Աշխարհը երբեմն կը թուի ճատրակի հսկայական տախտակ մը։
Մեր ժամանակներու աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնները դարձեալ կը յիշեցնեն այս պատկերացումը։ Ուր որ նայինք, ճատրակի տախտակը մեծցած ու ընդարձակուած կը թուի։ Ուքրանիոյ բերրի դաշտերէն մինչեւ Միջին Արեւելքի աւերակները, Հարաւային Կովկասի անորոշ սահմաններէն մինչեւ Ափրիկէի մոռցուած պատերազմները, նոյն տրամաբանութիւնը կը շարունակէ գործել։ Մեծ ուժերը իրենց քարերուն շարժումները կը նախագծեն, դաշինքները կը փոխուին, նոր մրցակցութիւններ կը ծագին, իսկ հասարակ մարդիկ կը փորձեն ապրիլ ու կրել այն որոշումներուն հետեւանքները, զորս իրենք չեն տուած։
Այսօրուան աշխարհը ողողուած է այս շախմատային տրամաբանութեան ցնցող օրինակներով։ Ուքրանիոյ պատերազմը վերածուած է գերտէրութիւններու միջեւ մաշեցման պայքարի, ուր հազարաւոր մարդիկ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն ոչ միայն տարածքներու, այլ նաեւ ազդեցութեան գօտիներու, ռազմավարական հաշուարկներու եւ աշխարհակարգի վերաձեւաւորման համար։ Մարդոց կեանքերը յաճախ կը շահագործուին ռազմավարական առաւելութիւններ ապահովելու, մինչ տախտակին շուրջ նստած ուժերը կը շարունակեն իրենց խաղը։
Նոյն տրամաբանութիւնը կը գործէ Միջին Արեւելքի մէջ։ Տասնամեակներէ ի վեր տարածաշրջանը կը մնայ մրցակից ուժերու բախման թատերաբեմ։ Լիբանանի տնտեսական կաթուածահար վիճակը, պատերազմներու պատճառած ահռելի աւերածութիւնները, վերակառուցման անվերջ սպասումը եւ ամբողջ հասարակութիւններու քայքայումը կը վկայեն, թէ ինչպէս պետութիւններ եւ ժողովուրդներ կրնան վերածուիլ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու զոհի։ Գինը միշտ ալ պարզ ժողովուրդը կը վճարէ, մինչ տարածաշրջանային եւ միջազգային դերակատարները կը հետապնդեն իրենց ազդեցութեան ու գերակայութեան նպատակները։
Ափրիկէն, իր կարգին, թերեւս այս համաշխարհային ճատրակի ամենէն երկարատեւ զոհերէն մէկն է։ Մալիի, Նիճերի եւ Պուրքինա Ֆասոյի նման երկիրներէն մինչեւ Քոնկոյի ընդերքի անսահման հարստութիւնները, ափրիկեան ցամաքամասը դարձած է մրցարշաւի նոր կեդրոն մը։ Ուրանիումը, լիթիումը, քոպալթը եւ ռազմավարական այլ հում նիւթեր կը գրաւեն ոչ միայն հին գաղութատիրական ուժերուն, այլ նաեւ միջազգային նոր դերակատարներուն ուշադրութիւնը։ Շատ յաճախ տեղական բախումները, յեղաշրջումները եւ անկայունութիւնը չեն կրնար հասկցուիլ առանց տեսնելու այն արտաքին շահերը, որոնք թաքնուած են անոնց ետին։ Ափրիկեան ժողովուրդներու հարստութիւնը դարձեալ կը վերածուի իրենց ծանր բեռին։
Փոքր ժողովուրդներու պարագային վտանգը աւելի տեսանելի է։ Հարաւային Կովկասը այսօր կը գտնուի տարբեր ուժերու շահերու խաչմերուկին վրայ։ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան կը շարունակեն հետապնդել իրենց տարածաշրջանային նպատակները, մինչ նոր դերակատարներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Հնդկաստան, կը փորձեն ամրապնդել իրենց ներկայութիւնը։ Այս միջավայրին մէջ փոքր պետութիւններու անվտանգութիւնը, սահմանները եւ երբեմն իսկ ազգային գոյութիւնը կրնան դառնալ մեծ ուժերու բանակցութիւններուն մէջ սակարկութեան առարկայ։
Այս բոլոր օրինակները տարբեր աշխարհագրութիւններու կը պատկանին, սակայն անոնց մէջ կայ ընդհանուր օրինաչափութիւն մը. երբ աշխարհը կը սկսի գործել միայն ուժի, շահու եւ ռազմավարական գերակայութեան լեզուով, մարդը կը դադրի նպատակ ըլլալէ եւ կը վերածուի միջոցի։ Այդ պահուն է, որ ժողովուրդները այլեւս չեն դիտուիր որպէս պատմութիւն, մշակոյթ եւ արժանապատուութիւն ունեցող հաւաքականութիւններ, այլ՝ որպէս խաղաքարեր ճատրակի մեծ խաղի մը մէջ։
Այս խաղին մէջ ամենէն ողբերգականը այն է, որ խաղացողները հազուադէպօրէն իրենք կը կրեն խաղին հետեւանքները։ Քաղաքական որոշումները սովորաբար կը ծնին հեռաւոր սենեակներու մէջ՝ ռազմավարական հաշիւներու, շահերու եւ ազդեցութեան գօտիներու տրամաբանութեամբ։ Բայց անոնց գինը կը վճարեն սովորական մարդիկ։ Երբ պատերազմ մը կը սկսի, վտանգուածը միայն զինուորը չէ։ Անոր հետ կը վտանգուին ընտանիքներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, քաղաքներ, մշակոյթներ եւ ամբողջ սերունդներ։ Պատերազմները երբեք միայն ռազմաճակատներու վրայ չեն մղուիր. անոնք կը մխրճուին նաեւ մարդկային յիշողութեան մէջ, կը խաթարեն հոգիներ, կը փոխեն կենսագրութիւններ եւ կը ձեւաւորեն ապագաներ։ Ահա թէ ինչու աշխարհաքաղաքականութիւնը միայն պետութիւններու եւ սահմաններու մասին չէ։ Ան նախ եւ առաջ մարդոց մասին է։ Եւ երբ մարդը կը մոռցուի, ճատրակի տախտակին վրայ կը մնան միայն խաղաքարեր, մինչ կեանքը՝ իր ամբողջ բարդութեամբ ու արժանապատուութեամբ, կը կորսուի մեծ խաղի աղմուկին մէջ։
Բայց հոս հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ։
Մարդկութիւնը դարեր շարունակ ստեղծած է գաղափարներ, քաղաքական կառոյցներ եւ արժէքային համակարգեր, որոնք կոչուած էին սահմանափակելու ուժի կամայականութիւնը եւ պաշտպանելու ճնշուածը։ Ո՞ւր մնացին այդ գաղափարները։ Հիւմանիզմը քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն վեր կը դասէր մարդ արարածը։ Ընկերվարութիւնը կը խոստանար պաշտպանել շահագործուողը։ Հակագաղութատիրութիւնն ու հակակայսերապաշտութիւնը կը դատապարտէին ուժեղին կողմէ տկարին ենթարկումը։ Ժողովրդավարութիւնը կոչուած էր իշխանութիւնը ծառայեցնելու ժողովուրդին, ոչ թէ ժողովուրդը՝ իշխանութեան։ Այս գաղափարները ծնած էին իրական անարդարութիւններու դիմաց։ Անոնք պատմութեան ընթացքին դարձան միլիոնաւոր մարդոց յոյսը։ Սակայն այսօրուան աշխարհին նայելով՝ դժուար է չնկատել այդ գաղափարներուն եւ իրականութեան միջեւ գոյացած խոր հակասութիւնները։
Ժողովրդավարութեան անունով պատերազմներ կը մղուին։ Հիւմանիզմի լեզուն յաճախ աշխարհաքաղաքական շահերու համար կ’օգտագործուի։ Հակակայսերապաշտութեան կարգախօսներուն ետին երբեմն նոր տիրապետութիւններ կը ծագին։ Ընկերվարական արդարութեան գաղափարը շատ երկիրներու մէջ տեղի տուած է անզուսպ սպառողականութեան։
Խնդիրը այն չէ, որ այս գաղափարները արժէք չունին։ Ընդհակառակը։ Խնդիրը այն է, որ անոնց խոստումները շատ անգամ կը բախին ուժի քաղաքականութեան իրականութեան։ Եւ թերեւս ճատրակի տախտակին ամենէն տխուր երեւոյթն ալ հոս կը գտնուի․ դրօշները կը փոխուին, գաղափարախօսութիւնները կը փոխուին, կարգախօսները կը նորոգուին, բայց շատ անգամ տուժողը նոյն մարդն է՝ զինուորը, գաղթականը, աղքատը, անպաշտպանը եւ լուռ մեծամասնութիւնը։
Սակայն գաղափարախօսութիւններու ճգնաժամը միայն պատմական երեւոյթ մը չէ։ Մեր դարուն, իշխանութիւնը ձեռք ձգած է նոր գործիքներ, որոնց ազդեցութիւնը երբեմն աւելի խորն է, քան բանակներունը։
Աշխարհը այսօր կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, ուր պատերազմները այլեւս միայն զէնքերով չեն մղուիր։ Տեղեկատուութիւնը դարձած է նոր ռազմաճակատ։ Ընկերային ցանցերը, լրատուական հոսքերը, ալկորիթմները եւ արուեստական իմացականութիւնը աստիճանաբար կը վերածուին ազդեցութեան նոր միջոցներու։ Մարդիկ ոչ միայն կրնան ռումբերու միջոցով վերահսկուիլ, այլեւ պատկերներու, տեղեկութիւններու եւ վախերու միջոցով։
Նախորդ դարերուն մարդիկ առնուազն կը գիտակցէին, թէ ո՛վ է իրենց թշնամին։ Այսօր այդ հարցումը շատ աւելի բարդացած է։ Տնտեսական պատժամիջոցները, տեղեկատուական պատերազմները, թուային վերահսկողութիւնը եւ արհեստագիտական մրցակցութիւնը նոյնքան ազդու կրնան ըլլալ, որքան դասական պատերազմները։ Աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը այլեւս միայն սահմաններու հարց չէ․ անիկա նաեւ գիտակցութեան, տեղեկատուութեան եւ տնտեսական կախեալութեան հարց է։
Ֆրանքֆորթեան դպրոցի քննական տեսութեան ընկերաբանները, ինչպէս Թէոտոր Ատորնօ, Մաքս Հորքհայմըր, Եուրկըն Հապերմաս եւ ուրիշներ շատոնց զգուշացուցած էին, որ իշխանութիւնը միայն զէնքով չի գործեր։ Անիկա կը գործէ նաեւ գաղափարներու միջոցով։ Ոչ մէկ գերտէրութիւն կ’ըսէ, թէ կը գործէ բացառապէս իր շահերուն համար։ Բոլորն ալ կը խօսին կայունութեան, խաղաղութեան, ազատութեան, ժողովրդավարութեան կամ անվտանգութեան անունով։ Սակայն շատ անգամ այդ բառերը կը ծառայեն որպէս քողարկում ուժի քաղաքականութեան։
Այս իրավիճակին մէջ ամենէն վտանգաւորը թերեւս այն է, որ մարդը կամաց-կամաց կը վարժուի անոր։
Պատերազմները կը վերածուին սովորական լրատուութեան։ Մահերը՝ վիճակագրութեան։ Տեղահանութիւնները՝ քաղաքական բանավէճերու։ Մարդկային ողբերգութիւնները արագօրէն կը խեղդուին տեղեկատուական յորձանուտին մէջ։ Մենք ամէն օր կը դիտենք նոր ճգնաժամեր, նոր բախումներ եւ նոր աղէտներ, մինչեւ որ անոնք սկսին բնական թուիլ։
Ահա հոս է ճատրակի փոխաբերութեան ամենէն մութ կողմը։
Երբ մարդիկ երկար ժամանակ կը դիտեն խաղը, երբեմն կը մոռնան, որ ճատրակի քարերը իրական մարդիկ են։ Անոնք ընտանիքներ ունին, երազներ, յիշողութիւններ եւ ապագայի սպասումներ։ Բայց մեծ ուժերու մրցակցութեան մէջ, անոնք յաճախ կը վերածուին պարզ թիւերու կամ ռազմավարական հաշիւներու։
Պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ կայսրութիւնները, գաղափարախօսութիւնները եւ գերտէրութիւնները կու գան ու կ’երթան։ Սակայն անոնց ետին մնացողը միշտ մարդն է՝ իր կորուստներով, իր յիշողութեամբ եւ իր գոյատեւման կամքով։
Թերեւս մեր ժամանակներու ամենէն կարեւոր հարցումը այն չէ, թէ ո՛վ պիտի շահի այս աշխարհաքաղաքական խաղը։
Աւելի կարեւոր հարցումը հետեւեալն է․ Կարելի՞ է արդեօք այնպիսի աշխարհ մը ստեղծել, ուր մարդը այլեւս չըլլայ ճատրակի քար մը։
Որովհետեւ պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ երբ մեծ ուժերը կը շարունակեն իրենց խաղը, շատ անգամ նոյնիսկ հանդիսատեսները ի վերջոյ կը յայտնուին ճատրակի տախտակին վրայ։
Վ. Թէնպէլեան
