Դոկտ. Արա Սանճեան՝ եկեղեցւոյ ինքնութեան, 1956-ի Անթիլիասի տագնապին եւ այսօրուան Հայաստանի մասին (Բ. մաս եւ վերջ)

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ այսօր ծաւալող քաղաքական ու հասարակական հակադրութիւնները պատմական բազմաթիւ նախադէպեր ունին։ «Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» հաղորդաշարին տուած երկրորդ հարցազրոյցին մէջ պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեան, Սագօ Արեանի հարցումներուն պատասխանելով, ներկայ տագնապը կը տեղադրէ եկեղեցի–պետութիւն եւ եկեղեցի–կուսակցութիւն յարաբերութիւններու աւելի լայն ծիրին մէջ։
Զրոյցը միաժամանակ կ’անդրադառնայ ամերիկահայ թեմի 1930-ականներու պառակտումին, Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութեան, Զարեհ եպս. Փայասլեանի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեան շուրջ ծագած 1952-1956-ի պայքարին, ամերիկեան եւ խորհրդային ազդեցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վազգէն Ա. եւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսներու միջեւ հաշտութեան փորձերուն։ Սանճեան բազմիցս կ’ընդգծէ, որ պատմական դէպքերը պէտք է քննել աղբիւրներու սահմաններուն գիտակցութեամբ եւ խուսափիլ կուսակցական երկու հակադիր պատումներէն որեւէ մէկը առանց վերապահութեան ընդունելէ։

«Տարբերակ21»

Ներկայ հակամարտութիւնը եւ չլուծուած հարցերը

Անդրադառնալով Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հակամարտութեան՝ Սանճեան խուսափեցաւ անոր հանգուցալուծման մասին կանխատեսում կատարելէ։ Անոր գնահատումով՝ դատական կամ առանձին եկեղեցական հարցերը աւելի մեծ քաղաքական պայքարի բաղադրիչներն են եւ հաւանաբար պիտի լուծուին այդ պայքարի ընդհանուր ելքին համապատասխան։

Պատմաբանը կուսակրօնութեան ուխտի պահպանումը լուրջ հոգեւոր հարց նկատեց, որովհետեւ ուխտի խախտումը կը վնասէ հոգեւորականի հեղինակութեան։ Սակայն ան միաժամանակ նշեց, որ քաղաքական հակամարտութեան մէջ այդ հարցը դարձած է գործիք։ Իր կարծիքով՝ եթէ կուսակրօնութեան պարտադիր դրութիւնը վերատեսութեան ենթարկուի, ատիկա պէտք է կատարուի եկեղեցական օրէնքով, կանոնով, համապատասխան որոշումներով եւ բաւարար ժամանակի ընթացքին, ոչ թէ ընտրովի մեղադրանքներու միջոցով։

Սանճեան վերահաստատեց առաջին հարցազրոյցին մէջ արտայայտած իր համոզումը, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին արմատական բարեփոխումներու կարիք ունի։ Սակայն ան քիչ յոյս ունի, որ ներկայ պայմաններուն մէջ նման բարեփոխում տեղի ունենայ, որովհետեւ Եկեղեցին չունի անհրաժեշտ ներքին երկխօսութիւնն ու կազմակերպչական ներուժը՝ իր հոգեւորականներն ու աշխոյժ անդամները մէկ սեղանի շուրջ բերելու եւ ժամանակակից մնալու ուղղուած հաստատութենական միջոցներ մշակելու համար։

Եկեղեցին հաւատքի՞, ինքնութեա՞ն, թէ՞ մշակոյթի հաստատութիւն

Բարեփոխութեան որեւէ ծրագիր, ըստ Սանճեանի, պէտք է սկսի աւելի հիմնական հարցումէ մը՝ հայ ժողովուրդին համար Եկեղեցին ի՞նչ է։ Անիկա հաւատքի հաստատութի՞ւն է, ազգային ինքնութեան վա՞յր, թէ՞ ազգային-մշակութային կեդրոն։ Պատասխանները նոյնը չեն Հայաստանի, Սփիւռքի տարբեր գաղութներու եւ նոյնիսկ միեւնոյն ծխական համայնքին անդամներուն համար։

Սանճեան յիշեց Տիթրոյթի մօտ Սուրբ Յովհաննէս Հայց. Եկեղեցւոյ մասին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց տուած էր համայնքի անդամներուն տարբեր սպասումները։ Մէկ խումբին համար եկեղեցին հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի վայր էր, ուրիշներուն համար՝ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութեան հոգեւոր միջավայր։ Պատմաբանը դիտել տուաւ, որ քրիստոնէական եկեղեցին իր էութեամբ համամարդկային է, իսկ քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ վերջնական պատասխանատուութիւնը անհատական է։

Այս բազմազանութիւնը հաշուի չառնելով կարելի չէ որոշել Եկեղեցւոյ դերը Հայաստանի Հանրապետութեան կամ համաշխարհային Սփիւռքին մէջ։ Էջմիածինը կը գտնուի Հայաստանի սահմաններուն մէջ, բայց համահայկական հոգեւոր կեդրոն է նաեւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայերուն եւ, հոգեւոր նախապատւութեան իմաստով, նոյնիսկ Կիլիկեան թեմերուն համար։ Հետեւաբար պետութիւն–եկեղեցի որեւէ լուծում պէտք է խուսափի այն մտայնութենէն, թէ Հայաստանի եկեղեցին կը պատկանի միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, իսկ Սփիւռքը պէտք է առանձին լուծէ իր հարցերը։

Պետական միջամտութեան վտանգաւոր նախադէպը

Սանճեան դարձեալ վերապահութիւն յայտնեց աշխարհիկ իշխանութեան կողմէ օրինական կերպով ընտրուած կաթողիկոսի մը հեռացումը պարտադրելու փորձին նկատմամբ։ Ան յիշեց, որ կաթողիկոսական գրեթէ բոլոր ընտրութիւններուն արտաքին կամ պետական միջամտութիւն եղած է։ Խորհրդային իշխանութիւնը ուղղակիօրէն ներգրաւուած էր 1945-ի եւ 1955-ի ընտրութիւններուն, իսկ անկախ Հայաստանի օրով Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութիւնը ներգրաւուած էր Գարեգին Ա.-ի, Ռոպերթ Քոչարեանն ու Վազգէն Սարգսեանը՝ Գարեգին Բ.-ի ընտրութեան ընթացքին։ Հետեւաբար ներկայ կաթողիկոսին ընտրութիւնը, իր թերութիւններով հանդերձ, նախորդներուն չափ օրինական է։

Անոր գնահատումով՝ հրաժարականի կամ գահազրկման հարցը կրնայ Եկեղեցւոյ ներսը լուծուիլ տեղապահ նշանակելու, աթոռակից ընտրելու կամ կաթողիկոսի կամաւոր հրաժարականի կանոնակարգուած կարելիութիւններով։ Սակայն եթէ կառավարութիւնը ստեղծէ կաթողիկոս հեռացնելու նախադէպ, ապագայ իւրաքանչիւր իշխանութիւն կրնայ փորձել իր նախընտրած եկեղեցապետը բերել։

Սանճեան միաժամանակ Եկեղեցիէն պահանջեց չսահմանափակուիլ կառավարութիւնը մեղադրելով։ Անոր կարծիքով՝ Եկեղեցին ինքը պէտք է քննէ իշխանութիւններուն բարձրացուցած հարցերէն սկզբունքային եւ հիմնաւոր բաժինը եւ իր լուծումները առաջարկէ՝ կառավարութենէն անկախ։ Ներկայ վէճը, սակայն, կեդրոնացած է «կաթողիկոսը պիտի մնա՞յ, թէ՞ պիտի երթայ» հարցին վրայ, մինչ Եկեղեցւոյ աւելի խոր խնդիրները գրեթէ չեն քննարկուիր։

Եկեղեցին՝ հաշտարար, ոչ թէ մրցակից կողմ

Հայաստանի ներկայ հակադրութեան մէջ Սանճեան նկատել տուաւ ոչ միայն երկու անձերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան բացակայութիւն, այլեւ երկրի ապագային վերաբերող արմատականօրէն տարբեր պատկերացումներ։ Ըստ անոր՝ մէկ կողմը կառչած կը մնայ տասնամեակներ շարունակ տիրապետող պահանջատիրական գաղափարախօսութեան եւ Ռուսիոյ հետ կապին, իսկ միւսը կը հետապնդէ քաղաքական իրապաշտութեան՝ realpolitik-ի ուղի մը։ Եկեղեցին ներքաշուած է այս բախումին ժամանակ յօգուտ մէկ ճամբարին դիրքաւորուելու կամ բոլորէն հնարաւորինս հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալու, հաւանական միջնորդ դառնալու երկընտրանքին մէջ։

Պատմաբանը տարբերակեց ընդհանուր քաղաքականութեան այլազան հարցերէն Եկեղեցին անմիջապէս հետաքրքրողներուն մասին անոր խօսելու իրաւունքը եւ միջկուսակցական պայքարին մասնակցութիւնը։ Երբ ժողովուրդը մեծ թիւերով բաժնուած է հակադիր ճամբարներու, հոգեւորականին դերը, ըստ Սանճեանի, պէտք է ըլլայ փորձել ընդհանուր եզրեր գտնել եւ ոչ թէ ճամբարներէն մէկուն միանալ։ Ներկայիս երկու կողմերն ալ հակառակորդը կը ներկայացնեն իբրեւ ազգը կործանման տանող ուժ, իսկ Եկեղեցին եւս մտած է այդ տրամաբանութեան մէջ։ Սանճեան նշեց, որ Ուքրանիոյ պատերազմի ելքին նման արտաքին զարգացումներ կրնան ազդել նաեւ Հայաստանի քաղաքական ուղղութեան եւ ներկայ եկեղեցական հակամարտութեան վրայ, ուստի վերջնական գնահատականներ տալը կանուխ է։

Ղեւոնդ Դուրեան եւ Եռագոյնի շուրջ պայքարը

Հարցազրոյցի ժամանակ պատմական քննարկման առաջին մեծ հանգրուանը Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութիւնն էր 24 Դեկտեմբեր 1933-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Սանճեան շեշտեց, որ այդ ոճիրէն մի քանի ամիս առաջ, Շիքակոյի միջազգային ցուցահանդէսին հայկական օրուան ժամանակ 1918-1920 թուականներու հանրապետութեան Եռագոյնը բեմէն վար առնելու միջադէպը կարեւոր էր, բայց հակամարտութեան ոչ սկիզբն էր, ոչ ալ ամբողջ բացատրութիւնը։

Դուրեան Ամերիկայի առաջնորդ նշանակուելէ առաջ ծառայած էր Պալքաններու, Իզմիրի եւ Անգլիոյ մէջ։ Ան Արմաշի դպրոցի այն եկեղեցական աւանդութեան մաս կը նկատուէր, որ կուսակցութիւններու քաղաքական գործունէութեան հանդէպ վերապահ էր։ Երբ Էջմիածինէն հրահանգ եկաւ եկեղեցին ԱՄՆի մէջ քաղաքական գործունէութենէ հեռու պահելու, տեղական դաշնակցական շրջանակներուն եւ առաջնորդին հակամարտութիւնը սրեցաւ։

1933-ին Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուէր պաշտօնապէս ճանչնալ Խորհրդային Միութիւնը։ Մինչ այդ ամերիկահայ միջավայրին մէջ Եռագոյնը ամերիկահայ որոշ շրջանակներու կողմէ ազատօրէն կը գործածուէր իբրեւ Հայաստանի խորհրդանիշ, իսկ Խ. Միութեան ճանաչումէն առաջ եւ ետք դրօշին շուրջ ներհայկական վէճը աւելի սուր քաղաքական իմաստ ստացաւ։ Դաշնակցականներուն համար եռագոյնը անկախ Հայաստանի օրինական խորհրդանիշն էր։ Ոչ-դաշնակցական շրջանակներու մէկ մասին համար ան դարձած էր ներկան՝ Խորհրդային Հայաստանի գոյութիւնը ժխտելու խորհրդանիշ։

Շիքակոյի հայկական օրուան ընթացքին Եռագոյնը հեռացնելու ճշգրիտ հանգամանքներուն մասին տարբեր վարկածներ կան՝ քուէարկութենէ մինչեւ առաջնորդին անձնական որոշումը։ Սանճեան զգուշացուց, որ Դուրեանի Եռագոյնը «քուրջի կտոր» անուանելու մասին հետագայ պատմութիւնները կրնան աւելի ուշ ձեւաւորուած ըլլալ։ Բայց քաղաքական հետեւանքը յստակ էր. Դաշնակցութիւնը որոշեց Դուրեանը չվերընտրել, իսկ անոր կողմնակիցները, որոնք ժողովին մէջ թիւով աւելի քիչ էին, հեռացան թեմական ժողովէն եւ առանձին վարչութիւն կազմեցին։ Էջմիածինը օրինական ճանչցաւ Դուրեանի կողմնակիցներուն մարմինը, մինչ դաշնակցական թեւը գործեց իբրեւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւն՝ առանց եպիսկոպոսի եւ առանց Էջմիածնի հաւանութեան։

Սպանութենէն մինչեւ ամերիկահայ թեմի պառակտումը

Թեմական պառակտումէն ետք Դուրեան դաշունահարուեցաւ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին։ Դատարանը երկու անձ մահուան դատապարտեց, իսկ հինգ ուրիշներ տարբեր ժամկէտներով բանտարկուեցան։ Մահուան պատիժները հետագային փոխուեցան ցմահ բանտարկութեան։ Դատապարտուածներէն Մատթէոս Լէյլէկեան կը նկատուէր դանակը գործածած անձը։ Ան եւ իր գործընկերը աւելի քան 20 տարի բանտարկուած մնացին։

Դաշնակցական պաշտպանողական պատումներուն մէջ սպանութիւնը երբեմն վերագրուեցաւ համայնավարներու սադրանքին, երբեմն ալ ներկայացուեցաւ իբրեւ կուսակցական անհատներու ինքնագլուխ գործողութիւն։ Սանճեան դիտել տուաւ, որ փոխադարձաբար հակասող այս բացատրութիւնները կը թուլացնեն միակ եւ վերջնական կուսակցական վարկածի մը վստահելիութիւնը։

Սպանութենէն ետք ստեղծուած բաժանումը երկարաժամկէտ հաստատութենական խնդիր դարձաւ։ Մէկ կողմը ունէր Էջմիածնի կողմէ ճանչցուած եպիսկոպոսներ, միւսը՝ եկեղեցիներ եւ քահանաներ, սակայն չունէր նոր հոգեւորականներ ձեռնադրելու իրաւասութիւն ունեցող եպիսկոպոս։ Քահանաներուն տարիքի բերումով նուազելուն հետ այդ խումբին շարունակականութիւնը վտանգուած էր։ Այս կարիքը, Սանճեանի գնահատումով, 1933-ի ամերիկահայ պառակտումը ուղղակիօրէն կապեց 1952–56-ի Անթիլիասի պայքարին հետ։

Գարեգին Յովսէփեանցի միջնորդական փորձերը

1934-ին Էջմիածինը Գարեգին արք. Յովսէփեանցը արտասահման ուղարկեց իբրեւ նուիրակ։ Ան տարբեր գաղութներ այցելելէ ետք հասաւ Միացեալ Նահանգներ եւ փորձեց հաշտեցնել բաժնուած կողմերը։ Փորձերը չյաջողեցան, սակայն Յովսէփեանց ընտրուեցաւ էջմիածնական թեմի առաջնորդ եւ շարունակեց հաւատարիմ մնալ Մայր Աթոռին։

Դաշնակցական շրջանակներուն մէջ ան որոշ յարգանք կը վայելէր, որովհետեւ նուազ ծայրայեղ կը նկատուէր, քան տեղական հնչակեան, ռամկավար կամ համայնավար գործիչները։ Այդ ընկալումը նպաստեց, որ 1943-ին ան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լայն համաձայնութեամբ ընտրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս։ Սակայն ամերիկահայ թեմի միաւորման իր վերջին փորձերը եւս արդիւնք չտուին։

Հիւսիսային Ամերիկայի պառակտուած իրադրութեան մէջ, դաշնակցական թեւին համար հիմնական հարցը շարունակեց մնալ սեփական եպիսկոպոս ունենալը։ 1957-ին, Կիլիկիոյ նորընտիր Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Միացեալ Նահանգներ ուղարկուած Խորէն արքեպիսկոպոս Բարոյեանը համախմբեց այդ եկեղեցիները, նիւթական մեծ օժանդակութիւն ապահովեց Անթիլիասին եւ այդ այցելութեան ժամանակ հիմք դրուեցաւ զուգահեռ թեմական կառոյցին։ Հրանդ եպիսկոպոս Խաչատուրեան դարձաւ նորաստեղծ թեմին առաջին առաջնորդը։ Այսպիսով ամերիկահայ 1930-ականներու պառակտումը վճռական դեր ունեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետագայ՝ 1950-ականներու ընդարձակման մէջ։

Զարեհի ընտրութիւնը եւ Դաշնակցութեան հաշուարկը

1956-ի Զարեհ եպս. Փայասլեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեան մասին Սանճեան յստակացուց, որ անոր անձնական արժանիքները եւ քաղաքական ընտրութիւնը պէտք է իրարմէ զատել։ Ընդդիմադիր շրջանակներն անգամ Զարեհի անձին հանդէպ սկզբնական լուրջ առարկութիւն չունէին։ Հակադրութիւնը սրեցաւ ընտրութեան ընթացքին եւ անկէ ետք, երբ Զարեհ դարձաւ Դաշնակցութեան քաղաքական եւ եկեղեցական ծրագրին խորհրդանիշը։

Դաշնակցութիւնը երկար ժամանակ փորձած էր Անթիլիասի մէջ իրեն վստահելի կաթողիկոս ունենալ եւ սահմանափակել կաթողիկոսի անհատական իշխանութիւնը աշխարհական մարմիններու միջոցով։ 1941-ին պատրաստուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնադրութիւնը մեծ մասամբ Պոլսոյ Ազգային սահմանադրութեան օրինակով էր եւ զգալի իրաւասութիւն կու տար աշխարհական մարմիններուն։ Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանց զայն չէր վաւերացուցած 1945-1952-ին։ Դաշնակցութեան համար ընդունելի, նոր թեկնածուէն կը սպասուէր 1941-ի կանոնադրութեան գործադրութիւնը։

Սանճեան վկայակոչեց նախկին դաշնակցական գործիչ Խոսրով Թիւթիւնճեանի այն պնդումը, թէ կուսակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պատրաստ էր այլ, աւելի տարեց թեկնածուի մը, օրինակ՝ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի եւս համաձայնելու, սակայն Բիւրոն պնդած էր Զարեհի ընտրութեան վրայ։ Ըստ այս մեկնաբանութեան՝ Բիւրոյին համար անհրաժեշտ էր կաթողիկոս մը, որ Էջմիածնի ճնշումին տեղի չտար եւ ամերիկահայ դաշնակցականամէտ եկեղեցիներուն եպիսկոպոս ու քահանաներ ապահովելու ճանապարհ բանար։ Սանճեան այս պնդումը վերջնական փաստ չնկատեց՝ նշելով, որ Բիւրոյի փաստաթուղթերը մատչելի չեն, բայց զայն պատմականօրէն տրամաբանական բացատրութիւն համարեց։ Նշեց նաեւ որ դաշնակցական հրապարակագիրներ այդ բաղձանքին մասին բացայայտ գրած են այդ օրերուն։

Պաղ պատերազմը եւ պետութիւններու միջամտութիւնը

Զարեհի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Պաղ պատերազմի ամենասուր տարիներուն։ Դաշնակցութեան կապերը ամերիկեան հետախուզութեան հետ բարձր մակարդակի վրայ էին, իսկ Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամուն բացայայտօրէն արեւմտամէտ եւ հակահամայնավար դիրք ունէր։ Սանճեան յիշեց Շամունի հետագայ յայտարարութիւնը, թէ կ՚ուզէր Անթիլիասը դարձնել «ազատ աշխարհի հայերու Վատիկանը»։ Ասիկա կը մատնանշէ, որ տագնապին մէջ ներհայկական մրցակցութեան կողքին պետական եւ միջազգային հաշուարկներ եւս կային։

Ընտրութենէն ետք օծման համար աւանդաբար անհրաժեշտ էին երեք եպիսկոպոսներ, բայց միայն երկու եպիսկոպոս պատրաստ էին մասնակցելու։ Էջմիածինը առաջարկեց ընդունիլ ընտրութեան արդիւնքը եւ հեշտացնել օծումը այն պայմանով, որ Զարեհ խոստանար նոր թեմեր չկցել Անթիլիասին։ Այդ «կարմիր գիծը» ընդունիլը, սակայն, Զարեհը հակադրութեան մէջ պիտի դնէր Դաշնակցութեան համակիր իր ընտրողներուն հետ։ Ի վերջոյ օծման մասնակցելու համար ասորի եպիսկոպոս մը հրաւիրուեցաւ։

Սանճեան անգլիական արխիւներէն օրինակ մը բերաւ՝ ցոյց տալու համար արտաքին միջամտութեան փորձերը։ Լիբանանահայ պետական երեսփոխան ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան բիւրոյի անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեան դիմած էր բրիտանական իշխանութիւններուն, որ Երուսաղէմի մէջ համոզեն հայ եպիսկոպոս մը՝ մասնակցելու օծման։ Բրիտանացիները քննարկած եւ որոշած էին չներքաշուիլ՝ մտահոգուելով, որ հայ կողմերը կրնան յետոյ հաշտուիլ, իսկ միջամտողին հեղինակութիւնը վնասուի։

Տարածաշրջանի կառավարութիւնները արագօրէն ճանչցան Զարեհ Ա.-ը։ Նոր կաթողիկոսի եւ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան իրաւասութիւնը ամրապնդուեցաւ Լիբանանի, հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կիպրոսի մէջ, թէեւ Դամասկոսի թեմը չընդունեց կցումը եւ մինչեւ այսօր առանձին կը մնայ։ Ըստ Սանճեանի՝ 1956-ի պառակտումին հետեւանքները եօթը տասնամեակ ետք տակաւին ամբողջովին չեն վերացած։

Զարեհ Ա.-ի երկու կերպարները եւ հաշտութեան փորձը

Զարեհ Ա.-ի շուրջ պատմագրութեան մէջ Սանճեան առանձնացուց երկու հակադիր կերպար։ Դաշնակցական պատումին մէջ ան խիզախ եւ քաջ հովիւն է, որ դիմադրեց խորհրդային ազդեցութեան։ Հակադիր պատումին մէջ ան բարի եւ ազնիւ, բայց թոյլ առաջնորդ մըն է, որ չկրցաւ սահմանափակել զինք իշխանութեան բերած կուսակցութեան ազդեցութիւնը։

Պատմաբանը չհաստատեց, որ Զարեհ Ա. բացայայտօրէն զղջում արտայայտած է։ Սակայն կան տուեալներ, որ ան, իր մահուընէ ոչ շատ առաջ, առանց կուսակցական ղեկավարութեան գիտութեան, Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հետ հաշտութեան բանակցութիւններու մտած էր։ Խորհրդային արխիւներուն մէջ պահպանուած միջնորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ երկու կաթողիկոսները համաձայնած էին «Էջմիածնի» եւ «Հասկի» մէջ առանձին խմբագրականներով ներկայացնել փոխզիջման իրենց պատկերացումները եւ որոշ չափով մօտենալ իրարու դիրքերուն։ Երբ այս նախաձեռնութիւնը բացայայտուած է, Զարեհ կուսակցական կտրուկ հակազդեցութեան հանդիպած է։

Սանճեան այս դէպքը ներկայացուց նաեւ իբրեւ եկեղեցական իշխանութեան եւ ժողովրդավարական հաշուետուութեան բարդութեան օրինակ մը։ Կաթողիկոսը ընտրուած էր մարմինի մը կողմէ, ուր մեծամասնութիւն ունէր որոշակի կուսակցութիւն մը։ Սակայն հոգեւոր առաջնորդը միաժամանակ պարտաւոր էր ամբողջ հօտին հայր ըլլալ եւ սեփական նախաձեռնութեամբ հաշտութիւն որոնել։ «Եկեղեցին եւ այսօրուայ ժողովրդավարութիւնը իրար հետ համադրելու համար լուրջ աշխատանք պէտք է», եզրափակեց ան։

Վազգէն Ա.-ի Պէյրութի առաքելութիւնը՝ բաց մնացած հարց

Հարցազրոյցի վերջին բաժինը նուիրուած էր Վազգէն Ա. կաթողիկոսի՝ 1956-ի տագնապին ընթացքին Պէյրութ կատարած այցելութեան։ Սանճեան նշեց, որ առաքելութեան ճշգրիտ նպատակը յստակացնող բաւարար փաստաթուղթեր տակաւին հրապարակուած չկան։ Վազգէն Ա. կը յայտարարէր, թէ եկած է հաշտութիւն բերելու եւ պատրաստ է օծելու կողմերուն համաձայնութեամբ ընտրուած թեկնածուն, սակայն Զարեհի թեկնածութիւնը անընդունելի էր Էջմիածնի համար, իսկ Դաշնակցութիւնը անկէ չէր հրաժարեր։

Ոչ-դաշնակցական շրջանակները կը վիճարկէին Հալէպի պատուիրակներուն օրինականութիւնը՝ յոյս ունենալով, որ նոր ընտրութիւններու պարագային հիւսիսային Սուրիոյ թեմական մարմինին կազմը կրնայ փոխուիլ եւ նոր պատուիրակներ կ’ընտրուին որոնք նուազ մօտիկ էին Դաշնակցութեան։ Սուրիոյ կառավարութիւնը, սակայն, օրինական ճանչցաւ գործող պատուիրակները, ինչ որ ապահովեց Դաշնակցութեան մեծամասնութիւնը։ Ժողովը միայն մէկ շաբաթ յետաձգուեցաւ։ Երբ պարզ դարձաւ, որ նոր յետաձգում պիտի չըլլայ, Վազգէն Ա. մեկնեցաւ Գահիրէ՝ Երուսաղէմ երթալու անցագիր ստանալ չկարենալով։

Ամերիկեան արխիւներուն մէջ կայ անանուն դաշնակցական աղբիւրէ փոխանցուած պնդում, թէ փակ հաւաքի մը ժամանակ կաթողիկոսը ըսած է թէ կը վախնար առանց արդիւնքի Խ. Միութիւն վերադառնալու հետեւանքներէն։ Սանճեան շեշտեց, որ այդ պատումը ուղղակի ապացոյց չէ։ Փաստը այն է, որ երկար շրջագայութենէ ետք, երբ Վազգէն Ա. Մոսկուա վերադարձաւ, անմիջապէս ընդունուեցաւ Խորհրդային Միութեան վարչապետ Նիկոլայ Պուլկանինի կողմէ, եւ եկեղեցական հարցերու վերաբերող իր խնդրանքներէն մաս մը ընդառաջուեցաւ։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի մասին բարձրացուցած հարցերը, սակայն, մերժուեցան իբրեւ իր իրաւասութենէն դուրս։

Վազգէն Ա. Եգիպտոսի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ բարձր մակարդակի ընդունելութիւններու արժանացաւ, իսկ Լոնտոնի մէջ Անկլիքան Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան աջակցութիւնը շահեցաւ։ Հետեւաբար, ըստ Սանճեանի, շրջագայութիւնը խորհրդային տեսակէտէն ամբողջական ձախողութիւն չէր։ Բայց թէ կաթողիկոսը յստակ յանձնարարութեա՞մբ ղրկուած էր, թէ՞ սեփական հեղինակութեամբ հաշտութիւն փորձելու նախաձեռնութիւն ստանձնած էր, կը մնայ չպատասխանուած հարց։

Սանճեանի երկրորդ հարցազրոյցը ցոյց կու տայ, որ Դուրեանի սպանութիւնն ու Զարեհ Ա.-ի ընտրութեան տագնապը չեն բացատրուիր միայն անձերու անհատականութեամբ կամ եկեղեցական կանոններու շուրջ վէճով։ Անոնք սերտօրէն կ’առնչուին ազգային ինքնութեան հակադիր պատկերացումներու, Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ կեցուածքի, կուսակցական կառոյցներու գոյատեւման անհրաժեշտութեան, Պաղ պատերազմի մրցակցութեան եւ հիւրընկալ պետութիւններու քաղաքական հաշիւներուն։

Սանճեան բազմիցս կ’առանձնացնէ փաստը, վկայութիւնը եւ ենթադրութիւնը։ Ան չի փորձեր հերոսացնել կամ սատանայացնել Դուրեանն ու Զարեհը, ոչ ալ բոլոր բացերը լրացնել ենթադրութիւններով։ Այս մօտեցումով ներկային ուղղուած պատգամը եւս զգուշաւոր է. եկեղեցւոյ իրական բարեկարգումը չի կրնար իրագործուիլ պետական պարտադրանքով կամ կուսակցական կամայականութեամբ։ Ան կը պահանջէ ներքին երկխօսութիւն, պատմական ինքնաքննութիւն եւ համահայկական այնպիսի կառոյցներ, որոնք հոգեւոր իշխանութիւնը կը պաշտպանեն քաղաքական շահագործումէ՝ առանց զայն հանրային պատասխանատուութենէ զերծ կացուցելու։

«Տարբերակ21»

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x