Արհեստակա՞ն, թէ՞ արուեստական։ Բանականութի՞ւն, թէ՞ իմացականութիւն։ Արագ գնահատումով, կրնայ պարզապէս բառերու ընտրութեան հարց թուիլ։ Սակայն երբ կը խօսինք մեր ժամանակներու ամենէն ուղագրաւ արհեստագիտական զարգացումներէն մէկուն՝ Artificial Intelligence (AI)-ի մասին, բառերուն ճշգրտութիւնը երկրորդական հարց չի կրնար ըլլալ։
Այսօր հայերու մէջ լայն տարածում գտած է «արհեստական բանականութիւն» եզրը։ Այնքան լայն, որ շատեր զայն կը գործածեն առանց հարցադրելու, թէ արդեօք ճշգրտօրէն կը փոխանցէ անգլերէն եզրին իմաստը։
Անցեալ Մայիսին «Տարբերակ» անդրադարձած էր այս հարցին՝ բացատրելով, թէ ինչո՛ւ որոշած է գործածել «արուեստական իմացականութիւն» եզրը։ Այդ որոշումը ծնունդ առած էր ընթերցողներու եւ մտաւորականներու հետ քննարկումներէն, որոնց ընթացքին ի յայտ եկած էր, որ խնդիրը միայն տարածուած գործածութեան հարց չէ, այլ նաեւ բառերու իմաստին, պատմութեան եւ հայերէնի զարգացման կը վերաբերի։
Այս քննարկումին կարեւոր նպաստ բերաւ մոնթրէալաբնակ Վիգէն Լ. Ադդարեան, որ արուեստական իմացականութեան հարցերու մասնագէտ եւ դասախօս է։ Ան խմբագրութեան ուղղած նամակով մը ուշադրութիւն հրաւիրեց «արհեստական» եւ «արուեստական» բառերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող իմաստային եւ պատմափիլիսոփայական տարբերութեան վրայ։
Անոր դիտարկումները առիթ կու տան հարցը քննելու աւելի լայն տեսանկիւնէ։
Ի՞նչ կը նշանակէ «արհեստական»
Սկսինք բառարանէն։
«Արհեստական» բառին համար հայերէն բառարանը կը ներկայացնէ երկու իմաստ՝ «արհեստի վերաբերող» եւ «ձեռքով շինուած»։ Առաջին սահմանումը բառը ուղղակիօրէն կը կապէ արհեստին, այսինքն՝ մասնագիտացած աշխատանքի, գործնական հմտութեան եւ վարպետութեան։ Երկրորդը կը նկարագրէ պատրաստութեան եղանակ մը՝ ձեռքով շինուած ըլլալը։ Մինչդեռ անգլերէն artificial բառը չի սահմանափակուիր արհեստագործական արտադրութեամբ կամ ձեռքով պատրաստուած առարկաներով։ Ան կը նշանակէ բնական ծագում չունեցող, մարդկային միջոցներով ստեղծուած կամ բնական երեւոյթ մը նմանակող։
Այս իմաստը հայերէնի մէջ կը փոխանցէ «արուեստական» բառը։ Կը խօսինք արուեստական լոյսի, արուեստական շնչառութեան, արուեստական արբանեակներու եւ արուեստական պայմաններու մասին։ Այս բոլոր պարագաներուն էականը պատրաստութեան եղանակը չէ, այլ բնականէն տարբեր ծագումը կամ մարդկային միջամտութիւնը։ Ամէն ձեռքով շինուած առարկայ մարդակերտ է, բայց մարդակերտ ամէն երեւոյթ ձեռքով շինուած չէ։
Հետեւաբար, «արհեստական» եւ «արուեստական» բառերը ինքնաբերաբար նոյնացնելը կը խաթարէ իմաստային տարբերութիւն մը, որուն պահպանումը կարեւոր է ճշգրիտ արտայայտութեան համար։
Բնականը, արուեստը եւ մարդակերտը
Վիգէն Լ. Ադդարեան իր նամակին մէջ այս տարբերութիւնը կը բացատրէ պատմափիլիսոփայական հետաքրքրական դիտանկիւնէ մը։ Ան կը յիշեցնէ, որ կրօնական եւ փիլիսոփայական որոշ աւանդութիւններու մէջ բնութիւնը ընկալուած է իբրեւ աստուածային ստեղծագործութիւն, հետեւաբար՝ կատարեալ կարգ մը։ Մարդկային արուեստը, յատկապէս կերպարուեստը, կը ձգտէր պատկերել կամ նմանակել բնութեան այդ կատարելութիւնը։ Սակայն մարդկային ստեղծագործութիւնը, որքան ալ ճարտար կամ գեղեցիկ ըլլար, կը տարբերուէր բնութենէն իր ծագումով։ Ան մարդուն կողմէ ստեղծուած էր եւ այդ իմաստով՝ ոչ բնական։ Այս տարբերութենէն ալ կը բխի «արուեստական» հասկացողութեան փիլիսոփայական նշանակութիւնը։
Անգլերէն artificial բառը ծագում առած է լատիներէն artificialis բառէն, որուն կազմութեան հիմքը ars՝ արուեստ կամ հմտութիւն, եւ facere՝ ընել, կատարել կամ ստեղծել նշանակող բայն են։
Այստեղ «արուեստ»ը պէտք չէ հասկնալ միայն գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան կամ երաժշտութեան նեղ իմաստով։ Ան կը վերաբերի նաեւ մարդկային հնարքին, ստեղծագործութեան եւ բնականէն տարբեր բան մը ստեղծելու կարողութեան։
Անշուշտ, բառի մը ստուգաբանութիւնը ինքնին չ’որոշեր անոր ժամանակակից թարգմանութիւնը։ Սակայն այս պատմութիւնը կ’օգնէ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ artificial հասկացողութիւնը չի սահմանափակուիր արհեստագործութեամբ։
Ադդարեանի հիմնական դիտարկումն ալ այս է. «արհեստ»ը, անգլերէն craft հասկացողութեան մօտ ըլլալով, չի փոխանցեր իմաստային այն ամբողջ շրջագիփը, ուր ձեւաւորուած է artificial բառը։
Իսկ ինչո՞ւ ոչ «բանականութիւն»
Եթէ առաջին բառին ընտրութիւնը խնդրայարոյց է, երկրորդը՝ «բանականութիւն»ը, նոյնքան կարեւոր հարցեր կը յառաջացնէ։ Բառարանային իմաստով «բանականութիւն»ը աւելի մօտ է անգլերէն reasoning (տրամաբանութիւն, պատճառաբանութիւն), judgement (դատողութիւն) եւ rationality (բանականութիւն, բանական մտածողութիւն) հասկացողութիւններուն, քան intelligence-ին։
Վերջինս աւելի լայն իմաստային ընդգրկում ունի՝ ներառելով սորվելու, ընկալելու, ճանչնալու, տեղեկութիւնները մշակելու, նոր իրավիճակներու յարմարելու եւ խնդիրներ լուծելու կարողութիւնները։ Հետեւաբար, intelligence-ը «բանականութիւն» թարգմանելով՝ կը նեղցնենք անոր իմաստային ընդգրկումը եւ շեշտը կը դնենք տրամաբանական դատողութեան վրայ՝ երկրորդական դիրքի մղելով իմացական միւս կարողութիւնները։
Անշուշտ, բանականութիւնը եւ իմացականութիւնը իրարու հետ առնչութիւն ունին, սակայն ամբողջովին նոյն հասկացողութիւնները չեն։
ԱԻ համակարգերը կրնան լեզու թարգմանել, պատկերներ ճանչնալ, մեծաքանակ տեղեկութիւններ վերլուծել, օրինաչափութիւններ յայտնաբերել եւ նախատեսութիւններ կատարել։ Սակայն այս գործողութիւնները ինքնաբերաբար չեն նշանակեր, թէ համակարգը մարդկային իմաստով կը հասկնայ, կը դատէ կամ գիտակցութիւն ունի։
Այս պատճառով «բանականութիւն» բառը կրնայ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ մեքենան օժտուած է մարդկային բանականութեան համարժէք կարողութեամբ։
«Իմացականութիւն»ը, ընդհակառակը, աւելի լայն իմաստային դաշտ ունի։ Ան կը վերաբերի ընկալելու, ճանչնալու, սորվելու, տեղեկութիւն մշակելու եւ մտային տարբեր գործողութիւններ կատարելու կարողութիւններուն։
Այս առումով, «արուեստական խելացութիւն» եզրն ալ ընդունելի տարբերակ մը կրնար ըլլալ, քանի որ «խելացութիւն»ը նոյնպէս կը փոխանցէ անգլերէն intelligence բառին հիմնական իմաստներէն մէկը։ Սակայն մենք կը նախընտրենք «իմացականութիւն»ը՝ անոր աւելի լայն իմաստային ընդգրկումին եւ գիտական ու փիլիսոփայական հասկացողութիւններ արտայայտելու յարմարութեան պատճառով։
«Իմացականութիւն» եզրը «Տարբերակ»ին առաջարկած էր սփիւռքահայ իմաստասէր, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Մարկ Նշանեանը։
Անոր առաջարկը առիթ տուաւ վերաքննելու intelligence բառին հայերէն համարժէքը եւ անդրադառնալու, որ «իմացականութիւն»ը աւելի համապատասխան կրնայ ըլլալ ժամանակակից թեքնաբանական հասկացողութեան։
Այս ընտրութիւնը չի նշանակեր, թէ ԱԻ համակարգերը մարդկային գիտակցութիւն կամ ինքնագիտակցութիւն ունին։ Ան կը նկարագրէ անոնց գործառնական կարողութիւնները՝ առանց մարդկային մտածողութեան հետ ամբողջական նոյնութիւն ենթադրելու։
Լեզուական սովորութի՞ւն, թէ՞ ճշգրտութիւն
Կարելի է հարց տալ՝ եթէ «արհեստական բանականութիւն» եզրը արդէն լայնօրէն կը գործածուի, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է փոխել զայն։
Որովհետեւ տարածուած գործածութիւնը ինքնին ճշգրտութեան ապացոյց չէ։ Երբ բառ մը կը հաստատուի պետական հաստատութիւններու, համալսարաններու, լրատուամիջոցներու եւ հանրային հաղորդակցութեան մէջ, ան աստիճանաբար կը դառնայ սովորութիւն։ Ժամանակի ընթացքին այդ սովորութիւնը կրնայ այնքան ամրանալ, որ այլընտրանքային ձեւակերպումները սկսին անբնական թուիլ։ Սակայն լեզուն միայն սովորութիւններու ամբողջութիւն մը չէ։ Ան նաեւ մտածողութեան, մշակութային յիշողութեան եւ աշխարհընկալման արտայայտութիւն է։
Հայերէնի պարագային այս հարցը յատկապէս կարեւոր է, որովհետեւ մեր լեզուն ունի հարուստ բառապաշար եւ բառակազմական կարելիութիւններ, որոնց միջոցով կրնայ արտայայտել ժամանակակից գիտական եւ թեքնաբանական հասկացողութիւնները։
Հետեւաբար, անհրաժեշտ չէ ամէն տարածուած եզր ընդունիլ իբրեւ վերջնական լուծում։
Այս քննարկումը նաեւ պէտք չէ վերածել արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հակադրութեան։ Խնդիրը հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկուն գերակայութիւնը չէ, այլ բառերուն ճշգրիտ գործածութիւնը։
Երկու ճիւղերն ալ կրնան հարստանալ նման քննարկումներէն։

Ինչո՞ւ «արուեստական իմացականութիւն»
Անցեալ Մայիսին «Տարբերակ» յայտարարեց, որ այսուհետեւ պիտի գործածէ «արուեստական իմացականութիւն» եզրը, իսկ կրճատ ձեւով՝ «ԱԻ»։ Կայ նաեւ գեղագիտական հանգամանք մը։ «Արուեստական իմացականութիւն» եզրին «ԱԻ» կրճատումը ոչ միայն բարեհունչ է, այլեւ տեսողական նմանութիւն ունի միջազգային «AI» կրճատումին։ Մինչդեռ «արհեստական բանականութիւն» եզրին «ԱԲ» կրճատումը նոյն բարեհնչութիւնը չունի եւ, առնուազն մեր ընկալումով, քիչ մը խորթ կը հնչէ։
Այս որոշումը պարզ բառափոխութիւն մը չէր։ Այս ընտրութեամբ փորձեցինք հայերէնի մէջ ճշգրտօրէն արտայայտել անգլերէն Artificial Intelligence եզրին երկու բաղադրիչներուն իմաստները։
Մեր նպատակը նոր եզր մը պարտադրել չէ, այլ հարցադրել այն բառերը, որոնք սովորութեան ուժով ընդունած ենք՝ առանց անոնց իմաստին մասին բաւարար մտածելու։
Վիգէն Լ. Ադդարեանի եւ Մարկ Նշանեանի դիտարկումները կը յիշեցնեն, որ նման քննարկումները անհրաժեշտ են։ Անոնք կը նպաստեն ոչ միայն թարգմանական ճշգրտութեան, այլեւ հայերէնի գիտակից զարգացման։
Որովհետեւ լեզուն կենդանի կը մնայ ոչ միայն նոր բառեր որդեգրելով, այլեւ արդէն գործածուող բառերուն իմաստը վերաքննելով։
Մեզի համար կարեւորը այն է, որ բառերը ճշգրտօրէն փոխանցեն այն հասկացողութիւնը, որ կ’ուզենք արտայայտել։



