Թալին Սաղտասարեանի եւ Նարեկ Մանուկեանի հետ («Փարատիկմա», Հայաստան)

Հարցազրոյց` Հայկազեան համալսարանին մէջ կայացած workshop-ին առիթով

«Փարատիկմա» կրթական հիմնադրամը Հայաստանի մէջ արդէն չորս տարիէ ի վեր գործող կրթական հաստատութիւն մըն է, որ կը զբաղի յարացուցային փոփոխութիւններու տանող կրթական ծրագիրներով։

«Հայկազեան» Համալսարանին նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին, 2022-ի Հոկտեմբերի սկիզբը Երեւանէն Պէյրութ ժամանեցին «Փարատիկմա»ի երկու մասնագէտներ՝ Թալին Սաղտասարեան եւ Նարեկ Մանուկեան, որոնք լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու մէջ «Հայոց Պատմութիւն» նիւթը դասաւանդող  շուրջ 20 մասնակից ուսուցիչներու համար վարեցին յատուկ աշխատանոց՝ workshop մը, «Հայոց Պատմութեան» քննական դասաւանդման մեթոտաբանութեան մասին:

Նարեկ Մանուկեան, Թալին Սաղտասարեան

Այս առիթով լրագրող Շողեր Գառնէշեան Մխճեան «Տարբերակ21»-ի համար Թալին Սաղտասարեանի եւ Նարեկ Մանուկեանի հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:

Հարց. Արդի աշխարհի ներկայ արհեստագիտական – թուայնացած պայմաններուն մէջ ինպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ կրթական մարզը, մանաւանդ որ ոչ միայն Լիբանանի այլեւ աշխարհի ամբողջ տարածքին գործող վարժարաններու կամ ուսումնարաններու մեծամասնութիւնը տակաւին կը կիրարկէ ուսուցման դասական մեթոտներ։

 Նարեկ.- Հիմնական խնդիրը քննական մտածողութեան կարեւորութիւնն է, այսինքն, անկախ անկէ թէ ինպիսի միջոցներով կրթութիւնը կը կիրարկուի (թուային կամ թղթային) անհրաժեշտ է մարդոց՝ (աշակերտներուն/ուսանողներուն) մօտ զարգացնել քննական մտածողութեան սկզբունքներ։ Ասոր կարեւորութեան մասին մեր պատմութենէն շատ մը շեշտադրումներ ունինք: Հայկազեան Համալսարանին հետ իրագործուող ծրագրի ծիրէն ներս անոնցմէ մէջբերումներ կատարեցինք օրինակ՝ Կիրակոս Գանձակեցիի միտքէն, թէ՝ «Մարդոց տրուած է կիրք իմաստասիրութեան, որպէսզի կարողանան քննել հարցերը տարբեր կողմերէ»։

Թալին.- Եթէ ընդհանուր առմամբ կը խօսինք կրթութեան մեջ հիմնական մարտահրաւէրներուն մասին, ապա իմ կարծիքով խնդիրներէն մէկը կը վերաբերի առհասարակ կրթութեան նպատակը հասկնալու ուղղուածութեան, այսինքն՝ ինչու՞ կրթութիւնը պայման է, ինչու՞ բոլորս կ՛ենթադրենք, որ երեխաները պէտք է դպրոց երթան․․․ Ապա ըստ այնմ ատոր հիմքով ալ մենք կը մտածենք, որ կայ քննական մօտեցումը զարգացնելու խնդիր, քանի որ մենք կը հաւատանք, որ կրթութիւնը ունի նպատակ կրթելու անհատներ եւ քաղաքացիներ, որպէսզի անոնք ըլլան արդիւնաւէտ ու բաւարարուած եւ մանաւանդ իրենց ներուժը օգտագործող անհատներ եւ քաղաքացիներ, հետեւաբար կը նկատենք որ կայ կարիք զարգացնելու քննական մտածողութիւնը, որ իմ կարծիքով եւս երեւի կրթական համակարգի հիմնական խնդիրներէն մէկն է։

Հարց. Տարիներ առաջ լսածս մէկ դասախօսութեան մէջ արտայայտուած էր այն միտքը, թէ ինչ որ այսօր ունինք կրթական համակարգին մէջ, մեծ մասամբ 18-19-րդ դարերու, ճարտարուեստական յեղափոխութեան ժամանակ իշխող եւ տիրող խաւին համար ձեւաւորուած համակարգ մըն է, որուն նպատակը այդ նոյն խաւին շահերու հետապնդումն ու յառաջմղումն է։ Եթէ այս տեսութիւնը քիչ մը զարգացնենք, բնականաբար կը հասկցուի, որ մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ քափիթալիզմին՝ դրամատիրութեան։ Քափիթալիստական դրութեան մէջ կրթութեան եւ այս համակարգի փոփոխութեան ընթացք մը կա՞յ ներկայիս, եւ արդեօք այդ դասախօսութեան մէջ հնչած միտքին եւ կրթական այս վիճակին կապուած (որ աւելի կը խօսի անհատի աճին մասին, եւ ոչ թէ անոր վրայ դրուած պարտականութիւններուն, որ ձեւով մը կը ծառայէ քափիթալիստական համակարգին), կա՞յ այդպիսի փոփոխութիւն։

 Նարեկ.- Հոս կարելի է առանձնացնել կրթական մարզի երեք տարբեր նպատակներ․-

Առաջին՝ կրթել տնտեսութեան համար: 18-19-րդ դարերը ճարտարարուեստականացած հասարակութեան կայացման ժամանակներ էին, հետեւաբար անհրաժէշտ էր շատ արագ կերպով եւ գործարանային սկզբունքներով կրթել մարդիկ, որոնք կրնային տնտեսական հարցերն ու խնդիրները լուծել։

Այսօր տնտեսութիւնը շատ արագ կերպով կը փոխուի, ան շատ աւելի անհատականացած է։ Տարբեր մասնագիտութիւններ շատ արագ կը մահանան եւ նոր մասնագիտութիւններ կը ստեղծուին, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ կարիքը կայ մարդոց, որոնք տարբեր նիւթերու՝ առարկաներու շուրջ ունին հիմնական գիտելիքներ, սակայն դժուար է այսօր որոշել, թէ օրինակ 10 տարի ետք անձ մը ի՞նչ մասնագիտութեան համար պէտք է պատրաստուի։ Հետեւաբար, կը զգացուի կարիքը կրթելու մարդիկ որոնք տարբեր գիտելիքներով օժտուած են։ Բայց յստակ է, որ անոնք ունին կարիքը մտածելու ունակութիւնները եւ կարողութիւնները զարգացնելու, որովհետեւ անոնք անընդհատ կ՛առնչուին մեծ քանակութեամբ որոշումներու հետ։ Մարդը այսօր շատ աւելի մեծ թիւով որոշումներ կու տայ, քան ինչ որ էր պարագան 18 –19-րդ դարերուն։ Այլ խօսքով, այսօր պէտք է անընդհատ որոշումներ տրուին, հետեւաբար պէտք է անընդհատ մտածել։

Երկրորդ՝ կրթել պետութեան համար (քաղաքացիները կրթել որպէս պետական կառոյցի բաղադրիչ): Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ այսօր կը տեսնենք, որ եթէ քաղաքացիները քննական մտածողութիւն չունենան եւ չկրնան իբրեւ քաղաքացի գործել, ապա կառավարութիւնները կ՛ընեն այն ինչ որ իրենք կ՛ուզեն, եւ շատ յաճախ անպատասխանատու ձեւով։ Շատ են օրինակները, որոնք ցոյց կու տան, որ կառավարութիւնները հակամէտ չեն քաղաքացիները ներգրաւելու որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ, հետեւաբար հոս եւս կը տեսնենք, որ կայ կրթութեան կարիքը, ինչպէ՞ս կրթել մարդիկը, որոնք պատրաստ ըլլան «հարցաքննելու» տարբեր երեւոյթներ։

Երրորդ՝ կրթել զարգացման համար: Կրթութեան նպատակներէն կարելի է նաեւ դիտարկել կրթութիւնը իբրեւ մարդու զարգացման հիմքը այն բոլոր նախասիրութիւններով որ ան ունի. խօսքը ամբողջական զարգացման մասին է։ Ասիկա եւս շատ կարեւոր է, որովհետեւ եթէ այդպէս չընենք, ապա ձեւով մը լաւագոյն պարագային կ՛ունենանք «կիսաքաղաքացիներ»։

Հետեւաբար, այս երեք նպատակներուն մասին շարունակ մտածելը եւ զանոնք կրթութեան մէջ գործադրելը շատ անհրաժեշտ եւ կարեւոր են։

Հարց.- «Հայկազեան»-ի մէջ կազմակերպուած աշխատանոցին ընդմէջէն, դուք շփման մէջ մտաք Լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու «Հայոց Պատմութիւն» նիւթը դասաւանդող ուսուցիչներու հետ։ Նախ խօսինք այդ մասին։ Ձեր կողմէ ինչպիսի՞ առաջարկներ կամ թելադրանքներ եղան անոնց, «Հայոց Պատմութիւն»-ը աւելի մատչելի եւ արդիական ձեւերով ներկայացնելու համար։ Արդէօք ինչպէ՞ս կարելի է համատեղել քննական մտածողութիւնը եւ Հայոց Պատմութիւնը։

Թալին.-  Քննական մտածողութիւնը եթէ ընդունինք իբրեւ միջոց վերջնական նպատակի մը հասնելու համար, ապա ատիկա տեսականօրէն կարելի է կատարել տարբեր դասանիւթերու միջոցով։ Այսինքն՝ ուսողութիւնը, գիտութիւնները․․․ կարելի է դասաւանդել քննական միտք զարգացնելու նպատակով։ Այլ խօսքով՝ բովանդակութիւնը կամ նիւթը այդքան ալ կարեւոր չեն։ Սակայն, մենք հաւատացած ենք, որ ամենէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, եթէ մեր կեդրոնացումը սեւեռենք «Հայոց Պատմութիւն» նիւթին վրայ, եւ ատոր համար ալ կան քանի մը պատճառներ, որոնցմէ ամենէն հիմնականն ու կարեւորը այն է, որ «Հայոց Պատմութիւն»-ը ուղղակիօրէն կապ ունի պետականութեան ու պետութիւն կերտելու հետ, ինչպէս նաեւ անցեալը հասկնալու, ներկային մէջ գործելու եւ ապագայի համար աւելի ճիշդ ծրագիր մշակելու հետ։

«Հայոց Պատմութեան» պարագային, քննական մօտեցումին կարելի է մօտենալ քանի մը ձեւերով։ Օրինակի համար «Հայոց Պատմութիւն» նիւթը դասաւանդելու ընթացքին, ինչպէս գիտենք, մենք կը դասաւանդենք միայն քաղաքական պատմութիւնը (թագաւորներ, իշխաններ, պատերազմներ․․․) սակայն նոյնիսկ միայն այդքանով սահմանափակուելով հանդերձ, կարելի է կերտել քննական մտածողութիւն, եթէ սկսինք այդքանն իսկ հարցականի տակ դնել։ Խօսքը հոս այն մասին չէ, թէ ի վերջոյ ի՞նչ կը մտածես եղածին կամ չեղածին մասին, որովհետեւ դժուար է իրականութիւնը հասկնալ, թէ ճիշդ ին՞չ եղած է, սակայն կը փորձես հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է քննել  այդ բոլորը, որպէսզի ըստ այնմ կառուցես պատմական գիտելիքը,. ատիկա կ՛օգնէ հետագայ նիւթերուն հետ եւս նոյն ձեւով առնչուելու։ Այս մօտեցումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ բացի քաղաքական պատմութենէն նաեւ հասկնալու այդ օրուայ մարդոց առօրեայ կեանքը, կենցաղը, մշակութային պատմութիւնը․․․ Ինչ որ կ՛օգնէ հասկնալու, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ եղած  կամ պատահած է։

Նարեկ.- Նախ պէտք է կատարել պատմութեան բնորոշումը եւ լաւապէս հասկնալ թէ պատմութիւնը  ի՞նչ է։ Ուրեմն պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէ մարդիկը ժամանակի մէջ, հետեւաբար մարդիկ այսօր ալ կան, ժամանակն ալ այսօր ալ կայ, ուրեմն, ուսումնասիրել պատմութիւնը մեզ կ՛օգնէ որոշումներ կայացնելու։ Այս իմաստով, կան շատ յստակ օրինակներ՝ Հայաստանի պարագային կը տեսնենք, որ պատմութիւնը ներկայ է հոն տրուող որոշումներուն մէջ, այսինքն որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ։ Նոյնն է պարագան նաեւ սփիւռքին, քանի որ պատմութիւնը ինքնին ներկայ է օրինակ՝ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն եւ ընդհանուր առմամբ փոխադարձ ակնկալութիւններուն մէջ. հետեւաբար մենք պէտք է քննարկենք պատմութիւնը։ Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է կատարենք ատիկա։ Նախ, ցաւ ի սիրտ պէտք է ըսել, որ ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ սփիւռքի մէջ մենք քաղաքական պատմութիւն չենք սորվեցներ։ Մեր սորվեցուցած պատմութիւնը պարզապէս դէպքերու ժամանակագրութիւնն է։  Օրինակ` Բագրատունեանց թագաւորութեան սկզբնական շրջանը քննարկած ժամանակ մենք նոյնիսկ ընդհանրապէս չենք անդրադառնար, թէ քաղաքական տեսակետէն ատիկա ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ։ Այսինքն չենք դիտարկեր, թէ քաղաքական ինչպիսի՞ տեսութեան միջոցով այդ հարցերը տեղի ունեցան։ Երբ որ քաղաքական տեսութեան պրիսմակէն հարցերը չենք դիտարկեր, ապա չենք կրնար հասկնալ, թէ ի՞նչ գործիքակազմով պէտք է մօտենալ հարցին, երբ օրինակի համար կը փորձենք դիտարկէել Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան ստեղծումը կամ Ղարաբաղեան հարցը։ Մենք յաճախ յատուկ շրջագիծի մը մէջ կը փորձենք պատմական հարցի մը մօտենալ պատմական արդարութեան ձգտումի տեսակետէն, բայց առանց յստակօրէն  հասկնալու, որ պատմական արդարութիւն ըսելով ի՞նչ կ՛ուզենք ըսել, կամ ուրկէ՞ յառաջացած է ան, քաղաքական ի՞նչ հայեացք կը ներկայացնէ եւ ինչպէ՞ս կը հակադրուի ուրիշի մը հետ, օրինակ՝ իրատեսական քաղաքականութեան։ Այլ խօսքով, այսօրուան դրութեամբ այս բոլոր հարցերը «պատմութեան» դասապահուն մենք չենք քննարկեր, մենք պարզապէս կը սորվինք դէպքերու ժամանակագրութիւնը։ Հետեւաբար Ինչպէս նախապէս ալ ըսի, պատմութիւնը ուսումնասիրութիւնն է մարդոց ժամանակի մէջ, սակայն մեր պարագային կը նկատենք, որ մենք նոյնիսկ չենք քննարկեր կամ ուսումնասիրեր, որ տուեալ մարդիկը ինչպէ՞ս կ՛ապրէին, ի՞նչ մտածողութիւն ունէին, ի՞նչ պատկերացումներ ունէին, ինչպէ՞ս կ՛առաջնորդուէին․․․

Եւ այս պատճառով ալ «Հայոց Պատմութեան» կամ բոլոր երկիրներու մէջ դասաւանդուող «Պատմութիւն» նիւթերուն մէջ այս խնդիրները կը յառաջանան։

Շատ յաճախ մենք մէկ դիտանկիւնէ կը նայինք անցեալին ապրած մարդոց։ Օրինակ՝ մենք այսօր չենք կրնար Մեսրոպ Մաշտոցը պատկերացնել իբրեւ սովորական մարդ ինչպէս ոեւէ այլ մահկանացու մը, որ ունէր մարդկային սովորական պահանջներ։ Փոխարէնը, մենք ունինք այն տպաւորութիւնը թէ ան ունէր յատուկ առաքելութիւն մը եւ միայն այդ գործով կը զբաղէր։ Կ՛ուզեմ ըսել, երբ հարցը կամ տուեալ անձը ուսումնասիրենք տարբեր կողմերէ, ապա կրնանք նաեւ հասնկնալ, թէ ան ի՞նչպիսի պատկերացումներ ունէր, ինչպիսի՞ դրդապատճառներէ մղուած որոշ քայլերու դիմած էր.․․ Այս բոլորը «Պատմութիւն» նիւթին մէջ ներկայիս կը բացակային։ Այս առիթով կ՛ուզեմ նաեւ նշել, որ շնորհիւ «Հայկազեան» համալսարանին մէջ կազմակերպուած աշխատանոցին մենք կրցանք մասնակից ուսուցիչներուն հետ շարք մը նմանօրինակ հարցեր քննարկել եւ յատուկ կերպով անդրադարձանք փոփոխութեան եւ շարունակականութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ հարցերուն պատճառներն ու հետեւանքները ուսումնասիրելու անհրաժեշտութեան։ Այլ խօսքով՝ մենք կրցանք գալ այն եզրակացութեան որ անհրաժեշտ է ունենալ պատմական հեռանկար ու փորձել տարբեր կողմերէ պատկերացնել այն ժամանակը, որուն մասին կը խօսինք, որովհետեւ կը նկատենք, որ մենք շատ յաճախ անցեալի մարդիկը կը կտրենք անցեալէն  եւ զանոնք կը քննարկենք այսօրուան պայմաններէն եւ տեսանկիւններէն, առանց լաւապէս հասկնալու, թէ անոնք ինչպիսի՞ ժամանակի մը մէջ կ՛ապրէին։

Իմ  կարծիքով, այս բոլորը շատ կարեւոր են։ Կրնամ աւելցնել, որ մենք կրնանք պատմութիւնը նկատել տուեալներու մեծ խումբ մը, որ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ կատարելու որոշ վարժութիւններ։

Հարց.- Առիթէն օգտուելով կարելի է՞ քիչ մը խօսիլ «Փարատիկմա» հաստատութեան կամ հիմադրամին մասին։

Թալին։ «Փարատիկմա»-ն իբրեւ հիմնադրամ կը փորձէ գործել այն ոլորտներէն ներս, որոնք կրնան առաջնորդել դէպի հայեցակարգային փոփոխութիւններու։ Այսինքն՝ կ՛ուզենք գտնել այն արդիւնաւէտ կէտերը որոնց մէջ ներգրաւելով եւ համապարփակ ծրագիրներ իրագործելով կը յաջողինք կատարել այդ հայեցակարգային փոփոխութիւնները եւ ունենալ հնարաւորինս մեծ եւ երկարաժամկէտ արդիւնք։ Ըստ այնմ՝ ունինք երեք հիմնական ուղղութիւններ․-

  • Պատմութեան ուսուցում, որուն ծիրէն ներս ալ կը տեղադրուէր «Հայկազեան»-ի նախաձեռնութեամբ իրականացած այս ծրագիրը։ Ի դէպ նշեմ, որ Հայաստանի մէջ եւս մենք իրականացուցած ենք շարք մը ծրագիրներ, սակայն ասիկա սփիւռքի մէջ մեր առաջին փորձառութիւնն էր, որով շատ ոգեւորուած ենք եւ յոյս ունինք հետագային եւս շարունակելու մեր գործակցութիւնը։ Ասիկա կարեւոր է մեզի համար, թէ՛ իբրեւ հիմնադրամ եւ թ՛է իբրեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապեր ստեղծելու եւ իրար աւելի լաւ հասկնալու համար, նաեւ ունենալով իրար հետ աշխատելու հնարաւորութիւն։
  • Մանկական գրագիտութիւն՝ հիմնականին մէջ նախադպրոցական ծրագիրի համար։ Ասոր նպատակն է օգնել ծնողներու եւ երեխաներու Functional գրագիտութեան հիմքերու ստեղծման։
  • Ուսուցիչներու զարգացում, որուն ծիրէն ներս իրականացուցած ենք տարբեր ծրագիրներ, գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ։

Հարց.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք «Հայկազեան»-ի աշխատանոցը եւ ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր հետագայ ծրագիրներուն մասին։

 Նարեկ։ Նախ պէտք է նշել, որ «Հայկազեան» համալսարանը շատ լաւ կերպով կազմակերպած էր այս աշխատանոցը։ Անկեղծօրէն, չէի ակնկալեր, որ այդքան մեծ թիւով ուսուցիչներ մասնակցէին։ Կարելի է նաեւ ըսել, որ մենք նկատեցինք, որ տարբեր դպրոցներէ եկող այդ ուսուցիչները հոգատար են իրենց դասաւանդած նիւթին նկատմամբ, եւ անոնց մօտ կայ յստակ փափաք, այդ նիւթը նոր ձեւերով եւ մեթոտներով դասաւանդելու, մանաւանդ որ նիւթի մը լաւ դասաւանդման համար կարիքը կայ տարբեր աղբիւրներու եւ միջոցներու, որոնք երբեմն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ դժուար կ՛ըլլայ ապահովել. օրինակ՝ Հայաստանի մէջ մենք ուսուցիչներու նուիրեցինք մեր պատրաստած «Պատմութիւն – 5» ուղեցոյցը, որ կը պարունակէ տարբեր թեմաներ շօշափող նիւթեր եւ աղբիւրներ։ Այդ գործին համար մենք ուսումնասիրած ենք մօտաւորապէս 6000 աղբիւրային նիւթեր, հետեւաբար մենք այդպիսով օգտակար կը հանդիսանանք ուսուցիչներուն, մանաւանդ նկատի առնելով որ անոնք վստահաբար այդ ծաւալի ուսումնասիրութիւն չեն կրնար ընել ժամանակի սահմանափակման պատճառով։ Մենք նաեւ ուսուցիչներուն կրնանք հայթայթել անհրաժեշտ նիւթերու եւ աղբիւրներու հասանելիութեան կարելիութիւն։ Այս աշխատանոցին շնորհիւ, մենք պայմանաւորուեցանք շարունակելու ուսուցիչներուն աջակցութիւնը եւ ստեղծելու այնպիսի ձեւաչափ մը, որ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ անոնց իրենց կարգին աջակցելու իրարու հետ, մանաւանդ որ անոնք նոյն նիւթին շուրջ կ՛աշխատին եւ հետեւաբար կրնան փորձառութեան եւ գիտելիքներու փոխանակում կատարել։

Նարեկ Մանուկեան կրթութեան հետազօտող է, զարգազման նախագիծերու աւելի քան տասնամեայ փորձառութեամբ կառավարիչ։ Ստացած է Քաղաքագիտութեան մագիստրոսի աստիճան՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն։ Համակարգած է հանրակրթութեան պետական եւ առարկայական չափորոշիչներու վերաբերեալ Հայաստանի մէջ առաջին ծաւալուն հետազօտութիւնը։ Հայաստանը ներկայացուցած է UNESCO-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի կրթակարգերու փոփոխութիւններուն վերաբերեալ միջազգային քննարկումներուն մէջ: «Փարատիկմա» կրթական հիմնադրամի համահիմնադիրն է։

Թալին Սաղտասարեան կրթութեան հետազօտող է։ Ստացած է Կրթութեան փիլիսոփայութեան մագիստրոսի աստիճան, Մեծն Բրիտանիոյ Լոնտոնի համալսարան Քոլէճէն (UCL): Կ՛ուսումնասիրէ կրթութեան փիլիսոփայութիւն, մասնաւորանաբար՝ գիտելիքի դերը կրթութեան մէջ։  Կ՛աշխատի «Փարատիկմա» կրթական հիմնադրամին մէջ իբրեւ կրթական ծրագիրներու ղեկավար։

«Փարատիկմա»ի կիզէկտին են  «Հայոց Պատմութիւն» նիւթի դասաւանդման վերաբերող խնդիրները: Առ այդ, հիմնադրամը ստեղծած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսուցման համար «Գիրք պատմութեան ուսուցման․ ինչու՞, ինչպէ՞ս» ուղեցուցային գիրքը, ինչպէս նաեւ «Պատմութիւն թիւ 5. բացակայ պատմութեան մէջ, ներկայ ՝ անցեալին մէջ» աղբիւրներու շտեմարանը՝ Source Box-ռեսուրսատուփը: Հիմնադրամը նաեւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ առաջին եւ մեծագոյն ուսուցչական համաժողովները՝ Edcamp անունով։

«Փարատիկմա» հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներէն՝

https://hy.paradigma.foundation/lived-history
https://hy.paradigma.foundation/history5

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x