«Սփիւռ­քը պէտք ու­նի գի­տա­կան հիմ­նադ­րամ­նե­րու»

Փրոֆ. Արա Սայեղ

Ձեւարումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Սոյնը երկրորդ եւ վերջին մասն է Փրոֆ. Արա Սայեղի «Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին» վերնագրով յօդուածին, որ լոյս տեսած է 2022-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի։

Ա. մասը կարդալ այստեղ՝ https://bit.ly/3s95Kec

Դոկտ․ Արա Սայեղ

Դ Սփիւռքի գիտահետազօտական հայկական ենթակառոյցները

21-րդ դա­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը, հա­մա­մարդ­կա­յին զար­գաց­ման իրո­ղու­թիւն­նե­րը՝ գի­տա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­ռա­ջըն­թաց­նե­րու լոյ­սին տակ, հայ­կա­կան Սփիւռ­քի հրա­տապ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը՝ Սփիւռ­քի գո­յա­ւո­րու­մը, կա­յու­նու­թիւ­նը, սերն­դա­փո­խու­թիւ­նը ու մա­նա­ւանդ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը (Sustainability) կը դարձ­նեն վի­ճար­կե­լի, ե­թէ հիմ­նա­ւո­րո­ւած եւ զու­գոր­դո­ւած չըլ­լան գի­տա­կան են­թա­կա­ռոյց­նե­րով։

Ակ­նե­րեւ ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ հայ Սփիւռ­քը միայն սո­վո­րա­կան թիւ չէ, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, դպրոց­նե­րու կամ ազ­գա­պատ­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ցանց չէ,  բայց այ­սօր պէտք է պե­ղել թի­ւե­րու լե­զուն, վեր­լու­ծել եւ տար­բա­ղադ­րել  հայ  Սփիւռ­քի  բա­ղադ­րիչ­նե­րու թի­ւե­րու խոր­քը, ա­նոնց նե­րու­ժի կա­ռոյ­ցը, հե­ռան­կար­նե­րը:

Թի­ւե­րու լե­զուն չի հպա­տա­կիր զգա­ցում­նե­րու, նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ մա­նա­ւանդ բարձ­րա­գոչ մեր ազ­գա­յին  լո­զունք­նե­րուն, ո­րոնք  ընդ­հան­րա­պէս  խա­փու­սիկ  են,  ճա­պաղ ազ­գայ­նա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­յին  աղմ­կա­րար  ճա­ռեր  են, մէկ  խօս­քով  ապաշնորհ  քա­րոզ­չու­թիւն­ներ  եւ  ընդ­հան­րա­պէս` խօ­սոյթ  են,  ո­րոնց  դի­մաց  նոր  սե­րուն­դի  խոր­տա­կիչ մա­սը անդր­դո­ւե­լի է, ա­կանջ­նե­րը խուլ կը ձե­ւաց­նէ։

Գի­տա­կան եւ մա­նա­ւանդ թի­ւե­րու տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ, վի­ճե­լի չէ, տի­նա­միք եւ փո­փո­խա­կան է, թի­ւե­րէն մեկ­նե­լով կա­րե­լի է լու­ծում­նե­րու նա­խա­բան մը դի­տար­կել, տո­ւեալ­նե­րու հիմք մը ու­նե­նալ, ել­քի մը ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նին  հաս­նիլ,  ուս­տի  ծրագ­րե­լու են­թա­հող ու­նե­նալ, տո­ւեալ պայ­ման­նե­րուն մէջ ըստ կա­րել­ւոյն ճիշդ կողմ­նո­րո­շո­ւե­լու եւ օգ­տա­բեր քայ­լեր ձեռ­նար­կե­լու:

Ս­փիւռ­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ծանր ազ­դած են եւ կ­’ազ­դեն հայ մար­դուն վրայ, ո­րով մեր վեր­լու­ծում­նե­րու մօ­տե­ցու­մը, քննա­կան դա­տո­ղու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս ե­ղած է մա­կե­րե­սա­յին տե­սա­բա­նու­թեամբ, յուզական եւ ընդհանրապէս զգա­ցա­կան մօ­տե­ցու­մով, հեռու տրամաբանական ըմբռնումէն։

Ազ­գա­յին շա­հե­րու հան­դէպ թու­լա­կամ է մեր մօտ բաղ­դա­տա­կան եւ հե­ռա­տես դա­տո­ղու­թիւ­նը, չը­սե­լու հա­մար ան­գոյ է ի­մա­ցա­կան եւ քննա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, գի­տա­կան գոր­ծե­լաո­ճի չա­փո­րո­շիչ­նե­րը, գի­տա­կան քննա­դա­տա­կան խո­հա­կա­նու­թիւ­նը՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն պէտք է օգ­տա­գոր­ծել գի­տու­թեան, ար­հես­տա­գի­տու­թեան, ու­սո­ղու­թեան ո­լորտ­նե­րու են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը միա­ժա­մա­նակ այդ գի­տա­կան են­թա­կա­ռոյ­ցին կա­պե­րու տար­րա­լու­ծու­մը հայ­կա­կան լի­նե­լու­թեան եւ ա­նոր շաղ­կա­պու­մը հայ ինք­նու­թեան հետ, որ­պէս գործ­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցի բաղ­կա­ցու­ցիչ եւ բա­ղադ­րիչ հիմ­նա­կան մաս­նիկ­ներ։ Ար­ժէ յի­շեց­նել, որ Սփիւռ­քի մեր լի­նե­լու­թեան գլխա­ւոր նժար­նե­րէն մէ­կը մեր գի­տա­կան մկան­նե­րու կարծ­րու­թեամբ եւ տո­կու­նու­թեամբ պէտք է սահ­մա­նո­ւին։

Ե­րե­ւա­նի մէջ 2017-ին լոյս տե­սած Սփիւռ­քի նա­խա­րար՝ Հ­րա­նուշ Յա­կո­բեա­նի «Հայ­կա­կան Սփիւռ­քը յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հում» գիր­քին մէջ կեդ­րո­նա­նա­լով Սփիւռ­քի դրա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան վրայ կը նշէ՝ «Այ­սօր աշ­խար­հի հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի եր­կիր­նե­րու մէջ հայ Սփիւռ­քէն ներս կան գոր­ծող 107 հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­ներ, կան նաեւ 637 մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, 30 թան­գա­րան­ներ, գրա­դա­րան­ներ, ար­խիւ­ներ, կը գոր­ծեն հայ­կա­կան 727 ե­կե­ղե­ցի­ներ, մա­տուռ­ներ եւ վան­քեր։ Ս­փիւռ­քի մէջ ներ­կա­յու­թիւն են 30 հա­զա­րէ ա­ւե­լի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, շուրջ 300 լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հզօր ցանց»։ Բայց նոյն հե­ղի­նա­կը չի յի­շեր, որ վեր­ջին 50 տա­րո­ւայ մէջ Սփիւռ­քի մէջ փա­կած ենք ա­ւե­լի քան 231 դպրոց, եւ նման ու­րիշ ոչ խրա­խու­սիչ թի­ւեր։ Հե­ղի­նա­կին նշած թի­ւե­րը հպար­տու­թեան եւ պա­տո­ւի զգա­ցում կրնան նե­րա­ռել, տպա­ւո­րու­թիւն մը տա­լով որ այդ թի­ւե­րը կրնան ան­փո­փոխ եւ յա­ւեր­ժա­կան ըլ­լալ։

Հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու մա­սին խօ­սե­լով ան կ­’ա­ռա­ջար­կէ ստեղ­ծել «հա­յա­գէտ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն» եւ «հա­յա­գի­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով­ներ ու քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պել» եւ «­Հա­յաս­տա­նը դարձ­նել հա­յա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կեդ­րոն»: Ան կ­’ընդգ­ծէ ը­սե­լով, որ հա­յե­րը մեծ ներդ­րում ու­նին հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ: Հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հին տո­ւած է բա­զում հռչա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ: Անգ­նա­հա­տե­լի է Սփիւռ­քի մէջ հա­յե­րու գի­տա­կան ներդ­րու­մը յատ­կա­պէս բնա­գի­տու­թեան, քի­միա­գի­տու­թեան, մե­քե­նա­շի­նու­թեան,  բժշկա­գի­տու­թեան,  տիե­զե­րա­գի­տու­թեան,  օ­դա­նա­ւա­շի­նու­թեան, ռազ­մա­կան, բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ այլ գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: Վեր­ջին բա­ժի­նը կրկնա­կի հպար­տու­թեան ա­ռիթ մըն է, հա­մադ­րու­մի կը մի­տի քան վեր­լու­ծու­մի, պար­զա­պէս բնու­թագ­րում մըն է ա­ռանց մեկ­նու­թեան, ակն­կա­լե­լի  էր  մեկ­նա­բա­նել, թէ  այդ գի­տա­կան մտքի նե­րու­ժը ինչ­պի­սի՞ գործ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ կամ ու­նի Սփիւռ­քի հա­ւա­քա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան, հա­յա­պահ­պա­նու­մի ամ­րապնդ­ման  եւ  հա­մա­հայ­կա­կան գերխն­դիր­նե­րուն լու­ծում­ներ գտնե­լու, կամ ծա­ռա­յե­լու մէջ։

Ս­փիւռ­քի մէջ վե­րո­յի­շեալ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը, ո­րոնք կ­’ի­րա­կանց­նեն կրթա­կան եւ հե­տա­զօ­տա­կան ծրա­գիր­ներ, ո­րո­շա­կի դեր եւ  նշա­նա­կու­թիւն ու­նին  հա­յու­թեան  հա­մար, ո­րոնց­մէ կա­րե­լի է յատ­կա­պէս ա­ռանձ­նաց­նել՝ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, հայ քա­ղա­քակր­թու­թեան տա­րա­ծու­մի, հայ հա­մայնք­նե­րու մէջ ման­կա­վար­ժա­կան ու­սում­նակր­թա­կան, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մի եւ հա­մայն­քա­յին ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու, հա­յա­գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մի, պայ­քա­րե­լու հա­կա­հայ­կա­կան քա­րոզ­չու­թեան դէմ, հայ եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ գի­տամ­շա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ խո­րա­ցու­մի,   կի­րա­ռա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մին (քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ այլ բնոյ­թի)․․․­ եւ այլն։ Բայց կա­րե­լի է հարց տալ՝ այս բո­լո­րի կող­քին Սփիւռ­քի մէջ քա­նի՞ զուտ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հայ­կա­կան կեդ­րոն­ներ ու­նինք։ Պէտք է մատ­նան­շել որ կան նաեւ այն­պի­սի ար­տա­քի­նով հա­յա­գի­տա­կան բայց կեղծ դի­մա­գի­ծով կեդ­րոն­ներ, ո­րոնք կեդ­րո­նա­ցած են միայն հա­կա­հայ ար­շաւ­ներ եւ շա­հեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու, կեղ­ծա­րա­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու։ Հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեամբ զբա­ղող կեղծ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­ներ են Թուր­քիոյ եւ Ազր­պէյ­ճա­նի մէջ։

 Ե Սփիւռքի գիտահետազօտական կեդրոններու դերը

Հա­մո­զու­մով պէտք է հա­ւա­տալ, որ հա­յա­պահ­պա­նու­մի ազ­գա­յին պա­րու­նա­կի գե­րա­գոյն ար­ժե­քը հան­դի­սա­ցող հա­յե­րէն լե­զո­ւի անժխ­տե­լի դե­րին եւ զայն կեն­սու­նակ պա­հե­լու հան­դէպ բարձր գի­տակ­ցու­թեան կող­քին, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը իր մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու զու­գա­հեռ խիստ կա­րի­քը ու­նի ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­մի։ Ե­րի­տա­սարդ գի­տա­կան մար­դու­ժով սնա­նո­ւած գի­տաու­սում­նա­սի­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու, հայ գի­տա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան նե­րու­ժը հա­մա­պար­փա­կող հար­թակ­նե­րու, ցան­ցա­յին դրո­ւածք­նե­րու պա­րու­նա­կին։

Ս­փիւռ­քի հայ գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յու­թեան նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ տրա­մադ­րել ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մտքի լայն տա­րածք մը, ի շահ հա­մա­հայ­կա­կա­նին ներգ­րա­ւե­լու եւ նե­րա­ռե­լու Սփիւռ­քի ցրո­ւած հայ գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող հայ գիտ­նա­կան­նե­րու նե­րու­ժը։

Հայ գի­տա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան եւ ու­ժա­կա­նու­թեան հա­մախմ­բու­մը, հայ մտա­յին եւ մաս­նա­գի­տա­կան պա­շա­րին տրա­մադ­րե­լու մեծ հար­թակ մը։ Կամր­ջե­լու, կեդ­րո­նաց­նե­լու, մէկ­տե­ղե­լու ա­նոր գի­տա­կան հմտու­թիւ­նը, փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ  զա­ռի­թա­փէն  սրար­շաւ  սլա­նա­լու դէ­պի ստոյգ գի­տա­կան կա­տար­ներ։

Ա­զա­տօ­րէն  եւ  ան­կաշ­կանդ    ու­սում­նա­սի­րե­լու ժա­մա­նա­կա­կից  աշ­խար­հի  նո­րա­գոյն գի­տա­կան թե­մա­ներ, ա­կա­դե­մա­կան եւ հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան  ու­սում­նա­սի­րու­թեան մա­կար­դա­կով, լու­ծե­լու բարդ մար­տահ­րա­ւէր­ներ՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը։

Հնարաւորութիւնը ունենալով նաեւ ժամանակին հետ պահելու աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար եռաչափ ձեւաչափերով  ծրագրակազմերու, օգտուելով բազմաճիւղ գիտական մեր մտքի ցիրուցան պաշարներէն։

Հայ տնտե­սա­գէտ­նե­րէն, գիտ­նա­կան­նե­րէն՝ լա­զե­րա­յին (laser), ռո­պո­թա­շի­նու­թեան (robotics), օր­հա­սա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րու կա­ռա­վար­ման կամ ճգնա­ժա­մա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան (Risk engineering) եւ մանաւանդ հակաճգնաժամային  ծրագիրներ մշակելու կամ իրականացնելու մասնագիտութիւնները, վե­րա­կանգ­նու­մի ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րու (Renewable Energy sources) հետ ա­ղերս ու­նե­ցող կա­նաչ ճար­տա­րա­րո­ւեստ­նե­րը (green technologies), բազ­մաղ­բիւր կամ խառ­նա­ծին ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գե­րու (Hybrid energy systems) կազ­մո­ւածք­նե­րը, կեն­սո­լոր­տա­յին խնդիր­նե­րու հա­մա­պար­փակ վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը (Comprehensive analysis of environmental issues), ու­ժա­նիւ­թի պա­հես­տա­նոց­նե­րը (Energy storage systems), ի­մաս­տուն ցան­ցե­րը (smart networks), քի­միա­գի­տու­թեան,  ֆի­զի­քա­կան քի­միա­գի­տու­թեան, տե­ղե­կա­գի­տա­կան ո­լոր­տը,  ար­հես­տա­գի­տա­կան բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ թո­ւա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը, նիւ­թա­գի­տու­թիւ­նը (materials sciences), կեն­սա­գի­տու­թեան  (Biology)  ճար­տա­րա­գի­տու­թիւ­նը, մանրակենսաբանութեան, ծինաբանութեան, կենսաքիմիագիտութեան, մայք­րո,  նա­նո  ար­հես­տա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը, ին­չու չէ նաեւ այդ բո­լո­րը  տնտե­սու­թեան հետ շաղ­կա­պող տնտե­սա­կան, ֆի­նան­սա­կան ճգնա­ժա­մե­րը (risk) դի­մագ­րա­ւող  ո­լորտ­ներ, ինչպէս նաեւ ա­ւան­դա­կան  ա­րո­ւեստ­նե­րու եւ ար­հեստ­նե­րու հա­մար զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու բազ­մա­շերտ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րը։ Ն­ման գի­տա­կան կա­ռոյց­ներ, ո­րոնք կը բա­ւա­րա­րեն շա­հա­ւէտ հայ­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի տնտե­սա­կան չա­փո­րո­շիչ­նե­րը եւ  պա­հանջ­նե­րը,  ու­նին  հայ­կա­կան դրա­մագ­լուխ­նե­րու շա­հա­դի­տա­կան ստեղ­ծա­րար լայ­նա­ծիր մրցակ­ցու­թիւն­ներ։

Բ­նա­կա­նա­բար այդ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յէ հա­մայն հա­յու­թեան, շա­ղա­պե­լու Հա­յաս­տա­նի գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ։ Հիմ­նա­կա­նօ­րէն հայ­րե­նի­քի նմա­նօ­րի­նակ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ մշա­կե­լով։ Դի­մա­կա­յե­լու հա­մար հայ ազ­գի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան հրա­տապ հիմ­նախն­դիր­նե­րու լուծ­ման գործ­նա­կան ու­ղի­ներ մշա­կե­լու` նա­խա­պէս վեր­հա­նե­լով այդ խնդիր­նե­րու ա­ռա­ջաց­ման պատ­ճառ­ներն ու հան­գա­մանք­նե­րը։

Ն­ման գի­տա­կան նո­րա­րար հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­ներ Սփիւռ­քի մէջ գու­ցէ ան­յայտ են կամ քիչ են, ուս­տի կը կա­րօ­տին ու­շա­դիր հո­գա­ծու­թեան, ա­ւե­լի հե­տե­ւո­ղա­կան խնամ­քի։ Կ’ար­ժէ այս­տեղ յի­շել՝ Ա) ԱՐՓԱ հիմնարկը «Վերլուծութիւն, հետազոտութիւն եւ ծրագրաւորում Հայաստանի համար» «Analysis Research & Planning For Armenia ARPA»։ Հիմնարկը հիմնադրուած է 1992-ին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիայի մէջ իրբեւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ ԱՐՓԱ-ի փորձագէտները որպէս խորհրդատու կը ծառայեն Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններուն՝ գիտական, կրթական եւ զանազան ոլորտներու մէջ ։ Բ) Հա­յաս­տա­նի գի­տու­թեան եւ տեխ­նո­լո­կիա­նե­րու (ար­հես­տա­գի­տու­թեան) հիմ­նադ­րա­մը (Foundation for Armenian Science and Technology, FAST) հիմ­նադ­րո­ւած 2016 ին։ Գ) Ընթացիկ 2022 տարուան յունիսի վերջը Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքին մէջ իր անդրանիկ համագումարը ունեցած է «Հայ մշակութային եւ գիտական ընկերակցութիւն» (The Armenian Society of Fellows – ASOF) նոր հարթակը։ ԱՍՕՖ գիտական ասպարէզներու մէջ աշխատող ցանց մըն է, իբրեւ ապաքաղաքական ոչ կրօնական, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ Հարթակը կը համախմբէ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն գիտնականներ, մասնագէտներ։ Դ) «Գիտուժ»ը, Հայաստանի գիտութեան զարգացման աջակցող նախաձեռնութիւնը, որուն առաջադրութիւնն է ՝ «Հզօր գիտութիւն ուժեղ պետութիւն», իբրեւ գիտութեան պատկանող դրոյթներու մշակման թեւ ու թիկունք կանգնող նախաձեռնութիւն։

Վերոյիշեալ ն­ման գի­տա­կան մրցու­նակ են­թա­կա­ռոյց­նե­րով կեդ­րոն­ներ, հարթակներ կը պար­փա­կեն, կը շաղ­կա­պեն Սփիւռ­քի բազ­մա­զա­նու­թիւնն ու զայն ըն­կա­լե­լու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, կը կամր­ջեն հայ գի­տա­կան մար­դու­ժը, կը ժող­վեն Սփիւռ­քի գի­տաշ­խա­տող­նե­րու ցրո­ւա­ծու­թիւ­նը, կը միաց­նեն բազ­մաբ­նոյթ ներս­փիւռ­քեան բա­ժա­նում­նե­րը եւ  կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կ­’ու­նե­նան  գի­տա­կան հիմ­քե­րով հա­սու­թա­բեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան,  օգ­տա­բեր  եւ  նո­րա­րար  գի­տա­կան  ու­ղի­ներ մշա­կե­լու, ու­րո­ւագ­ծե­լու թի­րա­խա­յին ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան ուղ­ղու­թիւն­ներ, նո­րա­րար տես­լա­կան­ներ եւ մաս­նա­ւո­րա­բար կ’ամ­րապն­դեն հա­յաս­տա­նեան գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կա­պե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, միա­ցեալ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նաեւ  մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջա­տար գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ:

Բ­նա­կա­նա­բար գո­յու­թիւն ու­նին զա­նա­զան  գի­տա­կան  մա­կար­դա­կի  դրա­մաշ­նորհ­ներ, ո­րոնց­մէ օ­րի­նա­կի հա­մար կա­րե­լի է շա­հա­գոր­ծել եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ ծա­ւա­լած գի­տա­կան դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն (Grants) եւ կամ երկ­րի մը ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հետ կա­պո­ւած Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան՝ փոքր, մի­ջակ գի­տա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն (Small, medium enterprises, SMEs)  եւ  կամ  մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան այլ դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն։  Այս մար­զին  մէջ կա­րո­ղա­ցած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նպաս­տել SME ի ծրագ­րի մը, իմ հա­մեստ օգ­նու­թեամբ 2015 թո­ւին:

 Զ Սփիւռքի նորարարական ներուժի գիտական ցուցիչները

Վս­տա­հա­բար բարձ­րա­ձայն կո­չե­րով եւ  հրա­պա­րա­կում­նե­րով, գի­տա­կան հմտու­թեամբ եւ ու­նա­կու­թիւն­նե­րով  մրցու­նակ  մաս­նա­գէտ­նե­րու  մաս­նակ­ցու­թեան  կա­րի­քը  ու­նինք ներս­փիւռ­քեան եւ հա­մայ­նա­կան կեան­քին տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ։

Դար­ձեալ կա­րե­լի է հարց տալ՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւա՞ծ են ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու թի­ւի եւ ո­րա­կի պա­շա­րը հարս­տաց­նե­լու եւ բազ­մաց­նե­լու ան­յա­պաղ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, նոր տա­ղանդ­ներ վեր­հա­նե­լու, կլա­նե­լու, նե­րա­ռե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոնց ա­ռանց­քա­յին դե­րը Սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։

Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նը երկ­րորդն էր գիտ­նա­կան­նե­րու թի­ւով եւ գի­տա­կան ար­դիւնք­նե­րով խորհր­դա­յին Ռու­սա­տա­նէն ետք։  1980-ա­կան­նե­րուն մէկ մի­լիոն  բնակ­չու­թեան  հա­շո­ւար­կով Հա­յաս­տա­նի մէջ կար 6400-էն ա­ւե­լի գիտ­նա­կան: Ներ­կա­յիս այդ թի­ւը մօտ 1100 է, իսկ աշ­խար­հի մի­ջի­նը` 4000-էն ա­ւե­լի է:  Նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին գի­տու­թեան ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը կը կազ­մեր Հա­յաս­տա­նի հա­մա­խառն ներ­քին ար­դիւն­քի 2,54 տո­կո­սը, որ տն­տե­սա­կան  հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան (OCED)  ան­դամ  պե­տու­թիւն­նե­րու   այ­սօ­րո­ւայ մի­ջի­նէն բարձր էր, իսկ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ ցու­ցա­նի­շը 0,23 տո­կո­սի սահ­ման­նե­րու մէջ է: Բայց բա­ցի քա­նա­կէն մենք նաեւ ո­րա­կի, գի­տա­կան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան խնդիր ու­նինք Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Այդ թի­ւե­րու մօ­տա­ւոր ա­ղիւ­սակ­նե­րը եւ Սփիւռ­քի հայ գի­տա­կան  մար­դու­ժի զար­գաց­ման ցու­ցիչ­նե­րը (Index) հա­սա­նե­լի չեն, մշու­շի  մէ­ջէն  ա­րե­ւին  հա­նել, վե­րար­տադ­րել  պէտք է մաս­նա­գէտ գի­տա­կան մար­դու­ժի այդ աղ­բիւ­րին ու­նա­կու­թիւնն ու կա­րո­ղու­թիւ­նը։

Գի­տա­կան մար­դու­ժը պէտք է հրա­ւի­րել հա­մա­հայ­կա­կան  կեան­քի մէջ ծա­ռա­յե­լու, գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նե­լու։ Ն­կա­տե­լիօ­րէն ա­ւել­ցած է Սփիւռ­քի մէջ բնա­կող հայ մաս­նա­գէտ­նե­րուն թի­ւը, ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած են, կ­’ու­զեն մաս­նա­կից դառ­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­տու­թեան ու կրթու­թեան յա­ռա­ջըն­թաց ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծի­ն։

 Է Ելքեր Բանալի Առաջարկներ

Հայ­կա­կան գի­տա­կան մտքի ուժը եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան մար­դու­ժը թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Սփիւռ­քի մէջ գե­րա­զան­ցա­պէս ա­ւե­լին է, քան՝ այն տե­սա­նե­լին, որ կը թո­ւի շա­տե­րուս։ Հիմ­նա­կա­նը այդ ան­տե­սա­նե­լին պե­ղելն ու լոյս աշ­խարհ բե­րելն է,  ներգ­րա­ւելն է, զօրակ­ցու­թեան ձեռք եր­կա­րելն է, շա­հագրգ­ռելն է մեր հա­մաս­փիւռ­քեան կեան­քի մէջ գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար։

Գործ­նա­կան ծրագ­րի մը գլխա­ւոր բա­նա­լի միտ­քե­րը կա­րե­լի է  ամ­փո­փել  ստո­րեւ յի­շո­ւած կէ­տե­րուն մէջ, բնա­կա­նա­բար ո­րոշ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը մշա­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հա­մալ­րել զա­նոնք լրա­ցում­նե­րով, խո­րա­ցում­նե­րով, ամ­բող­ջա­ցում­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ ճշգրիտ կողմ­նո­րո­շու­մով, ար­տա­հա­մայն­քա­յին ծրա­գիր­նե­րով եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Այս­պի­սով, հա­մաս­փիւռ­քեան գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րով, մենք մեզ ըն­դա­ռաջ կը դնենք միաս­նա­բար մտա­ծե­լու, միաս­նա­բար ծրագ­րե­լու, միաս­նա­բար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը բաժ­նեկ­ցե­լու եւ միաս­նա­բար կա­ռու­ցո­ղա­կան, ո­րա­կեալ գրա­ւա­կան­նե­րով աշ­խա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նին դի­մաց։ Ճիշդ է որ գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու ծրա­գիր մը այ­լընտ­րան­քա­յին ի­մաս­տա­լի նշա­ձող մըն է գի­տա­կան մտաւո­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­մախմ­բե­լու, որ կը կա­րո­ղա­նայ հե­ղի­նա­կա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նալ թար­մա­ցած գի­տա­կան թթո­ւա­ծի­նով վե­րաշն­չա­ւո­րե­լու հա­մաս­փիւռ­քեան կեան­քը։ Ն­ման ծրա­գիր մը  ճամ­բայ հա­նե­լու հա­մար, կա­րե­լի է սկսիլ շարք մը քայ­լե­րով,  ո­րոնց­մէ հիմ­նա­կան­նե­րը կա­րե­լի է մատ­նան­շել։

Ա– Ս­փիւռ­քի գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ցան­կագ­րում եւ հա­ւա­քագ­րում, մաս­նա­գի­տա­կան հա­մաս­փիւռ­քեան հայ գի­տա­կան մար­դու­ժի քար­տէ­սագ­րում։

Բ– Ս­տեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան մրցու­նակ մաս­նա­գի­տա­կան հար­թակ­ներ, հա­մա­կար­գեր, գի­տա­կար­գեր, ո­րոնք ձեռն­հաս են կազ­մա­կեր­պե­լու, ու­սում­նա­սի­րե­լու դա­րու գի­տա­կան նո­րա­գոյն պա­հանջ­նե­րը։ Մաս­նա­գի­տա­կան  հմտու­թեամբ  եւ  փոր­ձա­ռու­թեամբ  ծրա­գիր­ներ  մշա­կե­լու, ղե­կա­վա­րե­լու եւ ա­չալր­ջօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նե­լու զա­նոնք։

Գ– Հայ գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող հայ գիտ­նա­կան­նե­րը կլա­նե­լու եւ այդ հզօր նե­րու­ժը ներգ­րա­ւե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ օ­ղա­կա­ւո­րե­լու հա­մար ստեղ­ծել եւ կազ­մա­կեր­պել ցան­ցա­յին քննար­կում­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու գի­տա­կան մի­ջա­վայ­րեր, մաս­նա­գի­տա­կան ցան­ցեր, խմբա­ւո­րում­ներ։

Դ– Մշա­կել մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թեամբ եւ փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տա­կազ­մա­կերպ­չա­կան ծրա­գիր­ներ, ջան­քեր եւ ճի­գեր չխնա­յել, օգ­տո­ւե­լու հա­մար  Եւրոպական Միութեան եւ այլ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն։

Ե–  Գ­րա­կան, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ հիմ­նադ­րամ­նե­րու նման, Սփիւռ­քը պէտք ու­նի գի­տա­կան հիմ­նադ­րամ­նե­րու, ո­րոնք բա­նա­ձե­ւո­ւած են գի­տա­կան բծախնդ­րու­թեամբ եւ ող­ջա­խո­հու­թեամբ,  օժ­տո­ւած են մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րով, մա­տա­կա­րա­րե­լու մաս­նա­գի­տա­կան գի­տա­հա­մա­կար­գեր, ո­րոնք պի­տի սնա­նեն նաեւ նոր հայ սե­րունդ­նե­րու գի­տա­կան մտքի ստեղ­ծա­րար սլացք­նե­րու հե­ռան­կա­րները, ծրա­գիր­ներ ո­րոնք պէտք է հիմ­նա­ւո­րո­ւած ըլ­լան ա­պա­քա­ղա­քա­կան եւ հաս­տա­տու­թե­նա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեամբ։

Կը հա­ւա­տանք որ «Ս­փիւռ­քի տա­րի» հռչա­կա­գի­րը յար­մա­րա­գոյն գոր­ծի կոչ­նակն է: Տա­լու պա­հը: Եւ հա­յը գի­տէ, որ ազ­գա­շէն գի­տակ­ցու­թեամբ տա­լը, նո­ւի­րա­բե­րե­լը զրկանք չէ: Տա­լը հրճո­ւանք է, երբ թի­րա­խը հայ ազ­գի  մարդուժի, գիտուժի ու նիւթուժի հզօրացումն է, ընդ­հան­րա­կան եւ ա­պա­գա­յա­տե­սիլ շահն է։

Ե­թէ հա­մո­զո­ւած ենք, ե­կէ՛ք միաս­նա­բար մտա­ծե՛նք, միաս­նա­բար ծրագ­րե՛նք եւ միաս­նա­բար գոր­ծե՛նք։

(Վերջ)

Ա. մասը կարդալ այստեղ՝ https://bit.ly/3s95Kec

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.