Կարոն շուրջ տասը տարեկան տղայ մըն էր պուրճ համուտցի, ինչպէս մեզմէ շատերը: Ան կը յաճախէր իրենց տան մօտիկ հայկական վարժարանը: Համեստ, աշխատասէր ու հաւատացեալ բազմանդամ ընտանիքի մը անդրանիկը, անոր երկու փոքր քոյրերն ալ իրեն նման մեր դպրոցին աշակերտներն էին, իսկ կրտսերը՝ մանչ մը, տակաւին դպրոց չէր յաճախեր: Ամէն օր, անոր հայրը, դպրոցի առաւօտեան զանգէն առաջ՝ խիստ, ինքնավստահ ու ամուր քայլերով իր զաւակները դպրոց կ’առաջնորդէր, իսկ կէսօրուան տուն վերադարձի զանգէն առաջ, եթէ պատահէր որ պատուհանէն դուրս նայէիր, անպայման պիտի տեսնէիր փոքր եղբօրը դէմքը, որ վեր՝ դասարաններուն պատուհաններէն ներս իր հարազատները կը փնտռէր: Մայրը՝ իր քաղցր խօսքերով ու նուրբ նայուածքով կը դիտէր իր հասակ առնող երեխան, որ մերթ ընդ մերթ կը վազէր, ապա կ’իյնար ու ետ ելլելով կ’ուղղուէր դէպի իր մայրը: Մօրը պարտականութիւնն էր ամէն կէսօր զաւակները ապահով տուն վերադարձնել: Այս ընտանիքին նման շատեր անսահման սիրով ու լուրջ բծախնդութեամբ կը հոգային իրենց զաւակներուն կարիքները, ապահով դպրոց երթուդարձը, նաեւ՝ հաւատք, սէր եւ ուսում ապահովելու ծանր պարտականութիւնը, զոր մեծապէս վստահած էին մեր վարժարանին:
Կարոն վառվռուն, կլոր դէմքով, կարմիր այտերով խօսուն աչքերով տղայ մըն էր՝ այնքան խանդավառ, որ երբեմն կը թոթովէր, երբ ինքզինք արագ արտայայտելու պէտքը զգար, իսկ եթէ փորձէր դասարանը լուռ մնալ, անոր աչքերը կը խօսէին եւ իր ըսելիքը շատ յստակ կը հասնէր զինք լաւ ճանչցող ուսուցիչին:
Ընկերներուն հետ ալ հաշտ էր: Կը պատահէին երբեմն մանկական հարցեր. օր մը դիւրին կը հարթուէին, օր մըն ալ քիչ մը երկար միջամտութենէ ետք: Շատ քիչ անգամ պատիժ կը ստանար Կարոն, անշուշտ եթէ անհրաժեշտ էր եւ ուրիշ ելք չկար այդ մանկական «կռիւը» լուծելու. օր մը այսպէս, օր մը այնպէս:
Բարձր նիշ ստացած օրը, թուղթը ձեռքը կը վազէր դպրոցի աստիճաններէն՝ բարձրաձայն ձայն տալով մօրը, «մամա՛ հարիւր ստացայ գրաւորիս», կամ «ուսուցիչը ինծի շատ ապրիս ըսաւ, մամա՛»…: Եթէ Կարոն բացակայէր դպրոցէն, կը մտահոգուէինք, կա՛մ շատ անհանգիստ է, կա՛մ ալ մայրը կու գար դպրոց փոխանցելու, թէ ան շատ նեղացած է, որովհետեւ ձախող նիշ մը ստացած է գրաւորին կամ ընկերներէն մէկը վիրաւորած է զինք: Հոս պէտք էր մայրը խրախուսէինք, թէ Կարոն դիմելու է ուսուցիչին այն վայրկեանին, երբ դպրոցին մէջ երեւոյթ մը կը նեղացնէ զինք. իսկ ցած նիշը ստանալու հարցը մինչեւ այսօր կը մնայ անլուծելի երեւոյթ: Ինչ ըսելու ենք այն աշակերտին մօրը, որուն զաւակը ցած կամ ձախող նիշ ստացած է: Չենք կրնար ըսել՝ «հոգ չէ», «հոգ մի՛ ըներ». ինչպէս հոգը չըլլայ, չէ որ մենք՝ ուսուցիչներս մեր արժեւորումները այդ նիշերուն հիմամբ կը կատարենք, եւ այդպէ՛ս աշակերտը դասարանը կը փոխէ կամ ոչ. մենք զմեզ հակասե՞նք:
Կարոն նախակրթարանի բոլոր կարգերը յաջողութեամբ անցաւ, որովհետեւ ան յամառ աշխատող էր, նաեւ ունէր հետեւող ու քաջալերող ծնողք:
Ափսոս որ ամէն բան մեր ակնկալածին պէս չ’ընթանար միշտ: Դժբախտութիւնը այնքա՛ն ուժգին թակեց Կարոյենց տան դուռը, որ զայն հիմէն ցնցեց: Մեծ ցաւով ստացանք Կարոյին հօրը մահուանը բօթը:
Քանի մը օր ետք, երեխաները վերադարձան իրենց սովորական կեանքին, բայց շատ բաներ սովորականին պէս պիտի չըլլային այլեւս: Ի՜նչ կը նշանակէ ընտանիքի մը հօր կորուստը, ո՞վ պիտի ըլլար այդ մատղաշ տղոց տիպար կերպարը: Որո՞ւ դիտելով պիտի ծաղկէին ու ամրանային նման այդ հաստաբուն ծառին, որ իր արմատները ամուր խրած հողին՝ պիտի կարենար դէմ դնել բուքին ու փոթորիկին:
Առաջին տարին, այսպէս ասած հոգ տանող, հարցնող, գթացող շատ էր այս ընտանիքին, սակայն ժամանակ մը ետք, զգալի էր փոփոխութիւնը: Օգնողը օգնեց, նկարները հոս-հոն տարածեց, հարցնողը հարցուց՝ «բանի մը պէտք ունի՞ք», օ՜ այս անիծեալ նախադասութիւնը, ի՜նչի պէտք չունէին, որ մէկը կրնային ըսել, չորս երեխաներ որբացած էին, ի՜նչ բաներու պէտք չունէին:
Դասարանին մէջ Կարոն այլեւս տարբեր կը վարուէր: Զգալի էր փոփոխութիւնը. միշտ մտազբաղ, իսկ դասերուն հանդէպ անտարբեր դարձած էր. անոր մասնակցութիւնն ու խանդավառութիւնը պակսած էին: Երբ զինք կը դիտէի, իմ ճանչցած Կարոն չէր այլեւս. աչքերուն փայլքն անգամ մարած էր: Շատ անգամ զինք կը դիտէի, երբ աչքերը յառած պատուհանէն դուրս՝ կարծես կը դիտէր հորիզոնը, ուր երազները կը հեռանային իրմէ, հոն ուր իր մանկական անմեղ խաղերը խոյս կու տային միտքէն: Բակին մէջ, Կարոն ալ չէր խաղար ընկերներուն հետ: Զինք յաճախ կը տեսնէի իր փոքր քոյրերուն ետեւէն դարձող պահակի մը նման. կարծես հօր դերը կը կատարէր՝ մոռնալով որ ինքն ալ փոքր է եւ ինքն ալ պէտք ունէր խաղի ու հանգիստի պահերու: Կէսօրին՝ դպրոցական օրուայ աւարտի զանգը հնչելուն պէս, Կարոն աստիճաններէն սուրալով անմիջապէս վար կը հասնէր, յաճախ գիրք ու տետրակ ձգած, երբեմն ալ կիսաւարտ գրաւոր մը: Հոգը չէր ալ ո՛չ նիշը, ո՛չ ալ դասը: Բակը պէտք էր իր փոքր քոյրերը գտնէր, նախքան անոնց հոս կամ հոն ցրուիլը, որովհետեւ մայրը իր գործին բերումով, ուշ կը հասնէր դպրոց: Այո՛, Կարոյին մայրը ստիպուած էր իր երեխաներուն հայրն ու մայրը դառնալ, իսկ Կարոն՝ որպէս տան անդրանիկ մանչը, կարծես կը փորձէր ամէն ձեւով նեցուկ կանգնիլ իր մօրը:
Անհրաժեշտ կը նկատեմ նշել պատահար մը, որ միտքէս երբէք պիտի չհեռանայ: Ուսուցիչներու տօնն էր եւ աշակերտներէն շատեր իրենց ուսուցիչները երախտագիտական նամակներով, ծաղիկներով կամ յիշատակի նուէրներով կը պատուէին: Դասարանին մէջ ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր, սակայն աչքս յանկարծ Կարոյին ուղղութեամբ գնաց. ան լուռ էր եւ այդպէս կը ձեւացնէր, թէ ինք դաս կը սերտէր ու բան մը գրի կ’առնէր: Դասապահի աւարտին, երբ բոլոր աշակերտները զբօսանքի ելան, Կարոն մնաց ետեւ. չորս կողմը ստուգելէ ետք, թէ իր բոլոր դասընկերները հոն չեն, ան արագ քայլերով սեղանիս մօտեցաւ եւ թաշկինակ մը ձեռքէն հոն ձգելով՝ ըսաւ, «տօնդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ ուսուցիչ, շնորհակալ եմ ամէն բանի համար:» Կարոյին այդ մաղթանքն ու իր ունեցած միակ թաշկինակը, զոր ինծի նուիրեց մինչեւ օրս կը հնչէ ականջիս մէջ ու կը թռթռացնէ իմ սրտիս ու միտքիս բոլոր լարերը: Ամէն անգամ, երբ նման մաղթանք լսեմ աշակերտներէս՝ կ’երթամ տարիներ ետեւ: Իմ աշակերտներուս մաղթանքներն ու անոնց երախտագիտական խօսքերը գերագոյն պարգեւներն են, զորս ստացած եմ՝ բխած անոնց սրտերէն՝ անկեղծ ու անշահախնդիր: Երախտագիտական խօսքը գերագոյն պարգեւն է, որ ուսուցիչ, ծնողք, խորհրդատու, ընկերային ծառայող եւ տնօրէն կրնան ստանալ, երբ անշահախնդրօրէն կը մօտենան իրենց առաքելութեան: Ինչպէս աւետարանը կ’ըսէ. «Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտարակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տան մէջ եղողներուն:» Մատթ.5:15
Յաջորդ տարին, Կարոն դպրոց չվերադարձաւ: Ան հեռացաւ իր գրասեղանէն, ուր դեռ շատ օրեր կը սպասէին իրեն ու անկատար տենջեր ու երազներ կը յամենային: Ան անժամանակ մեծցաւ, աշկերտ դարձաւ ու գործի ասպարէզ նետուեցաւ. իր ընտանիքը պէտք ունէր իրեն:
Կարոյին նման շատ օրինակներու կը հանդիպինք ուսուցչական մեր ասպարէզին մէջ: Ցաւ ի սիրտ, կը յանգինք այն եզրակացութեան, թէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ պակաս օղակ մը կայ. ո՞ւր են բարեսիրական մեր միութիւններն ու հաստատութիւնները, ո՞ւր են ընկերային ապահովութեան լծակները, որոնց մասին ճառեր կը խօսինք ու ահագին մելան կը հոսեցնենք… մի՞թէ միայն խօսք, թէ՞ շարունակական ու յարատեւող գործ: Հարց կու տամ այսօր որպէս մանկավարժ, ուսուցիչ եւ ծնողք:
«Տօնդ շնորհաւոր սիրելի՛ ուսուցիչ, շնորհակալ եմ ամէն բանի համար:» Այս նախադասութիւնն ու Կարոյին միակ թաշկինակը, զոր ինծի նուիրեց, ուսուցչական իմ ասպարէզիս մեծագոյն դրամագլուխնները կը հանդիսանան, եւ այդպէս ալ պիտի մնան…
Լենա Պօղոսեան


Շնորհակալութիւն այս յուզիչ ու ահազանգող վկայութեան համար։