Աւելի քան բառ մը՝ բարեկամութիւն

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Հին օրերու բարեկամութիւնը նուրբ հիւսուածք մըն էր, որ սիրտէ սիրտ կը ձգուէր՝ անտեսանելի, բայց ամուր թելերով։ Մարդիկ զիրար կը ճանչնային դանդաղ, տարիներու ընթացքին եւ այդ դանդաղութենէն վստահութիւն կը ծնէր։ Բարեկամ մը, յանկարծ տանդ մէջ կը յայտնուէր, առանց նախապէս տեղեկացնելու կամ հեռաձայնելու եւ լուռ ներկայութիւն մը կը դառնար թէ՛ ուրախութեանդ եւ թէ՛ ցաւիդ մէջ։

Ներկայիս, բարեկամութեան էութիւնը չէ փոխուած։ Ան դարձեալ կը պահանջէ ներկայութիւն, ազնուութիւն եւ զոհողութիւն։ Հին օրերուն պէս, իսկական բարեկամութիւնը կը դիմանայ ժամանակի փորձութեան: Թէեւ թուայնացած աշխարհը այսօր կրնայ կապեր ստեղծել վայրկեաններու մէջ, բայց նոյնքան արագ ալ կրնայ զանոնք քանդել։

Բարեկամութիւնները բազմերես են եւ անընդհատ շարժման մէջ։ Կան այնպիսիները,որ ժամանակի աննկատ հոսքին մէջ կը խամրին, կը դառնան յիշատակ մը միայն, իսկ ուրշներ՝ փորձութիւններով սնուած, օրէ օր կ՛ամրապնդուին։ Շատ անգամ պատահած է, որ մէկը ճանչցած ես իր կեանքի որոշ հանգրուանին, եւ տարիներ ետք , անակնկալ հանդիպումի մը ընթացքին, դիմացդ կանգնի բոլորովին «ուրիշ» մարդ մը։ Այդ լուռ, խպնոտ եւ ինքնամփոփ պատանին յանկարծ դարձած է զուարճախօս, համարձակ եւ կեանքի վերիվայրումներուն մէջ կոփուած հասուն անձ մը։ Բայց արդեօք աւելի գեղեցիկ բան կա՞յ, քան տարիներ ետք հանդիպիլ բարեկամի մը եւ զգալ, թէ «բան մը չէ փոխուած» ձեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Նոյն ջերմութիւնը, նոյն անխօս կապը․․․ Բարեկամութիւնը կարծես գետ մըն է, որ իր հոսքին մէջ կը քշէ մակերեսայինն ու աւելորդը, կը զատէ ծանրութիւնը թեթեւէն, եւ իր խորքերուն մէջ կը պահէ միայն ճշմարիտը։

Վահան Թէքէեան կ՛ըսէ. «բարեկամը հոգիիդ հայելին է»։ Իրական բարեկամութեան մէջ, մարդ ինքզինք կը գտնէ առանց դիմակի, իր հարազատ ինքնութեամբ։ Ան այդ հազուագիւտ կապն է, որ ժամանակէն եւ հեռաւորութենէն չի մաշիր, որովհետեւ կը սնանի վստահութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Իրական բարեկամը քեզի կը ճանչնայ ոչ թէ ըսածովդ, այլ այն ինչ որ չես կրնար արտայայտել։ Մէկ հայեացք, մէկ ժպիտ կամ նոյնիսկ լռութիւն մը կրնայ աւելի ճշգրիտ ըսել այն, ինչ որ հազար նախադասութիւններ չեն կրնար։ Դիմացինդ այնքան լաւ կը ճանչնաս, որ կը զգաս անոր ուրախութիւնը կամ տխրութիւնը, առանց հարցնելու։

Իսկական բարեկամութիւն մը հիմնուած կ՛ըլլայ խորիմաստ հասկացողութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ հաւատարմութեան վրայ։ Մէկը միւսին բարօրութիւնը խթանելով, կը ստեղծուի խորունկ կապ մը։ Իրարու մտիկ ընելով եւ ապահով զգալով՝ բարկամութիւն մը կը դառնայ մինակութեան սպեղանի։ Յովհաննէս Թումանեան կ՛ըսէ։ «բարեկամութիւնը այն գանձն է, որ դժուար օրերուն կը բացուի»։ Կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց՝ բարեկամը եթէ նոյնիսկ լուծումներ չի խոստանար, բայց կրնայ բաժնել մեր բեռը եւ զայն դարձնել տանելի։

Ներկայ մեր կեաքին մէջ, բարեկամութիւն մը պահպանելը մարտահրաւէր մըն է, որովհետեւ հին արժէքները նոր պայմաններուն մէջ պահելը դժուար է։ նոր բարեկամութիւններ ստեղծելն ալ նոյնքան դիւրին չէ, քանի վստահութիւնը բարակ ապակիի մը պէս դիւրաբեկ կը թուի ըլլալ։ Յաճախ անձի մը խօսքերը չեն համընկիր իր կատարածներուն։ Պէտք է ժամանակ տալ, մինչեւ «դիմակները իյնան» եւ տեսնել, թէ ո՞վ պիտի գոյատեւէ այդ բարեկամութեան մէջ։

Իսկական բարեկամութիւնը թէեւ հազուադէպ է այս օրերուն, սակայն տակաւին գոյութիւն ունի։ Հակառակ որ, շփումները կը սահմանափակուին կեանքի արագընթաց հեւքին մէջ եւ պաշտօնականութիւնը հսկայ տեղ կը գրաւէ մեր առօրեային մէջ։ Բարեկամութիւն մը կը ծնի ոչ միայն վստահութենէն, այլեւ անկեղծութենէն եւ զիրար լաւ հասկնալու իրողութենէն։ Մանաւանդ երբ երկու կողմերը համեմատութիւն ալ չեն դներ իրենց ձեռքբերումներուն եւ իրագործումներուն միջեւ։

Վերջ ի վերջոյ, բարեկամութիւնը պայմանագիր մը չէ, այլ լուռ բայց վառ ներկայութիւն մը։ Ան մեզ կը յիշեցնէ, թէ մարդ մինակ չէ, նոյնիսկ կեանքի ամենէն մութ ճանապարհին վրայ եւ  երբ այդ ներկայութիւնը կայ, ընթացքը կը դառնայ տանելի, սիրտը՝ աւելի մարդկային, իսկ խաւարը՝ քիչ մը աւելի լուսաւոր։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x