«Հարսանիք լեռներում․․․»

September 30, 2023
Գործ՝ Րաֆֆի Անտոնեանի

Անցնող օրերուն արձանագրուած սրտաճմլիկ տեսարանները, զիս փոխադրեցին դէպի անցեալ, ուր ցեղասպանութենէն հերոսաբար փրկուած ու ապստամբած մուսալեռցի նախահայրերս եւս, ստիպուեցան լքելու իրենց դարաւոր հայրենի հողը, ուղղուելով դէպի լիբանանեան Այնճար գիւղը, ուրկէ յարութիւն առնելով՝  անոնք կրցան կերտել նոր Մուսա Լեռ – Այնճարը։

Այս գրութիւնը կը նուիրեմ կենաց մահու պայքար մղող մեր սիրելի արցախցիներուն, որոնք պատիւով անցնելով պատերազմի բովով, դիմագրաւելով ահաւոր պայմաններ՝ շրջափակումը եւ սովը, այսօր պարտադրաբար բռնած են բռնի տեղահանութեան ճանապարհը` նետուելով անորոշութեան գիրկը:

Այս օրերուն խիզախ արցախցիներու ապրելու իրաւունքը ոտնակոխուեցաւ, սակայն անոնք երբեք չընկրկեցան: Արցախցին հզօր է «մեր լեռներուն պէս», ան «պիտի յառնէ փիւնիկի պէս» եւ վերստին պիտի կատարէ «Հարսանիք Լեռներում»…

«Լ.»

Ինչպէս հայ ժողովուրդի տարբեր շերտերուն եւ մասնիկներուն, այնպէս ալ մուսալեռցիներուն համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հարսանիքներն ու անոնց կապուած ծիսակատարութիւնները․․․

Ձեզմէ հաւանաբար շատերը ներկայ գտնուած են, Այնճարի մէջ Մուսա լերան աւանդական հինումին, որ ընդհանրապէս կը կատարուի հարսանիքէն օր մը կամ երկու օր առաջ։

Անհատնում երգ ու պար, տաւուլ – զուռնա, կերուխում եւ մանաւանդ առատ օղիի «անձրեւ»․․․

Հազարամեակներէ ի վեր իրենց հայրենի հողին՝ Մուսա լերան բնութեան ուժեղ ու կարծր նկարագիրը իւրացուցած մուսալեռցիները, իրենց սովորութիւններուն կողքին նաեւ նկարագրային յատկութիւնները փոխանցած են սերունդէ սերունդ։

Իրենց խիզախ լեռներուն նման՝ անոնք եղած են խրոխտ ու արի եւ անզուգական բնութեան նման՝ հիւրասէր եւ բարի, բայց նաեւ կոշտ ու յամար։

Քանի կը խօսինք հարսանիքի եւ մուսալեռցիներու նկարագրային յատկանիշներուն մասին, եկէք ձեզի պատմեմ հետեւեալ պատմութիւնը։

Հօրենական կողմէն, մեծ հայրս՝ Այնճար եկած ատեն, քսաննոց երիտասարդ մը եղած է։ Աշխատած է իբրեւ հողագործ, սակայն իր անձէն ու ընտանիքէն աւելի սիրած է ազգը եւ «օղին»․․․

Չափազանց հայրենասէր եւ ընկերասէր՝ մեծ հօրս համար հիմնականը եղած է «ազգին կանչը», որ շատ յաճախ աւելի բարձր հնչած է, քան իր իսկ հարազատ ընտանիքի կամ զաւակներու խնդրանքները։

Ինչ ալ ըլլային իր տնտեսական պայամանները, ինք անպայման նախ ազգին բաժին պէտք էր հանէր եւ յետոյ միայն մտածէր ընտանիքին մասին։

Ասոնց կողքին սակայն, մեծ նուիրումով սիրած է նաեւ «օղին», զոր «անապական» ըմպելիի նման կուլ տուած է, Աստուծոյ պարգեւած իւրաքանչիւր գիշերը, գործէն վերադառնալէն ետք, շատ յաճախ զայն կիսելով նաեւ իր թաղեցի ընկերներուն հետ՝ կտոր մը «սուրքիի» եւ քիչ մըն ալ լոլիկի ու սոխի ընկերակցութեամբ։

Այս յատկանիշներուն կողքին, մեծ հայրս եղած է նաեւ «պինդ գլուխ» մը եւ չափազանց անդրդուելի՝ երբ հարցը վերաբերած է վէճի մը կամ անհասկացողութեան մը, ուր ինք ուժգնօրէն պաշտպանած է իր տեսակէտը, բացարձակապէս մերժելով ետդարձի կապուած որեւէ միջնորդութիւն, նոյնիսկ եթէ այդ աննշան վիճաբանութիւնը տեղի ունեցած է իր շատ սիրելի ընկերներէն մէկուն հետ։

Եւ այդպէս ալ, ընտանիքին եւ ընկերներուն բոլորովին անհասկնալի պատճառներով, տարիներ շարունակ քէն եղած է իր ամէնէն մտերիմ ու իրեն նման «պինդ գլուխ» ընկերներէն մէկուն հետ։

Անոնք նոյն թաղը ապրելով հանդերձ երկար ժամանակ ոչ մէկ կապ ունեցած են իրարու հետ` խզելով բոլոր յարաբերութիւնները։

Ի դէպ նշեմ, որ թաղեցիներ ըլլալով, հայրս ալ իր կարգին մտերիմ ընկեր եղած է «խնդրոյ առարկային» մէկ տղուն հետ, որոնք սակայն իրենց կապը սովորականին նման շարունակած են եւ մինչեւ այսօր անոնք մտերիմներ են։

Այս անհասկնալի եւ զարմանալի վիճակը տեսնելով, մայրս, որ օրին երիտասարդ հարս մըն էր, ունեցած է այս երկու «ոխերիմ» բարեկամները հաշտեցնելու փայլուն գաղափարը։

Ան ոգի ի բռին, գաղտնաբար «աշխատած» է եւ ի վերջոյ կրցած է ճար մը գտնել այս գժտութեան։

Ոչ ոք հաւատացած է նման քայլի մը արդիւնաւէտութեան․ ոչ թաղեցի տարեցները, ոչ ալ իրեն հասակակից կիները, որոնք բոլորն ալ մատնանշած են հարցին անկարելիութիւնը։

Առանց մէկուն ականջ տալու սակայն, մայրս լռիկ – մնջիկ «հիւսած» է խոհեմ ծրագիր մը ու անցած առաջ։

Ի միջի այլոց, նախքան այս հնարքին մասին մտածելը, թաղեցի տարեցներու հետ սուրճ խմած ատեն մայրս՝ իրենց նստած բակին դիմացի մայթին վրայ, նկատած է մեծ հօրս «ոխերիմը», որ իր կարգին, տաք զրոյցի բռնուած է իր տարեկից ընկերներուն հետ, սովորական ժամադրավայրի վերածուած այդ տարածքին մէջ՝ ամէնօրեայ դրութեամբ կայացող հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին։ Երբ ան տեսած է մայրս, սկսած է քիթին տակէն մրթմրթալ եւ մեղմ սակայն անարգական արտայայտութիւններ ունեցած է մեծ հօրս հանդէպ։ Այդ լսելով մայրս քաղաքավար ձեւով եւ «մեծերը յարգելու» սկզբունքէն մեկնած՝ անոր յայտնած է, որ կարելի չէ «ընկերոջ» մը մասին այդպէս խօսիլ, եթէ նոյնիսկ անոր հետ խնդիր մը պատահած ըլլայ եւ կապերը խզուած ըլլան։

Եւ այդ վայրկեանին մայրս անմիջապէս աւելցուցած է ըսելով, որ կ՛ուզէ հաշտեցնել զիրենք։

Մարդը ծիծաղելով յայտնած է, թէ նոյնիսկ Աստուած չի կրնար նման առաքելութիւն մը կատարել, որովհետեւ մեծ հայրս անկարելի է որ ետդարձ կատարէ ու հաշտութեան ձեռք երկարէ։

Իսկ մայրս հարցուցած է, որ եթէ ան յօժարի, ապա ինք կը համաձայնի՞։

Ան գլուխը կախելով եւ չափազանց ցած ձայնով յայտնած է, որ արդէն իսկ իրենց կեանքի մեծ բաժինը անցած է, եւ այս աշխարհին մէջ իրենց շատ կարճ ժամանակ մնացած է․․․ Ձեւով մը հասկցնելով որ ինք ալ դժգոհ է իրենց յարաբերութեան խզումէն։

Այս «կանաչ լոյսը» ստանալով, մօրս մնացած էր միայն կատարել «անկարելի առաքելութիւնը»։

Որոշ ժամանակ անցնելէ ետք, այդ մարդուն զաւկին ամուսնութեան օր կը նշանակուի։ Մայրս կը շտապէ անոնց տունը, խնդրելով որ հօրս անունով ուղղուելիք հրաւէրէն բացի, մեծ հօրս անունով ալ հարսանեկան հրաւէր մը ուղարկուի։ Բոլորը շշմած կը նային դէպի մայրս, բայց ի վերջոյ կը կատարեն անոր խնդրանքը։ Հարսանեկան երկու քարտերը ձեռքը բռնած մայրս կը վերադառնայ տուն։

Արդէն գծուած է երկու «ոխերիմներու» հաշտեցման քարտէսը․․․

Հարսանիքէն շաբաթ մը առաջ, երբ մեծ հայրս գործէն տուն կը վերադառնայ, մայրս անոր կը յանձնէ շաբաթավերջին տեղի ունենալիք հարսանիքի հրաւէրը` ըսելով, որ մեր տունէն քանի մը մեթր անդին բնակող երկարահասակ ալեւորը զայն բերած է եւ  խնդրած յանձնել հասցէատիրոջ։

Մեծ հայրս ծրարը բանալով շշմած է, արհամարհական բայց միաժամանակ չափազանց բարկացած դէմքով մը, սուր նայուածք մը նետած է մօրս կողմը։

Ան ապա առանց բառ մ՛իսկ խօսելու, ծրարը ձեռքը, ջղայնացած, մտած է սենեակը։

Յաջորդ առաւօտ, երբ ամէն ինչ հանդարտած է, ան կամաց մը մայրս կանչած է իր մօտ ըսելով․- «Ո՜վ հարս, դուն ճշմարտութի՞ւնը կը խօսիս, թէ իմ վրաս թատրոն կը խաղաս․ հաճիս բացատրէ այս բացիկին պատմութիւնը»։

Մայրս ալ ամենայն «անկեղծութեամբ» յայտնած է թէ եղածը պարզ բան մըն է, այդ մարդը, որուն ինք այդքան ալ լաւ չի ճանչնար, մեր տուն գալով իրեն յանձնած է բացիկը եւ թելադրած որ կատարէ իր խնդրանքը։

Ու այդպէս․․․

Քանի մը օր այդ նիւթին մասին ոչինչ  խօսուած է։ Մեծ հօրս կողմէ միայն քառ լռութիւն տիրած է։

Հարսանիքին օրը մայրս նկատած է, որ մեծ հայրս առաւօտ կանուխ սկսած է պատրաստել իր այն հանդերձանքը, զոր ընդհանրապէս կը հագնի պաշտօնական առիթներու եւ հարսանիքներու։

Կէսօրուան ճաշէն ետք, մեծ հայրս կարճ ժամանակի մը համար բացակայած է տունէն, ուր վերադարձած է կալոն մը օղիի ընկերակցութեամբ։

Լռութիւնը շարունակած է մնալ տիրական։ Մեծ հայրս ոչ մէկ բառ արտասանած է։ Հանդարտութեամբ ուղղուած է սենեակը եւ սհսած է պատրաստուիլ տունէն մեկնելու։

Ու հազիւ հնչած է թմբուկին ձայնը, ան կալոնը ուսին դրած կամաց-կամաց քայլերը նետած է դէպի․․․

Անոր քայլերը զինք ուղղակի առաջնորդած են դէպի իր երբեմնի «հարազատ բոյնը»՝ հարսնեւորներուն տունը։

Հեռուէն երբ ընկերը տեսած է զինք, արդէն կրցած է հասնկնալ եղելութիւնը եւ անմիջապէս սկսած է տաւուլ – զուռնային ուղեկցող հարսնեւորներու խումբը առաջնորդել դէպի զինք ու դարձեալ առանց բառ մ՛իսկ արտասանելու, երկու «անբաժան» բարեկամներուն մասնակցութեամբ եւ  Մուսա լերան աւանդական «ծունտըր հաւայի» խրոխտ պարով մը տեղի կ՛ունեցած է պատմական հաշտութիւնը․․․

Մուսա լերան աւանդական հարսանիքներու մասին բացատրութիւններ՝ քաղուած https://mousaleranjar.org/ կայքէջէն։

Մուսա Լերան հարսանիքները կ՛ըլլային մեծ շուքով.  իրաքանչիւր օր ունէր իր խորհրդաւոր եւ յատուկ ծէսը: Շաբաթ մը առաջ փեսային կողմը օժիտի (գումաշի) կ՛երթային քաղաք` հարսանեկան զգեստներ գնելու:

Հինգշաբթի կը սկսէին կերուխումի կարգադրութիւնները. այդ օր անասունները կը մորթուէին, հարիսայի ցորենը կը լուացուէր եւ կը ծեծուէր:

Ուրբաթ իրիկունը, ընդհանրապէս, հինումի կը յատկացուէր: Մեծ բազմութիւն կը հաւաքուէր, եւ հինումի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար հարսնացուին ազգականներուն եւ ընկերուհիներուն ներկայութեան: Ապա ուրախութիւը կը շարունակուէր փեսացուին տունը մինչեւ լոյս:

Խրախճանքին գիւղին նշանուած տղաքը կը բերուէին եւ պարաններով կը կապուէին տան առջեւի ծառերուն ու փրկագին կը պահանջուէր անոնց նշանածներուն տուներէն: Փրկագինը կ’ըլլար օղի, հաւ կամ երկուքը միասին: Ստացուածը կը գործածուէր երիտասարդական կերուխումին համար:

Հարսանեկան ուրախութիւնները կը սկսէին շաբաթ օր: Սեղանները լեցուն կ՛ըլլային բազմատեսակ կերակուրներով եւ օղիի շիշերով: Առանց թմբուկ-զուռնայի` հարսանիք չէր ըլլար:

Թմբուկի եղանակներուն կ’ընկերանային եւ կը յարմարէին զոյգ մը պարողներ` դէմ դիմաց կեցած, թաշկինակներ իրենց ձեռքին: Կիներուն մէկ մասը խրախճանքի ամենատաք պահերուն զիլ ձայներով զղլայթներ կ’արձակէր: Կարգը կու գար փեսացուն եւ փեսաղբարը սազելուն: Պայման էր, որ սազողները ըլլային երկու նշանուած երիտասարդներ:

Հագուստի իւրաքանչիւր կտոր քանի մը անգամ կը դարձնէին փեսացուին եւ խաչեղբօր գլխուն շուրջ,  ապա կը հագցնէին` «Շնորհաւոր թող ըլլայ» գոչելով: Իսկ երիտասարդները զէնքեր կը կրակէին զղլայթներու ընկերակցութեամբ:

Կարմիր եւ կանաչ թաշկինակներ (քաֆիա) խաչաձեւ կը կապէին փեսացուին եւ փեսաղբօր կուրծքին:

«Խորհուրդ խորին» եւ առիթին յատուկ շարականներ կ’երգուէին քահանային կողմէ, եւ թափօրը ճամբայ կ’ելլէր դէպի խնամիենց տունը` հարսնացուն առնելու եւ եկեղեցի առաջնորդելու: Տան առջեւ ալ պարեր տեղի կ՛ունենային` թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ, եւ հարսնացուն` ձիու վրայ հեծած, եկեղեցի կը տարուէր ս. պսակի խորհուրդին:

Հարսը հօրենական տունէն բաժնուելու ատեն կը պարէր (կու լար). այս միջոցին յատուկ երգ մը կ՛երգուէր:

Երբ հարսանեկան թափօրը եկեղեցի կ՛ուղղուէր, փողոցներէն անցնելու ատեն հարսին գլխուն կը նետէին դրամներ եւ բուռ-բուռ հատիկներ,  որ կը յիշեցնէր Արտաշէս արքայի եւ Սաթենկի հարսանիքը:

Հարսը, երբ տուն հասնէր, անմիջապէս չէին իջեցներ ձիէն, փեսային ծնողքին եւ ազգականներուն կողմէ կը տրուէին արժէքաւոր նուէրներ, որոնք կը կոչուէին զա՜նկըլըք (ասպանդակի նուէր) եւ կ’ըլլային կալուած, ծառեր, դրամ եւ այլն:

Հարսը, երբ ձիէն իջնէր, տան սեմին կը կանգնեցնէին զինք եւ գլխուն բաղարջ մը հաց դնելով` խաչաձեւ կը կտրէին, ապա գունդ մը խմոր կու տային ձեռքը, որպէսզի փակցնէր դրան վրայ. հարսին կը յանձնէին նաեւ ջուրի կաւէ սափոր մը, որ զարնելով շեմի քարինֆ կը փշրէր, եւ ջուրը կը տարածուէր տունէն ներս ու դուրս: Ապա կու տային ձեռքը անուշահամ եւ գեղեցիկ մեծ նուռ մը, որ ուժգնօրէն զարնելով` կը պայթեցնէր, եւ որուն կարմրուկ հատիկները կը ցրուէին տունէն ներս ու բակին մէջ:

Ապա խունկի բոյրով, խինդ ու սիրով հարսը կ՛առաջնորդուէր իր նոր բոյնը:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x