«Ես հայերու լեզուն սորվեցայ՝ հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ր լեզուով Աստուածները[1] խօսած են, վասնզի հայոց լեզուն Աստուածներու լեզուն է»:
Պարսիկները իրենք այս անունը կը գրենپزشکيان եւ կ’արտասանեն Փեզեշքեան: Սա պարսկերէն պատմական բիզիշկ-ն է, որ օրին հայերս արտասանած ու տառադարձած ենք բժիշկ:
Նախորդ յօդուածով տեսանք, որ հայերէնը պարսկերէնէն փոխ առած է 1400 բառ: Այս փոխառութիւնները բանաւոր ճամբով կատարուած ըլլալնուն պատճառով՝ առհասարակ առօրեայ խօսակցական բառեր են
Հայացած պարթեւներու հսկայ զանգուածը իր արիւնակցական եւ լեզուական խոր ազդեցութիւնը պիտի ձգէր հայութեան եւ հայերէն բնիկ լեզուին, մասնաւորաբար բառերուն վրայ:
Նափոլէոն արտասովոր համակրանք եւ վստահութիւն կը տածէ Ռոստոմի հանդէպ, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր հաւատարիմ արբանեակը կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն մէջ:
Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանց, աւելի ճիշդը՝ որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներ. օրինակ՝ յիշելով դէմք մը, յիշէք նաեւ անոր ձայնը, այլեւ հպումին ջերմութիւնը, կրած անուշահոտը եւ այլն:
Աշկարայ - Այս բառը տասնամեակներ առաջ, երբ թրքախօսութիւնը շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր շատ ընթացիկ ու սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու միջեւ:
1. Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի անոր ընթերցումը: 2. Խուսափինք կրաւորական բայերէ՝ ի հաշիւ չէզոք եւ ներգործական բայերու: 3. Ենթական չկրկնենք էական բային հետ: 4. Խուսափինք անորոշ դերբայէն՝ ի նպաստ բայանուններու:
Լեզուները կը բաժնուին երկու խումբերու՝ կցականներ եւ անջատականներ:
Գաղթական արեւմտահայութիւնը պոլսահայերու հետ շփում չէ ունեցած, քանի որ պոլսահայերուն խնայուեցաւ, եւ անոնք չտարագրուեցան:
Ազգային այս նոր բարոյականի թիրախներէն մէկն ալ թրքերէնն էր, որ յամառ ու հետեւողական հալածանքի կ’ենթարկուէր.
... Այս այցելութիւնները միակողմ չէին. միայն թուրքեր չէին այցելեր Լիբանան, յատկապէս՝ Պուրճ Համմուտ, փոխադարձ այցելութիւնները՝ դէպի Թուրքիա, անպակաս էին:
...առաջին անգամ ըլլալով թուրք կը տեսնէի՝ բոլորովին զարմացած, որ ան ալ մարդկային սովորական արարած մըն էր բոլորիս պէս...
Արեւելահայերէն ալ կը շարունակեն այսօր մնալ մեր երգերը՝ ըստ մեծի մասի:
...Եւ այս իւրացումները տեղի կ’ունենային առանց որեւէ յատուկ ճիգի: Պատճառը Պուրճ-Համմուտի դրուածքն էր, որ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէր եռալեզուեան դրութեան:
«Տուն»ը ոտանաւորի ներքին բաժանումն է, որ ընդհանրապէս կ’ունենայ չորս տող, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս:
Տունը, ուրեմն, բնագրային այն փոքրիկ հատուածն էր՝ արձակ կամ ոտանաւոր, որ ընթերցողը մէկ անգամէն կը թելադրէր գրիչներուն։
Հեղինակը տրամադիր է ամէն փափաքողի ղրկել անոր ձեռագիրը՝ ստանալու համար ընթերցողներու կարծիքն ու նկատողութիւնները՝ վերջնական ձեւաւորում մը տալէ առաջ իր աշխատութեան:
«Վերջերս պատահմամբ ձեռքս անցաւ իր պատմուածքներու մէկ հատորը՝ «Կինը», գրուած 1906-ին, ուրեմն երբ տակաւին 23 տարեկան էր: Այս շատ միջակ, չըսելու համար անարժէք հատորը, սակայն, ուշադրութիւնս գրաւեց ինքնահնար բառերու բաւական ճոխ շարքով մը...»:
«Մովսէսի էջքը Սինայի լեռէն, ուր ան հանդիպած էր Աստուծոյ եւ անկէ ստացած Տասնաբանեայ պատուիրանները, որ հետը կը բերէր իր ժողովուրդին, այնքան խնդալից ու ցնծագին չդիմաւորուեցաւ, որքան Մեսրոպի մուտքը Հայաստան՝ Հայոց տառերու տախտակը ի ձեռին, եւ հանդիպումը իւրայիններուն հետ»: