Պէյրութի հայանուն փողոցները՝ մէկ վաւերագիրքի մէջ

Հարզազրոյց՝ «Պէյրութի հայանուն փողոցները» գիրքի հեղինակ Լոռի Թաշճեանի հետ

Կ’ըսեն, թէ փողոցները քաղաքի մը շնչերակներն են: Որեւէ փողոց ունի իր անցեալը, պատմութիւնը, սովորութիւնները, «հերոս»-ները եւ շատ անգամ փողոցին անունը կը ցոլացնէ այս բոլորը: Նոյնը կարելի է ըսել Պէյրութի հայանուն փողոցներուն մասին, ուր հարիւրամեակէ մը ի վեր իրերայաջորդ հայ սերունդներ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ:

2022-ի գարնան Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Լոռի Թաշճեանի «Պէյրութի հայանուն փողոցները» աշխատասիրութիւնը, ուր ներկայացուած են Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ հայկական անուններ կրող բոլոր փողոցները՝ տեղորոշուած եւ անուանակոչումներու պայմաններուն ու լիբանանահայ գաղութի պատմութեան հետ անոնց որոշակի զուգահեռներու նկարագրութիւններով: Այս առիթով լրագրող Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան հեղինակին հետ կատարեց հարցազրոյց մը, որ կը հրատարակենք ստորեւ:

Շատ մը հարցեր կրնան մղել մեզ սկսելու մեր հարցազրոյցը, սակայն կ՛ուզեմ առաջին հերթին կանգ առնել ձեր նորագոյն աշխատասիրութեան՝ վերջերս լոյս տեսած «Պէյրութի հայանուն փողոցները» հրատարակութեան վրայ։ Ի՞նչը մղեց ձեզ ձեռնարկելու այս ուսումնասիրութեան։ Ինպիսի՞ անհրաժեշտութենէ մը մղուած եւ ինչպիսի՞ հետքերու փնտռտուքն էր, որ կ՛ուզէիք կատարել։

Մի քանի տարի առաջ, հանգուցեալ յուշարձանագէտ Պրն. Սամուէլ Կարապետեանի քաջալերանքով եւ մղումով սկսայ նկարել եւ արձանագրել Լիբանանի տարածքին գտնուող եկեղեցիներու, վանքերու, գերեզմաններու, կրթական հաստատութիւններու, մշակութային կեդրոններու, մարզական ակումբներու, հայրենակցական միութիւններու կեդրոններու, մարզական ակումբներու, դարմանատուներու, եւ այլ կառոյցնեցներու պատերուն վրայ տեղադրուած հայատառ արձանագրութիւններով ցուցանակները: Այս աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ հաւաքել աւելի քան 10,000 լուսանկարներ, որոնց մեծ մասը շիրմաքարերու վրայ փորագրուած արձանագրութիւններ էին: Այսինքն, մօտս ունեցայ բաւական մեծ ծաւալի, դասաւորուած եւ ցանկագրուած «հում  նիւթ»:

Անցեալ ամառ, երբ տեղեկացայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրութիւններու դրամաշնորհներուն մասին, դիմեցի եւ ստացայ դրական պատասխան: Պէյրութի հայանուն փողոցներու նիւթը զիս կը հետաքրքրէր: Աշխատանքին մէկ մասը արդէն պատրաստ էր, ինծի տրամադրուած երեք ամիսներուն ընթացքին կարելի եղաւ հաւաքած նիւթերս խմբագրել, որոշ նկարներ աւելցնել, քարտէսներ պատրաստել եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ աշխատութիւնը գրքոյկի վերածել: Գրքոյկի էջադրումը կատարեց Կարինէ Եփրեմեան Չոլաքեանը, իսկ սրբագրութիւնը՝ Թամար Հերկելեան Թասլաքեանը:

Իւրաքանչիւր քաղաք կ’ապրի, կը զարգանայ, կ’ընդլայնի կամ կ’ամայանայ ու կը մեռնի իր փողոցներուն ընդմէջէն:

Պէյրութը վստահաբար նաեւ ի՛ր փողոցներն է՝ իսկ արդեօք այս գործը տեղ վերապահա՞ծ է նաեւ անոր բնակիչներուն:

Ոչ միայն Պէյրութը, այլեւ իւրաքանչիւր քաղաք կ’ապրի, կը զարգանայ, կ’ընդլայնի կամ կ’ամայանայ ու կը մեռնի իր փողոցներուն ընդմէջէն: Կ’ըսեն, թէ փողոցները քաղաքի մը շնչերակներն են: Որեւէ փողոց ունի իր անցեալը, պատմութիւնը, սովորութիւնները, «հերոս»-ները եւ շատ անգամ փողոցին անունը կը ցոլացնէ այս բոլորը: Նոյնը կարելի է ըսել Պէյրութի հայանուն փողոցներուն մասին, ուր հարիւրամեակէ մը ի վեր իրերայաջորդ հայ սերունդներ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ: Այս աշխատութիւնը կը բաւարարուի այդ փողոցները նշելով, տեղադրելով, անուանակոչումներու պայմանները ներկայացնելով եւ գաղութի պատմութեան հետ որոշակի զուգահեռներ գծելով. անշուշտ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ ուսումնասիրել նաեւ այդ փողոցներու բնակիչներուն կենցաղը, ապրելակերպը եւայլն, բայց այդ մէկը կը պահանջէ շատ աւելի լուրջ եւ խոր ուսումնասիրութիւն:

Այս գրքոյկը լոյս տեսաւ 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք։ Արդեօք որոշ զուգադիպութիւն մը պէ՞տք է տեսնել այդ առումով, տրուած ըլլալով, որ ձեր նշած փողոցներէն մեծ մաս մը կը գտնուի աղէտի ենթարկուած գօտիէն ներս:

4 Օգոստոսի պայթումը ցնցեց բոլորս, քանի մը շաբթուայ համար ամբողջ աշխարհը սկսաւ հետաքրքրուիլ Պէյրութով եւ մասնաւորաբար նաւահանգիստի շրջակայքը գտնուող թաղերով եւ փողոցներով: Տարբեր լեզուներով հազարաւոր reportage-ներ պատրաստուեցան եւ թղթակցութիւններ գրուեցան: Ամէնէն աւելի աւերուած փողոցներէն մէկը شارع ارمينيا – Rue Arménie-ն էր՝ Արմենիա փողոցը. բոլորս գիտենք, թէ ինչպիսի ողբերգական վիճակ մը կը տիրէր հոն, բայց փողոցին անունը կարծէք ոչ մէկուն ծանօթ էր, շրջանը կը կոչէին տարբեր անուններով. ամէն պարագայի, այդ օրերուն այս մէկը խօսուելիք նիւթ չէր, մտահոգութիւնները ուրիշ էին, շատ աւելի կենսական հարցեր կային: Սակայն պայթումէն ամիսներ ետք, նկատելի էր, որ բաց մը գոյութիւն ունի, շատեր ծանօթ չեն այս շրջանի անցեալին, զարգացման, գործընթացին, նոյնիսկ շրջանի բնակչութիւնը բնորոշող անունին: Յուսամ այս աշխատանքը այդ բացը գոցելու փոքր ճիգ մը կ’ըլլայ:

Այս ուսումնասիրութեամբ հեղինակը պատմութեան մէջ է՞ջ մը կը փակէ, կամ ընդհակառակն, դէպի գալիքը նոր պատուհան մը կը բանայ. այսպէս ըսեմ՝ Պէյրութը ձեզի համար անցեա՞լ է, թէ ապրող ներկայ մը, որ կը նայի դէպի ապագան։

Վստահաբար Պէյրութը ապրող քաղաք մըն է, անշուշտ հայկական Պէյրութը նոյնպէս, բայց պէտք է նկատի ունենանք, որ Լիբանանի հայ գաղութը արդէն իր ետին աւելի քան հարիւր տարուայ հարուստ եւ իւրայատուկ պատմութիւն մը ունի, եւ այսպիսի պատմութիւն իր քաղաքական, մշակութային, ընկերային, մարզական եւ այլ երեսներով արժանի է ուսումնասիրութեան, նախ մոռացութենէ փրկելու համար որոշ մանրամասնութիւններ եւ, ինչու չէ, օգտուելու նաեւ այս գաղութի պատմութեան փորձառութիւններէն:

Ի՞նչ բնորոշում կու տաք ձեր այս ստեղծագործութեան տեսակին՝ պատմական, ուսումնասիրական, փաստավաւերագրական, եւ այլն․․․

Յաւակնութիւն չունիմ, նոյնիսկ շատ հեռու եմ որեւէ տեսակի ստեղծագործութիւն ըրած ըլլալէ, եղածը պարզապէս գետնի վրայ կատարուած եւ որոշ ուսումնասիրութիւններով ամբողջացուած աշխատանք մըն է, որ իր կարճ եւ յստակ ոճով մատչելի է բոլոր տարիքի ընթերցողներուն:

Այս գրքոյկէն բացի դուք նաեւ հեղինակած էք այլ գործեր, կարելի է՞ փակագիծերը բանալով ծանօթանալ  նաեւ ձեր միւս գործերուն. եթէ կարելի է՝ թուէք զանոնք եւ խօսիք ձեր ապագայ ծրագիրներուն մասին։ 

Ինչպէս ըսի, կարելի եղած էր նկարել եւ ցանկագրել Լիբանանի տարածքին հայկական եւ ոչ հայկական գերեզմաններու մէջ գտնուող հայատառ արձանագրութիւն ունեցող բոլոր շիրմաքարերը: Ուսումնասիրելէ ետք այս արխիւը, հանգուցեալ Պրն. Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը» (ՀՃՈՒ/ RAA) յարմար գտաւ առանձին հատորով մը հրատարակել «Ցեղասպանութիւնը վերապրածների ծննդավայրերը Լիբանանի տապանագրերում»* հատորը, ուր տեղադրուած են Լիբանանի տարածքին գտնուող 13 գերեզմանատուներու մէջ եղող այն տապանաքարերը, որոնց վրայ նշուած է ննջեցեալին հայրենի ծննդավայրը, այսինքն՝ Մարաշ, Ուրֆա, Սիս, Հաճըն, եւայլն: Այս հատորը լոյս տեսաւ 2018 թուականին Երեւանի մէջ: Մինչ այդ, բախտը ունեցայ մօտ երեք ամիս աշխատելու ՀՃՈՒ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ, որպէս օգնական: Ազգագրական նիւթերով յօդուածներ ունիմ նաեւ Houshamadyan.org-ին մէջ:

Ապագայի իմաստով՝ մօտ օրէն «Պէյրութի հայանուն փողոցները» գիրքը պիտի հրատարակուի անգլերէն լեզուով, նոյնպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ:

Գրելու եւ յատկապէս տարբեր թեմաներու շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարելու  կողքին, դուք նաեւ մարզիկ էք՝ վազորդ, մասնակցած էք շատ մը մրցաշարքներու եւ հանդիսացած՝ ախոյեան։ Եթէ կարելի է քիչ մը նաեւ խօսինք այս մասին։ Ձեր կարծիքով ինչպէ՞ս կը համընկնին «մտքի» եւ «մարմնի» մարզանքները։ «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ» հասկացութիւնը ին՞չ կ՛ըսէ ձեզի։

Ես ոչ արհեստավարժ հետազօտող եմ եւ ոչ ալ արհեստավարժ մարզիկ: Մարմնամարզը՝ այս պարագային athlétisme-ը եւ գետնի վրայ կատարուած հետազօտութիւնները ինծի համար հաճելի եւ օգտակար նախասիրութիւններ են, որոնք կը կիրարկեմ ազատ ժամերուս, այլապէս ունիմ իմ մասնագիտութիւնս եւ աշխատանքս, որոնք շատ հեռու են այս երկուքէն:

Գալով «առողջ միտք , առողջ մարմինի մէջ» հասկացութեան՝ մարմնամարզի մասին կարելի է շատ երկար խօսիլ մանաւանդ այս օրերուն, երբ նստակեաց կեանքը սկսած է աւեր գործել մեր մարմինին եւ մտքին վրայ, բայց այս մէկը արդէն ուրիշ նիւթ է:

Լոռի Թաշճեան ընկերաբան-մարդաբան է, աւարտած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին մէջ (Université Saint Joseph), ուրկէ վկայուած է BA վկայականով՝ ընկերաբանութիւն-մարդաբանութիւն նիւթին մէջ, ապա Լիբանանեան համալսարանէն ստացած է MA վկայական: Հեղինակն է «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» գիրքին (Երեւան, 2018), մասնագիտական աշխատանքին կողքին կը կատարէ ազգագրական եւ այլ նիւթերու շուրջ սիրողական հետազօտութիւններ, կը զբաղի մարմնամարզով:

*«Ցեղասպանութիւնը վերապրածների ծննդավայրերը Լիբանանի տապանագրերում» հատորը կարելի ներբեռնել այս էջէն՝ https://bit.ly/3MvCkAm

 

 

 

 

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x