The Cedars Whispered՝ Երբ կը լսենք լռութեան ձայնը

Հեղինակ՝ Քրիսթին Դանիէլեան, Hope and Light հրատարակչատուն, Նիւ Եորք, 2024

Կարելի է նաեւ հետեւիլ Տարբերակ21 հարթակի հեղինակին հետ կատարած հարցազրոյցին՝ հետեւեալ կապով https://wp.me/pd909i-mwp 

 The Cedars Whispered-ը պարզապէս վէպ մը չէ։ Ան գրական-գեղարուեստկան վկայութիւն մըն է, աղաղակող ձայն մը՝ ծնունդ առած քաղաքացիական պատերազմի տառապանքէն, անձնական ցաւերէ եւ անհատոյց վերքերէ։ Իրական դէպքերու վրայ հիմնուած՝ Քրիսթին Դանիէլեանի այս խորաթափանց ու խռովիչ ստեղծագործութիւնը լոյս կը սփռէ Թեոտորայի պատմութեան վրայ՝ լիբանանցի ծաղկատի աղջնակ մը, որուն կեանքը կը փշրուի քաղաքացիական պատերազմի եւ անոր անմեղ ու մանուկ հոգին խոցած լուռ բռնութեան հետեւանքով։ Յուզիչ, ցասումնալից եւ զգայական լեզուով գրուած այս գիրքը մեզի նաեւ կը պարտադրէ դառնալու լուռ ականատեսները այն բռնութեան, որ այսօր եւս կը յամենայ եւ կը փճացնէ բազմաթիւ կեանքեր։

Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր Քրիսթին Դանիէլեան կը գործէ որպէս ընկերային ծառայող՝ նուիրուելով անիրաւուածներու, մասնաւորաբար կիներու եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան հանդէպ իր խոր հաւատքը կը ճառագայթէ գիրքի իւրաքանչիւր էջին մէջ։ Յառաջաբանին մէջ, ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս քորոնաժահրի համավարակին պարտադրած մեկուսացումը իր մէջ կը վերակենդանացնէ Թեոտորայի ցաւալի պատմութեան չսպիացած յուշերը, որոնք իբրեւ բարոյական պարտաւորութիւն՝ պէտք էր պատմուէին եւ դառնային աշխարհին սեփականութիւնը։

Թէեւ անունները փոխուած են, սակայն կերպարները իրական են, իսկ յանցագործները՝ ներառեալ հրէշատիպ Սուլէյմանը, ոչ միայն մինչեւ այսօր կը մնան անպատիժ, այլեւ զղջումի նշաններ ալ ցոյց չեն տար։ Գիրքը անգլերէնով գրելու որոշումը կը բխի բարոյական պարտաւորութենէ մը, որ կը յատկանշէ թէ՛ վէպին համամարդկային թելադրանքը եւ թէ՛ հեղինակին նպատակը՝ հասնելու աւելի լայն ընթերցողութեան, ներառեալ լիբանանցի, սփիւռքահայ եւ ընդհանրապէս ոչ-հայ ընթերցողներու, որոնք այլապէս անծանօթ պիտի մնային այս ապրուած ողբերգութիւններուն։

Հոս չենք կրնար զուգահեռ մը չտեսնել Թեոտորայի ապրած հոգեցնցումին եւ Հայկական  ցեղասպանութենէն ճողոպրած յաջորդական սերունդներու ենթագիտակցութեան մէջ արմատացած հոգեցնցումին (trauma) միջեւ։ Այս վերջինը իւրաքանչիւր տառապանքի եւ անիրաւութեան դիմաց կը վերազարթնի եւ կը մարմնաւորուի այն գրական կերպարներուն մէջ, որոնք կը դրսեւորեն նմանօրինակ ցնցումներ։ Մեր հեղինակը խորապէս կը զգայ Թեոտորային ցաւը, որովհետեւ ինք ալ ժառանգորդն է անիրաւութեան մը, որ մինչ օրս կը մնայ անպատիժ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վէպին համար ընտրուած պարզ միջավայր մը չէ, այլ անոր հիմնարար մէկ մասը։ Պետական կառոյցներու քայքայումը ստեղծած էր վերահսկողութենէ զուրկ եւ խառնաշփոթ իրավիճակ մը, որ ընդհանուր առմամբ բարեբեր հող կ’ընծայէր բռնութիւններու, յատկապէս՝ կիներու եւ երեխաներու դէմ։ The Cedars Whispered վէպը պատերազմը կը ներկայացնէ ոչ միայն որպէս ազգային աղէտ, այլ նաեւ որպէս քայքայիչ ուժ մը, որ կը թափանցէ ընտանեկան յարաբերութիւններու եւ անհատական հոգեբանութեան մէջ՝ ապակայունացնելով հասարակութեան բարոյական հենքը։

Թեոտորայի կեանքը կը սկսի քանդուիլ քաղաքական բռնութեամբ, բայց ամենախոր վերքերը կը բացուին ընտանեկան լռութեան մէջ՝ տան մը մէջ, ուր ո՛չ ոք կը լսէ, ո՛չ ոք կը պաշտպանէ, եւ ո՛չ ալ արդարութեան շուքը գոյութիւն ունի։ Պատերազմը կը շեշտէ զոհերու անզօրութիւնը, եւ այս թեման գիրքի ամբողջ պատումին մէջ կը տարածուի իբրեւ անդադրում ողբ։

Վէպին առանցքը կը հանդիսանայ Թէոտորան՝ մանուկ մը, որ տասնամեակներ շարունակ կը կրէ տանջանքներու ծանր բեռը։ Սուլէյմանի կատարած սարսափելի բռնութիւնները կը նկարագրուին ցնցիչ մանրամասնութեամբ՝ երբե՛ք գրգռիչ, այլ մի՛շտ ճշգրիտ ու սրտառուչ կերպով։ Մասնաւորապէս ծանր է կարդալ վէպին 11-րդ գլուխը՝ «Լռութեան ծանրութիւնը» վերնագրով։ Թէոտորայի վախը, շփոթը եւ ինքնամեկուսացումը ներկայացուած են ցնցող պարզութեամբ։ Դանիէլեան լուսարձակի տակ կ’առնէ ոչ միայն բռնարարք կատարողը, այլեւ զայն շրջապատողներու լուռ մեղսակցութիւնը՝ սարսափահար ու պարզամիտ մայր մը, անտարբեր հասարակութիւն մը եւ խաւարային մշակոյթ մը, որ կը պահանջէ զոհերէն լռել՝ «բարոյական երեւոյթ» մը պահպանելու մտահոգութեամբ, մինչ բարոյազուրկը կը շարունակէ իր հրէշութիւնները: Թէոտորան կը դառնայ խորհրդանիշ իւրաքանչիւր երեխայի եւ բոլոր անոնց, որոնց ձայնը չի լսուիր, որոնց տառապանքը կ’անտեսուի, եւ որոնց կեանքերը աղէտ կը յուշեն։ Սակայն այդ տառապանքէն կը ծնի կամք եւ տոկոնութիւն։

The Cedars Whispered վէպը կը բաղկանայ 281 էջէ, 26 գլուխէ եւ վերջաբանէ մը։ Ան կը պատմէ Թէոտորայի կեանքի գողգոթան՝ սկսած Քաֆարմաթթայի մէջ անցուցած ուրախ մանկութենէն (1982), այդ անմեղութեան կորուստէն Ժիպէյլի մէջ, մինչեւ հասուն տարիքը (2009)՝ արծարծելով յիշատակներու, կորուստի, տառապանքի, տոկունութեան եւ դիմադրողականութեան խոր թեմաները։ Վէպին կառուցուածքը կը ներդաշնակուի հոգեցնցման կշռոյթին հետ՝ մասնատուած յուշերու, կրկնուող սրտազեղումներու եւ յանկարծակի բռնկումներու յատուկ ելեւէջերով։

Վէպին ոճը պարզ է, դիւրամատչելի, բայց միաժամանակ բանաստեղծական՝ խոր զգացականութեամբ զեղուն, առանց սակայն իյնալու ողբերգականութեան ծուղակը։ Դանիէլեանի արձակը ընդհանրապէս պարզ է ու խտացուած, սակայն յաճախ ալ կը փայլի բանաստեղծական շեշտադրումներով, որոնք կը բարձրացնեն պատումին գեղարուեստական մակարդակը։ Վէպին լաւագոյն առանձնայատկութիւններէն մէկը անոր կշռոյթն է, որ կը գրաւէ ընթերցողը եւ զայն կը մղէ կարդալու անընդհատ եւ մէկ շունչով:

Անվիճելիօրէն, վէպին զգացական հզօրութիւնը ամենէն վառ կերպով կը դրսեւորուի երկխօսութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար՝ Թէոտորայի եւ ընկերային ծառայող Անժելայի զրոյցներուն ընթացքին։ Այս պահերը կը ներկայացնեն ոչ միայն անձնական բացայայտումի, այլ նաեւ բուժիչ ուղեւորութեան մը խորքը։ Անժելան (հեղինակը ի՞նքը. Թէեւ հեղինակը երբեք բացէ ի բաց չի վկայեր իր ներկայութիւնը պատմութեան մէջ, Անժելայի կերպարին մէջ կը զգացուի ինքնակենսագրական շունչ մը։ Այս կերպարը կրնայ Դանիէլեանի ներքին ձայնը ըլլալ) ներկայ է ոչ միայն որպէս կարեկից ունկնդիր, այլ նաեւ որպէս խթանող ուժ՝ քաջալերելով Թէոտորան խօսելու, յիշելու եւ ի վերջոյ՝ վերատիրանալու իր կեանքին։

The Cedars Whispered-ը ոչ միայն գրական ստեղծագործութիւն մըն է, այլ նաեւ քաղաքական ու ընկերային յանձնառութիւն մը։ Գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ, Amazon.com-ի ճամբով հրատարակելով՝ Քրիսթին Դանիէլեան կ՛առաջադրէ լիբանանեան մոռցուած ողբերգութիւններէն մէկը ներկայացնել միջազգային ընթերցողութեան։ Վէպը կը միանայ ֆեմինիսթ եւ յետպատերազմեան գրական այն հոսանքին, որ կը ձգտի լոյս սփռելու պատերազմի անտեսուած զոհերուն վրայ՝ երեխաներուն, կիներուն եւ ընդհանրապէս մոռցուածներուն։

Դիւրին լուծումներ չենք տեսներ վէպին մէջ։ Սուլէյմանը կը մնայ ազատ։ Վէրքերը կը մնան չբուժուած։ Բայց իր վէպով, Դանիէլեան ճիգ կ’ընէ վերականգնելու արժանապատուութիւնը տառապածներուն։ Այս ստեղծագործութիւնը պոռթկացող ճիչ մըն է՝ ճեղքելու լռութիւնը, հաւատալու զոհերուն եւ կոտրելու բռնութեան շղթաները, որոնք տակաւին կը յամենան մեր հասարակութիւններուն մէջ։

The Cedars Whispered-ը այն գիրքերէն է, որ երկար կը մնայ ընթերցողին մտքին մէջ՝ վերջին էջը փակելէ շատ ետք։ Չնայած իր ծանր նիւթին, ան անհրաժեշտ ընթերցում մըն է՝ գրուած վարպետութեամբ եւ պատմուած քաջութեամբ։ Քրիսթին Դանիէլեան մեզի կը նուիրէ ոչ միայն պատմութիւն մը, այլ նաեւ տառապանքի եւ տոկունութեան վկայութիւն մը։ Թեոտորային ձայնը, որ երկար ժամանակ լռած ու լռեցուած էր վախի ազդեցութեան տակ, այժմ կը հնչէ ճշմարտութեան զօրութեամբ։ Այս վէպը գիրք մըն է, որ պէտք է կարդացուի, քննարկուի եւ յիշուի։

Կարելի է նաեւ հետեւիլ Տարբերակ21 հարթակի հեղինակին հետ կատարած հարցազրոյցին՝ հետեւեալ կապով https://wp.me/pd909i-mwp

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x