Կազմակերպուած համայնք եւ «անկազմակերպ» սփիւռք. նոր իրականութեան մարտահրաւէրները (2)

«Հայկական Սփիւռքը 21-րդ դարուն. Ո՞վ որո՞ւ տուած է սփիւռքի անունով խօսելու իրաւունքը (1)» խորագրեալ յօդուածով սկսանք մեր հարցադրումներու շարքը: Այսօրուան յօդուածով հարց կու տանք. Երբ կը խօսինք հայկական սփիւռքի մասին, որո՞ւ կ’ակնարկենք. հայկական կազմակերպութիւններո՞ւն, անոնց անդամներո՞ւն, հայկական դպրոցներ յաճախող ընտանիքներո՞ւն, եկեղեցիներու շուրջ համախմբուած հաւատացեալներո՞ւն, թէ՞ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող բոլոր անոնց, որոնք իրենք զիրենք հայ կը նկատեն։ Այս հարցումը կրնայ պարզ թուիլ, սակայն անոր պատասխանը կը պայմանաւորէ հիմնական ուղղութիւն մը սփիւռքի կազմակերպման, ներկայացուցչութեան եւ ապագային վերաբերող մեր ամբողջ մտածողութեան մէջ։ Որովհետեւ հայկական կազմակերպուած կեանքը եւ հայկական սփիւռքը նոյն բաները չեն։

Հայկական սփիւռքի պատմութիւնը մեծ մասամբ գրուած է անոր կազմակերպութիւններուն պատմութեան միջոցով։ Երբ կ՚ուսումնասիրենք սփիւռքեան համայնքի մը կազմաւորումը, սովորաբար կը հետեւինք հայկական առաջին եկեղեցիին հիմնադրութեան, առաջին դպրոցի բացումին, մշակութային միութիւններու ստեղծման, մամուլի հրատարակութեան եւ ազգային կառոյցներու զարգացման։

Կազմակերպութիւնները ունին արխիւներ, արձանագրութիւններ, հրապարակումներ, շէնքեր եւ պատմական յիշողութիւն։ Անոնց գործունէութիւնը կարելի է փաստագրել եւ ուսումնասիրել։ Բայց կազմակերպութիւններէն դուրս ապրող հայերը շատ աւելի դժուար է տեսնել։ Անոնք ընդհանրապէս չունին իրենց գործունէութիւնը արձանագրող հաստատութիւններ, իրենց անունով խօսող մարմիններ կամ իրենց փորձառութիւնը ներկայացնող մամուլ։ Հետեւաբար, պատմական պատկերը կրնայ աննկատ կերպով աղաւաղուիլ։ Մենք կը սկսինք սփիւռքի կազմակերպուած հատուածին պատմութիւնը ընկալել իբրեւ ամբողջ սփիւռքի պատմութիւն։

Եւ այսպէս, կը ստեղծուի տարօրինակ իրավիճակ մը. հայկական կազմակերպութիւններուն տեսանելիութիւնը կը վերածուի հայ համայնքին ամբողջականութիւնը դրսեւորող պատրանքի։

Ո՞վ է «անկազմակերպ» հայը

Նախ անհրաժեշտ է ճշդել, թէ ի՛նչ կը հասկնանք «անկազմակերպ սփիւռք» ըսելով։ «Անկազմակերպ» հայը անպայման ազգային ինքնութենէն հեռացած անձ մը չէ։ Ան հայերէն կը խօսի, հայկական պատմութեան ծանօթ է, կը հետեւի Հայաստանի իրադարձութիւններուն, կը մասնակցի մշակութային նախաձեռնութիւններու եւ իր զաւակներուն կը փոխանցէ հայկական պատկանելիութեան զգացումը։ Բայց չ’անդամակցիր որեւէ հայկական կազմակերպութեան։ Միւս կողմէ, ան կրնայ հայերէն չգիտնալ, հայկական հաստատութիւններու հետ կապ չունենալ եւ իր հայկական ծագումը ընկալել իբրեւ ընտանեկան յիշողութեան մէկ մասը։

Այս երկու անձերը հասարակական նոյն խումբին չեն պատկանիր, նոյն պահանջները չունին եւ հայկական ինքնութեան հետ նոյն յարաբերութիւնը չեն պահպաներ։ Սակայն կազմակերպական տեսանկիւնէն անոնք յաճախ կը դասուին նոյն ընդհանուր կարգին մէջ՝ կազմակերպութիւններէ դուրս գտնուող հայեր։

Ահա թէ ինչու «անկազմակերպ սփիւռք» հասկացողութիւնը պէտք չէ վերածել հասարակական միատարր խումբի մը նկարագրութեան։ Անիկա նախ եւ առաջ կը մատնանշէ կազմակերպական պատկանելիութեան բացակայութիւնը, ոչ թէ ազգային ինքնութեան որոշակի աստիճան մը։ Այս տարբերակումը կարեւոր է, որովհետեւ հայկական կազմակերպութիւններուն չանդամակցելու պատճառները կրնան բազմաթիւ ըլլալ։

Չանդամակցիլը անտարբերութիւն չէ

Համայնքային աւանդական մտածողութեան մէջ երբեմն կը հանդիպինք այն ենթադրութեան, թէ հայկական կազմակերպութիւններէն հեռու մնացող անձը անտարբեր է ազգային կեանքին նկատմամբ։ Բայց այս եզրակացութիւնը չափազանց պարզեցուած է։ Մարդ մը կրնայ չանդամակցիլ հայկական կազմակերպութեան մը, որովհետեւ անոր բնակած վայրին մէջ այդպիսի կազմակերպութիւն գոյութիւն չունի։ Ուրիշ մը կրնայ հեռու մնալ, որովհետեւ չի բաժներ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն քաղաքական կամ գաղափարական դիրքորոշումները։ Երրորդ մը կրնայ հայկական ինքնութիւնը կարեւոր նկատել, բայց չուզել զայն կապել հաստատութեան մը անդամակցութեան։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք իրենց ժամանակը կը տրամադրեն մասնագիտական, մշակութային կամ հասարակական այլ նախաձեռնութիւններու եւ չեն կրնար մասնակցիլ հայկական կազմակերպական կեանքին։ Իսկ ուրիշներ կրնան պարզապէս չգտնել այնպիսի հայկական միջավայր մը, ուր իրենց հետաքրքրութիւնները, փորձառութիւնը կամ աշխարհայեացքը տեղ ունենան։

Այս բոլոր պարագաները նոյն բացատրութիւնը չունին։ Աւելի՛ն. կազմակերպութենէ մը հեռու մնալը երբեմն կրնայ ըլլալ գիտակցուած ընտրութիւն մը, ոչ թէ անտարբերութեան հետեւանք։

Եթէ կ՚ուզենք հասկնալ հայկական սփիւռքի կազմակերպական ապագան, անհրաժեշտ է ուսումնասիրել ոչ միայն այն պատճառները, որոնք մարդիկը կը մղեն անդամակցութեան, այլեւ անոնք, որոնք զիրենք հեռու կը պահեն կազմակերպութիւններէն։ Առանց այդ ուսումնասիրութեան դժուար պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ հայկական հաստատութիւնները ինչո՛ւ կը յաջողին կամ կը դժուարանան ներգրաւել նոր մասնակիցներ։

Կազմակերպութիւններու տեսանելիութիւնը եւ հասարակութեան անտեսանելիութիւնը

Հայկական համայնքային կեանքի մասին տեղեկութիւնները յաճախ կը ստանանք կազմակերպութիւններուն միջոցաւ։ Անոնք կը հրապարակեն իրենց ձեռնարկներուն, անդամներուն, դպրոցներուն, մշակութային գործունէութեան եւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններ։ Այս տեղեկութիւնները անհրաժեշտ են համայնքային կեանքը ուսումնասիրելու համար։ Բայց անոնք չեն կրնար ամբողջական պատկեր մը տալ հայ բնակչութեան մասին։ Եթէ քաղաքի մը մէջ հայկական դպրոց մը ունի որոշակի թիւով աշակերտներ, այդ թիւը մեզի բան մը կ՚ըսէ դպրոցին մասին, բայց պայման չէ, որ ամբողջ համայնքին երեխաներուն մասին ամբողջական տեղեկութիւն տայ։

Եթէ մշակութային ձեռնարկի մը կը մասնակցին հարիւրաւոր մարդիկ, այդ մասնակցութիւնը կը վկայէ ձեռնարկին հանրային ընդգրկումին մասին, բայց չի հաստատեր, թէ կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ քաղաքին բոլոր հայերը։ Նոյնպէս, կազմակերպութեան մը անդամներուն թիւը չի կրնար ինքնաբերաբար վերածուիլ համայնքին հասարակական կշիռը չափելու միակ միջոցին։

Այս խնդիրը ունի նաեւ հետազօտական երես մը։

Մենք իրականութեան մէջ որքա՞ն տեղեկութիւն ունինք հայկական կազմակերպութիւններէն դուրս ապրող հայերուն մասին։ Գիտե՞նք անոնց թիւը, տարիքային կազմը, լեզուական կարողութիւնները, կրթական մակարդակը, մշակութային հետաքրքրութիւնները եւ Հայաստանի հետ կապերը։ Գիտե՞նք, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը սահմանեն իրենց հայկական ինքնութիւնը։ Եւ գիտե՞նք, թէ անոնցմէ քանի՛ն պիտի ուզէին մասնակցիլ հայկական հաւաքական կեանքին, եթէ մասնակցութեան այլ ձեւեր գոյութիւն ունենային։

Առանց այս հարցումներուն պատասխանելու՝ կազմակերպական բարեփոխումներու մասին մեր առաջարկները կրնան հիմնուիլ ենթադրութիւններու, ոչ թէ հասարակական իրականութեան ուսումնասիրութեան վրայ։

Սփիւռքը միայն անդամներու ամբողջութիւն մը չէ

Ազգային ինքնութիւնը եւ կազմակերպական անդամակցութիւնը տարբեր բնոյթի պատկանելիութիւններ են։ Մարդ մը կրնայ հայկական ինքնութիւն ունենալ առանց հայկական կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալու։ Ինչպէս նաեւ կրնայ կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալ՝ առանց հայկական մշակութային կեանքին խորապէս մասնակցելու։ Ճիշդ չէ այս երկու իրողութիւնները իրարու հակադրել:

Կազմակերպութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ անոնք անհատական պատկանելիութիւնը կրնան վերածել հաւաքական գործունէութեան։ Բայց այդ գործունէութիւնը չի սպառեր հայկական ինքնութեան բոլոր արտայայտութիւնները։ Ընտանիքը, լեզուն, մշակութային յիշողութիւնը, ընկերային յարաբերութիւնները, մասնագիտական համագործակցութիւնները եւ Հայաստանի հետ անձնական կապերը նոյնպէս կրնան ազգային պատկանելիութեան արտայայտութիւններ ըլլալ։

Հայկական աւանդական համայնքներուն մէջ այս տարբեր միջավայրերը յաճախ իրարու հետ սերտօրէն կապուած էին։ Հայկական դպրոց յաճախող երեխան կրնար նաեւ մասնակցիլ մշակութային միութեան գործունէութեան, իսկ անոր ծնողները՝ եկեղեցական կամ հասարակական կեանքին։ Այսօր այդ բոլորը պայման չէ։

Հայկական ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւնները կրնան գոյութիւն ունենալ իրարմէ անկախ։ Եւ ճիշդ այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է վերաքննել այն ենթադրութիւնը, թէ հայկական ինքնութիւնը կազմակերպական պատկանելիութեան միջոցով միայն կրնայ պահպանուիլ։

Նոր աշխարհագրութիւն, նոր իրականութիւն

Անկազմակերպ սփիւռքի հարցը նոր իմաստ կը ստանայ նաեւ հայերու աշխարհագրական տեղաշարժերուն հետեւանքով։ Աւանդական համայնքները յաճախ կազմաւորուած էին որոշակի քաղաքներու եւ թաղամասերու մէջ։ Այդ համախմբուածութիւնը կը դիւրացնէր դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու եւ մշակութային կեդրոններու ստեղծումը։ Սակայն ժամանակակից գաղթը եւ մասնագիտական շարժունակութիւնը հայերը կը հասցնեն այնպիսի վայրեր, ուր հայկական հաստատութիւններու ստեղծումը դժուար է կամ գործնականօրէն անհնար։

Հայ երիտասարդ մը կրնայ համալսարանական կրթութեան համար մեկնիլ օտար երկիր մը, ապա աշխատանք գտնել ուրիշ երկրի մէջ եւ ընտանիք կազմել երրորդ վայրի մը մէջ։ Անոր հայկական պատկանելիութիւնը կրնայ շարունակուիլ, բայց անոր կեանքը այլեւս չի զարգանար հայկական հաստատութիւններու շուրջ։ Նոյնը կը վերաբերի միջազգային ընկերութիւններու մէջ աշխատող մասնագէտներուն, գիտնականներուն, ձեռներէցներուն եւ տարբեր պատճառներով տեղաշարժուող ընտանիքներուն։

Այս մարդիկը պայման չէ, որ ուզեն կամ կարենան վերարտադրել աւանդական հայկական համայնքին ամբողջ կառուցուածքը իրենց բնակած վայրերուն մէջ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ անոնք հայկական հաւաքական կեանքին մասնակցելու ցանկութիւն չունին։ Պարզապէս մասնակցութեան պայմանները փոխուած են։ Եւ այդ փոփոխութիւնը կը պահանջէ կազմակերպական նոր մտածողութիւն։

Երբ համայնքը ձեռք կ՚երկարէ իւրաքանչիւր անհատի

Աւանդական մօտեցումով, հայկական համայնքային կեանքին մասնակցելու համար անհատը սովորաբար պէտք է մօտենար կազմակերպութեան։ Ան պիտի անդամակցէր միութեան մը, պիտի յաճախէր ակումբ, պիտի մասնակցէր ձեռնարկներու կամ իր զաւակները ուղարկէր հայկական դպրոց։ Այս համակարգը կը պահանջէր ֆիզիքական ներկայութիւն եւ ժամանակի յանձնառութիւն։

Թուային հաղորդակցութիւնը, սակայն, կը ստեղծէ հակառակ ուղղութեամբ գործող կարելիութիւն մը։ Հայկական մշակութային, կրթական եւ հասարակական նախաձեռնութիւնները կրնան հասնիլ անհատին՝ անկախ անոր բնակութեան վայրէն։ Ան կրնայ մասնակցիլ առցանց դասընթացքի մը, միանալ մասնագիտական քննարկումի մը, աջակցիլ մշակութային ծրագրի մը կամ համագործակցիլ հայկական հաստատութեան մը հետ՝ առանց անոր անդամ ըլլալու։ Այս փոփոխութիւնը կրնայ ընդարձակել հայկական հաւաքական կեանքի սահմանները։

Սակայն ասիկա նաեւ նոր հարց մը կը բարձրացնէ։ Եթէ մասնակցութիւնը այլեւս չի պահանջեր կազմակերպական անդամակցութիւն, ապա կազմակերպութիւնները ինչպէ՞ս պիտի սահմանեն իրենց յարաբերութիւնը այդ մասնակիցներուն հետ։ Պիտի շարունակե՞ն զանոնք նկատել արտաքին համակիրներ, թէ՞ պիտի ստեղծեն մասնակցութեան նոր ձեւեր, որոնք անդամակցութեան աւանդական պայմաններէն անկախ են։

Այս հարցումին պատասխանը կրնայ որոշել, թէ հայկական կազմակերպութիւնները այսուհետեւ ինչպէ՛ս պիտի յարաբերին հանրութեան հետ:

Կազմակերպել՝ առանց պարտադրելու

Անկազմակերպ սփիւռքի գոյութիւնը անպայման չի նշանակեր, թէ անոր բոլոր անդամները պէտք է կազմակերպական կառոյցներու մէջ ներգրաւուին։ Այսպիսի նպատակ մը ոչ միայն անիրատեսական կրնայ ըլլալ, այլեւ հակասել անհատական ազատութեան եւ պատկանելիութեան բազմազան ձեւերուն։

Պայման չէ, որ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար մէկը միութեան մը անդամ դառնայ։ Հետեւաբար, խնդիրը անկազմակերպ հայերը կազմակերպութիւններու մէջ տեղաւորելը չէ։ Խնդիրը անոնց համար հայկական հաւաքական կեանքին մասնակցելու կարելիութիւններ ստեղծելն է։ Այդ մասնակցութիւնը կրնայ ունենալ տարբեր աստիճաններ։

Մէկը կրնայ հետաքրքրուիլ միայն մշակութային ձեռնարկներով։ Ուրիշ մը՝ հայերէնի ուսուցմամբ։ Երրորդ մը՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագրերով։ Չորրորդ մը՝ հայկական պատմութեան ուսումնասիրութեամբ։ Անհրաժեշտ չէ, որ բոլորն ալ նոյն կազմակերպութեան անդամ ըլլան կամ նոյն գաղափարական պատկերացումները բաժնեն։ Այս մօտեցումը կը փոխէ կազմակերպութեան եւ անհատին միջեւ յարաբերութիւնը։

Մասնակցութենէն դէպի ներկայացուցչութիւն

Սակայն այստեղ կը ծագի նոր խնդիր մը։ Եթէ հայկական կազմակերպութիւններուն չանդամակցող հայերը նոյնպէս կը կազմեն սփիւռքի մէկ մասը, ապա անոնք ի՞նչ տեղ ունին հաւաքական որոշումներու կայացման մէջ։ Ո՞վ կը ներկայացնէ անոնց տեսակէտները։ Եւ արդեօք անոնք կ՚ուզե՞ն ներկայացուած ըլլալ։ Այս վերջին հարցումը նոյնքան կարեւոր է, որքան առաջին երկուքը։ Որովհետեւ չի բաւեր ենթադրել, թէ կազմակերպութիւններէն դուրս գտնուող հայերը կը փափաքին իրենց անունով խօսող նոր մարմին մը ունենալ։ Անոնցմէ ոմանք կրնան ուզել մասնակցիլ որոշումներու կայացման։ Ուրիշներ կրնան նախընտրել համագործակցութեան սահմանափակ ձեւեր։ Իսկ ուրիշներ ընդհանրապէս կրնան չհետաքրքրուիլ ներկայացուցչական կառոյցներով։ Հետեւաբար, նոր համակարգ մը պէտք է հիմնուի կամաւոր մասնակցութեան եւ յստակ լիազօրութեան վրայ։

Անհրաժեշտ է յստակ տարբերութիւն դնել հայ ըլլալու, հայկական համայնքային կեանքին մասնակցելու եւ ուրիշներուն՝ մեր անունով խօսելու իրաւունք տալու միջեւ: Այս երեքը իրարու կապուած են, բայց նոյնը չեն։ Մարդ մը կրնայ հայ ըլլալ՝ առանց կազմակերպական մասնակցութեան։ Կրնայ մասնակցիլ որոշակի նախաձեռնութեան՝ առանց կազմակերպութեան մը անդամ դառնալու։ Եւ կրնայ անդամակցիլ կազմակերպութեան մը՝ առանց զայն լիազօրելու իր անունով դիրքորոշում արտայայտելու բոլոր հարցերուն շուրջ։

Այս տարբերակումները կարեւոր են, եթէ կ՚ուզենք ստեղծել հասարակական մասնակցութեան այնպիսի համակարգ մը, որ կը յարգէ անհատական ազատութիւնը եւ ներկայացուցչութեան սահմանները։

Նախ ճանչնալ, ապա կազմակերպել

Անկազմակերպ սփիւռքին վերաբերող քննարկումներուն մէջ յաճախ կը փնտռենք կազմակերպական լուծումներ՝ առանց բաւարար չափով ճանչնալու այն հասարակութիւնը, որուն համար այդ լուծումները կը նախատեսենք։ Մինչդեռ առաջին պայմանը ուսումնասիրելն է։ Պէտք է հասկնալ, թէ հայկական կազմակերպութիւններէն դուրս գտնուող մարդիկ ինչպիսի՛ կապեր կը պահպանեն հայկական ինքնութեան հետ, ինչպիսի՛ պահանջներ ունին եւ մասնակցութեան ինչպիսի՛ ձեւեր կը նախընտրեն։

Պայման չէ այս աշխատանքը զերոյէն սկսիլ։ Արդէն գոյութիւն ունին հասարակագիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնց արդիւնքները կրնան օգտակար հիմք ծառայել հետագայ հետազօտութիւններու համար։ Այդպիսի նախաձեռնութիւններէն է «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ը (Armenian Diaspora Survey), որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ եւ Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկի հովանաւորութեամբ ուսումնասիրած է տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն ինքնութեան, մշակոյթին, համայնքային մասնակցութեան եւ Հայաստանի հետ կապերուն առնչուող հարցեր։ 2018-2022 թուականներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները հրապարակուած են, իսկ հետազօտողները կրնան օգտուիլ նաեւ հաւաքուած տուեալներէն՝ համապատասխան պայմաններով։

Այս նախաձեռնութեան կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ ան կը փորձէ ընդգրկել ոչ միայն համայնքային կեանքին գործուն մասնակցող հայերը, այլեւ զանոնք, որոնք տարբեր պատճառներով հեռու կը մնան հայկական կազմակերպութիւններէն։

Արդէն կատարուած ուսումնասիրութիւնները կրնան մեկնակէտ ծառայել նոր հարցախոյզերու, խորքային հարցազրոյցներու եւ տարբեր երկիրներու հայութեան մասնակցութեան ձեւերուն համեմատական վերլուծութիւններու համար։ Սակայն անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այն մարդոց, որոնք հայկական կազմակերպութիւններուն հետ կապ չունին, բայց կը պահպանեն հայկական ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւններ։ Այլապէս դարձեալ պիտի ուսումնասիրենք հիմնականին մէջ կազմակերպուած սփիւռքը՝ կարծելով, թէ ամբողջ սփիւռքը կ՚ուսումնասիրենք։

Այս աշխատանքը դիւրին չէ։ Սփիւռքը չունի բնակչութեան միացեալ արձանագրութիւն, իսկ հայկական ինքնութեան սահմանումները կը տարբերին երկրէ երկիր եւ անհատէ անհատ։ Սակայն այս դժուարութիւնները պատճառ մը չեն, որ հրաժարինք ուսումնասիրութենէն։ Ընդհակառակը՝ անոնք կը յուշեն, թէ որքան զգուշութեամբ պէտք է ընդհանրացումներ կատարենք եւ, մանաւանդ, խօսինք ամբողջ սփիւռքի անունով։

Սփիւռքը՝ կազմակերպութիւններէն անդին

Հայկական կազմակերպութիւնները պատմականօրէն մեծ դեր կատարած են սփիւռքի գոյատեւման մէջ։ Բայց անոնք չեն սպառեր հայկական սփիւռքի ամբողջ հասարակական իրականութիւնը։ Անոնցմէ դուրս գոյութիւն ունին տարբեր սերունդներու, լեզուներու, մշակութային փորձառութիւններու եւ ինքնութեան ընկալումներու պատկանող հայեր։ Այդ մարդիկը չեն կազմեր միասնական հասարակական խումբ մը։ Անոնք չունին հասարակաց պարտաւորող օրակարգ կամ կազմակերպական ձեւ։ Բայց անոնց գոյութիւնը կը պարտադրէ վերաքննել սփիւռքի մասին մեր պատկերացումները։

Եթէ հայկական ինքնութիւնը կազմակերպական անդամակցութենէն աւելի ընդարձակ իրողութիւն մըն է, ապա հայկական հաւաքական կեանքն ալ պէտք է կարենայ արտայայտել այդ ընդարձակութիւնը։ Այս չի նշանակեր, թէ պէտք է հրաժարիլ աւանդական կազմակերպութիւններէն։ Կը նշանակէ, թէ անոնք պէտք է իրենց շուրջ ստեղծեն մասնակցութեան նոր կարելիութիւններ՝ ընդունելով, որ հայկական հասարակութիւնը իրենց անդամներուն ամբողջութենէն շատ աւելի բազմազան է եւ ընդարձակ։ Եւ հաւանաբար նոր սփիւռքի կազմակերպման ամենէն կարեւոր նախապայմաններէն մէկը այս գիտակցութիւնն է։

Հայկական սփիւռքը չի բաղկանար միայն անոնցմէ, որոնք կազմակերպուած են։ Անիկա կը ներառէ նաեւ անոնք, որոնք կազմակերպուած չեն, չեն ուզեր կազմակերպուիլ կամ տակաւին չեն գտած մասնակցութեան իրենց յարմար ձեւը։

Ուստի, պայման չէ, որ նոր սփիւռքի կազմակերպման առաջին քայլը նոր կազմակերպութիւն մը ստեղծելը ըլլայ։ Թերեւս առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ճանչնալ այն հայերը, որոնք գոյութիւն ունին մեր կազմակերպական պատկերացումներէն դուրս։

Որովհետեւ կարելի չէ ամբողջ սփիւռքի ապագան ծրագրել՝ տեսնելով միայն անոր կազմակերպուած հատուածը։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x