Հայ եկեղեցւոյ եւ քաղաքական իշխանութիւններու յարաբերութիւնը դարերու պատմութիւն ունի եւ զուտ ժամանակակից երեւոյթ մը չէ։ Պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեան, «Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» հաղորդաշարի ծիրէն ներս Սագօ Արեանի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, այս յարաբերութիւնը կը քննէ պատմական լայն շրջագիծով՝ Հայաստանի ներկայ լարուածութիւններէն հասնելով մինչեւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւն, ցարական եւ խորհրդային շրջաններ, ինչպէս նաեւ Էջմիածին–Անթիլիաս հակադրութիւն։
Սանճեանի հիմնական դիտարկումը այն է, որ պետութեան եւ եկեղեցւոյ սահմաններուն յստակացումը միայն օրուան քաղաքական վէճով չի սահմանափակուիր։ Անոր համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին խոր եւ բազմակողմանի բարեփոխումներու կարիք ունի, իսկ քաղաքական իշխանութիւնն ու եկեղեցական կառոյցները պէտք է վերաքննեն իրենց դերերը ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ։
«Տարբերակ21»
2027-ի գիտաժողովը՝ եկեղեցիներու եւ քաղաքականութեան մասին
Հարցազրոյցին առիթը 9–11 Ապրիլ 2027-ին նախատեսուած գիտաժողովն է, որ պիտի կրէ «Churches, States and Politics» խորագիրը։ Սանճեանի բանաձեւումով՝ գիտաժողովը պիտի անդրադառնայ հայկական երեք աւանդական եկեղեցիներուն՝ Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն՝ Հայաստանի այսօրուան սահմաններէն դուրս, 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն։ Պիտի ընդգրկուին նաեւ խորհրդային եւ յետխորհրդային տարիներուն Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու տարածքին անոնց ունեցած փորձառութիւնները։
Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ երկու գլխաւոր ուղղութեան վրայ։ Առաջինը եկեղեցիներու իրաւական եւ սահմանադրական վիճակն է՝ թէ անոնք ինչպէ՛ս գոյատեւած եւ յարմարած են տարբեր երկիրներու քաղաքական ու իրաւական համակարգերուն։ Երկրորդը եկեղեցիներու, յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, կամայ թէ ակամայ քաղաքական գործընթացներու մէջ ներգրաւումն է։ Քննութեան պիտի ենթարկուին նաեւ այն միջոցները, որոնցմով պետութիւններ փորձած են ազդեցութիւն բանեցնել հայկական եկեղեցիներուն վրայ, զանոնք վերահսկել կամ միջազգային քաղաքական նպատակներով օգտագործել։ Կազմակերպիչները կը նախատեսեն մինչեւ 18 զեկուցում։
Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ երկու գլխաւոր ուղղութեան վրայ։ Առաջինը եկեղեցիներու իրաւական եւ սահմանադրական վիճակն է՝ թէ անոնք ինչպէ՛ս գոյատեւած եւ յարմարած են տարբեր երկիրներու քաղաքական ու իրաւական համակարգերուն։ Երկրորդը եկեղեցիներու, յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, կամայ թէ ակամայ քաղաքական գործընթացներու մէջ ներգրաւումն է։ Քննութեան պիտի ենթարկուին նաեւ այն միջոցները, որոնցմով պետութիւններ փորձած են ազդեցութիւն բանեցնել հայկական եկեղեցիներուն վրայ, զանոնք վերահսկել կամ միջազգային քաղաքական նպատակներով օգտագործել։ Կազմակերպիչները կը նախատեսեն մինչեւ 18 զեկուցում։
Հայաստանի ներկայ հարցը եւ պատմական նախընթացները
Անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ եկեղեցւոյ միջեւ վերջին տարիներու լարուածութեան՝ Սանճեան նշեց, որ Հայաստանի հողին վրայ աշխարհիկ ու եկեղեցական իշխանութիւններու բախումը նոր երեւոյթ չէ։ Չորրորդ դարէն սկսեալ եկեղեցականները մասնակցած են քաղաքական կեանքին, իսկ հայկական պետականութեան տարբեր շրջաններու թագաւորներն ու եկեղեցական վերնախաւերը բազմաթիւ առճակատումներ ունեցած են։ Նման պայքարներու երկար պատմութիւն ունի նաեւ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը։
Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, ըստ պատմաբանին, հարցը երկու կողմ ունի։ Պէտք է յստակացնել, թէ պետական կառոյցները որքանո՛վ կրնան միջամտել եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։ Միաժամանակ, եկեղեցին պէտք է ճշդէ, թէ ինքզինք ինչպէ՛ս կը տեսնէ ժողովրդավարական ու մրցակցային քաղաքական համակարգին մէջ, եւ արդեօք ազգային եկեղեցիի իր հանգամանքը իրեն իրաւունք կու տա՞յ կուսակցական պայքարներուն մէջ դիրք բռնելու։
Սանճեան մտահոգիչ նկատեց գործող կաթողիկոսի մը հեռացումը քաղաքական ճնշումով պարտադրելու փորձը։ Ան ընդգծեց, որ նոյնիսկ եթէ ներկայացուած պատճառները հիմնաւոր համարուին, նման քայլ մը վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ, որ ապագային կրնայ բոլորովին տարբեր նպատակներով օգտագործուիլ։
Բարեփոխումը չի սահմանափակուիր պետութիւն–եկեղեցի յարաբերութեամբ
Պատմաբանը շեշտեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեփոխման կարիքը գոյութիւն ունէր ներկայ ղեկավարներէն շատ առաջ։ Ան յիշեց կուսակրօնութեան հարցը, որ 1920-ական, 1930-ական եւ 1940-ական թուականներուն եւս քննարկուած է, սակայն մինչեւ այսօր հակասական վիճակի մէջ կը մնայ։ Իր ձեւակերպումով՝ աւելի լաւ է օրէնքը փոխել, քան անոր խախտումները չտեսնելու տալ կամ իրականութիւնը ծածկել։
Սանճեանի համաձայն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանի մէջ վերջին երեսուն տարիներուն չէ ստեղծած բաւարար ներքին եւ հանրային քննարկում՝ ժողովրդավարական համակարգին մէջ իր դերին շուրջ։ Նոյնիսկ եթէ Հայաստանի պետութիւնն ու եկեղեցին քաղաքական համաձայնութեան մը հասնին կամ նոր օրէնսդրութիւն մշակեն, ատիկա եկեղեցւոյ բոլոր խնդիրները չի լուծեր։ Անոնցմէ շատերը հոգեւոր, վարչական եւ համահայկական բնոյթ ունին, քանի որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միայն Հայաստանի մէջ գործող կառոյց մը չէ։ Այլ երկիրներու մէջ ապրող հայ առաքելականները եւս անոր նոյնքան իրաւահաւասար զաւակներն են։
Միաժամանակ ան զգուշացուց եկեղեցին առանձին եւ մեկուսացած կառոյց մը նկատելէ։ «Մեր եկեղեցին մեր հասարակութենէն կը բխի», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ հայ ընտանիքներէն շատ քիչեր իրենց զաւակները կը քաջալերեն հոգեւոր ասպարէզ ընտրելու։ Հետեւաբար եկեղեցւոյ շարք մը տկարութիւններ իրականութեան մէջ հայ հասարակութեան աւելի ընդհանուր խնդիրներուն արտացոլացումն են։
Պոլսոյ փորձառութիւնը եւ կուսակցութիւններու մուտքը
Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատմութիւնը Սանճեան ներկայացուց իբրեւ եկեղեցի–պետութիւն–համայնք եռակողմ յարաբերութեան կարեւոր օրինակ։ Ան որոշ վերապահութեամբ մօտեցաւ տարածուած այն պնդումին, թէ պետականութիւն չունեցած դարերուն եկեղեցին ստանձնած է հայկական պետութեան դերը։ Իսլամական իշխանութեան տակ ոչ-Իսլամ համայնքները իրաւականօրէն կազմակերպուած էին կրօնական հիմքի վրայ, իսկ անոնց կրօնապետերը միաժամանակ համայնական պետեր էին։ Այս մօտեցումը պարտադրուած էր Իսլամութիւն դաւանող պետական կառոյցներուն կողէ, եւ ոչ-Իսլամ հպատակները պարտաւորուած էին համակերպիլ։ Յետօսմանեան շարք մը երկիրներու մէջ այս համակարգին կարեւոր բաղադրիչները մինչեւ այսօր կը պահպանուին։
19-րդ դարուն հայերը սկսան իրենք զիրենք ընկալել նաեւ իբրեւ մշակութային ազգ, որուն ինքնութիւնը միայն կրօնքով չէր սահմանուեր։ Սակայն, հայկական համայնքներ ունեցող բազմաթիւ պետական, քաղաքական եւ իրաւական կառոյցներ շարունակեցին եւ առ այսօր կը շարունակեն հայերուն նայիլ իբրեւ կրօնական համայնք ու եկեղեցին ճանչնալ իբրեւ համայնքի գլխաւոր ներկայացուցիչ։ Ասիկա ազդեցիկ աշխարհական ուժերուն համար վաղուց պատճառ հանդիսացած էր միջամտելու Պոլսոյ պատրիարքներու ընտրութեան։ Պոլսոյ ամիրայական խմբակցութիւնները կը մրցէին «իրենց մարդը» պատրիարքական աթոռ բարձրացնելու, իսկ օսմանեան պաշտօնատարներու կաշառումը եւս համակարգին մաս կը կազմէր։ Սա եւս զուտ հայկական երեւոյթ չէր։ Նոյնանման փորձ ունէին նաեւ Օսմանեան պետութեան յոյները։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յայտնուելով՝ այս միջամտութիւնը 19-րդ դարու վերջէն սկսեալ նոր բնոյթ ստացաւ։ Սանճեան նշեց, որ առաջին սերունդի հնչակեաններն ու դաշնակցականները ընդգծուած աշխարհիկ կազմակերպութիւններ էին։ Եկեղեցին անոնց համար ինքնին նպատակ չէր, սակայն քաղաքական ազդեցութեան կարեւոր միջոց էր։ Այս միջավայրին մէջ 1890-ին, Գում Գափուի ցոյցին ընթացքին Հնչակեանները Խորէն Եպս. Աշըգեան պատրիարքը հարկադրաբար տարին սուլթանին խնդրագիր ներկայացնելու, իսկ հետագային` 1894-ին ան մահափորձէ փրկուեցաւ։ Տարիներ ետք` 1903-ին դաշնակցականներ մահափորձ կատարեցին Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի դէմ՝ զինք եւս մեղադրելով իշխանութեան հանդէպ չափազանց զիջող ըլլալու մէջ։
Ցարական եւ խորհրդային իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը
Ցարական Ռուսիոյ օրով, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը կարգաւորուեցաւ 1836-ին հաստատուած «Պոլոժենիէ»-ով։ Կաթողիկոսական ընտրութեան ատեն երկու ամենաշատ քուէ ստացած թեկնածուներուն անունները կը ներկայացուէին ցարին, որ անոնցմէ մէկը ընտրելու իրաւասութիւն ունէր։ 1903-ին եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւումը եկեղեցին մղեց ապաւինելու Դաշնակցութեան կազմակերպչական ուժին՝ ժողովրդային դիմադրութիւն ծաւալելու համար։
Խորհրդային իշխանութեան քաղաքականութիւնը, ըստ Սանճեանի, երկու հիմնական հանգրուան ունեցաւ։ Մինչեւ 1938 նպատակը կրօնական կեանքը քանդելն ու վերացնելն էր։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շրջանին իշխանութիւնը փոխեց իր մօտեցումը եւ սահմանափակ թիւով եկեղեցիներ օգտագործեց իբրեւ վերահսկուած հասարակական կառոյցներ՝ պետական քաղաքական նպատակներու ծառայեցնելու համար։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին անոնցմէ մէկն էր։
Այս շրջանը գնահատելու ատեն Սանճեան անդրադարձաւ նաեւ պատմաբան Ֆելիքս Քորլիի դիտարկումին։ 1903-ին հայկական դպրոցներու փակումը ազգային ինքնութեան ուղղուած անմիջական վտանգ կը նկատուէր, մինչ ստալինեան շրջանին եկեղեցիներու քանդումը նոյն ձեւով չընկալուեցաւ, որովհետեւ խորհրդային պետութիւնը արդէն մշակած էր ազգային ինքնութեան իր տարբերակը։ Կրթութիւնը, թատրոնը, շարժապատկերն ու հայերէնի գործածութիւնը շարունակուեցան՝ թէեւ անոնց բովանդակութիւնը խստօրէն կը վերահսկուէր։ Այս տարբերութիւնը, ըստ հարցազրոյցին, կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար հասարակական դիմադրութիւնը խորհրդային հալածանքներու ժամանակ մեծ մասամբ կրաւորական մնաց՝ ի տարբերութիւն 1903-ի զանգուածային շարժումին։
Սանճեան հաստատեց, որ խորհրդային գաղտնի ծառայութիւնները հոգեւորականներ հաւաքագրած են, յաճախ՝ անոնց հոգեւոր ճեմարան իբրեւ ուսանող մուտք գործելէն անմիջապէս ետք։ Սակայն ան զգուշացուց անուններու հրապարակուած ցուցակները միանշանակ մեկնաբանելէ։ Հաւաքագրուիլը միշտ չէր նշանակեր հետագային յանձնարարութիւններ ստանալ ու կատարել։ «Քա. Կէ. Պէ.»-ի արտահոսած փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ «վստահելի անձնաւորութիւններ», որոնցմէ իշխանութիւնը սովորաբար կարծիք կը խնդրէր՝ առանց զանոնք պարտադիր կերպով գործակալ նկատելու։ Այդուհանդերձ, պատմաբանին գնահատումով՝ կասկած չկայ, որ Խորհրդային Միութիւնը եւ այլ պետութիւններ քաղաքական նպատակներով օգտագործած են հոգեւորականներու հետ իրենց կապերը։
Էջմիածին–Անթիլիաս հակադրութեան ազգային եւ միջազգային շերտերը
Սանճեան Էջմիածինի եւ Անթիլիասի միջեւ 1950-ականներու հակադրութեան սկզբնական հիմքը սկզբնապէս ազգային, եւ միայն ապա միջազգայնացած նկատեց։ 1920–23-ի զագացումներէն ետք Սփիւռքի մէջ հիմնական հարց դարձաւ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ դիրքորոշումը։ Դաշնակցութիւնը խոր վերապահութիւն ունէր խորհրդային իշխանութեան նկատմամբ, մինչ Ռամկավար, Հնչակեան եւ այլ ուժեր պատրաստ էին նոր իրավիճակին հետ լեզու գտնելու՝ միաժամանակ Դաշնակցութեան սփիւռքի մէջ ազդեցութեան հակակշիռ ստեղծելով։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հերթին նախ գոյատեւման հարց ունէր։ Երկար բանակցութիւններէ ետք 1929-ին անոր ենթակայ մնացին Հալէպի եւ Անտիոքի թեմերը, որոնց աւելցան Դամասկոսը, Լաթաքիան եւ Լիբանանը։ 1930-ականներուն ոչ-դաշնակցական շրջանակները կը մտահոգուէին, որ Դաշնակցութիւնը կը փորձէ Անթիլիասը Էջմիածնէն անկախ հակաթոռի վերածել կամ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը բարձրացնել իբրեւ Սփիւռքի գլխաւոր հոգեւոր կեդրոն։
Հակադրութիւնը 1952–56-ին աւելի բացայայտ միջազգային բնոյթ ստացաւ։ Պաղ պատերազմի պայմաններուն, Դաշնակցութիւնը կը համագործակցէր ամերիկեան հետախուզութեան հետ, իսկ Խորհրդային Միութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը քաջալերէր հակադաշնակցական ուժերը։ Այս մթնոլորտը սրեց 1956-ի Անթիլիասի ընտրութեան տագնապը, երբ Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեանի ընտրութիւնը համայնքի մէկ մասը մերժեց ընդունիլ։
Սանճեան Զարեհ Կաթողիկոսի կերպարին շուրջ երկու հակադիր պատկեր առանձնացուց։ Դաշնակցական գրականութեան մէջ ան կը ներկայանայ իբրեւ «քաջ հովիւ», իսկ ոչ-դաշնակցական շրջանակներու մէջ՝ իբրեւ բարի եւ ազնիւ հոգեւորական, որ բաւարար կշիռ չունէր կուսակցութեան միջամտութիւնը սահմանափակելու։ Կեանքի վերջին տարիներուն Զարեհ Կաթողիկոսը, ըստ որոշ վկայութիւններու, փորձած է Վազգէն Ա.-ի հետ առանձին հաղորդակցութիւն հաստատել եւ միջին եզր գտնել, սակայն իրեն կողմնակից աշխարհական ու կուսակցական տարրերը ընդդիմացած են։
Քաղաքական ներգրաւման վտանգը
Հարցազրոյցի աւարտին Սանճեան իր պատմական դիտարկումները ամփոփեց զգուշացումով մը։ Երբ հոգեւորականները քաղաքական կուսակցութիւններուն կ՚արտօնեն մտնել իրենց ներքին, եկեղեցական պայքարներուն մէջ, վերջաւորութեան յաճախ կը զղջան։ Պատմութիւնը, անոր համաձայն, ցոյց կու տայ, որ աշխարհական քաղաքական ուժերը կրնան աւելի ծայրայեղ դիրքեր որդեգրել, քան հոգեւորականները, ապա՝ իրենց համակիր եկեղեցականները մղել աւելի արմատական կեցուածքներու։
Այս տեսանկիւնէն՝ եկեղեցւոյ բարեփոխումն ու պետութեան հետ յարաբերութիւններու յստակացումը փոխկապակցուած, բայց նոյնը չեղող հարցեր են։ Առաջինը կը պահանջէ համահայկական, հոգեւոր եւ վարչական ինքնաքննութիւն, իսկ երկրորդը՝ ժողովրդավարական կարգերուն համապատասխան իրաւական սահմաններ։ Սանճեանի ներկայացուցած պատմական փորձը կը վկայէ, որ անոնցմէ ոչ մէկը կարելի է լուծել օրուան քաղաքական հակադրութիւններուն տրամաբանութեամբ միայն։
«Տարբերակ21»


