Մէկդի՛ ձգեցէք միւս բոլոր խնդիրները. կարդալ չգիտցող պատանիներ ունինք

Մէկդի՛ ձգեցէք բացարձակապէս միւս բոլոր հարցերը. այսօր մենք ունինք պատանիներ, որոնք կարդալ չեն գիտեր։ Այս իրականութեան դիմաց՝ ամէն ինչ երկրորդական կը թուի։ Անշուշտ, կարդալ չգիտցող այս պատանին պարզապէս օդէն չյայտնուեցաւ. ընդհակառակը՝ ան ձեւաւորուեցաւ մեր իսկ ձեռքերով՝ սկսեալ 1990-ականներէն, երբ կրթութիւնը դարձաւ անարժէք, իսկ ուսումը՝ ծաղրանքի առարկայ։

Բոլորն ալ հաւանաբար տեսած ըլլալով պաշտօնական թիւերը՝ զանոնք կրկնելը անիմաստ է։ Ֆէյսպուքի մէջ տարածուող ողբն ալ առանձնակի նշանակութիւն չունի. մարդիկ օր մը կամ երկու օր պիտի խօսին, պիտի վրդովին, եւ ապա ամէն ինչ պիտի մոռցուի։ Այդ սոսկալի լուրը պիտի կորսուի արուեստական իմացականութեամբ (ԱԻ) ստեղծուած պատկերներու, տեսահոլովակներու եւ այլ անբովանդակ, տափակ ու աժան զաւեշտներու ալիքներուն մէջ։ Եւ մարդիկ պիտի մոռնան այդ մասին, ճիշդ ինչպէս որ առանձնապէս ուշադրութիւն չդարձուցին, երբ տարիներ շարունակ այնքա՜ն շատեր անդադար կը գոռային կրթական այդ «դանդաղ գործողութեան ռումբ»-ին մասին, որ դատապարտուած էր օր մը պայթելու։ Ան պայթեցաւ, բայց հետեւանքները դեռ նոր կը սկսին ի յայտ գալ եւ ամբողջութեամբ պիտի դրսեւորուին աւելի ուշ։ Կարդալ չգիտցող 15 տարեկանը երէկուան հետեւանքն է, բայց փորձանք պիտի դառնայ վաղը։

Կարդալ չգիտցող պատանին փորձանք է այնքանով, որ ան տարրական առումով անգրագէտ է։ Եթէ այդպէս կարելի էր եոլա երթալ 100 տարի առաջ, ապա հիմա անկարելի է․ այս արհեստագիտական դարուն, երբ ԱԻ-ն մարդէն կը խլէ անոր մարդկային դիմագծին վերջին մնացորդները, երբ անհատ մարդոց հրթիռները տիեզերք կը հասնին, Հայաստանի մէջ նոր-նոր սկսած են ուշացած զարմանալ, որ մեր երեխաները գրել-կարդալ չեն գիտեր։ Իսկ ես կը զարմանամ, որ անոնք կը զարմանան։ Դուք առհասարակ երեխաներու հետ շփում չունի՞ք, տունը երեխայ չունի՞ք, կամ ալ ձեր երեխան հանճար է միւսներուն համեմատած, այո՞։ Իսկ ի՞նչ կ’ակնկալէիք։ Ի՞նչ պիտի ըլլար երկրի մը մէջ, ուր ուսումը, այս ալ երեսուն տարիէ ի վեր, տղաներուն համար կը համարուի ցած ու անարժան զբաղում մը եւ կը նկատուի միայն աղջիկներուն յարմար, այն ալ միայն այն պատճառով, որ աղջիկը եւս մշտապէս ստորադասուած ըլլալով դատապարտուած է իրեն նման անարժան զբաղումի մը՝ կրթուելուն։

Մենք մեր ձեռքով կործանեցինք մեր կրթական համակարգը, երբ ուսուցիչն ու գիտնականը դարձան աղքատութեան խորհրդանիշ, կրթութիւնը՝ թուլութեան, իսկ հասարակութեան համար հեղինակութիւն դարձան հարուստներու թիկնապահներն ու վարորդները․ հարց լուծող նազիր-վէզիրները․․․ ախ այո՛, հայ դպրոցականը յաղթած է Մակնուս Քարլսենին՝ ճատրակի մրցումի մը ընթացքին։ Եկէք ցնծանք, որ ունինք մէկ սուփըրհամակարգիչ երեխայ եւ հազարաւոր կիսագրագէտներ, որոնք մէկ բարդ նախադասութիւն կազմել անգամ չեն կրնար։

Աղէտը արդէն ամբողջ շուքով հոս է։ Ունենալ սեփական այբուբեն եւ չգիտնալ կարդալ. ասիկա ազգային ինքնասպանութեան ամենատարօրինակ եւ զզուելի ձեւերէն մէկն է։ Դեռ չենք խօսիր այն բազմաթիւ մարդոց մասին, որոնք անկեղծօրէն կը հաւատան, թէ հայերէնի մէջ գրագէտ ըլլալը՝ զայն ճիշդ կարդալը, գրելն ու խօսիլը, իրականութեան մէջ որեւէ նշանակութիւն չունի. թէ անկէ էական ոչինչ կը փոխուի, եւ կարեւորը արհեստագիտութիւնն է։ Ասիկա արեւուն տակ ծնած աւանակներու տեսակին փոքր, բայց ցայտուն ապացոյց մըն է։ Ի հարկէ կը ցանկանայի հաւատալ, որ լեզուական գրագիտութիւնը անկարեւոր համարողները պարզապէս ապուշ են, այլ ոչ թէ տեքնոքրաթներ, որոնց համար ազգայինը ընդամէնը արտաքին փայլքի նման բան մըն է,  բայց նոյնիսկ այդ կէտը բանավէճի նիւթ դարձնելը կը դառնայ նողկալի ցնորք մը։ Եւ ի՞նչ ըսես այն մարդուն, թէ իրօք կը կարծէ, որ ստորակէտն ու շարադասութիւնը այնքան ալ կարեւոր չեն։ Դեհ, ի հարկէ կարեւոր չեն։ Անոնք կը կարծեն, որ աշխարհը իրենցմով սկսած է ու իրենցմով պիտի աւարտի։ Ու թքած, որ այսօր կ’արհամարհուի այն միակ ուժը, որով հայը հայ մնացած է պետականութեան բացակայութեան շուրջ հազար տարուան ընթացքին։

Ի դէպ, ձախողութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն կարդալու կարողութեամբ. անոնք կը տարածուին նաեւ թուաբանութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) վրայ. այնպէս որ կրնաք հիանալ նաեւ «արհեստագիտական ձախողութիւններով»։ Խնդիրը այն չէ, որ երեխաները վատ կը սորվին. անոնք պարզապէս բնաւ չեն սորվիր։ Ասիկա պահելու բան չէ, եւ զայն պահելը՝ ոճիր է։

Ընդհանուր կրթութեան մակարդակը անտանելի ցած է։ Հիմնական պայքարը  մանր-մունր հարցեր լուծելու եւ, անշուշտ, նիշ մը ապահովելու համար է՝ յատկապէս բարձր նիշ մը։ Անիկա պէտք է ըլլայ 10-էն առնուազն ութ, կամ վատագոյն պարագային՝ եօթը. ուրիշ որեւէ բան անհանդուրժելի է։ Մարդիկ կը նեղուին ցած նիշէն, բայց ոչ թէ անգրագիտութենէն։ Կարեւոր չէ, եթէ երեխան կարդալ չի գիտեր, բայց հինգ կամ չորս ստանալը հանրային խայտառակութիւն կը նկատուի։ Եւ ասիկա տեղի կ՚ունենայ նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ հինգը կամ չորսը նուազագոյնն է՝ քանի որ նոյնիսկ ատիկա բարձր նիշ կը սեպուի։ Յառաջդիմութիւնը բարելաւելու փոխարէն՝ չափանիշները կ՚իջեցուին։ Ու բոլորն ալ գոհ են։ Առէք, օրինակ, անձնական՝ այսինքն վճարովի դպրոց յաճախող երեխայ մը, որ այնքան վատ կը սորվի, որ ստիպուած կ՚ըլլան անձնական ուսուցիչ վարձել. ո՞ւր տեսնուած է նման խայտառակութիւն։ Դպրոցներն ալ աչք կը գոցեն եւ բոլորն ալ կը ձեւացնեն, թէ ամէն ինչ կարգին է. մէկ կողմ ձգեցէք այն իրողութիւնը, որ այսօրուան երեխաները չեն կրնար նոյնիսկ ձեռքով բնագիր մը արտագրել. փոխարէնը՝ անոնք պարզապէս կ՚արտատպեն այն, ինչ որ կը կու տայ ChatGPT-ն՝ այդ ժամանակակից, անքննելի իմաստունը։ Տակաւին կը յիշեմ այն ժամանակը, երբ իբրեւ անձնական ուսուցիչ կ՚աշխատէի. հինգերորդ դասարանի աշակերտ մը նախադասութիւն մը այնքան դանդաղ եւ այնքան տգեղ ձեռագրով կ՚արտագրէր, որ պարզուեցաւ, թէ ան հազիւ կարդալ գիտէր եւ պարզապէս կը փորձէր տառերը նկարել՝ առանց զանոնք հասկնալու։

Կարդալ չգիտցող պատանին թերեւս այսօր աղէտ չէ, բայց վաղը պիտի վերածուի փորձանքի։ Չկարդացողներու այս բանակը անկարող պիտի ըլլայ լուրջ վերլուծութիւններ կատարելու, կամ արժեհամակարգ մը ընտրելու, զարգացնելու եւ քննարկելու։ Անոնք պիտի չկարողանան գնահատել հայրենիքի եւ ազգի հասկացողութիւնները։ Անոնք պիտի չըմբռնեն տարրական բարոյականութիւնը, արդարութիւնն ու ազնուութիւնը՝ պարզապէս որովհետեւ այդ հասկացողութիւնները բնազդի մակարդակէն վեր են։ Նոյնիսկ շունը բնազդով կը զգայ, որ շոյուիլը ծեծուելէն լաւ է, բայց ատիկա է ամբողջը։ Սակայն մեզի կը սպասէ նման ախտաբանական տխմարներով բնակեցուած ապագայ մը՝ մարդիկ, որոնք անընդունակ են որեւէ բանի, բացի վատնելէ եւ ծախսելէ. թէեւ ծախսելու համար մարդ նախ պէտք է բան մը ունենայ, իսկ այդ բանը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է գիտելիքի եւ կարողութեան որոշ մակարդակ մը։

Եւ որո՞նք են, որ կը փճացնեն մեր պատանիները։ Կրթակա՞ն համակարգը, ուսուցիչնե՞րը, ծնողնե՞րը, թէ՞ բոլորովին ուրիշ բան մը։ Թերեւս յանցաւորը համացա՞նցն է, որ ամէն ինչ ողողած է դիւրամատչելի հաճոյքներով։ Կամ գուցէ պատճառը մեր հաւաքական կամքի պակա՞սն է, մեր հաւաքական կեղծարարութիւնը, կամ թերեւս այն իրողութիւնը, որ մենք կը փորձենք սխալ խնդիրներ լուծել։ Վերջապէս, 1991-ին անկախութիւն ձեռք բերելով, Հայաստանը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ իւրայատուկ կերպով առաջատար դիրք կը գրաւէր՝ շնորհիւ իր կրթական բարձր որակին։ Թէեւ այսօր ալ «բացառիկ» ենք. կը գրաւենք նախավերջին տեղը։ Հիանալի՛ է, այնպէս չէ՞։

Մենք արդեօք կը գիտակցի՞նք, որ խնդիր ունինք նաեւ խօսակցական լեզուին հետ։ Խնդիր ունինք չվերահսկուող բանաւոր եւ գրաւոր  «բովանդակութեան» հետ։ Համացանցը լեցուած է բովանդակութենէ զուրկ անգրագէտ, յաճախ ոչ հայատառ ու թերի, անգլերէն-ռուսերէնախառն հայերէնով։  Պատանիներու հսկայ բանակ մը իր օրերը կ՚անցընէ համացանցին վրայ, ուր նոյնիսկ գրագէտ մէկ նախադասութիւն գտնելը հրաշքի կը նմանի։

Ալ ինչու՞ կը զարմանանք, որ մեր մօտ այսպէս է։

Միայն մէկ լուծում կայ՝ կրթական արտակարգ դրութիւն մը՝ հակաճգնաժամային ծրագիր մը։ Առանց յապաղելու՝ պէտք է առնուազն 500 հոգի արտասահման ուղարկենք՝ մասնագիտական լուրջ պատրաստութիւն ստանալու, եւ միաժամանակ առնուազն 500 օտար մասնագէտներ հրաւիրենք՝ այդ պատրաստութիւնը տեղւոյն վրայ իրականացնելու համար։ Նպատակը այն է, որ երեք-չորս տարուան ընթացքին ունենանք մասնագէտներու մեծ խումբ մը, որ կարենայ ցանցային համագործակցութեամբ աշխատիլ եւ սկսիլ բուժելու մեր հաւաքական մարմինը, որ ներկայիս կը տառապի անգրագիտութեան ախտէն։ Հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր պարզապէս մակերեսային (cosmetic) փոփոխութիւնները պիտի ծառայեն միայն ապագայի գերեզմանաքար պատրաստելու։ Անգրագէտ եւ անկիրթ սերունդ մը պիտի ըլլայ 21-րդ դարու հայկական աշխարհի մեծագոյն ողբերգութիւնը, որովհետեւ այդ սերունդը հիմնովին պիտի չկարենայ ըմբռնել, թէ ի՛նչ կարելի է ընել եւ ի՛նչ՝ ոչ։

Բնականաբար հասկնալի է, որ այս կացութեան մէջ արդէն կարելի չէ խօսիլ արեւմտահայերէնի ու արեւմտահայ հսկայական գրական-մշակութային ժառանգութիւն պահպանելու եւ զարգացնելու մասին։ Այլեւս կարելի չէ խօսիլ քաղաքական որեւէ լուրջ գաղափարախօսութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, կամ ալ հասարակութեան զարգացման մասին։ Ի՞նչ հասարակութիւն պիտի կառուցեն այդ պատանիները վաղը։ Ինչի՞ պիտի հաւատան, ինչ պիտի ըլլայ անոնց բարոյականութիւնն ու ճշմարտութիւնը, հայրենիքը, Աստուած եւ աշխարհը։ Մենք կը հասկանա՞նք, որ մեր երեխաները ծոյլ ու անպատասխանատու մեծցնելով անոնց հանդէպ աւելի վատ կը վերաբերինք, քան որեւէ թշնամի։ Միթէ՞ կարելի է այսքան ատել սեփական երեխաներն ու ապագան՝ զանոնք դէպի անգրագիտութիւն առաջնորդելով ու խրախուսելով։

Այս պիղծ անհոգութեան հետեւանքները պիտի ըլլան աւելի սարսափելի, քան մարդկայնօրէն կարելի է դիմանալ։

Արայիկ Մկրտումեան

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x