Արթիւր Գրիգորեան եւ Յասմիկ Մարտիրոսեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան հետ:

Երուանդ Մարգարեան եւ Նառա Առաքելեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ դաշնակահար եւ յօրինող Նառա Առաքելեանի հետ:

Սիրան Շաբոյեան Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը  կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի տայ. Սիրան հալէպէ՞ն է, թէ՞ Պէյրութէն:

Թամարա Յովհաննիսեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Զրոյցին ընթացքին մեզի հարցուցին թէ «ձեր թոռնիկները հայկական վարժարան կը յաճախե՞ն»: Ես պստասխանեցի. «մենք նոր ենք եկել Հայաստանից, ոչ մի կապ չունենք հայ համանքի հետ»: Յաջորդ օր մենք հետաքրքրուեցինք եւ Նարեկին տարինք վարժարան:

Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը… երբ երազները կը դառնան իրականութիւն

Հոգեկան աշխարհի ծալքերը պրպտող միտքն է Գէորգ Պետիկեան, եւ ան մեծ վարպետութեամբ իր գրիչով հիւսած է Հայկին ու Շուշանիկին տուայտանքներով լեցուն սիրավէպը:  

Դերասան Յարութ Թորոսեանի Լիբանանի թատերական կեանքի երեսուն տարիներու արգասիքը

Յարութ Թորոսեան մեր բեմերուն վրայ միշտ փնտռուած դերասան է՝ արժանացած ջերմ ծափերու: Ան իր ներդրումը ունի Լիբանանի վաստակաւոր թատերագիր-բեմադրիչներու ղեկավարած թատերախումբերուն մէջ:

Ծանօթանանք Երեւանի «խնկո Ապոր» անուան ազգային մանկական օրինակելի գրադարանին (Ա. մաս)

Գրադարանային աշխոյժ միջավայրերէն մին է Երեւանի Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը, ուր սրահները լեցուն են գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի շունչով:

Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Բ. մաս)

Ի՞նչ ջանքեր թափուեցան յաջողութեամբ պսակելու 1981-ի 32 շրջանաւարտներուն փնտռտուքը. աւարտական դասարանի խմբային նկարը կը մնար զիրար յիշելու եւ գտնելու գլխաւոր միջոցը:

Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Ա. մաս)

Ի՞նչ ջանքեր թափուեցան յաջողութեամբ պսակելու 1981-ի 32 շրջանաւարտներուն փնտռտուքը. աւարտական դասարանի խմբային նկարը կը մնար զիրար յիշելու եւ գտնելու գլխաւոր միջոցը: