Կը շարունակենք ներակայացնել Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները, դաշինքները եւ խմբակցութիւնները: Մնալով խորհրդարանական ընդդիմութեան ծիրին մէջ՝ կը ներկայացնենք «Պատիւ ունեմ» դաշինքն ու «Հանրապետական» կուսակցութիւնը:
Հեղինակը տրամադիր է ամէն փափաքողի ղրկել անոր ձեռագիրը՝ ստանալու համար ընթերցողներու կարծիքն ու նկատողութիւնները՝ վերջնական ձեւաւորում մը տալէ առաջ իր աշխատութեան:
Վիկտոր Լանկլուա ֆրանսացի պատմաբան, հնագէտ, դրամագէտ եւ արեւելագէտ մըն էր, որ մասնագիտացած էր միջնադարու ուսումնասիրութեանց մեջ։ Լանկլուան յատկապէս հանրայայտ դարձաւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին իր աշխատութիւններով։
Խոստացեր էի Շաքէ Մանկասարեանին, որ իր արեւմտահայերէնի վերածած հեքիաթները պիտի անպայման թոռնիկիս կարդամ, երբ Ամերիկա վերադառնամ: Եւ ալ այդպէս սկսայ: Բայց մեղքս չպահեմ: Երեխան կարծես ես եղայ, որովհետեւ մէկ էջ կարդալէս վերջ՝ թոռնիկիս խաղալիք մը տալով՝ շարունակեցի ես ինծի համար կարդալ: Տարուեցայ: Ամբողջ գիրքը կարդացի, 101 էջ, 18 հեքիաթ, մէկը միւսէն լաւ:
«Սփիւռքը տարիներ անընդմէջ Հայրենիքին տուաւ իր կարելիութիւններուն հնարաւորը, մենք ալ պարտ ենք փոխադարձօրէն վերաբերուիլ՝ Հայաստան «ներգաղթեցնելու» անոնց անանց արժէքները»։
Հալէպի աշակերտներուն սիրելի գծագրութեան ուսուցիչը եւ բարի, մեծ յարգանք ու սէր վայելող մարդը՝ Եզեկիէլ Թորոս:
Աւետիսեանի աշխատանքը կապուած է Եգիպտոսի անցեալ փառքին հետ՝ սկսած փարաւոնական հիէրոկլիֆներէն մինչեւ աւելի նորագոյն «կիսաստուածները», ինչպէս՝ սիրուած երգչուհի Ում Քալդումը: Անոր ուշադրութեան կեդրոնն էր, ինչպէս եգիպտական ոսկեդարը՝ փարաւոններու դարաշրջանը, նոյնպէս նաեւ երկրի նորագոյն պատմութեան տիտաններէն զօրավար Ճամալ Ապտել Նասէրի ներշնչած վերածնունդը:
Յօդուածը նուիրուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ Հոկտեմբեր 2021-ին յայտարարուած «արդ եւս» ծրագիրին, որ կը նպատակադրէ սատարել արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան` «ամրապնդելով լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը»։
2021 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցան գիրքերու շարք մը շնորհահանդէսներ, որոնք անգամ մը եւս հետաքրքրութիւն յառաջացուցին արեւմտահայերէն գրական ստեղծագործութեան շուրջ:
Մեր աշխատակիցներէն Շաքէ Մանկասարեան կը ներկայացնէ յատկապէս արաբական միջավայրերուն մէջ յայտնի դարձած հայ արուեստագէտներու եւ անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ։ Սոյն հրապարակումը եգիպտահայ երգչուհի եւ դերասանուհի Անուշքայի մասին է։
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ կան իսկապէս կարօտեալ ընտանիքներ, որոնք դեռ երկու տարի առաջ թէեւ ինքնաբաւ, բայց այսօր կը գտնուին նիւթական ծանր պայմաններու մէջ: Հետաքննական այս յօդուածին հեղինակները անոնք են՝ առնուազն հինգ ընտանիքներ, որոնց հետ խօսեցանք ոչ միայն ծանօթանալու անոնց, այլեւ անոնց ձայնը լսելի դարձնելու պատասխանատու շրջանակներու:
Վան Լէօ արուեստի անունով հռչակուած եգիպտահայ լուսանկարիչ Լեւոն Պոյաճեան դրամ չէր փնտռեր: Նոյնիսկ կը հրաժարէր «հռչակաւոր անձերու լուսանկարիչ» կոչուելէն:
Տպարան-հրատարակչատուներու նուիրուած քննական այս ակնարկին ընդմէջէն պիտի նկատենք, թէ որքա՛ն նահանջի մէջ է հայ ընթերցողին թիւը, եւ շուկայական հասկացողութեամբ, այդ նուազումին հետեւանքով է որ մեր հրատարակչատուները կամաց-կամաց կը վերածուին սոսկ առեւտրական տպարաններու:
Վահէ Թէմիզճեան. «Երաժշտութիւնը բարձր արուեստ է, որ կ’արտայայտէ մեր խորքն ու խիղճը. շատ յաճախ ան կը խօսի մեր մասին եւ կ’արտայայտէ այն ինչ, որ մենք կը բաղձանք կամ որուն բացակայութեան կամ պատճառով՝ կը տառապինք....»:
Դժբախտութիւնը կամ դժուարութիւնը այն է, որ միայն նմանօրինակ (մեկուսի) նախաձեռնութիւններ ու օժանդակութիւններ կը կատարուին այսպիսի վատթարացող ճգնաժամերու ընթացքին: Միթէ այսքանը բաւարա՞ր է. վերջ ի վերջոյ, փրկութեան այս լաստը երկար չի կրնար գոյատեւել, այլապէս փրկութեան լաստ պիտի չկոչուէր. ի՞նչ կ'ըսէք..
Յօդուածին նպատակն է խօսիլ հայ դպրոցի դիմագրաւած տագնապին մասին, նշել անոր տուն տուող պատճառները, ընդգծել իսկական առօրեայ դժուարութիւնները, պիւտճէ հաւասարակշռելու կարելիութիւնը, օժանդակութեան կարիքը, ծնողներու մասնակցութեան պատկերը:
Ընկերային-տնտեսական եւ դրամական շարունակուող տագնապի պայմաններուն մէջ, պարտականութեան դիրքերուն վրայ կանգնած լիբանանահայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը դիմագրաւեն աննախընթաց մարտահրաւէրներ, որոնք յաճախ կը թուին ըլլալ անյաղթահարելի:
«Այո՛, ան փոքր երկիր էր, բայց Լիբանան կրնար այդ մէկը ընել»