10 Հոկտեմբեր՝ կարդալու ազատութեան օր. ո՞վ կ’որոշէ, թէ ի՛նչ կրնանք կարդալ

Այս տարի 10 հոկտեմբերը կը նշուի իբրեւ Let Freedom Read Day՝ «Կարդալու ազատութեան օր»։ Ան «Արգիլուած գիրքերու շաբաթ»-ուան վերջին օրն է եւ առիթ մը՝ մտածելու եւ հարցադրելու. ո՞վ իրաւունք ունի որոշելու, թէ մենք ի՛նչ կրնանք կարդալ։

Առաջին հայեացքով գրաքննութիւնը կրնայ անցեալին պատկանող երեւոյթ մը թուիլ։ Կը յիշենք ամբողջատիրական վարչակարգերը, արգիլուած հեղինակները եւ հրապարակաւ այրուող գիրքերը։ Բայց այսօր գիրք մը արգիլելու համար զայն այրել անհրաժեշտ չէ։ Բաւարար է զայն հեռացնել գրադարանէն, սահմանափակել անոր հասանելիութիւնը կամ այնպիսի մթնոլորտ ստեղծել, որ ուսուցիչներն ու գրադարանավարները խուսափին որոշ գիրքեր առաջարկելէ։

Ամերիկեան Գրադարանային Ընկերակցութեան (ALA – American Library Association) տուեալներով՝ 2025-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ 4235 տարբեր գիրքեր արգելքի կամ սահմանափակումի թիրախ դարձած են։ Պատճառները բազմազան են՝ սեռային բովանդակութիւն, ցեղապաշտութիւն, ընկերային արդարութիւն, քաղաքական եւ կրօնական տեսակէտներ։

Բնականաբար, ամէն գիրք յարմար չէ ամէն տարիքի։ Ծնողները իրաւունք ունին ուղղելու իրենց երեխաները, իսկ դպրոցները պարտաւոր են նկատի ունենալու աշակերտներուն տարիքն ու հասունութիւնը: Սակայն «չեմ ուզեր, որ իմ զաւակս այս գիրքը կարդայ» ըսելը ուրիշ բան է, «ուրիշներուն զաւակներն ալ թող չկարենան կարդալ զայն» ըսելը բոլորովին ուրիշ բան: Առաջինը անհատական ընտրութիւն է, երկրորդը՝ ուրիշներու ազատութիւնը սահմանափակելու փորձ։

Գիրք մը կարդալը չի նշանակեր համամիտ գտնուիլ անոր հեղինակին հետ։ Կրնանք մեր համոզումներուն անյարիր գաղափարներու մասին կարդալ՝ հասկնալու, թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կը մտածեն։ Կրնանք ուսումնասիրել տեսակէտ մը եւ վերջաւորութեան ամբողջութեամբ մերժել զայն։ Գիրքին արժէքը միշտ այն չէ, որ կը հաստատէ մեր համոզումները։ Երբեմն անոր արժէքը կը կայանայ հոն, որ մեզ կը ստիպէ մտածելու, կասկածելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու մեր կարծիքները։ Եւ եթէ գիրքը կարդալէ ետք ըսենք՝ «ո՛չ, հեղինակը սխալ է», այդ մերժումը աւելի արժէքաւոր է, որովհետեւ հիմնուած է ծանօթութեան եւ դատողութեան վրայ։

Հայերս գիրքին նկատմամբ յատուկ յարգանք ունինք։ Դարերով ձեռագիրներ պահպանած ենք, գիրքեր փրկած, տպարաններ ու գրադարաններ հիմնած։ Գիրքը մեզի համար եղած է լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման միջոց։ Սակայն գիրքը սիրելը ինքնաբերաբար չի նշանակեր կարդալու ազատութիւնը յարգել։ Կրնանք մեծարել գրականութիւնը, բայց անհանգստանալ, երբ հեղինակ մը կը վիճարկէ մեր ազգային, կրօնական, քաղաքական կամ ընկերային համոզումները։ Կրնանք ազատ արտայայտութեան կողմնակից ըլլալ մինչեւ այն պահը, երբ արտայայտուած կարծիքը կը հակասէ մեր սեփական տեսակէտին։

Մեր իրականութեան մէջ գրաքննութիւնը միշտ չէ, որ պաշտօնական արգելքի ձեւ կը ստանայ։ Երբեմն ան կը դրսեւորուի լռութեամբ, քննադատութենէ խուսափելով կամ համայնքային հակազդեցութեան վախով։ Գրող մը կրնայ հրաժարիլ որոշ նիւթէ մը, հրատարակիչ մը՝ վիճայարոյց գիրքէ մը, իսկ ուսուցիչ մը՝ զգայուն հարց մը քննարկելէ։ Այս ինքնագրաքննութիւնը երբեմն աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ անտեսանելի կը մնայ։ Ուստի հարցումը միայն այն չէ, թէ հայկական միջավայրին մէջ արգիլուած գիրքեր կա՞ն։ Աւելի կարեւոր է հարցնել. կա՞ն գաղափարներ, հարցումներ եւ տեսակէտներ, որոնց մասին մարդիկ ազատ չեն զգար գրելու, կարդալու կամ խօսելու։

Կարդալու ազատութիւնը չի նշանակեր, որ պարտաւոր ենք ամէն գիրք կարդալու կամ ընդունելու անոր գաղափարները։ Կրնանք գիրք մը չգնել, չկարդալ, քննադատել կամ մերժել։ Բայց մեր մերժումը պէտք չէ վերածուի ուրիշներուն ընթերցելու իրաւունքը սահմանափակելու պահանջի։

10 Հոկտեմբերը առիթ մըն է յիշելու, որ ժողովրդավար հասարակութեան մէջ կարդալու ազատութիւնը պէտք է պաշտպանուի ոչ միայն այն ատեն, երբ գիրքը մեզի հաճելի բաներ կ’ըսէ, այլեւ երբ կը հարցադրէ մեր համոզումները։ Որովհետեւ կարդալու ազատութեան ամենէն պարզ սահմանումը թերեւս այս է.

Ես իրաւունք ունիմ գիրքը փակելու։ Բայց այդ իրաւունքը ինծի իրաւունք չի տար ուրիշին գիրքը փակելու։

Վ.Թ.

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x