Մուսալեռեան Փետրուար (3). Բարեկենդան

March 19, 2023
"Բարկընտէն-Բարեկենդան". Ռաֆֆի Անտոնեան, իւղաներկ, 1997

Մթնցած էր արդէն: Արեւը` յոգնած, մեկնած էր: Փետրուար ամսուան համար ցերեկը թէեւ պայծառ եղած էր աւելի քան երբեք, սակայն մութը կոխելէն ետք, յանկարծ, կարծես ամէն բան փոխուեցաւ: Մռայլ ամպերը կուտակուեցան, տեղատարափ անձրեւ տեղաց, եւ անոր պղտոր ջուրերը իրարու խառնուելով Այնճարի ակը հոսեցան:

Ակի պահակ տղոց հիւղակէն դուրս բարձրացող ծուխը ամպի նմանող թանձր մարմին մը ստեղծած էր լճակին վերեւ. «ապտիլ»ի բեմականացում մը կը ներկայացուէր այնտեղ: Հոն սակայն չկային այլանդակ դէմքեր, այլ կարծէք վերակենդանացած էին Մուսա լերան հերոսամարտի քաջերը, որոնք եւս «իմացեալ մահը՝ անմահութիւն է» Վարդանանց կարգախօսով զինուած՝ անհաւասար, կատաղի կռիւ կը մղէին ոսոխին դէմ: Մուսալեռցի քաջորդիներուն որսորդական հրացանները բաւարար էին փախուստի մղելու համար թշնամիի անթիւ-անհամար զօրքերը… ճիշտ այնպէս, ինչպէս կը նկարագրէ մուսալեռցի մեծ գրող Եդուարդ Պօյաճեան իր «Ապստամբութիւն» խորագրեալ սքանչելի քերթուածին մէջ.

Պայծառ նախնիք,

Արիութեան դուք մեծագոյն արարք ըրիք:

 Քառասուն օր ու աւելի՝

 Դուք կռուեցաք հերոսութեամբ անասելի:

 Մեծ բռնութեան մեծ ուժերուն,

 Բորբ ու եռուն,

 Հակադրեցիք ազատութեան վիթխարի սէր,

Կամք աներեր:

Պատուախնդիր պայծառ պապեր,

Առի՛ւծ պապեր,

Կնոջ համար, զաւկի համար, թոռան համար եւ օճախի՝

Մարտ մղեցիք քառասուն օր անզուգական դուք խիզախի:

Բա՜րձր կեցաք

Ու բարձրագոյն մահով մեռաք:

Իսկ անոր «Դիւցազնամարտ» բանաստեղծութեան մէջ ալ կը կարդանք.-

Քառասուն օր, աւելի՛, Պատուոյ Լերան կատարին,

Թնդաց ձայնը ձեր երգին, զէնքի ձայնին խառնուած,

Քառասուն դար, բի՜ւր դարեր, յաւիտեաններ թող հնչեն,

Անունը ձեր, բառը ձեր, իտէա՜լը ձեր լուսամած:

          Եւ ահա յաղթանակի դրօշը պարզած՝ անոնց աղօթքն ու պարը միախառնուած էին իրարու: Ինկած նահատակնեու յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստէն ետք՝ լեռնցի հերոսներն ու անոնց հետ ամբողջ ժողովուրդը պար բռնած էին տաւուլ-զուռնայի կշռոյթէն գինովցած…յիշեցնելով մուսալեռցի մեծ գրող Պօղոս Սնապեանի «Պարը» ստեղծագործութիւնը.

Ճիշտ այդ պահուն, ծովուն ու բլուրին միջեւ գտնուող բաց տարածութենէն յորդող բեկբեկուն լոյս մը ճեղքեց խաւարը:

          Լոյսը սկսաւ ծաւալիլ, բարձրանալ ու վառող լոյսին կողմերէն ձայներ սկսան լսուիլ:

          Մարդկային կերպարանքներ ուրուագծուեցան լոյսին քով: Լոյսը խարոյկի մը ծաւալը առաւ յանկարծ:

          Ձայները դարձան աղաղակներ: Աղաղակներուն խառնուեցան  թմբուկի մը գոռ ձայնը ու մարդիկ մեծով-պզտիկով անձրեւը մոռցած շարժեցան առաջ եւ խառնուեցան ճարճատող խարոյկին ու թնդացող թմբուկին շուրջ արդէն ընթացող պարին…

***

Մարդ արարածը յիշողութիւն է. երբ այդ յիշողութիւնը երթայ, ապա ոչինչ կը մնայ…

                                                          ***

 Դպրոցական աշակերտներ էինք, երբ առաջին անգամ վայելեցինք «ապտիլ»-ի հետաքրքրական հրախաղ-ներկայացումը, որ Բարեկենդանի զուտ մուսալեռեան աւանդութիւն մըն է, որ կը կատարուէր հետեւեալ կերպ. մութ սենեակի մը մէջ, կաթսայի մը մէջ զետեղուած աղը կրակի վրայ լաւ մը խառկելէ ետք կը սպասէին, որ անոր գոյնը փոխուի, ապա խանձուած աղին վրայ կը լեցնէին առատ օղի. ալքոլով բռնկող կրակէն, որ կապոյտ եւ դեղին բոցեր կ՛արձակէր, ներկաներուն դէմքերուն վրայ պար կը բռնէին լոյսն ու ստուէրը՝ կերպարանափոխելով մարդոց դէմքերը, ակնթարթի մը մէջ անոնց վրայ ստեղծելով դիմակներ, յաջորդ ակնթարթին փոխելով զանոնք, եւ այդպէս՝ շարունակ. կենդանի, յարափոփոխ դիմակահանդէս…Այդպիսով, տարատեսակ արտայայտութիւններ կը գծագրուէին կրակը եզերող անձերու երեսներուն վրայ:

«Բարու իկըք Բարկընտէն, Բարու իկըք Բարկընտէն․․․

Բարեկենդան է այսօր, տօն է աղուոր, լուսաւոր։

Եկէք ուրախ մենք երգենք, մեր տուները շենացնենք․․.»

Մուսա լերան մէջ, Բարեկենդանին մինչեւ կէսօր եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենար ժամերգութիւն, իսկ կէսօրէ ետք ալ կը կազմակերպուէր խրախճանք։

Իւրաքանչիւր ընտանիք սեղան կը սարքէր, հոն զետեղելով լաւագոյն ուտեստեղէնները, որոնց շարքին կ՛ըլլային, անպայման, Մուսա լերան աւանդական գլուրն ու դրախը, որոնց համար շատերու կողմէ կը մորթուէր այս նպատակով խնամուած  եւ պահուած մատաղցու ոչխարը…

Հոմ տինի Էշէմ տինի՜՜՜ Հոմ տինի էշշէմ տինի՜՜՜…

Հոմ տինի Էշէմ տինի՜՜՜ Հոմ տինի էշշէմ տինի՜՜՜…

          Թաղեցի կիները, հաւաքուելով  մէկուն տունը, օրեր շարունակ այս ուտելիքները կը պատրաստէին: Մեր պարագային, այս պատրաստութիւններուն պարագլուխը դարձեալ կ՛ըլլար մեծ մայրս, որուն շուրջը դառնալով մենք ալ անպայման պարտականութիւն մը կը ստանձնէինք: Եփուած միսի միջուկով մեծ չափի եւ կովու կամ ոչխարի իւղով՝ «իչաղա»յով պատրաստուած փոքր չափի գլուրները տարբեր ափսէներու մէջ զինուորներու նման շարուած վիճակով կ՛ուղղուէին սառնարան, եփած մածունէ պատրաստուած համեղ ապուրով ուտուելու համար Հինգշաբթի օր, իսկ մեր կողմէ թափ-թոփ կոչուող դրախն ալ կ՛ըլլար փայտերով վառուած մանղալի վրայ, հօրս կողմէ ճարտարօրէն եփուած անզուգական ուտելիքը Կիրակի օրուան պատարագէն ետք:

Ձաւարով եւ միսով իրար շաղուած այս ուտեստներն ալ ձեւով մը կը յիշեցնէին Մուսա լերան քառասնօրեայ յաղթական ճակատամարտի տօնախմբութեան հերիսայի օրհնուած ցորենն ու մատաղի միսը…

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, Բուն Բարեկենդանի նախորդ օրը՝ Շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը փակուի, խորանը կը ծածկուի եւ այսպէս կը շարունակուի ամբողջ քառասնօրեայ պահքին ընթացքին. հետեւաբար, Բարեկենդանի կերուխումը կրկնակի տօնախմբութիւն մը կ՛ըլլար, նախքան մինչեւ Զատիկ բոլոր տեսակի նմանօրինակ առիթներու դադրեցումը:

Ծպտուած, կերպարանափոխուած կամ դիմակներ հագած մարդոց խմբային զուարճախաղերը եւ թատերական ներկայացումները եւս մուսալեռցի-այնճարցիներուն համար Բարեկենդանի սիրուած աւանդութիւններէն էին: Անոնց կը մասնակցէին թէ՛ մանուկները եւ թէ՛ մեծերը:

Ինծի համար սակայն Բարեկենդանի կապուած  դպրոցական կամ միութենական խրախճանքներէն ամէնէն յիշատակելի պահը «միմունտուշ»ն էր… Բարեկենդանի գիշերը, գիւղի գրեթէ բոլոր պատանիները ծպտուած կը շրջէին ճամբաները եւ տուները, իւրաքանչիւր խումբ՝ երեւի իր թաղին մէջ, ուր նուագով, երգով-պարով ու ծիծաղով կը շնորհաւորէին գիւղացիներու Բարեկենդանը եւ այդպիսով նաեւ կը վաստակէին իրենց քաջալերանք-վարձատրութիւնը՝ լիբանանեան թղթոսկիի լաւ օրերուն….: Ծպտուելու համար ամէն մէկը իր ընտրած կերպարին համաձայն, տունէն դասաւորուած հագուստ-կապուստ կ՛ընտրէր: Տարեց նենուկներուն հագուստներն ու յատկապէս անոնց գլխաշոր-տուլախները, իսկ պապուկներուն ալ  շալվարները այդ օրերուն շատ գործի կը ծառայէին, խինդ ու ծիծաղ պատճառելով, մթնոլորտը աւելի ճոխացնելով:

Հակառակ անոր, որ Բարեկենդանը ծպտուելու տօն է, սակայն մենք «դիմակներ» կրելով հանդերձ հեռու կը մնայինք կեղծիքէ, եւ «անկեղծութեան» հանդերձանքը հագած կը ներկայանայինք մեր հարազատ ու իսկական դէմքերով…

Շնորհաւոր Բարեկենդան: Բոլորս հասնինք Սուրբ Յարութեան…

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x