Սպասեցի հազար դարեր անհատնում
Այդ սուրբ պահին, որ քու աչքերը անհուն
Հըրաշքի պէս յանկարծական ու ազդու
Պիտ՚ դպչէին իմ հայեացքին լուսազուրկ:
Երբ որ բերած էի յաճախ մտքիս մէջ
Այդ վեհ պատկերը հեշտալիր ու անուշ,
Փակած էի կոպերը մութ աչքերուս,
Որ բացուէին խորունկ աչքերը հոգւոյս:
Ա՜խ եթէ գար անհնար օրն այդ չքնաղ,
Քարանային պիտի ամբողջ ջրվէժներն,
Պիտի դադրէր երկրագունդն այս դառնալէ,
Հանդիպէին երբ մեր աչքերը իրար:



