«Անմահական Խնձորը»…

November 16, 2022
Գեղանկարները՝ Կարպիս Քէնտիրճեանի, քոլաժը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Քամիի մեղմ սուլոցը, հերթաբար մեզի այցելող անձրեւները, եւ մանաւանդ տերեւաթափ ծառերը արդէն իսկ կ՛աւետէին աշնան գալուստը, որ միաժամանակ հրաժեշտ կու տար երամ – երամ գիւղէն հեռացող թռչուններուն․․․

Այդ օրը օդը թէեւ պայծառ էր, բայց պաղի «քնքուշ» սարսուռ մը կ՛արձակէր մարմնիս դէմ, մինչ ես կանգնած՝ նարնջագոյն, դեղին, կանաչ ու սրճագոյն տերեւներու բլուրի մը դիմաց, կը հրճուէի բնութեան ստեղծագործած հրաշագեղ համայնապատկերէն՝ կապոյտ երկինք, դեղին արեւ, սպիտակագոյն ամպեր, կիսամերկ ծառեր ու մանաւանդ գոյնզգոյն տերեւներով հիւսուած գորգեր, որոնք փռուած էին Այնճարի պարտէզներուն արահետներու եզերքները՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր տան գորգերը կը ծածկէին գետինը, երբեմն ալ սենեակէ սենեակ գեղագիտական կամուրջներ նետելով։

Ու ի՜նչ ըսել, ներկայիս, յատկապէս ամրան եղանակին, Սուրիայէն փախուստ տուած գաղթականներու թէ Այնճարի մէջ հողամշակութեամբ զբաղող գնչու (պետեւի-վերաբնակ) կիներու զաւակներուն միակ զբօսավայրին՝ Այնճարի ծանօթ «գանալներուն»՝  մասին. «գանալներ», որոնք 1940-ական թուականներուն Ֆրանսական բանակի ճարտարապետներուն կողմէ կառուցուած «անծայրածիր» ոռոգման ջրանցքներ են, ուր մենք եւս ժամանակին կատարած ենք լողալ սորվելու մեր առաջին փորձերը։ 

Մօրս հիւսած բուրդէ ձորձկոնը (blouse) եւ մանաւանդ կնքամօրս քնքուշ ձեռքերով ստեղծագործուած գլխարկը, թովութիւն մը կու տային ինծի, երբեք ալ  չզգացնելով  անոնցմէ դուրս մարմինս պարուրող ցուրտի ալիքները։ Միայն քիթս էր, որ քիչ մը կը սառէր այն նշաններէն, որոնք կու գային չարաճճի կատուի մը նման քամիին արձակած ճանկերու թեթեւ հարուածներէն։

Ու ճիշդ այդ վայրկեանին էր, երբ յանկարծակի շարժումով մը թեւերս բաց ու ամբողջ մարմինս կռնակի վրայ նետեցի մօտակայ տարածքէն հաւաքուած չոր ու կանաչ տերեւներու մեծ կոյտի մը վրայ, ակնթարթով մը կորսուելով այդ հրաշալի խառնուրդին մէջ։

Խինդն ու ծիծաղը կը ժայթքէին դէմքէս, մինչ ես աչքերս երկինք յառած կը դիտէի նոյն ուժականութեամբ իրար ետեւէ պար բռնած ու շրջանակ կազմած գաղթող թռչուններու «ամբոխը», որ կարծես ցտեսութիւն կ՛ըսէր ինծի, ուղղուելէ առաջ դէպի իր նոր «գաղթակայանը»։ 

Իրար կարգ չտալով, երեխայական առաձգական շարժումներս զիս մերթ վեր կը նետէին տերեւներու թումբէն, մերթ ալ կը մխրճէին անոնց խորերը, ամբողջ մարմինս «քամոֆլաժ»ի ենթարկելով ու գլուխէս մինչեւ ոտքերուս յատակը տերեւային թերթիկներով ծածկելով։ 

Հրճուանքի այդ պահը տակաւին չաւարտած, յանկարծ ճիշդ կողքս, նկատեցի, դեղին պինդ ու կլոր խնձորներու կոյտ մը, որ կարծես կախարդական նոյն դիւթանքով զիս կը քաշէր դէպի զինք՝ կտոր մը տուրմի կամ շաքարեղէնի դիմաց երեխայ մը խաբած ըլլալու ինքնավստահութեամբ։

«Կարելի է արդեօ՞ք» կը մտածէի մտքէս։

«Ինչու չէ՛»։ «Ելլեմ ու այս անգամ  նետուիմ այդ խնձորներուն վրայ», ըսի:

Յանկարծ կեդրոնաձիգ ուժ մը զիս գամեց տեղս, անշարժացնելով մարմինս, որ մինչ այդ, ձգողական պարսատիկի մը նման կը փորձէր դուրս ելլել տերեւներու «լափիւրինթոսէն»:

«Ինչպէ՞ս կարելի էր նետուիլ խնձորներու կոյտին վրայ, չէ որ անոնք «սուրբ» են»․․․

Այնճարի հողին ուժը ծծած ու անոր արեւէն սնանած խնձորը մեզի համար «սուրբ» պտուղ մըն է, հակառակ Ծննդոցի պատմած «արգիլեալ» պտուղին եւ զայն ճաշակելու մեղսագործութեամբ ամբաստանուած Ադամի ու Եւայի գործած մեղքին։

Ամէն տարի, այս ժամանակներուն, այնճարցիք, խաբեբայ գուշակի մը պատճառած սարսափի զգացումներով կը հետեւին խնձորներու առուծախի արարողութիւններուն, որոնք աւելի ճիշդ՝ կը նմանին սակարանի չարագուշակ կշռոյթներուն հետեւող մարդոց մտազբաղ վիճակներուն ։

Հէյյյյյ՜՜՜, վերջապէս ծախուեցաւ․․․ 

Ոհհհ, տակաւին չէ՛ ծախուած։

Իրապէս, ճիշդ այս օրերուն, այնճարցիներու մեծամասնութեան խօսակցութիւնները կը կեդրոնանան խնձորի (թէ այլ) պարտէզներուն կապուած արկածախնդրութիւններուն ու մանաւանդ բեռքը վաճառած չվաճառած ըլլալու առեղծուածին վրայ։ 

Հակառակ «սուրբ» պտուղ մը ըլլալու իր հանգամանքին սակայն, խնձորը ինծի համար երբեմն նաեւ կու տայ «արգիլեալ» պտուղի մը համը, հետեւաբար զայն մեծ դժուարութեամբ կը գնեմ շուկայէն, քանի որ մեր սեփական պարտէզէն բացի, խնձոր ուտելու եւ գնելու երեւոյթը ինծի համար կը թուի ըլլալ հօրս դաւաճանած ըլլալու արարք մը։ 

Մինչ հօրս համար, քանի մը հեքթար տարածութեամբ մեր խնձորի պարտէզը, իր մէջ կը խտացնէր ամբողջ «Հայոց Պատմութիւն»-ը…

Ծառերուն վրայ փայլփլող արեւահամ պտուղները կը նոյնանային «Մեսրոպեան այբուբեն»-ին հետ, իսկ անոնց վաճառքի յաջող գործառքը արդէն մեր փառայեղ յաղթանակներուն եւ յատկապէս Մուսա Լեռան Հերոսամարտի  «անկրկնելի նուաճում»-ը կը յուշէր…

Ասոնց դիմաց սակայն, անձրեւահար բեռքի գետինը ողողած բեկորները կամ հասած բեռքը ակնկալուածին չափ լաւ չկարենալ վաճառելը արդէն իսկ կը բանային «ողբի ու տառապանքի» սեւ արահետները՝ ամբողջ հորիզոնին վրայ ուրուագծելով մեր բոլոր ողբերգութիւնները ու մանաւանդ «Ցեղասպանութիւն»-ը:

Անկախ սիրտ կեցնող ու շատերու հիւանդութեան պատճառ դարձած բեռքի վաճառքի «բախտախաղին»՝ խնձորին կապուած գեղեցիկ յիշատակներ եւս գամուած են մտքիս մէջ՝ կապուած ընդհանուր ծիսակատարութեան․ խնձորի ծառերու խնամքէն, բեռքը հասցնելէն, զայն վաճառելէն, եւ յատկապէս անկէ գոյացած հասոյթէն ինծի ալ բաժին մը տրամադրելու սովորութենէն․․․

Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս տարի մը, սրտով ու ոգիով մտած էի դէպի Լիպիա արտահանման համար նախատեսուած խնձորներու պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ։ Ինչ որ կը յիշեմ, պարտէզէն բերուած խնձորները կը դասաւորուէին մեր տան բակը, կամ ալ մեծ հօրս (մօրենական կողմէն) այգիին մէջ, ուր կար մեծ աւազան մը, որուն շուրջ կը կատարուէր «գործարանային» այդ աշխատանքը։

Առաջին հերթին կը կատարուէր խնձորներու զտումը։ Լաւերը եւ մեծերը կը խմբուէին, մինչ պզտիկները կամ համեմատաբար հասունները կը դրուէին մեծ տաշտի մը մէջ, ուրկէ անոնք կը տեղափոխուէին մեր տուները՝ խնձորի անուշ, համեղ քաղցրեղէն, քացախ պատրաստելու կամ իբրեւ սովորական ուտեստ օգտագործուելու համար․․․

Իսկ «ծախու» հանուածները, որոնք հարսնցուներու կերպարանք առած կ՛ըլլային, կը տեղադրուէին յատուկ սփռոցի մը վրայ, ուր լաթով մը քիչ մը սրբուելէ ետք, կը փաթթուէին՝ բաց կապոյտ, վարդագոյն, կանաչ, եւ դեղին թուղթերու մէջ եւ ապա տեղադրուելով տախտակէ սնտուկներու մէջ կ՛ուղարկուէին դէպի իրենց նոր բոյնը՝ «փեսային տունը»․․․

Մեծ աշխուժութեամբ մը,  ես ալ կը մասնակցէի այդ աշխատանքին, որմէ իբրեւ աշխատավարձ կը վաստկէի այդ գունաւոր թուղթերու թափթփուքները, որոնք բարակ թելերու տպաւորութիւնը կու տային։ Ես զանոնք օդը նետելով տարոս կը մաղթէի Այնճարի մէջ բոլոր «հասած» աղջիկներուն։

Լիւլիւլիւլիւլիւ՜՜՜՜՜․․․

Այդ ամբողջ արարողութեան ընթացքին նաեւ ականջ կու տայի մեծերուն խօսակցութիւններուն, ուրկէ հաւաքած կէս – կտուր բառերը puzzle-ի մը նման իրար քով շարելով մտքիս մէջ կը փորձէի պատկերացնել այդ «նոր» վաճառականութեան՝ «Մետաքսի ճանապարհը»։

Մեր խնձորները, Այնճարէն, յատուկ փոխադրակառքերով կ՛ուղղուէին դէպի Սուրիա, սակայն անկէ ետք անոնց ուր երթալը չէի գիտեր, որովհետեւ այն օրերուն անոնք ինծի համար բոլորովին անծանօթ վայրեր էին։

Միթէ աշխարհի մէջ կա՞յ որեւէ պտուղ, որ կու տայ Այնճարի եւ յատկապէս մեր պարտէզի խնձորին համը։

Խնձոր, ուր կը գտնէք խնամքի, հոգատարութեան, նուիրուածութեան ու ընտանեկան ջերմ սիրոյ ամբողջ գումարումը․․․

Մուսա Լերան շառաւիղ՝ այնճարցիները, գլխաւորաբար կը զբաղին հողագործութեամբ։ Անոնք իրենց սեփական պարտէզներուն եւ այգիներուն մէջ կը խնամեն խնձոր, դեղձ, սալոր, խաղող եւ տարբեր տեսակի պտուղներ ինչպէս նաեւ բանջարեղէններ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթն է, որ կ՛ապահովէ գիւղին մէջ ապրող ընտանիքներու հիմնական եկամուտը։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x