Շանթ Աւետիսեան․Բուրգերու երկրի հայազգի տաղանդաշատ արուեստագէտը

Շանթ Աւետիսեան ծնած է Գահիրէ, 24 Նոյեմբեր 1951-ին: Մեծ հայրն ու մեծ մայրը Զմիւռնիայէն (Իզմիր) էին․ազատելու համար հալածանքներէն եւ մահուան վտանգէն, անոնք Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ լքած են իրենց ծննդավայրը եւ հաստատուած բուրգերու երկրին մէջ:

1967-ին, Շանթ Աւետիսեան կ՛աւարտէ Գահիրէի Գալուստեան հայկական վարժարանը։ 1967-ի Հոկտեմբերին կը սկսի հետեւիլ նկարչութեան դասընթացներու Աշոտ Զօրեանի արուեստանոցին մէջ:

1968 թուականին կը սկսի զբաղիլ պաստառներու, զգեստներու, հրատարակութիւններու եւ բեմական ձեւաւորումով։ 1968 Դեկտեմբերին կը ցուցադրէ իր ստեղծագործած Սուրբ ծննդեան բացիկները՝ «Շաքէ Ալպան» արուեստանոցին մէջ, Գահիրէ:

1969-ի Մայիսին ան կ՛ունենայ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը արուեստի ուսուցչուհի Նորա Իփէկեան-Ազատեանի ղեկավարութեամբ, իսկ 1970-ի Յունիսին՝ «Carzou Hall»-ին մէջ իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսը։ Հոկտեմբերին կը տեղափոխուի Մոնթրէալ, Գանատա:

1970-1973 տարիներուն, Աւետիսեան կ՛ուսանի գեղարուեստ՝ School of Art and Design  դպրոցին մէջ, Մոնթրէալ, Գանատա, իսկ 1974-ին կ՛ուսումնասիրէ տպագրական արուեստը՝ «Ecole Nationale Supérieure des Arts Décoratifs»-ի մէջ, Փարիզ:

1980 թուականին կը վերադառնայ Գահիրէ ու կ՛ապրի այն շէնքին մէջ, որ կը պատկանէր իր ծնողքին, այն փողոցին վրայ, որ ժամանակին իր ընտանիքին անունով կոչուած էր: Ան կ՛աշխատի «Աղա Խան» հաստատութեան մէջ, եգիպտացի ճարտարապետ Հասան Ֆաթհիի հետ (մահացած՝ 1989-ին): Օգտագործելով աւանդական արուեստը եւ երկրի տեղական նիւթերը, անոր  աշխատանքը կ՛ընդգրկէր գործունէութեան լայն շրջանակ, ներառեալ լուսանկարչութիւնը եւ հիւսուածեղէնը․ յատկապէս 1990 թուականէն սկսեալ, ան նշանաւոր կը դառնայ ստուարաթուղթի վրայ իր կատարած զարդակաղապարներով (stencils), որոնք յատկանշուեցան նկարակերտ ու նախշուն լուծումներով։ Ան կը ներկայանայ անհատական ​​շարք մը ցուցահանդեսներով՝ Institut du Monde Arabe, (Փարիզ,1990), «The British Council» (Գահիրէ, 1992),  «Leighton House» (Լոնտոն, 1995),  «The Tropenmuseum» (Ամսթերտամ, 1998) եւ  «The National Museum of African Art» (Ափրիկեան Արուեստի Ազգային Թանգարան, Ուաշինկթըն, 2000):

Շանթ Աւետիսեանի գործերը այսօր կը ցուցադրուին Ուաշինկթընի Սմիթսոնիըն Ինսթիթիւթին, Պրիթիշ Միւզիումին եւ արուեստի այլ տաճարներու սրահներուն մէջ:

Աւետիսեան եգիպտացի այն նկարիչներէն է, որ լաւագոյնս պահպանած է էթնիք եւ տեղական ինքնութիւնը եւ ժողովրդական աւանդոյթները, այդ բոլորին հաղորդելով ժամանակակից շունչ: Անխոնջ ճանապարհորդ մը՝ զարդանկարչական, զարդագծագրական  եւ ճարտարապետական ​​նմուշներու մասին անոր դիտարկումները արտացոլուած են  իր ստեղծագործութիւններուն մէջ՝ արուեստի տարբեր հմտութիւններու կիրառմամբ, ինչպէս են զարդակաղապարները, հիւսուածեղէնը, լուսանկարչութիւնը, խէժանկարը (gouache) ստուարաթուղթի վրայ եւ այլն։

Աւետիսեանի աշխատանքը կապուած է Եգիպտոսի անցեալ փառքին հետ՝ սկսած փարաւոնական  հիէրոկլիֆներէն մինչեւ աւելի նորագոյն «կիսաստուածները», ինչպէս՝ սիրուած երգչուհի Ում Քալդումը: Անոր ուշադրութեան կեդրոնն էր, ինչպէս եգիպտական ոսկեդարը՝ փարաւոններու դարաշրջանը, նոյնպէս նաեւ երկրի նորագոյն պատմութեան տիտաններէն զօրավար Ճամալ Ապտել Նասէրի ներշնչած վերածնունդը եւ աւելի լայն արաբական տարածաշրջանը: Անոր եգիպտական կերպարներու պանթէոնը բառացիօրէն կառուցուած էր «Մետաքսէ ճանապարհ»ի նախշուն գծապատկերներով:

Մահէն մօտաւորապէս 10 տարի առաջ Աւետիսեան բնակարան մը կը գնէ  Երեւանի մէջ, Հայաստան, բայց ինքզինք միշտ եգիպտացի նկարիչ կ՛անուանէր, ինչպէս կը վկայէ ցուցահանդէսներու կառավարիչ Ռոզ Իսսան, որ զինք ճանչցած էր ու աշխատած իր հետ մօտաւորապէս 30 տարի: Ան կապ կը պահէր միայն նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի ընտանիքին հետ, որուն դուստրը՝  Նորա Յակոբեանը, Գահիրէի իր դասընկերուհին էր:

1969- 2018 թուականներուն Շանթ Աւետիսեանի գործերը կը ցուցադրուին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ․ աւելի քան 25 անհատական ցուցահանդէսներով, ան ինքզինք կը հաստատէ բարձրակարգ պատկերասրահներու եւ թանգարաններու մէջ, անոնց շարքին՝ Պէյրութի «The Ubuntu Art Gallery» եւ «The «Galerie Tanit»:

Շանթ Աւետիսեանի գործերը բազմաթիւ անգամներ  կը դրուին աճուրդի, որոնց ընթացքին գիները կը հասնին են մինչեւ  $1,565,000 ԱՄՆ տոլարի: Գնային այս մրցանիշը կը հաստատուի 2013 թուականին,  «Icons Of The Nile» գործին համար, որ կը վաճառուի   «Sotheby’s Doha»ի մէջ  (Տոհա, Քաթար):

«Շանթ Աւետիսեան այն խորհրդաւոր մարդն էր, որ կը խուսափէր փառքի լուսապսակներէն: Փոքր տարիքէն Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ աշակերտելով կնոջս՝ Նորա Իփեքեան-Ազատեանին, տարիներու ընթացքին անոնց մտերմութիւնը այնքան զարգացած էր, որ գրեթէ երկուորեակ որդին դարձած անոր՝ իր հարազատ զաւկին, արուեստագէտ Ժիրայր Փափազեանի կողքին: Գալուստեանէն ետք աշակերտած էր Նորային, անոր անձնական արուեստի սթիւտիոյին մէջ եւ ապա անոր անմիջական խնամքով իր արուեստի ուսումը ամբողջացուցած էր Մոնթրէալի ու Փարիզի արուեստի դպրոցներուն մէջ: Նորա Ազատեան, Հըրպըրթ Ռիտի սկզբունքներով («Կրթութիւն՝ արուեստին միջոցով») յատուկ դասաւանդութիւններ ստեղծած էր իր պաշտօնավարած հայկական վարժարաններէն ներս: Շանթ առաւելաբար այդ դասընթացքներու ազդեցութեամբ խորացուցած էր իր գիտութիւնը հայոց պատմութեան մասին եւ զօրացուցած էր հայրենասիրութիւնը», կը գրէ մամուլի եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեան։ «Տարիներով իտէալական Հայաստանով մը սնուցուած էր եւ արդ կը գտնուէր դառն եւ հեգնական իրականութեան մը դիմաց: Հայաստանի մէջ չուզեց մօտենալ պաշտօնական շրջանակներու, նոյնիսկ արուեստի աշխարհէն ներս: Իր կապը համեստ մարդոց հետ էր, իր հարեւաններուն, պարզ ու փիլիսոփայ հայերու հետ», կը վկայէ ան։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Աւետիսեանի գործերը մաս կը կազմեն «Guggenheim Abu Dhabi» եւ  «Barjeel Art Foundation»ի հաւաքածոներուն:    Հաւաքածոն նոյնպէս կը պատկանի «The American National Museum of African Art»ին, Լոնտոնի Անգլիական Թանգարանին եւ Յորդանանի Ազգային պատկերասրահին:

Շանթ Աւետիսեան կը մահանայ  67 տարեկանին, 24 Նոյեմբեր 2018-ին, Գահիրէի մէջ, երկարատեւ հիւանդութիւնէ ետք,  իր ետին թողնելով քոյրը՝ Նայիրի Աւետիս Աւետիսեանը:

Աղբիւրներ՝  

https://selectionsarts.com/remembering-chant-avedissian/

https://www.britishmuseum.org/collection/term/BIOG8   

https://en.casaarabe.es/event/chant-avedissian-redressing-identity 860

https://www.mutualart.com/Artist/Chant-Avedissian/402074B41B64E0FD

https://www.mutualart.com/AuctionHouse/Sotheby-s-Doha/CD7C49D3D22C7608

https://aztagarabic.com/archives/25641

https://www.thenationalnews.com/arts-culture/art/egyptian-armenian-artist-chant-avedissian-dies-at-67-1.785197

https://armeniasputnik.am/20181029/shant-avetisyan-mah-15379526.html

http://agbuegypt.com/artist/chant-avedissian-1951-2018/#read-more

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Krikor Papazian
Krikor Papazian
2 years ago

Ջերմ խնդակցութիւններս, սիրելի Շաքէ : Տպաւորիչ, հոգեգրաւ , դիւրահաղորդ յոդուած : Արգաւանդ գրիչդ միշտ անսպառ : Krikor Papazian

Bartev Avak Kahana Karakashian (Պարթեւ Աւ. Քհնյ Գա
Bartev Avak Kahana Karakashian (Պարթեւ Աւ. Քհնյ Գա
2 years ago

Գրիչդ դալար սիրելի Շաքէ, վարձքդ կատա՛ր: Պարթեւ Աւ. Քհնյ Գարագաշեան)

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x