Ցոլակ Հերկելեան. «Ներշնչման աղբիւրս բնութիւնն է՝ անկեղծ, պարզ եւ գեղեցիկ»

Հարզազրոյցը՝ Շողեր Գառնէշեան – Մխճեանի

Լուսանկարը՝ Ցոլակ Հերկելեանի @MacroBirds @ShutterPlow

Լրագրող Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան Տարբերակ21 հանդէսին համար հարցազրոյց մը կատարեց համակարգչային գիտութիւններու մասնագէտ, նախասիրած զբաղումով լուսանկարիչ Ցոլակ Հերկելեանի հետ (Այնճար, Լիբանան): Ցոլակ առաւելաբար կը նկարէ բնութեան գողտրիկ տեսարաններ, վայրի անասուններ եւ մասնաւորաբար թռչուններ, ջատագով է պատասխանատու որսորդութեան։

Ցոլակ Հերկելեան՝ լուսանկարելու պահուն

Ի՞նչը մղեց ձեզ պեղելու լուսանկարչական ասպարէզը։ Իբրեւ մասնագիտութի՞ւն կ՛առնչուիք անոր հետ, թէ անիկա պարզապէս փախուստի պատուհան մըն է, եւ ընդամէնը զայն կը կիրարկէք իբրեւ զբաղում կամ հաճոյք։

Փոքր տարիքէս մեծ սէր ունեցած եմ բնութեան հանդէպ՝ ըլլալով գիւղացի եւ   հողամշակ հօր զաւակ, միշտ առիթը ունեցած եմ վայելելու մեր գիւղի պարտէզներուն գեղեցկութիւնը: Հայրս ունէր լուսանկարչական հին մեքենայ մը , որուն հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն ունէի: Այսպէս սկած եմ մէջս զարգացնել լուսանկարելու նախասիրութիւնս: Կը նկարեմ յատկապէս բնութեան տեսարաններ եւ կենդանիներ: Վերջերս նախընտրեցի լուսանկարել թռչուններ և վայրի կենդանիներ, ինչ որ բաւական դժուար եւ բծախնդիր ճիգ կը պահանջէ, մանաւանդ որ նկարելը պէտք չէ խանգարէ կենդանիներն ու թռչունները և նեղութիւն պատճառէ անոնց։ Այս գործին ինծի օգնեց իմ որսորդութեան լայն փորձառութիւնս. արդէն ծանօթ եմ թռչուններու ձայներուն, բնակած տեղերուն եւ անոնց մօտենալու կամ արագօրէն զանոնք տեսնելու կարողութիւնը ունիմ:

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց ձեր ֆեյսպուքեան էջի անուանումը՝ Shutter Plow։ Նախ, ի՞նչ բացատրութիւն կրնաք տալ անոր մասին։ Արդեօք ձեր անուան հետ առընչութիւն մը ունի՞ ան։

Մինչեւ 2020 նկարներու մեծ թիւով հաւաքածոյ ունէի, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն: Ուզեցի հիմնել ֆեյսպուքեան էջ մը՝ բաժնեկցելու զանոնք հետաքրքրուողներու հետ: Էջը անուանեցի ShutterPlow, Shutter նկարելը կը խորհրդանշէ, իսկ Plow՝ Մականունս/ Հերկելեան/: Ունիմ նաեւ այլ էջ մը ՝ MacroBirds անունով, ուր միայն թռչուններու նկարներ եւ տեղեկութիւններ կը զետեղեմ։

Ձեր էջին մէջ տեղադրուած նկարները եթէ «թերթատենք», հոն՝ ժամանցի կամ հաճոյքի համար կատարուած գործէ մը անդին կը նկատենք մասնագիտական մօտեցում (լուսանկարչական չափազանց արհեստավարժ հմտութիւններ, տարբեր արդի գործիքներու օգտագործում, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրական թեմաներ․․․)։ Արդեօք կարելի՞ է «վաւերագրական լուսանկարչութիւն» վերնագիրին տակ զետեղել ձեր աշխատանքը։ Միտքը աւելի բացատրելու համար կրնանք օրինակ ունենալ կենդանական աշխարհի կապուած ձեր հետաքրքրութիւնը, որուն ընդմէջէն դուք կարծէք խոր ուսումնասիրութիւններ կատարելով նաեւ լոյսին կը բերէք ոչնչացման վտանգը դիմագրաւող «տեսակներ-խումբեր» եւ անոնց լուսանկարները կ՛առնէք շատ հետաքրքրական ձեւով, նաեւ յագեցած մասնագիտական տեղեկութիւններով։

Շատ արդիական գործիքներ չունիմ, բաւական ծախսալից են: Ունեցած գործիքներս կը փորձեմ առաւելագոյն կարելիութիւններով գործածել: Կը փորձեմ նաեւ գիտելիքներ փոխանցել նկարներուս շուրջ՝ փոքր ուսումնասիրութիւններ կատարելով, յատկապէս թռչնազգիներու հետ կապուած: Հետեւաբար, կարելի է թերեւս «Վաւերագրական լուսանարչութիւն» վերնագիրը տալ աշխատանքիս:

Ձեր աշխատանքին շուրջ սկսած է հետաքրքրութիւն ձեւաւորուիլ։ Ձեր անմիջական շրջապատէն դուրս որո՞նք հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Եթէ կարելի է թուել կազմակերպութիւններ, պետական մարմիններ, եթէ կան:

Բնականաբար կը հանդիպիմ տարբեր տեսակի թռչուններու, որոնց թիւը արդէն նուազած է: Կապ հաստատած եմ տարբեր անհատներու եւ միութիւններու հետ, որոնք կը զբաղին բնապահպանութեամբ (ABCL, SPNL …): Նկատի ունենալով, որ որսորդ եղած եմ, կը զգամ, որ ճիշդ որսորդը պէտք է ինքը ըլլայ բնութեան պաշտպանը. անօրէն եւ պատահական որսորդութիւնն է, որ վնաս կը հասցնէ բնութեան։ Այս գծով կապ ունիմ միութիւններու հետ (MESHC) , որոնք կ’աշխատին նոր սերունդին մօտ յառաջացնել այն գիտակցութիւնը, որ ըլլան ճիշդ որսորդ, ոչ թէ <<ոճրագործ>>. պատահած է, որ նկարելու ժամանակ հանդիպած եմ վիրաւոր թռչուններու եւ զանոնք փրկած եմ՝ յանձնելով զանոնք յատուկ կազմակերպութիւններու, ապա բուժուելէ ետք, անոնք ազատ արձակուած են բնութեան մէջ:

Ո՞վ եղած է գլխաւոր մղիչ ուժը, որ ձեզ մղած է ձեր հիմնական ասպարէզին կողքին նոյն լրջութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումով զբաղիք նաեւ լուսանկարչութեամբ։ Արդեօք հասարակ յայտարարներ կա՞ն յիշեալ երկու բնագաւառներուն միջեւ։

Նախ, բնութիւնը եղած է մղիչ ուժս, ապա ՝ ընկերներուս, շրջապատիս քաջալերանքը: Այս զբաղումս մասնագիտութենէս եւ ասպարէզէս շատ հեռու է, պարզապէս՝ հոգեկանս հանգստացնող նախասիրութիւն մըն է: Լուսանկարչութիւնը նախասիրութիւն է, «հոպի» է ինծի համար:

Ձեր ընտրած վայրերուն մէջ միշտ կայ ծննդավայր Այնճարը. «Ցոլակ-լուսանկարիչ»-ը ի՞նչպէս կը տեսնէ զայն իր ոսպնեակէն։

Մեր գիւղի բնութիւնը ունի շատ գաղտնիքներ, որոնց համար անհրաժեշտ է յատուկ «աչք» եւ արժեւորում: Միշտ կ’ուզեմ թէ՛ օտարներուն եւ թէ՛ գիւղացիներուն համար յայտնաբերել այդ գաղտնիքները, որպէսզի իրենք ալ վայելեն գիւղին թաքնուած գեղեցկութիւնը:

Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք յատկապէս լիբանանեան ներկայ ծանօթ պայմաններուն մէջ։

Դժուարութիւնը այն է, որ երկրի տնտեսական ծանր վիճակը չի ներեր ամբողջութեամբ նուիրուիլ այս հետաքրքրական եւ օգտաշատ ասպարէզին, մանաւանդ՝  չենք կրնար ձեռք բերել ժամանակակից որակեալ գործիքներ եւ ունինք շրջագայութեան ծանօթ դժուարութիւններ: Ընդհանրապէս կը նկարեմ ձեռքի վրայ, որովհետեւ շատ ժամանակ կը քալեմ բնութեան մէջ եւ եռոտանի շալկելը հարց է։ Սակայն որոշ ատեն ստիպուած կ’ըլլամ գործածել եռոտանի։ Ինչպէս ըսի, բարձր որակի քամերա չունիմ, բայց կը փորձեմ իմ ունեցածիս առաւելագոյնը գործածել, իբրև թեքնիք, որպէսզի ունենամ որակաւոր նկարներ։ Ճիշդ է, որքան  լաւ և սուղ քամերա, այնքան լաւ որակի նկար կ’ունենաս, բայց միայն քամերան չէ, կարեւոր են ներշնչումը եւ նկարը նկարելէն առաջ զայն տեսնելը, միտքին մէջ պատկերացնելը և ապա որոշել անկիւնը, ուրկէ պէտք է նկարել… ամենակարեւորը լուսանկարչութեան մէջ լուսաւորումն է եւ լոյսի ուղղութիւնը. եթէ կրնաս լոյսը ճիշդ ձևով ընտրել, բնութեան պարագային՝ արեւը, այն ժամանակ նոյնիսկ հեռաձայնի քամերայով կրնաս լաւ նկարներ ունենալ։

Դժբախտաբար, պատահած է եւ միշտ կը պատահի,  որ թռչուն մը նկարելէս ետք, նոյն թռչունը, նոյն տեղը  գտնեմ վիրաւոր կամ սպաննուած։ Կ’ուզեմ մտահոգութեամբ հարց տալ. եթէ այդ թռչունը կամ կենդանին պիտի չուտես կամ օգտագործես, ապա ինչո՞ւ սպաննել: Ուրիշ դէպք ալ կը պատահի, երբ մեր պարտիզպանները կ’ուզեն մաքրել իրենց պարտէզի մացառները եւ զանոնք կ’այրեն գարնան. գիտենք, որ թռչունները գարնան բոյն կը շինեն եւ հաւկիթ կ’ածեն կամ նոր ձագ կ’ունենան։ Կրակի պարագային, ինքը կրնայ փախչիլ, սակայն բոյնը կ’այրի, կ’այրին  ձագերը կամ հաւկիթները։ Շատ անգամ մայրը կը մնայ բոյնին մէջ՝ փորձելով պաշտպանել ձագերը եւ ինքն ալ կ’այրի… հոս կրնամ ըսել, մաքրելու պարագային, պէտք է մաքրել աշնան կամ ձմեռը, նախքան, որ թռչունները  բոյն շինեն…. թէեւ ես բնապահպան չեմ, բայց երբ մօտէն տեսնես բնութիւնը, թռչունները եւ կենդանիները, մէջդ կը զարգանայ այդ սէրը. կը տեսնես եւ կ’ապրիս իրենց պարզութիւնն ու  գեղեցկութիւնը:

(Սեպտեմբեր 2022. Այնճար, Լիբանան)

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.