստուծոյ» օգնութեամբ եւ հրաշքով մը, առանց մարելու հասած մոմը պատարագի արարողութեան ընթացքին «ողջոյն տալու» քայլին նման պիտի մօտեցնէի հողով լեցուած թաղարի մը կեդրոնը կանգնեցուած մոմին, ու պիտի լուսաւորէի զայն, փոխարէնը ստանալով պառաւին աղօթքներն ու մաղթանքները.-«Շիւտ ապրե՛ս, եաւրըմ» (շատ ապրիս, հոգեակս), «հիւղ թըղ բռնիս, իսկա թըղ ըննու» (հող բռնես՝ ոսկի դառնայ)….

․․․Ու պահարանին մէկ անկիւնը պահուած եւ գեղեցիկ կերպով փաթեթաւորուած ծիրանով «մլպի» (apricot paste) մը իբրեւ վարձատրութիւն ստանալով կը շտապէի տուն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x