Ինչո՞ւ նաեւ չկարդալ պէտք է սորվինք

Գերմանացի փիլիսոփայ Արթըր Շոփենհաուըր (1788–1860) ընթերցանութեան մասին արտայայտած է միտք մը, որ կրնայ տարօրինակ թուիլ. լաւ ընթերցող ըլլալու համար պէտք է նախ չկարդալ սորվիլ։

Անդրադառնալով «չկարդալու արուեստին», որ վերջերս տեղադրուած էր Ֆէյսպուքի մէջ, Շոփենհաուըր կը գրէ. «Չկարդալու արուեստը շատ կարեւոր է։ Անիկա կը կայանայ հետաքրքրութիւն չցուցաբերելու այն բոլորին նկատմամբ, որ տուեալ պահուն կը գրաւէ լայն հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Երբ քաղաքական կամ եկեղեցական գրութիւն մը, վէպ մը կամ բանաստեղծութիւն մը մեծ իրարանցում կը ստեղծէ, պէտք է յիշել, որ յիմարներուն համար գրողը միշտ ալ մեծ ընթերցող հասարակութիւն կը գտնէ։ Լաւ գիրքեր կարդալու նախապայմանը վատ գիրքեր չկարդալն է, որովհետեւ կեանքը կարճ է»։

Մասնաւորաբար «Տարբերակ»-ի ընթերցողներուն համար այս միտքը կրնայ հակասական թուիլ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ընթերցանութիւնը արժեւորել ու քաջալերել եւ միաժամանակ չկարդալու անհրաժեշտութիւնը շեշտել։ Սակայն Շոփենհաուըրի առաջարկածը ոչ թէ նուազ կարդալն է, այլ աւելի գիտակից ընտրութեամբ կարդալը։ Այլ խօսքով՝ չկարդալ այն բոլորը, ինչ որ մեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը կը խլեն՝ առանց մեր միտքը հարստացնելու։

Շոփենհաուըր կը զգուշացնէ հանրային աղմուկին հետեւելու սովորութենէն։ Երբ գիրք մը կամ գրութիւն մը մեծ իրարանցում կը ստեղծէ, այդ իրարանցումը ինքնին պատճառ մը չէ զայն կարդալու։ Ժողովրդականութիւնը միշտ չէ, որ որակի ապացոյց է։

Փիլիսոփային հիմնական մտահոգութիւնը մեր ժամանակին սահմանափակ ըլլալն է։ Կարդալու արժանի գիրքերը անհամեմատ շատ են, մինչդեռ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող ժամանակը՝ սահմանափակ։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր անարժէք գիրքի վրայ վատնուած ժամանակ կը խլուի այն գիրքերէն, որոնք կրնային իսկապէս հարստացնել մեր գիտելիքներն ու մտածողութիւնը։

Շոփենհաուըրի այս խօսքերը այսօր թերեւս աւելի արդիական են, քան իր ժամանակաշրջանին։ Մենք կ’ապրինք տեղեկութիւններու առատութեան, բայց ուշադրութեան սակաւութեան դարաշրջանի մը մէջ։ Ընկերային ցանցերը ամէն օր մեզի կը հրամցնեն անհամար գրութիւններ, մեկնաբանութիւններ, տեսանիւթեր եւ կարծիքներ, որոնք կը մրցին մեր ուշադրութիւնը գրաւելու համար։

Հո՛ս է, որ Շոփենհաուըրի զգուշացումը նոր իմաստ կը ստանայ։ Այն, ինչ որ մեծ աղմուկ կը յարուցէ, անպայման արժէքաւոր չէ։ Հազարաւոր հաւանումներ, տարածումներ եւ մեկնաբանութիւններ կրնան գրութեան մը ժողովրդականութեան վկայութիւնը ըլլալ, բայց ոչ անոր ճշմարտացիութեան կամ մտաւոր արժէքին։

Աւելին՝ ընկերային ցանցերու ալկորիթմները յաճախ կը նպաստեն այնպիսի բովանդակութիւններու տարածման, որոնք զայրոյթ, վախ, զարմանք կամ բուռն հակազդեցութիւն կը յառաջացնեն։ Այս միջավայրը նպաստաւոր կրնայ ըլլալ նաեւ ժողովրդահաճոյ հռետորաբանութեան, որ բարդ հարցերուն դիւրին պատասխաններ կը ներկայացնէ, իսկ հիմնաւորուած փաստարկներուն տեղ ազդու կարգախօսներ կը հրամցնէ։

Սակայն խնդիրը միայն ապատեղեկատուութիւնը կամ ժողովրդահաճոյութիւնը չէ։ Նոյնիսկ ճշգրիտ տեղեկութիւնը կրնայ անօգուտ դառնալ, եթէ անընդհատ կը սպառէ մեր ուշադրութիւնը՝ առանց հարստացնելու մեր գիտելիքներն ու մտածողութիւնը։

Հետեւաբար, Շոփենհաուըրի «չկարդալու արուեստը» այսօր կարելի է հասկնալ նաեւ իբրեւ մեր ուշադրութիւնը պաշտպանելու արուեստ։

Չկարդալ ամէն հրապարակում, չհետեւիլ ամէն վէճի, չարձագանգել ամէն գրգռիչ վերնագիրի եւ չտարուիլ ամէն հանրային իրարանցումով՝ անտարբերութեան նշաններ չեն։ Ընդհակառակը՝ անոնք կրնան գիտակից ընտրութեան եւ քննական մտածողութեան արտայայտութիւններ ըլլալ։

Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր, թէ պէտք է անտեսել հանրութիւնը հետաքրքրող հարցերը կամ մերժել ժողովրդականութիւն վայելող ամէն գաղափար։ Հանրային հետաքրքրութիւնը երբեմն կրնայ նաեւ կարեւոր հարցերու շուրջ անհրաժեշտ քննարկումներու առիթ ստեղծել։ Խնդիրը հանրութեան հետաքրքրութեան կուրօրէն հետեւիլն է՝ առանց հարց տալու, թէ կարդացուածը որքանո՛վ ճշմարիտ է, հիմնաւորուած կամ օգտակար։

Նոյնքան կարեւոր է, որ ընտրողաբար կարդալը չվերածուի միայն մեր համոզումները հաստատող գրութիւններ փնտռելու սովորութեան։ Ընթերցանութեան մեծագոյն արժէքներէն մէկը մեզի անծանօթ աշխարհներու, տարբեր մտածելակերպերու եւ հակադիր տեսակէտներու ծանօթանալն է։ Երբեմն մեզի անհաճոյ կամ մեր համոզումներուն հակասող գիրք մը կրնայ շատ աւելի հարստացնել մեր մտածողութիւնը, քան այն գրութիւնները, որոնց հետ արդէն համաձայն ենք։ Ուրեմն, չկարդալու արուեստը պէտք չէ շփոթել տարբեր գաղափարներէ խուսափելու սովորութեան հետ։

Իսկական ընթերցողը միայն ան չէ, որ շատ կը կարդայ։ Ան նաեւ այն մարդն է, որ գիտէ ընտրել, ստուգել, կասկածիլ եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ անտեսել։

Շոփենհաուըրի պատգամը, ուրեմն, ընթերցանութենէն հրաժարելու կոչ մը չէ, այլ մեր մտաւոր ազատութիւնը պահպանելու հրաւէր։

Որովհետեւ այսօր կարդալու արուեստը միայն գիտնալը չէ, թէ ի՛նչ կարդալ։ Ան նաեւ գիտնալն է, թէ ի՛նչ չկարդալ, ինչի՛ չհաւատալ եւ ինչի՛ վրայ չվատնել մեր ժամանակը։

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x