Ա. Աբրահամեան. «Ճարտարապետը մեծ պատասխանատուութիւն ունի ընկերութեան նկատմամբ»։

PHOTO CREDITS: ©Rolex/Audoin Desforges

«Ճարտարապետութիւնը նախագծման եւ ծրագրաւորման վարժութիւն-փորձ մըն է մարդոց ծառայութեան համար: Մենք կը կիրարկենք ճարտարապետութիւնը կեանքի բարելաւման համար, որպէսզի մարդոց կեանքը աւելի դիւրին ըլլայ եւ որպէսզի անոնք աւելի հանգիստ եւ ուրախ ապրին։ Ճարտարապետը մեծ դեր,  պատասխանատուութիւն, ինչպէս նաեւ մեծ ազդեցութիւն ունի շատ մը մարդոց կեանքին եւ ընկերութեան վրայ»։  – Արին Աբրահամեան

Մամուլին մէջ վերջերս հրապարակուած լուր մը յաւելեալ լոյս սփռեց տակաւին ոչ այնքան լայնօրէն հանրածանօթ Արին Աբրահամեանի վրայ, որ մինչ այդ հաստատ քայլերով ուղի հարթած էր թէ՛ ուսման, թէ՛ գործի ասպարէզին մէջ:

Ճարտարապետ Արին Աբրահամեան ծնած է Զահլէ, 11 Օգոստոս 1990-ին: Հօրենական կողմէ Այնճարի Խըտըրպէկ գիւղէն է: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին, համալսարանական կրթութիւնը՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (AUB) մէջ, իսկ յետ-աւարտական կրթութիւնը Միացեալ Նահանգներու Պըրքլի համալսարանին (UC Berkeley) մէջ:  Կը տիրապետէ հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի։

Ստորեւ Տարբերակ21-ի համար լրագրող Շողեր Գառնէշեան Մխճեանի հարցազրոյցը անոր հետ:

  • Ի՞նչ կրնաք ըսել 2021-ին հեղինակաւոր «Փրիցքըր» մրցանակին (Pritzker Prize) արժանացած ֆրանսացի հանրածանօթ ճարտարապետ Անն Լաքաթոնի (Anne Lacaton) կողմէ «Rolex Mentor and Protégé Arts Initiative» ծրագրին համար ձեզ իբրեւ խորհրդատու նշանակման կամ ընտրութեան մասին:

 Ես անշուշտ Անն Լաքաթոնը անձնապէս չէի ճանչնար, բայց արդէն սիրահար էի «Լաքաթոն էնտ Վասսալ» (LACATON & VASSAL)  գրասենեակի գործերուն։  Անն Լաքաթոն հանրածանօթ եւ յարգուած անձնաւորութիւն մըն է։ Երբ իմացայ որ ընտրուած եմ իբրեւ իր խորհրդականը (protégé), բնականաբար պատուուած զգացի եւ միաժամանակ համեստօրէն հպարտ։ Առ ի տեղեկութիւն փոխանցեմ, որ Անն Լաքաթոն 5-րդն է իբրեւ դաստիարակ (mentor) «Rolex Mentor & Protégé» ծրագիրի ճարտարապետներէն, եւ ես ալ կը զգամ, որ իր հետ համատեղելի եմ այլ ճարտարապետներու հետ բաղդատելով։ Իրմէ առաջ կային Քազույօ Սեժիման (Kazuyo Sejima), Տէյվիտ Աժայէն (David Adjaye), Տէյվիտ Շիփըրֆիլտը (Sir David Chipperfield) եւ Փիթըր Զումթորը (Peter Zumthor): Թէեւ անոնց գործերուն ալ սիրահար եմ, եւ մեծապէս կը գնահատեմ զանոնք` տրուած ըլլալով, որ բոլորն ալ յայտնի ճարտարապետներ են, սակայն կը զգամ, որ Անն Լաքաթոնը եւ ես, իբրեւ դաստիարակ եւ խորհրդական իրարու հետ, ինչպէս որ նշեցի, լաւապէս համատեղելի ենք: Անն Լաքաթոնի գործերուն յատկանիշներուն մասին կրնամ ըսել հետեւեալները.

– Իր գծած յատակագիծները կամ կատարած ձեւաւորումները մարդակեդրոն (user-centric) են, այսինքն, կեդրոնացած են թէ՛ հոգեկան, թէ՛ ֆիզիքական հանգստութեան վրայ այն մարդոց, որոնք պիտի ապրին իր նախագծած տան, գրասենեակին կամ շէնքին մէջ։ Այս բոլորը նաեւ իմ կեդրոնացումիս առանցքներն են։

– Ան կը փորձէ միշտ դիւրաւ հասանելի եւ պարզ նիւթեր օգտագործել, որպէսզի ճարտարապետութիւնը աւելի մատչելի դարձնէ բոլորին, նաեւ մտածելով իր շինարարութիւններուն ազդեցութեան մասին` բնութեան եւ կլիմային վրայ:

– Ան միշտ կը նախընտրէ շինութիւնները վերանորոգել, փոխանակ զանոնք քանդելու եւ անոնց տեղը նորեր շինելու:

  • Ծանօթ է, որ իր հիմնադրութենէն (1979) 26 տարի ետք, 2004-ին, իրաքցի-բրիտանացի հանգուցեալ ճարտարապետ Զահա Հատիտ (Zaha Hadid) եղաւ առաջին կինը, որ արժանացաւ այդ նոյն՝ «Փրիցքըր» մրցանակին: Հատիտի հանճարեղ ստեղծագործութիւնները կ՛երեւին աշխարհի տարբեր երկիրներու, ներառեալ՝ Լիբանանի մէջ, ինչպէս, օրինակ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Իսամ Ֆարէս» հսկայ համալիրը: Արդեօք այս անունը եւս ձեզի որեւէ բան կ՛ըսէ՞: Ձեր ասպարէզին կամ առհասարակ կեանքին մէջ որոնցմէ՞  ներշնչուած էք:

 Այո, Զահա Հատիտն ալ «Փրիցքըր» շահած է, անշուշտ նաեւ աշխարհահռչակ եւ շատ յարգուած ճարտարապետ մըն  է: Վստահաբար, ան ինծի համար մեծ ներշնչումի աղբիւր է` նախ սկսելով այն կետէն, որ ինք արաբ կին մըն է Իրաքէն եկած, եւ կարճ տարիներ ետք, դարձաւ աշխարհի ամենէն հռչակաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Իր ժամանակ, կին ճարտարապետները շատ քիչ էին եւ ճանչցուած չէին, եւ այդ պատճառով` այն յաջողութիւնները, որ ինք իրականացուց, շատ դժուար իրագործելի էին։ Այդ կէտէն բացի, նաեւ կ՛ուզեմ  նշել, որ Հատիտի գաղափարները ապագայապաշտ էին, եւ ան առաջին տարիներուն չկրցաւ իր նպատակները իրագործել, մինչեւ որ արհեստագիտութիւնը բաւական յառաջդիմէ, որպէզսի առիթ ընծայէ անոր՝ շօշափելի մարմի տալու իր միտքերուն, այլ  խօսքով, իր նախագիծերը վերածելու քարեղէն կառոյցներու: Ան հեռատես  ու տեսիլք ունեցող անձ մըն էր եւ խորապէս համոզուած էր իր միտքերուն. Հետեւաբար, կրցաւ իր ուզածը իրականացնել:

  • Եթէ փորձենք յետադարձ ակնարկով մը ժամանակը ետ տանիլ դէպի ոչ հեռաւոր անցեալը, կրնա՞ք ամփոփ տողերու մէջ ներկայացնել ձեր ուսման եւ ասպարէզին կապուած տարբեր հանգրուանները, նաեւ խօսելով հեղինակաւոր այն անձնաւորութիւններուն կամ հաստատութիւններուն մասին, որոնց հետ ունեցած էք աշխատանքային գործակցութիւն:

2008-էն մինչեւ 2013 ուսանած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ` ստանալով Ճարտարապետութեան եւ Արուեստի պատմութեան` Bachelor in Architecture եւ Minor in Art History տիտղոսները: Ատկէ ետք, սկսած եմ աշխատիլ  Ռաէտ Ապիլլամահ ճարտարապետական գրասենեակին (Raed Abillama Architects Office) հետ, որ շատ լաւ ճանչցուած լիբանանեան ճարտարապետական գրասենեակ մըն է։ Անոնց հետ աւելի քան տարի մը աշխատեցայ։ Այդ ժամանակ ընդհանրապէս մեծ պիւտճէ ունեցող ծրագիրներով զբաղած էինք, օրինակ՝ դրամատուներու կեդրոնական գրասենեակներու նախագիծերը եւ ձեւաւորումները կատարել։  Միաժամանակ կ՛աշխատէի մօտիկ բարեկամներուս հետ, պզտիկ արուեստանոցի մը մէջ՝ GHAITH&JAD։ Նշեմ, որ անոնք ալ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը աւարտած էին (ինձմէ մէկ տարի առաջ)։ Անոնց հետ ալ աշխատեցայ մօտաւորապէս մէկ տարի, բայց փորձառութիւնը շատ տարբեր էր հոս, որովհետեւ աւելի նուրբ ծրագիրներով կը զբաղէինք: Բոլոր ծրագիրներուն մէջ, որոնց վրայ կ՛աշխատէինք, ես տարբեր դերեր ունէի, մանրամասնութիւններէն մինչեւ ընդհանուրը. այս բոլորը ձեւով մը ստիպեցին զիս աւելի բաներ սորվելու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու։

Ես սկիզբէն գիտէի, թէ կ՛ուզէի իմ  սեփական գրասենեակս եւ արուեստանոցս ունենալ, որովհետեւ ճարտարապետութիւնը շատ մը այլ արուեստներու նման անհատական մօտեցում կրնայ ունենալ: GHAITH&JAD-ի հետ գործակցութենէս ետք, սկսայ մինակս աշխատիլ։ Առաջին քանի մը տարիները բաւական դժուար էին, որովհետեւ առանձինս շատ մը դերեր ստանձնած էի, ունէի տարբեր տեսակի պատասխանատուութիւններ: Սակայն կրնամ ըսել, որ  շատ հետաքրքրական ժամանակաշրջան մըն էր, բայց նաեւ դժուար, ինչ որ բնականաբար ինքնավստահութիւնս ամրապնդեց։ 2018-ին, սթիւտիոն հիմնեցինք ես եւ բարեկամս՝ Ատրիան Մուլերը (Adrian Muller)։ Ատրիանը եւս կը ճանչնայի համալսարանէն: Ան իմ շատ մօտիկ բարեկամներէս մէկն էր եւ արդէն սկիզբէն իսկ  շատ մը ծրագիրներ միասնաբար ըրած էինք, բայց 2018-ին պաշտօնապէս որոշեցինք միասին աշխատիլ։ Այնուհետեւ, ուսումս շարունակելու նպատակով՝ Մագիստրոսի (Masters) աստիճանին  համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնեցայ։ Այդ նպատակին համար ստացած էի  ամբողջական կրթաթոշակ Fulbright Scolarship-էն: Երբ 2019-ին Պէյրութ վերադարձայ, Լիբանանի ծանօթ դէպքերն ու հարցերը սկսան, բնականաբար պայմանները զգալիօրէն դժուարացան եւ ամբողջութեամբ փոխուեցան։

Պէտք է նշել, որ բաւական բախտաւոր եղած էինք սկիզբէն՝ Muller-Aprahamian-ի ընդմէջէն յայտնի արուեստագէտներու եւ մեծ հաստատութիւններու հետ աշխատելով, որոնցմէ յատկապէս կարելի է նշել «Թէյթ» թանգարանը (Tate Modern) Անգլիոյ մէջ։ Սկիզբը, մեր ծրագիրները փոքր ծաւալով  էին, մինչեւ որ, գրեթէ մէկ-մէկուկէս տարի առաջ, ստացանք առաջին առաջադրանքը, որուն համաձայն պէտք է պատրաստէինք   բնակարանի  մը նախագիծը Լիբանանահայ ընտանիքի մը համար, որ կ՛ուզէր տեղափոխուիլ կամ «վերադառնալ» Հայաստան  եւ հոն ապրիլ։ Այժմ  կ՛աշխատինք ենթաբաժինի մը՝ sub category-ի վրայ, որուն կապուած մեր յատուկ ծրագիրները ստեղծեցինք TERRAFORMA անունով։  Երբ Լիբանանի հարցերն ու խնդիրները  սկսան եւ մենք ալ ուրիշներու նման դժուարութիւններ դիմագրաւեցինք, մանաւանդ շինարարական ապրանքներ ներածելու առումով, մտածեցինք, թէ ինչո՞ւ չենք կրնար այդ ապրանքները Լիբանանի մէջ արտադրել (խօսքը ընդհանրապէս շինարարական ապրանքներու մասին է, օրինակ՝ յատակի սալեր, պատի յարդարման պարագաներ եւ այլն)։ Հետագային որոշեցինք աշխատիլ կաւով, որ շատ ճկուն եւ մշտակայուն նիւթ մըն է (sustainable material), հետեւաբար, սկսանք Լիբանանի մէջ մշակել եւ արտադրել այս շինարարական նիւթերը:

  • Իսկ երթալով աւելի ետ՝ արդեօք ձեր մանկական ներաշխարհէն ինչպիսի՞ պատառիկներ բերած էք : Եր՞բ որոշած էք ճարտարապետ դառնալ: Պատահական ընտրութիւն մըն է՞ր, թէ յստակ կողմնորոշումի մը արդիւնքը, որուն նախաքայլերը կու գային ձեր կեանքի աւելի վաղ ժամանակներէն:

 Իրականութեան մէջ, երբ որ համալսարան մտայ եւ ճարտարապետութիւն սկսայ ուսանիլ, շատ լաւ չէի հասկցած, թէ ի՞նչ է ճարտարապետութիւնը․ ունէի ընդհանուր գաղափար մը, բայց տարիներու ընթացքին, ճարտարապետութեան գաղափարը հետզհետէ զարգացաւ միտքիս մէջ: Ամէն օր, նոր բաներ կը յայտնաբերէի ճարտարեպետութեան եւ ճարտարապետին դերին մասին։ Եթէ այդ ձեւով մտածենք, ճիշտ չեմ գիտեր, թէ ե՛րբ որոշեցի ճարտարապետ ըլլալ, սակայն կը կարծեմ, որ Պուրճ Համմուտի մէջ ապրիլս իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցաւ. ինչպէս գիտէք, Պուրճ Համուտի շինարարական միջավայրը խառնակ է, տուները լաւ նախագծուած եւ շինուած չեն, եւ ես մանկութեանս ժամանակ կը յուսայի, որ «կախարդական» կարողութիւններ կ՛ունենամ, որպէսզի կրնամ շտկել այս տուները, օրինակ՝ առաստաղները բարձրացնել, պատուհաններ բանալ, սենեակները մեծցնել  եւ այլն.: Ըսել կ՛ուզեմ, թէ ես ճարտարապետ եղած եմ ներշնչուելով շրջապատէս, որ Պուրճ Համուտն էր, բայց այն ատեն այդքան գիտակից չէի, թէ որքան շրջապատս իմ վրաս ազդած է, շուրջս ճարտարապետներ չկային, բայց մէկ բան յայտնի էր, որ ես հետաքրքրուած էի այդ բոլորով։ Մէկ պզտիկ բան ալ աւելցնեմ. մանկութեանս իմ նախասիրած խաղերս ընդհանրապէս շինարարական խաղերն էին, օրինակ՝ լեկոները. այդ ձեւի խաղալիքներ կը սիրէի, եւ միշտ միտքս շինարարութեան վրայ էր, թէ ինչպէ՛ս կը շինենք բան մը, ինչպէ՛ս կը բարելաւենք  բան մը եւ այլն։

  • Իբրեւ ճարտարապետ ինչպիսի՞ յատկանիշներ կարեւոր ու կենսական կը համարէք թէ ձեր ասպարէզին եւ առհասարակ կեանքի մէջ: Ի՞նչ է ձեր կեանքի նշանաբանը:

Ըստ ինծի, շատ կարեւոր է, որ ճարտարապետ մը կարեկցութեան զգացում ունենայ, այսինքն, կարենայ ուրիշին հետ զգալ, ուրիշը լաւ հասկնալ։ Այդ կէտերը միասնաբար կ՛օգնեն, որ ճարտարապետ մը իր նախագիծերը եւ յաճախորդներուն սպասածը լաւապէս ձեւաւորէ եւ յատակագծէ։ Այսինքն, առանց հասկնալու յաճախորդի մը անհատականութիւնը, ապրելակերպը եւ պէտքերը, կարելի չէ յաջող շինութեան մը նախագիծը պատրաստել, ձեւաւորումը մշակել եւ ապա կառուցել։ Միւս կողմէ, ճարտարապետ մը պէտք է հետաքրքասէր եւ դիտունակ ըլլայ։ Կարելի է ըսել, որ  դպրոցի մը կամ համալսարանի մը գիտելիքներն ու  տեղեկութիւնները ժամանակով սահմանափակուած են, անոնք կրնան ժամանակավրէպ դառնալ: Ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ ամէն օր նորութիւններ կ՛արձանագրուին եւ արհեստագիտական նոր մօտեցումներ կը յառաջանան. հետեւաբար, ամէն օր նոր բաներ կարելի է սորվիլ եւ գիտելիքներ զարգացնել անձնական հետաքրքրութեան շնորհիւ: Այս յատկութիւններէն զատ, շատ կարեւոր է ճարտարապետութեան մէջ պատասխանատու անձ մը ըլլալը. պատասխանատուութիւն ստանձնել ոչ միայն քու յաճախորդներուդ, այլ անմիջական միջավայրիդ ու ամբողջ ընկերութեան, ինչպէս նաեւ` բնութեան հանդէպ: Ամէնէն պարզ օրինակը շէնքի մը ապահովութիւնն է, բայց նաեւ անոր՝  բնութեան վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը (carbon footprint) կամ ազդեցութիւնը՝ իր կառուցած ու ստեղծած միջավայրին եւ հոն ապրող հանրութեան վրայ։ Ճարտարապետութիւնն ալ այլ բնագաւառներու կամ գործերու նման ժամանակի ընթացքին կը փոխուի. ինչ որ աշխարհին մէջ կը պատահի բնականաբար նաեւ մեր վրայ կ՛ազդէ. միշտ կարեւոր է ներկայի հարցերուն տեղեակ ըլլալ, եւ նոյն ատեն հեռատես ըլլալ, որովհետեւ շինութիւն մը երկար կեանք կ՛ունենայ՝ առնուազն 30-40 տարի, կարգ մը շինութիւններ նոյնիսկ դարեր կը գոյատեւեն, հետեւաբար, անոնք պէտք է տոկուն եւ որոշ պարունակի մէջ ալ յաւերժական ըլլան։

  • ինչքանո՞վ կը բաժնէք «ճարտարապետութիւնը ի խնդիր մարդկութեան ծառայութեան» տեսութիւնը: Իսկ եթէ համաձայն չէք, ապա ո՞րն է ձեր մօտեցումը:

 Ճարտարապետութիւնը նախագծման կամ ձեւաւորման վարժութիւն-փորձ մըն է մարդոց ծառայութեան համար: Մենք կը կիրարկենք եւ կը գործադրենք ճարտարապետութիւնը կեանքի բարելաւման համար, որպէսզի մարդոց կեանքը աւելի դիւրին ըլլայ, եւ` անոնք աւելի հանգիստ եւ ուրախ ապրին։ Ճարտարապետը մեծ դեր եւ պատասխանատուութիւն, ինչպէս նաեւ` մեծ ազդեցութիւն ունի շատ մը մարդոց կեանքին վրայ։ Եթէ  գիտակ եւ հեռատես ճարտարապետ մը իր ամբարած գիտելիքը լաւ ձեւով գործածէ, լաւ արդիւնքներ դուրս կու գան, եւ անոր նախագծած ու ձեւաւորած շէնքը երկար ժամանակ կը ծառայէ բոլորին։

Յաճախ կը նկատենք, որ ինչպէս արագ-արագ մեծ շէնքեր կը շինուին, ինչպէս է պարագան, օրինակ, Պէյրութի մէջ,  ուր այդ շէնքերուն մեծամասնութիւնը պարապ կը մնայ, եւ այդպիսով դժբախտաբար կ՛աղաւաղուին մեր քաղաքները: Երբեմն յատուկ ծրագիրներու համար մարդիկ նաեւ ստիպուած կ՛ըլլան փլելու հին պատմական շինութիւններ, անոնց տեղ կառուցելով բոլորովին անիմաստ բաներ։

  • Դէպի ձեր անցեալը քիչ առաջ մեր կատարած կարճ «ուղեւորութենէն» ետք, այս անգամ եթէ նայինք դէպի գալիքը՝ ապագան, ապա ձեր «նպատակներու հորիզոնին» վրայ երեւցողներէն ինչե՞ր կ՛ուզէք բաժնել մեզի հետ:

Եթէ մօտիկ ապագայիս մասին պիտի խօսիմ, նախ ընթացիկ երկու տարին «Rolex-ի Mentor & Protégé Program»-ին մէջ պիտի աշխատիմ, սակայն այս ծրագիրը ամբողջ ժամանակս պիտի չխլէ: Անոր ծիրէն ներս,  բնականաբար քանի մը անգամ պիտի երթամ Ֆրանսա մենթորս տեսնելու եւ մեր իրագործած եւ միասնաբար աշխատած ծրագիրներուն մասին խօսելու։ Ատկէ զատ, կան ճարտարապետութեան անձնական փորձերս, աշխատանոց-սթիւտիոս՝ Muller-Aprahamian-ը, որուն ճամբով կ՛աշխատինք տարբեր ծրագիրներու, տուներու եւ բնակարաններու ներքին կահաւորում-ձեւաւորումներու վրայ եւ այլն։ Ատկէ զատ ունինք այլ ծրագիր մը, որ խորքին մէջ Muller-Aprahamian-ի մէկ  ճիւղն է, որուն մասին խօսեցայ, անունը՝ Terraforma: Անոր ընդմէջէն սկսանք  արտադրել շինարարական մշտակայուն նիւթեր, ձեւով մըն ալ սկսանք զարկ տալ լիբանանեան արտադրութիւններուն` քաջալերելով անոնց օգտագործումը շինարարութեան մէջ:

Աւելին՝ Արին Աբրահամեանի մասին.-

www.arineaprahamian.com

www.mulleraprahamian.com

https://www.rolex.org/rolex-mentor-protege/current-pairs

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.